ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՉՀԱՍՆՈՂՆԵՐ

Որեւէ ժամադրութեան ժամանակին հասնիլ՝ նախ եւ առաջ կենցաղագիտութեան հարց մըն է. կեանքը լուրջ ընթացք մը նկատելու, կարեւորութիւն ընծայելու խնդիր մը։ Յետոյ, ժամադրութեան ժամանակին հասնիլ՝ շահու խնդիր մըն է նաեւ՝ չկորսնցնե՛լու հարց մը, քանի որ չկորսնցնել կը նշանակէ շահիլ, իսկ կորսնցնել՝ վնաս կրել, ունեցածէն կամ ունենալիքէն զրկուիլ՝ պակսեցնել։ Ուրեմն ժամադրութեան հաւատարիմ ըլլալ, թէ՛ կենցաղավարութեան եւ թէ շահելու կամ կորսնցնելու հարց մըն է, ընկերային կեանքին տեւականացումը ապահովող անհրաժեշտ վարուելակերպ մը՝ ըմ-բըռնո՛ւմ մը։

Շոգենաւով ճամբորդողներ յաճախ վկայած են շոգենաւին չհասնողներու։ Զոր օրինակ, քաղաքէն դէպի կղզիներ, եւ կամ կղզիներէն դէպի քաղաք, ընդհանրապէս շոգենաւներու խռնուած ժամերուն՝ առաւօտ կամ երեկոյ ճամբորդներու բազմութիւն մը հետաքրքրական եռուզեռ մը կը ստեղծեն դէպի շոգենաւ։

Շատերու ծանօթ տեսարան մըն է. շոգենաւին ճամբայ ելլելուն հազիւ քանի մը վայրկեան է մնացած,  կամրջակը վերցուած եւ ազդարար սուլիչը արդէն հնչեցուցած է պաշտօնեան։ Այդ պահուն՝ ամէն դասակարգի, ամէն տարիքի եւ ամէն սեռի ճամբորդներ հապճեպով շոգենաւ կը փութան վազվզելով։ Պաշտօնեան կը գոցէ երկաթ վանդակորմին կամ ապակեդուռ ելքը դէպի շոգենաւ, սուլիչը կը սուլէ սուր եւ երկար, եւ շոգենաւը ճամբայ կ՚ելլէ…։

Քանի մը ճամբորդներ նաւամատոյց հասնող պողոտային կամուրջին սանդուխներէն վար կը վազեն, եւ հեւ ի հեւ կը հասնին փակ ապակեդուռին առջեւ՝ տեսնելու համար միայն թէ շոգենաւը կէս կամ մէկ վայրկեան առաջ ճամբայ է ելեր արդէն։ Ապակեդուռին առջեւ կեցած՝ մեկնող շոգենաւը կը դիտեն սրտնեղութեամբ, երբեմն գանգատի կծու բառեր ալ արտասանելով՝ չես գիտեր որո՛ւ հասցէին։ Թերեւս նոյն շոգենաւին մէջ կայ բարեկամ մը, սիրելի ընկեր մը, կարօտը զգացուած սիրելի՜ մը, բայց ահաւասիկ, արդէն մեկնած է անիկա իր բոլոր բարեպատեհութիւններով, յոյսերով եւ ուրախութիւններով…։

Շոգենաւին մեկնումի ժամկէտին չհասնող ճամբորդին այս յուսախաբութիւնը հոգեկան պարապութիւն մը կը ստեղծէ իր մէջ, որ պարագային համեմատ կրնայ շատ դառն ըլլալ։

Այս կերպով շոգենաւի չհասնողներ կարելի է տեսնել կեանքի մէջ, գրեթէ ամէն տեղ, ամէն շոգենաւի ճամբայ ելլելէն քանի մը երկվայրկեան վերջ։

Առիթը չփախցնել՝ շա՛հն է մարդուն, որ կը պահանջէ խնամք, հոգածութիւն, ուշադրութիւն եւ խոհեմութիւն։ Ժամադրութեան հաւատարիմ ըլլալ՝ երջանկութեան առաջին քայլն է, յուսախաբ չըլլալու պայմա՛նը։ Եւ ընդհանրապէս տեսակ մը սովորութիւն դարձած է տեսնել՝ «շոգենաւը փախցնող» եւ փակ ապակեդուռին առջեւ յուսախաբ, երբեմն յուսահատ եւ յուսալքուած՝ մեկնող շոգենաւը դիտող «յետամնաց»ներ, որոնք կեանքին շահեկան, թէեւ տխուր, մէկ պատկերն է ան, վազողներ որ իրենց նպատակակէտին չեն հասնիր, եւ շա՜տ բան կը կորսնցնեն։ Ուստի ամբողջ կեանքը «շոգենաւ»ը փախցնելու կամ անոր ճիշդ ժամկէտին հասնելու վազք մը, ընթա՛ցք մըն է։

