ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Կիրակին յատկապէս կը զանազանուի շաբաթէն, որուն ժամանակագրականօրէն կը յաջորդէ ամէն շաբաթ, իսկ անոր արարողական պարտաւորութիւնը կիրակի կը փոխուի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Այս օրը ըրաւ Տէրը, եկէ՛ք ցնծանք եւ ուրախանանք». (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 24)։ Արդարեւ, Յիսուս յարեաւ մեռեալներէն «միաշաբաթի առաւօտը». (ՄԱՐԿ. ԺԶ 2)։ Իբրեւ «առաջին օր», Քրիստոսի Յարութեան օրը կը յիշեցնէ առաջին արարչագործութիւնը։ Իսկ իբրեւ «ութերորդ օր», որ կը յաջորդէ շաբաթին, ան կը նշանակէ նոր արարչագործութիւնը, որ սկիզբ առաւ Քրիստոսի Յարութեամբը։ Եւ քրիստոնեաներուն համար ան եղաւ «Տիրոջ օր»ը, Տէրունական օր՝ «կիրակի»։

«Դուն չես կրնար աղօթել տան մէջ ինչպէս կ՚աղօթես Եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած կայ մեծ բազմութիւն՝ ուր կանչը կը բարձրանայ դէպի Աստուած մէկ սրտէ…։ Հոն աւելին կայ. կայ միութիւնը միտքերուն, համերաշխութիւնը հոգիներուն, կապը սիրոյ, աղօթքները քահանաներուն…», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Արդարեւ, երբ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած է աղօթելու համար Հօր Աստուծոյ՝ Որդի Աստուծոյ անունով, հո՛ն է Քրիստոս անոնց հետ, անոնց մէջ…

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով Եկեղեցին կ՚աղօթենք՝ Յիսուսի հետ ըլլալու համար։ Եւ դարձեալ, այս պատճառով, կիրակի եւ տօնական օրերուն Սուրբ Պատարագի մասնակցիլ պարտաւորութիւն մը պէտք է համարուի։

Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագը հիմը եւ ստուգանիշն է քրիստոնեայ կեանքին ամբողջ գործելակերպին։ Ասոր համար հաւատացեալներ պարտին պատուիրեալ օրերուն մասնակցիլ Սուրբ Պատարագին, բացի եթէ արդարացուցիչ լուրջ պատճառ ունին, զոր օրինակ, հիւանդութիւն, նորածինի խնամք եւ այլն, եւ կամ տնօրինում ստացած են իրենց պատկան իշխանութենէն։ Անոնք, որոնք այս պարտաւորութեան մէջ ազատ կամքով եւ քմահաճօրէն, կամայական կերպով կը թերանան, «ծանր յանցանք» մը կը գործեն հոգեպէս։ Խղճի խայթը արդէն պիտի պատժէ զանոնք…

Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին հասարակաց հանդիսութեան մասնակցութիւնը վկայութի՛ւն մըն է հաւատացեալին պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին։ Ասով հաւատացեալները կը հաստատեն իրենց հաղորդակցութիւնը հաւատքին եւ սիրոյ։ Անոնք միասին կը վկայեն, թէ Աստուած սո՛ւրբ է՝ բացարձակապէս արդար եւ անարատ եւ թէ իրենք յոյս ունին փրկութեան։

«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Կիրակի եւ միւս պատարագիչ տօներուն, հաւատացեալները իրենք զիրենք հեռու պահելու են օրական աշխատանքներէ կամ գործունէութիւններէ, որոնք արգելք կը հանդիսանան պաշտամունքին, զոր կը պարտին Աստուծոյ, արգելք կ՚ըլլան Տիրոջ Օրուան ուրախութեան, ողորմածութեան գործերուն գործադրութեան եւ միտքին եւ մարմինին պատշաճ հանգիստին։

Ընտանեկան հարկաւորութիւնները կամ հասարակական մեծ օգտագործութիւն մը՝ կիրակնօրեայ հանգիստի պատուէրէն օրինաւոր չքմեղանք կը գոյացնեն։ Սակայն հաւատացեալները պիտի զգուշանան, որ այս օրինաւոր չքմեղանքները կրօնին, ընտանեկան կեանքին եւ առողջութեան վնասակար սովորութիւններ չներմուծեն։

Քրիստոնեայ բարեպաշտութիւնը աւանդականօրէն կիրակի օրը նուիրուած է բարի գործերու եւ հիւանդներու, տկարներու, ծերերու խոնարհ ծառայութեան։ Քրիստոնեաները պիտի սրբացնեն կիրակին՝ նաեւ իրենց ընտանիքներուն եւ մերձաւորներուն յատկացնելով ժամանակ եւ խնամք, զորս դժուար է տալ շաբթուան միւս օրերուն։ Կիրակին ժամանակն է խորհրդածութեան, լռութեան, մշակոյթի եւ մտածականի, որոնք կը նպաստեն քրիստոնեայ կեանքին աճումին։

Կա՞յ արդեօք աւելի հաճելի բան մը, քան տեսնել՝ իր աղօթքներուն իրականացումը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2024