ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

«Անպէտ կեանք մը վաղահաս մահ է պարզապէս»։

JOHANN WOLFGANG VON GOETHE

Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք մըն է։ Արդարեւ կարեւորը կեանքը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր, պտղաբեր եւ օգտակար ապրիլն է։ Մարդուս կեանքը իմաստ կը գտնէ իր նմաններուն երջանիկ կեանքով, ինչ որ կարելի է մարդասիրութեան եւ իրերօգնութեան ոգիի մը գործադրութեամբ։

Անհատ մը երջանիկ է, երբ իր ապրած միջավայրը երջանիկ անհատներով լեցուն է։ Ի՞նչ կ՚արժէ անհատական երջանկութիւնը, երբ ամբողջ հաւաքականութիւն մը ապերջանիկ է։ Դժբախտ անհատներու մէջ կարելի՞ է երջանիկ զգալ ինքզինք։ Այս իմաստով երջանկութիւնը վարակիչ հոգեվիճակ մըն է. ամբողջ ընկերութիւն մը պէտք է իրապէս երջանիկ ըլլայ, որպէսզի անոր անդամները՝ անհատները իրենք զիրենք երջանիկ զգան։

Անշո՛ւշտ անհատական երջանկութիւններ կան, բայց անոնք կ՚աճին, կ՚աւելնան, երբ բաժնուին ուրիշներու հետ՝ փոխանցելով երջանկութիւնը նաեւ ուրիշներու եւ ստեղծելով «հասարակաց երջանկութիւն» մը։ Արդարեւ, ընդհանուրին երջանկութիւնը կը կրկնապատկէ անհատին երջանկութիւնը, եւ այն անհատը որ բաժին մը ունի ընդհանուրին երջանկութեան նկատմամբ, հասարակաց երջանկութեան մէջ, կը նշանակէ, թէ կեանքը արդիւնաւոր կերպով ապրած, կեանքին արժէքը աւելցուցած է։ Ուրեմն, արդիւնաւոր կեանք ապրիլ կը նշանակէ՝ որեւէ կերպով ուրիշներուն երջանկութեան մէջ բաժին մը ունենալ, ուրիշները ուրախացնել, ուրիշները իր երջանկութեան մասնակից ընել…։

Ապրուած կեանքին ո՛չ թէ քանակը, այսինքն ժամանակը, այլ որակը կարեւոր է։ Մէկ խօսքով, կեանքը լաւ եւ նպատակայարմար ապրիլն է կարեւորը։

Բարոյական, որակաւոր եւ արդիւնաբեր կեանքին գործադրութիւնը՝ մանաւանդ եւ անպայմա՛ն ոգեւորուած սիրով, քրիստոնեային կու տայ Աստուծոյ որդիներուն գերբնական ազատութիւնը։ Քրիստոնեան չի կանգնիր Աստուծոյ առջեւ որպէս «ստրուկ» մը, եւ կամ իբրեւ ծառայ մը ծառայական վախին մէջ, ոչ ալ իբրեւ «իր օրականը փնտռող վարձկան»ը, այլ իբրեւ որդի՛ մը՝ որ կը պատասխանէ Անոր սիրոյն, որ «նախ Ինք սիրեց մեզ». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։ Ուստի, սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը, երջանկութիւնը, խաղաղութիւնը, արդիւնաւոր կեանքը ամբողջ եւ ողորմածութիւնը։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը, գործակցութիւնը, եղբայրական հոգածութիւնը եւ խրատը, ան բարեացակամ է, առիթ կու տայ փոխադարձութեան, կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն եւ հաղորդութիւն է։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն. անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք»։

Ա՛յս է ահաւասիկ կեանքին նպատակը։ Անշուշտ որ մարդ երկար ապրիլ կ՚ուզէ, բնական է ասիկա։ Բայց պէտք է նաեւ բարեբեր, օգտակար եւ արդիւնաւոր ապրիլ կեանքը, որպէսզի մարդ իր պարտականութիւնը կատարած ըլլայ մարդկութեան հանդէպ։

Մարդ արարածը իր բնութեան բերումով կիրքերու մղումներուն ենթակայ է։ Մարդկային անձը ինքզինք կ՚ուղղէ դէպի երանութիւն իր ինքնակամ արարաքներով. կիրքերը կամ զգացումները, զորս ան կ՚ապրի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, կրնան առ այս տրամադրել զինք եւ օժանդակել իրեն։ Ուստի, «կիրք» եզրը կը պատկանի քրիստոնեայ աւանդին։ Զգացումները եւ կամ կիրքերը կ՚արտայայտեն յուզումներ կամ զգայնութեան շարժումներ, որոնք կը մտին գործելու կամ չգործելու, նայած թէ մարդ բան մը իբր բարի կամ իբր չար կ՚ընկալէ կամ կը պատկերացնէ։

Կիրքերը բազմաթիւ են։ Ամենէն հիմնական կիրքը սէ՛րն է, որ կը դրդուի բարիին հմայքէն։

Իրենք իրենց մէջ, կիրքերը ո՛չ բարի են եւ ո՛չ ալ չար։ Անոնք բարոյական որակաւորում կը ստանան այն չափով, որ անոնք իրապէ՛ս առընչուած են իմացականութեան եւ կամքին հետ։

Ըստ Սուրբ Թովմաս Ագուինացիի, կիրքերը կոչուած են կամաւոր, ըլլա՛յ որովհետեւ հրամայուած են կամքէն, ըլլա՛յ որովհետեւ կամքը արգելք չի դներ անոնց։

Եւ դարձեալ Սուրբ Թովմաս Ագուինացիի համաձայն, բարոյական կամ մարդկային բարիին կատարելութեան հասնելու համար, հա՛րկ է որ կիրքերը կանոնաւորուին բանականութեամբ։ Այս իմաստով կիրքերը պէտք է հակակշռել բանականութեան միջամտութիւնը ապահովելով։

Սա յստա՛կ է. մեծ զգացումները չեն որ կ՚որոշեն անձին բարոյականութիւնը եւ սրբութիւնը. անոնք անսպառ պահեստ են պատկերներու եւ զգայնութիւններու, որոնց մէջէն կ՚արտայայտուի բարոյական կեանքը։ Կիրքերը բարոյապէս բարի՛ են, երբ կը սատարեն բարի գործի մը, հակառակ պարագային՝ յոռի են։ Ուղիղ կամքը դէպի բարին եւ դէպի երանութիւն կը կարգաւորէ զգացական մղումները, զորս կը ստանձնէ։ Յոռի կամքը տեղի տալով անկարգ եւ անսանձ կիրքերուն, կը չարացնէ զանոնք։

Յուզումները եւ զգացումները կրնան իւրացուիլ առաքինութիւններուն կողմէ կամ վատթարանալ մոլութիւններուն միջոցով։

Բարոյական կատարելութիւն կայ, երբ մարդը կը մղուի դէպի բարին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին այս խօսքին.

«Սիրտս եւ մարմինս կը ցնծան դէպի Աստուած կենդանի». (ՍԱՂՄ. ՁԳ 3)։

Եզրակացնելով, այն՝ որ գիտէ հակաշռել իր կիրքերը բանականութեամբ եւ զանոնք կը գործածէ դէպի բարին՝ սիրով կը վարուի իր նմաններուն հետ, կ՚օգնէ անոնց, ողորմածութեամբ կը շարժի, հաւատարիմ է իր սկզբնական կոչումին՝ թէ պէ՛տք է սիրէ իր նմանները առանց խտրութեան՝ Աստուած արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ, ան լա՛ւ կեանք կ՚ապրի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 25, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021