Ի՞նչ է պատճառը այդ յապաղումին։

Անհոգութի՞ւն, անտարբերութի՞ւն կամ ուրիշ պատճառներ, շարժառիթներ, ազդակներ կրնան այդ յապաղումը ստեղծել։ Քանի մը վայրկեան ետ մնացած ժամացոյց մը, ճամբու վրայ ծանօթի մը հանդիպումը եւ խօսակցութեան տարուիլը, չնախատեսուած դէպք մը, ճամբու ընթացքին յապաղում մը, ժամանակին անցնիլը չըմբռնելու, ժամանակին չանդրադառնալու պարագայ մը… որոնց համար մարդիկ երբեմն «շոգենաւ»ը կը փախցնեն, ժամանակին չեն հասնիր։

Կեանքն ալ այդպէս չէ՞ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, շատ անգամ, փոքր անհոգութեան մը պատճառով, մարդիկ կը փախցնեն առիթներ, մինչեւ իսկ առիթներ՝ որոնք պիտի կարենային փոխել ամբողջ կեանքի մը ընթացքը։ Եւ կորսուածները, ընդհանրապէս աւելի շատ է մարդուս կեանքին մէջ քան շահուածները։ Մարդ, ո՜վ գիտէ ի՛նչեր կը կորսնցնէ իր կեանքին մէջ փոքր յապաղումի մը պատճառով։ Կեանքի մէջ կորսուածները շատ աւելի ծանր կերպով կ՚ազդեն մարդուն, քան «շոգենաւ»ի չհասնիլը։

Բայց ո՛վ գիտէ, թերեւս, մարդ եթէ հասնէր այդ շոգենաւին, ամբողջ կեանքը պիտի փոխուէր, կարելի չէ գիտնալ, քանի որ ժամանակը միշտ յառաջ կը սահի եւ զայն ետ դարձնել երբեք կարելի չէ՛…։

Հետաքրքրական է՝ յապաղումի յիշուած պարագաներէն զատ երբեմն ալ կարելի է ո՛չ կարճ, այլ երկար ժամանակ ունեցողն ալ կը փախցնէ շոգենաւը։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ տասնը-հինգ վայրկեան միջոց ունեցողէն աւելի մէկ ժամ ունեցողն է որ երբեմն շոգենաւին չի հասնիր։ Սա իրողութիւն է, որ երբեմն որեւէ ժամադրութեան մը կամ ժողովի մը ճշդապահ եղողը աւելի հեռուէն՝ քան թէ մօտէն եկողն է։ Ճիշդ այնպէս, որ կեանքի մէջ կը պատահի՝ դիւրին կարծուած գործեր աւելի դժուարատար կ՚ըլլան, քան դժուար նկատուածները։ Ճիշդ ինչպէս որ կը տեսնուի քննութիւններու մէջ ուսանողը երբեմն դիւրին նկատած դասերուն մէջ կը ձախողի, քան դժուար կարծուած դասերուն մէջ։

Ասիկա, սիրելի՜ բարեկամներ, մեծ մասամբ անհոգութեան՝ պէտք եղած կարեւորութիւնը չտալու հարց մըն է։ Կեանքի մէջ ամէն ինչ լո՛ւրջ է, քանի որ գոյութիւն ունի, կեանքի մաս կը կազմէ։ Նիչէ, գերման իմաստասէրը, կ՚ըսէ, թէ երբ մարդ շա՜տ հեռուները եւ կամ շատ վեր տեղեր նայի, գուցէ մօտը կամ վարը՝ ոտքին առջեւ գտնուող փոքր քարը չի տեսներ եւ ան պատճառ կ՚ըլլայ որ ինք սայթաքի եւ նոյնիսկ տապալի…։ Այս կը նշանակէ, որ կեանքի մէջ ամէն մանրամասնութիւն կարեւոր է եւ պէ՛տք է հաշուի առնուի, կարեւորութիւն ընծայուի։ Արդարեւ, «դիւրին է», ըսելով ո՛չ մէկ բան դիւրին կ՚ըլլայ, ինչպէս՝ «դժուար է», ըսելով ալ դժուար չ՚ըլլար, այլ պէտք է ուշադրութեամբ եւ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ ամէն մանրամասնութիւն։

Այս կարգի անհոգութիւնը՝ որուն ընդհանրացած վիճակն է անտարբերութի՛ւնը, մարդկային բնական եւ ընդաբոյս տկարութիւն մըն է՝ զոր լաւ կերպով պատկերացուած է «կրիային եւ նապատակին» ծանօթ առակին մէջ, որուն մէջ կը տեսնուի, թէ վազելու մրցումին յաղթանակը կը հանդիսանայ ո՛չ թէ սրընթաց նապաստակը, այլ դանդաղութեան մարմնացումը նկատուած կրիա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018