ԵՍ ՍԻՐԵՑԻ… ՄԵ՞ՂՔ Է ՍԻՐԵԼ

Այսօր ծննդեան օրն է հայ գրող, բանաստեղծ եւ գրականագէտ Կոստան Զարեանին (բուն անունով Կոստանդին Եղիազարեան)։ Թէեւ Զարեան ծնած չէ Պոլսոյ մէջ, սակայն մեծ գործունէութիւն ունեցած է այդտեղ։ 1914 թուականներուն Պոլիս գալով Շահան Պէրպէրեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի հետ միասին հիմնած է «Մեհեան» հանդէսը, ապա քանի մը տարի ետք՝ 1922 թուականին «Բարձրավանք» հանդէսը՝ Վահան Թէքէեանի, Յակոբ Օշականի եւ այլ գրողներու հետ:

Կոստան Զարեան յայտնի գրողին առաջին աշխատութիւնը դարձեալ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ. 1922 թուականին հրատարակած է «Օրերի պսակը» աշխատութիւնը: Զարեան ունի բազմաթիւ աշխատութիւններ, սակայն գրականութեան մէջ յատուկ տեղ ունին անոր աշխատութիւններէն երկուքը՝ «Տատրագոմի հարս»ն ու «Նաւը լեռան վրայ» գործերը: Հայ գրականութեամբ հետաքրքրուող ու ընթերցանութիւնը սիրող ամէն մարդ պէտք է նուազագոյնը անգամ մը կարդայ այդ երկու գործերը, որոնք գրական մեծ ճաշակ կը հրամցնեն ընթերցասէրին:

Խօսինք այդ աշխատութիւններէն մէկուն՝ «Տատրագոմի հարս»ին մասին:

Այս աշխատութիւնը բանաստեղծական ոճով գրուած ողբերգութիւն մըն է։ 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբները Սասունի ֆէտայական կեանքէն հատուած մըն է։ Աշխատութեան պատմութիւնը երեւակայութեան ծնունդ չէ. Կոստան Զարեան նիւթը վերցուցած է Ռուբէն Տէր-Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» աշխատութենէն: Ռուբէն այս մասին գրած է ընդամէնը մի քանի տող, սակայն Զարեան նիւթը վերցնելով երկարաշունչ աշխատութեան վերածած է:

Աշխատութեան նիւթը հետեւեալն է. հակառակ աղջան կամքին՝ Սանան կ՚ամուսնացնեն տատրագոմցի Յովանին հետ։ Հարսանիքի օրը լուր կը հասնի, թէ թշնամիները յարձակած են շրջակայ գիւղերը եւ հետեւաբար պէտք է գիւղի տղամարդիկ երթան լեռներ՝ պաշտպանելու համար գիւղերը: Այլ բազում երիտասարդներու նման, Սանայի ամուսինը եւս պսակուելու օրն իսկ կը մեկնի պաշտպանութեան մասնակցելու եւ երկար ժամանակ չի վերադառնար:

Սանան, որ արդէն իսկ պսակուած էր իր կամքին հակառակ, իրեն անծանօթ գիւղին մէջ կը մնայ մինակ. Զարեան այս տողերով կը նկարագրէ Սանայի վիճակը.

«Ի՞նչ է Սանան, ֆէտայու կին, ընդմիշտ մեկնած
Ողջ մի մարդու դժբախտ այրի,
Գիւղի ճնշիչ նայուածքի տակ
Քայլող մի շուք՝ մենակութիւն եւ յիշատակ»:

Յովան կը հեռանայ եւ աւելի քան վեց տարի չի վերադառնար: Այդ միջոցին Սանան միշտ տան աշխատանքներով կ՚երթար անտառ՝ ճիւղեր եւ փայտ հաւաքելու համար: Առիթով մը անտառի մէջ կը հանդիպի քիւրտ երիտասարդի մը։ Իր ամուսինը լեռներու վրայ քիւրտերու դէմ կը պատերազմէր, սակայն Սանան իր կամքէն անկախ կը սիրահարուի քիւրտ երիտասարդին: Այդտեղ ծնունդ կ՚առնէ Զարեանի աշխատութեան ամենէն կարեւոր խօսքերէն մին. «ես սիրեցի... մե՞ղք է սիրել...»:

