ԽԵՆԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ -Բ-

Տէմիրճիպաշեանի իմաստուն կամ խելառ ըլլալը քննարկման նիւթ է, սակայն անկասկած կրնանք ըսել, որ ան ունէր լուրջ հոգեկան տագնապներ ու խնդիրներ եւ այդ բոլորին աւելիով ծանօթ դառնալու համար անհրաժեշտ է կարդալ անոր անհատական նամակները:

Նախորդ յօդուածին մէջ խօսեցանք Արփիարեանի քննադատութեանց մասին՝ Տէմիրճիպաշեանի դէմ. Արփիարեան կը քննադատէր «խենթ» փիլիսոփան ինքզինք լաւ գրող մը ձեւաձնել փորձելու մէջ, սակայն իրականութեան մէջ Տէմիրճիպաշեան այնքան ալ սիրողը չէր գիրն ու գրականութիւնը. այս մէկը փաստելու համար բաւարարուինք յիշելով անոր գրած զանազան նամակներէն երկու յիշատակումներ միայն.

1.- Գրող, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Վահան Մալէզեան իր հրատարակութիւններէն մին կը ղրկէ Պոլիս՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին. Տէմիրճիպաշեան ստանալով՝ Մալէզեանի 2 փետրուար 1890 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ հետեւեալը.- «Գիրդ ու գիրքդ ընդունեցայ: Մին հազիւ ընթերցայ միւսն յաւէտ չընթեռնո՜ւմ թերեւս: Գիրէ գրականութենէ, թուղթերէ զզուած եմ ընդ մի՛շտ», եւ շարունակելով իր նամակը հետեւեալ յորդորը կը կարդայ Մալէզեանին. «Կը պահանջեմ որ ինձ նման ատես գրականութիւնն. ես կ՚երթա՛մ ահա, դուն նոր կու գաս տակաւին...»:

2.- Տէմիրճիպաշեան 14 նոյեմբեր 1886 թուականին Սրբուհիին գրած հետեւեալ նամակին մէջ կը գրէ.- «Չէի ծնած ես՝ ուսոցս վրայ թուղթ կրելու, գրիչ շարժելու, մելան լզելու համար. ծնած էի՝ եթերին երգաձայն բնակչաց նման՝ թեւոցս վրայ տանելու արփւոյն շողն եւ ըմպելու երկնի՜ց շաղն...»:

Տէմիրճիպաշեանի հիմնական խնդիրը եղած է անոր մէջ գոյութիւն ունեցող երկու իրարու հակառակ նկարագիրներն ու կարծիքները. ան օր մը կրնայ շա՜տ մեծ ու բարեպաշտ հաւատացեալ մը ըլլալ, սակայն յաջորդ օր մեծագոյն ըմբոստը՝ Աստուծոյ դէմ: Օր մը կ՚ուզէ առյաւէտ հեռանալ աշխարհէն, սակայն յաջորդ օր կեանքի մեծագոյն սիրահար մը կը դառնայ: Այդ իսկ պատճառով Տէմիրճիպաշեան առեղծուած մըն էր՝ կեանքը թէ՛ սիրող եւ թէ՛ ատող, զԱստուած թէ՛ փառաբանող եւ թէ՛ Անոր ներգործող ուժէն խորշող:

Այս հոգեվիճակը սակայն անպայմանօրէն ունի իր պատճառները, որոնք տարբեր կրնան ըլլալ:

Ա.- ՇՐՋԱՊԱՏ.- Տէմիրճիպաշեան որոշ հալածանք մը կը զգար իր անձին շուրջ, թէ՛ իր գրական եւ թէ՛ ուսուցչական ասպարէզին շուրջ, որմէ ծնունդ կ՚առնէր հաւանաբար գիրն ու գրականութիւնը ատելը: Ան իր գրութիւններուն մէջ յաճախ կը գործածէ «զրպարտիչներ», «նախանձներ» արտայայտութիւնները։ Իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Անգործութիւն բառը իբր երկու տարի է կը գործածուի իմ վրաս խօսելով: Եւ ապագան միայն պիտի ցուցնէ ինչ նպատակաւ զայն կը գործածեն ամենքն ալ, որոնք գիտեն թէ անգործ չեմ, եւ գիտեն մանաւանդ թէ չեմ կրնար անգործ կենալ»։ «Ամենքն» ալ արտայայտութենէն կարելի է ենթադրել, որ քիչ ազդեցութիւն չեն ունեցած Տէմիրճիպաշեանի վրայ շրջապատի մարդոց քննադատութիւնն ու զրպարտութիւնները: Վստահաբար ան կարդացած եւ կամ լսած էր Արփիարեանի, Գրիգոր Զօհրապի եւ անոնց նման գուցէ բազմաթիւ մարդոց անհաճոյ արտայայտութիւնները իր անձին դէմ ուղղուած:

