ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
«Մեռելոց յիշատակ» կամ ննջեցեալներու յիշատակութեան օր՝ նուիրուած հանգուցեալներու, ապրողներու աղօթքի օրն է ննջեցեալներու համար, որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք երբեք չեն մոռցուած, այլ կ՚ապրին հոգեպէս։ Կերպով մը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանգուցեալներու նկատմամբ «մեռելոց յիշատակ»ի օրը։ Այդ օրը «յիշել»ու եւ նաեւ հոգեպէս միասին ըլլալու օրն է։ Թէեւ ո՛չ մէկը կը մոռնայ իր սիրելիները, մերձաւորները՝ որոնք հանգուցեալ են, եւ այս իսկ պատճառով «յիշել» բառը, որ «մոռնա՛լ» կ՚ենթադրէ, իսկական իմաստին փոխարէնը պէտք չէ՛ նկատուի. թերեւս «մեռելոց աղօթքի օր» ըսել՝ աւելի նպատակայարմար եւ իմաստալից կ՚ըլլայ…։
Տաղաւար տօներու՝ Ս. Ծնունդ, Զատիկ, Վարդավառ, Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի եւ Խաչվերացի երկրորդ օրը նուիրուած է «հաւատով Քրիստոսի մէջ ննջածներ»ու՝ որոնք այս բոլոր հանդիսաւոր օրերուն մեզ՝ ապրողներուն տօնակից են հոգեպէս, թէեւ մարմնապէս ներկայ չեն եղած։ Արդարեւ, ննջեցեալները կը բարեխօսեն մեզ՝ ապրողներուս համար, եւ անոնց աղօթքները կը բարձրանան Աստուծոյ առջեւ. «Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ» (ՅԱՅՏ. Ը 4)։
Թէպէտեւ արդարներու անմեղ հոգիները անմահութեան հաստատ յոյսը ունին եւ կը գտնուին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ՝ խաղաղութեան մէջ. «Արդարներու հոգիները Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ են եւ ո՛չ մէկ տանջանք կը սպասէ անոնց» (ԻՄԱՍՏ. Գ 1)։ Սակայն թերեւս անոնք տակաւին պսակի չեն արժանացած. «Երբ Գառնուկը, հինգերորդ կնիքը բացաւ, զոհասեղանին տակ տեսայ հոգիները այն բոլոր մարդոց, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար։ Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին.- Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասես, սուրբ եւ ճշմարիտ Տէր, ե՞րբ պիտի դատես երկրի բնակիչները եւ մեր արեան վրէժը լուծես անոնցմէ։ Եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճերմակ պարեգօտ մը տրուեցաւ եւ անոնց ըսուեցաւ՝ որ կարճ ժամանակ մը եւս հանգիստ ընեն, մինչեւ որ ամբողջանայ թիւը իրենց ծառայակիցներուն եւ եղբայրներուն, որոնք իրենց նման պիտի սպաննուին» (ՅԱՅՏ. Զ 9-11). ինչպէս եւ մեղաւորները՝ տանջանքներու, (Բ ՊԵՏ. Բ 4 եւ 9). «Որովհետեւ Աստուած մեղանչած հրեշտակներուն իսկ չխնայեց, այլ՝ զանոնք տարտարոս նետել տուաւ, ուր խաւարին կապանքներով կապուած՝ կը պահուին մինչեւ դատաստանի օրը…։ Եւ այսպէս, Տէրը գիտէ աստուածապաշտները փրկել իրենց փորձութիւններէն։ Իսկ անիրաւները կը պահէ՝ դատաստանի օրուան տանջանքներուն մատնուելու համար». մինչեւ որ բոլորս ալ մեր վախճանին հասնինք՝ ըստ Առաքեալին խօսքին. «Ասոնք բոլորը իրենց հաւատքով վկայուած ըլլալով հանդերձ՝ չստացան Աստուծոյ խոստումը, քանի որ Աստուած մեզի համար աւելի լաւ բան մը նախատեսած ըլլալով՝ չուզեց որ անոնք խոստումին իրականացման հասնին առանց մեզի» (ԵԲՐ. ԺԱ 39-40)։ Քանի որ որդեսէր Հայրը կը սպասէ, մինչեւ որ Իր բոլոր զաւակները հաւաքուին եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին կու տայ իր հասանելիքը։