Այդ երեւոյթը կը բարկացնէ գիւղացիները եւ այս լուրը այնքան կը տարածուի, որ վերջաւորութեան լեռներու վրայ կռուող ամուսնոյն կը հասնի: Գիւղացիները այս մէկը պատուոյ հարց կը նկատեն եւ Յովանին կը ստիպեն, որպէսզի իր ձեռքերով մաքրէ պատիւը: Յովան չ՚ուզեր սպաննել Սանան, որովհետեւ կը սիրէր զինք, սակայն պատիւի հարց էր: Սանան կը տանին լեռ եւ կը ստիպեն Յովանին՝ որպէսզի սպաննէ. «Թէ՛ աննամուս, կինդ խփիր» կ՚ըսեն ընկերները:

Զարեանի բառերով.

«Բուք էր դրսում։
Հայոց դաժան լեռների վրայ
Աստուածները քայլում էին բարկացած»:

Պէտք է յիշել, որ կը կարծուի, թէ «Վարդ սիրեցի» երգը, որ ունի թրքերէն տարբերակ՝ «Սարը կելին» անունով, վերցուած ըլլայ այս պատմութենէն: Լիբանանի մէջ երկար տարիներ արգիլուած էր այս երգը եւ ձայնասփիւռէն կարելի չէր լսել, որովհետեւ «պատուաբեր» չէր հայ աղջկան քիւրտ տղուն սիրահարուիլը:

Այս աշխատութիւնը կարդացած եմ 14-15 տարեկան հասակիս եւ սա այն աշխատութիւններէն է, որ կարելի չէ մոռնալ եւ գրական ճաշակը զարգացնելու համար երկու-երեք տարին մէկ պէտք է դարձեալ կարդալ ու աչքէ անցընել:

Տարիներ շարունակ «Տատրագոմի հարսը» ներկայացուած է՝ որպէս թատրերգութիւն:

Մեր յորդորն ու առաջարկն է անպայման նուազագոյնը անգամ մը կարդալ Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» աշխատութիւնը, որ բարեբախտաբար համացանցի մէջ դիւրաւ գտանելի է:

Զարեան՝ Թումանեանի, Շիրազի, Ահարոնեանի եւ այլ հեղինակներու կողմէ մեծութիւն մըն է: Կ՚արժէ ուսումնասիրել անոր «Նաւը լեռան վրայ» աշխատութիւնը եւս, որ կը ձգենք այլ առիթի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայերէն գիրք կամ գրող կը ճանչնա՞ս:

Պատասխան. Այո, կան հայերէն բազմաթիւ գիրքեր՝ գրական, պատմական եւ բանաստեղծական: Անոնցմէ նշանաւոր գործերէն մէկն է Րաֆֆիի «Խենթ»ը, որ 19-րդ դարուն պատկանող դասական վէպ մըն է, որ կ՚ուսումնասիրէ այդ ժամանակաշրջանի ընկերային վիճակն ու յեղափոխութեան նիւթերը:

Այլ նշանաւոր ստեղծագործութիւն մըն է Ֆրանց Վերֆելի գրած «Մուսա լերան քառասուն օրը» աշխատութիւնը, որ մեծ եղեռնի մասին է:

Կան այլ հեղինակներ եւս. օրինակ՝ Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Ուիլիըմ Սարոյեան եւ ուրիշներ, որոնք մեծ ներդրում ունին հայ գրականութեան մէջ: Եթէ հետաքրքրուած էք հայ գրականութեամբ, որպէս սկիզբ անոնց գիրքերը կարդացէք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2024