Բ.- ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ.- Տէմիրճիպաշեանի գրութիւններէն կարելի է հասկնալ, որ ան հոգեկան խնդիրներու կողքին ունէր անհասկնալի առողջական խնդիրներ։ Նամակներէն մէկուն մէջ կը կարդանք. «Երէկ՝ դարձեալ մինչեւ կէսօրուան մօտ գլուխս ափիս մէջ առած կը խոկայի: Յետոյ Տիկին Այվազեանի փոխ տուած Տօքթ. Բասքալն առի եւ անկողին մտայ»։ Սակայն Տէմիրճիպաշեան չ՚ուզեր իր հիւանդ ըլլալուն հաւատալ եւ որպէս հիւանդ յիշուիլ, սակայն տեղ մը յուսահատ կը գրէ. «Արդեօք հիւա՞նդ եմ դեռ: Այնպէս ըլլալու է այսքան բժիշկներ կրնա՞ն մէկտեղ սխալիլ»: Ժամանակակիցներ Տէմիրճիպաշեանի յետագայ հիւանդութիւնը հետեւեալ տողերով կը ներկայացնեն.- «Սնունդ չէր առներ, միշտ անկողինին մէջ կը մնար ու գրեթէ կորսնցուցած էր գիտակցութիւնը: Բռնի ներարկումներ կ՚ընէին ու ինքը զարհուրելի ուրուական մը դարձած էր, կորաքամակ, խորունկցած աչքերով, ճերմակ մազերով, մորթը կմախքին փակած, ինքզինքին ստուերը մնացած»:

Գ.- ՉԱՊՐՈՒԱԾ ՍԷՐ.- Տէմիրճիպաշեանի սիրային նամակները վկան են անոր հոգիին մէջ գոյութիւն ունեցող, սակայն երբեք չիրականացող սիրոյ մը: Ան իր նամակներուն մէջ մերթ «քոյր» կը կոչէ իր սիրածը, մերթ «հրեշտակ». մերթ կ՚երազէ վարդագոյն կեանքի մը մասին եւ մերթ կեանքի ճշմարիտ սեւ երեսին վրայ կը կեդրոնանայ: Սակայն Տէմիրճիպաշեան չէր գիտեր յստակ, թէ Սրբուհի զինք կը սիրէ՞ իրապէս, թէ ոչ կը մեղքանայ: Սրբուհիին գրած մէկ նամակին մէջ հետեւեալ տողը գրի կ՚առնէ.- «Կը մտածեմ կամ կը զգամ թէ, առ քեզ ունեցած սէրէս աւելի թերեւս իմ տկարութիւնս է որ զիս համակրելի կը կացուցանէ քեզ», եւ վստահ ըլլալով կը հաստատէ ըսելով. «դուն զիս հիւանդութեանցս համար կը սիրես»:

Շրջապատի ահաւոր քննադատութիւններուն վրայ կու գար աւելնալու հիւանդութեան դժբախտ ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ չապրուած սիրոյ տառապանքը եւ այս երեքը աւելիով կը կրծեն Տէմիրճիպաշեանի հոգին եւ հաւանաբար կը դառնան անձնասպանութեան շուրջ մտածումներ ունենալու հիմնական պատճառները:

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -158-

Վերջերս աւելիով կը փաստեմ, որ մեր հայրենակիցներուն մէջ քննադատելու ոգին ինչպէ՛ս անցեալին՝ նոյնպէս ալ այսօր գոյութիւն ունի: Մօտաւոր ամիս մը առաջ ընթերցողէ մը նամակ ստացայ. նամակին մէջ նամակագիրը կը յայտնէր, թէ յօդուածներէն մէկուն մէջ սխալ նկատած է: Արդար գտնուելով նամակագիրը կը յայտնէր, թէ միշտ կը հետեւի գրութիւններուն, սակայն տարօրինակ է, որ միա՛յն սխալ մը գտնելու պարագային նամակ կը գրէ, որովհետեւ հազար ճիշդերուն դիմաց մէկ սխալը բաւարար է ձայն բարձրացնելու համար: Մեր մօտ վատը մի՛շտ աւելի արձագանգ կ՚ունենայ՝ քան լաւը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023