ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Լեզու մը շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել՝ ամէն բանէ առաջ այդ լեզուին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, յետոյ՝ կարեւորութիւն ընծայել խօսակիցին կամ ընթերցողին։ Արդարեւ, ամէն լեզու ունի իր կանոնները, որոնց հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ շիտակ խօսիլ եւ անսխալ գրել։ Եւ այս իմաստով ամէն լեզու ունի իւրայատուկ նրբերանգներ, մասնայատկութիւններ։

Ստորեւ, վերյիշելու համար հայերէնի կարգ մը ուղղագրական նրբերանգները, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն (Պէյրութ, 1962) հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։

ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

ԱԶԱՏ եւ ՊԱՐԱՊ

«Պարապ» ածականը գործածուած մարդու համար, կը մատնանշէ մտային դատարկութիւն եւ հետեւաբար չի կրնար գործածուիլ «անզբաղ» վիճակի համար։ Պէտք է գործածել «ազատ» ածականը։ Հեգնական իմաստով կարելի է գործածել «պարապ»ը։

(Ծ.- Այս օրինակին նման է. «պակաս» եւ «բացակայ» ածականներու գործածութիւնը։ Եթէ մէկը, զոր օրինակ, չէ գտնուած, ներկայ չէ եղած ժողովի մը, անոր «դուն պակաս էիր» կամ «դուն կը պակսէիր» ըսել, ինչ որ հեգնական իմաստ մը կրնայ ունենալ եւ պատճառ դառնալ որ անձը պատասխանէ. «Ես պակաս չե՛մ»։ Ուստի պէտք է ըսել. «Դուն բացակայ էիր» եւ կամ «Կը բացակայէիր ժողովին», ինչ որ քաղաքավարական եւ փափկանկատական կանոններ կը պահանջեն)։

ԱՄԲՈՂՋ եւ ԲՈԼՈՐ

Այս երկու անորոշ ածականներն ալ կու տան ամբողջութեան գաղափարը։ «Ամբողջ» կը գործածենք՝ երբ այս ածականին ընկերացող գոյականը եզակի՛ է. օրինակ՝ ամբողջ ծառը, ամբողջ պարտէզը։ «Բոլոր» կը գործածենք երբ իրեն ընկերացող գոյականը յոգնակի՛ է. օրինակ՝ բոլոր ծառերը, բոլոր աշակերտները։

ԱՅՆ եւ ԱՆ

«Այն» ցուցական ածական է. իսկ «ան»ը՝ անձնական դերանուն։ Երբեմն այս երկուքին միջեւ շփոթ կը ստեղծուի։ Պէտք է ի մտի ունենալ որ «այն»ը կը գործածուի գոյականի մը հետ. իսկ «ան»ը՝ ո՛չ. օրինակ՝ «այն մարդը» եւ ոչ թէ «ան մարդը» երբ կ՚ըսենք «այն մարդը եկաւ»։ «Այն աշակերտը»՝ որ կարգապահ է, կը սիրուի։

ԱՆՁՆԱԳԻՐ եւ ԱՆՑԱԳԻՐ

Այս երկու բառերը երբեմն սխալ կը հնչուին։

«Անձնագիր»ը «ինքնութեան թուղթ» է, որ երբեմն «անձնաթուղթ» ալ կը կոչուի։ Իսկ «անցագիր»ը, այն «արտօնագիր»ն է, որ օտար երկրէ մը ներս ազատ մուտք ունենալու իրաւունքը կու տայ։

ԱՆՈՅՇ եւ ՔՆՔՈՒՇ

«Անոյշ» ածականի «պարագայ» մը գոյութիւն ունի հայերէնի ուղղագրութեան մէջ։ Այնքան զբաղեցուցած է հայերէնի ուղղագրութեամբ պարապողները, որ կարելի է ըսել թէ իսկապէս «հարց» մըն է։

Ընթացիկ դարձած է «անոյշ»ը «անուշ» գրել։ Ձայնափոխութեան կանոններուն հիման վրայ փաստուած է երկրորդին անհեթեթութիւնը, սակայն ցարդ անոր կառչողներ անպակաս են։

Տեսնենք թէ ի՞նչ են ձայնափոխութեան տրամադրութիւնները այս հարցին նկատմամբ։

Խնդրին կը մօտենանք հակառակ կողմէն։ «Անոյշ» ածականը բառակերտումի ընթացքին կը դառնայ. «անուշեղէն»։ Իսկ «քնքուշ»ը՝ «քնքշութիւն»։

Բառամէջի «ու»ն կը կորսուի կամ անգիր «ը»ի կը վերածուի, իսկ «ոյ»ն՝ «ու»ի։ «Անոյշ»ը եթէ «ու»ով եղած ըլլար, պէտք է կորսնցնէր «ու»ն եւ բառակերտուէր «անշեղէն». ընդհակառակը «ու»ն կայ «անուշեղէն»ին մէջ եւ այս «ու»ն կ՚ընդունինք որպէս «անոյշ» բառին «ոյ» երկբարբառին ձայնափոխուած ձեւը։

Ասիկա թերեւս լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու համար տարօրինակ երեւոյթի մը։ Կարգ մը ուղղագրական սխալներ՝ տարիներով ուղիղ նկատուած են եւ այդպէս ալ գործածուած, այնպէս որ երբ այսօր կ՚ուզենք այդ սխալները վերցնել եւ ուղիղները մատնանիշ ընել, բուն ուղիղները սխալ կը կարծուին։ «Անոյշ»ի պարագան անոնցմէ մէկն է։

ԱՌԱՋ, ԱՌՋԵՒ եւ ՅԱՌԱՋ

«Առաջ» կը գործածուի ժամանակ եւ կարգ ցոյց տալու համար. օրինակ՝ «Արտաւազդ արքայէն առաջ թագաւորած էր Արտաշէս Աշխարհակալ»։ «Իրմէ առաջ ժամադրութեան ներկայ էի»։

«Առջեւ»ը կը գործածուի տեղի համար. օրինակ՝ «սեղանին առջեւ կեցած կը խօսէր»։

Իսկ «յառաջ» կը գործածուի «դէպի առաջ շարժում» ցոյց տալու համար. օրինակ՝ «օ՛ն, յառա՛ջ»։

ԱՆՈՐՈՇ ՅՕԴ

Երբ դէպքի մը, առարկայի մը, երեւոյթի մը առաջին անգամ ըլլալով կ՚ակնարկուի, ձեզ լսողը կամ կարդացողը անտեղեակ է ատոր, պէտք է գոյականին ընկերանայ «մը» անորոշ յօդը, կամ նախադասութիւնը անորոշով տրուի. օրինակ՝ «պտոյտի ելանք եւ հասանք պարտէզ ՄԸ»։ Կարելի է ըսել հասանք «պարտէզԸ». եթէ նախապէս ակնարկած ենք պարտէզին եւ երբ մեզ մտիկ ընողը կամ կարդացողը տեղեակ է մեր ակնարկած բանին։ Անորոշ յօդի այս առաջին գործածութենէն ետք, երբ պիտի ակնարկենք վերոյիշեալ պարտէզին, կրնանք գործածել որոշիչ յօդը. օրինակ՝ «պարտէզԸ ծառեր ունէր»։

Կրնանք առաջին ակնարկութեան իսկ գոյական մը որոշիչ յօդով տալ, եթէ իրեն կ՚ընկերանայ «յատկացուցիչ» մը. օրինակ՝ «պտոյտի ելանք եւ հասանք ՊՕՂՈՍԵՆՑ պարտէզԸ»։

ԵՐԵՒԻԼ եւ ԵՐԵՒՆԱԼ

«Երեւիլ» եւ «երեւնալ» երկուքն ալ ճիշդ են։

Բայց «գտնալ», «տեսնալ», «իջնալ» սխալ են փոխանակ ըսելու «գտնել», «տեսնել», «իջնել»։ Այս սխալները որեւէ ձեւով արդարանալի պատճառ չունին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 26, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021