Ուստի, առայժմ ննջեցեալները պէտքը՝ կարիքը ունին մեր աղօթքներուն՝ իրենց ներելի եւ անգիտակցաբար գործած մեղքերուն թողութեանը համար, եւ յոյսով կը սպասեն իրենց հոգիներու հանգստութեան համար մեր «յիշտակութիւններ»ուն։ Յիշատակութիւնը ո՛չ թէ իրենց, այլ՝ իրենց համար աղօթելու, աղօթքի պահանջքին համար պէտք է հասկնալ, այսինքն՝ յիշել թէ անոնք ալ կարիքը ունին աղօթքի։ Արդարեւ, այդ նրբերանգը պէտք է նկատի ունենալ, թէ ո՛չ թէ ննջեցեալը, այլ անոր համար աղօթելու կարիքը պէտք է յաճախ յիշել եւ աղօթել անոր համար որ արդէն մոռցուած չէ՛։
Ինչպէս Յուդա Մակաբայեցին դրամ հաւաքեց եւ ուղարկեց Երուսաղէմ՝ ննջեցեալներու մեղքերուն համար Ս. Պատարագ մատուցանելու. (Բ ՄԱԿԱԲ. ԺԲ 43-46), եւ Բոոսն ալ մեռելներու եւ կենդանիներու համար ողորմութիւն ըրաւ. (ՀՌՈՒԹ. Բ 20), նոյնպէս ալ ննջեցեալներու հարազատները, մերձաւորները ողորմութիւն կու տան կարօտեալներուն եւ կը պատուիրեն քահանայ հայրերուն՝ իրենց հարազատներու անունները «յիշատակել» Սուրբ Պատարագի ընթացքին։
Սուրբ Պատարագով ո՛չ միայն ողջերու համար փրկութիւն կ՚ըլլայ՝ որոնք հաւատքով կը հաղորդուին, այլ՝ անոնց, որոնք յոյսով եւ հաւատքով ննջեցին ի Քրիստոս։ Քանի որ Քրիստոսի մահը ո՛չ միայն ողջերու համար փրկութիւն եղաւ, այլեւ՝ ննջեցեալներու, ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ. «Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն, որոնք ատենօք չհնազանդեցան Աստուծոյ, երբ անիկա ներողամտութեամբ կը համբերէր» (Ա ՊԵՏՐ. Գ 19)։ Սակայն Սուրբ Պատարագը չի փրկեր հեթանոսները, անհաւատները եւ բոլոր անոնք՝ որոնք անզիղջ եւ անտրտում կը թաւալին մեղքերու եւ չարիքներու մէջ եւ չեն յիշեր Դատաստանի օրը եւ տանջանքները, անոնց սարսափը։ Այսպիսիներու համար օգուտ մը չէ՛ պատարագ մատուցանելը կամ ողորմութիւն տալը։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, տաղաւար տօներու յաջորդ օրը, եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կը մատուցուի եւ կը կատարուի՝ բոլոր անոնց համար, որ «ճշմարիտ հաւատքով, սուրբ հաւատքով ննջեցին ի Քրիստոս», եւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Աստուծոյ առջեւ, կը յիշատակուին, կ՚արտասանուին անոնց ամէն մէկուն անունները, ինչպէս Սողոմոն յիշատակեց իր հօր՝ Դաւիթի անունը, «Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւնները յիշէ՛» (Բ ՄՆԱՑ. Զ 42)։
Նմանօրինակ ամէն դէպքերուն, ննջեցեալներու վրայ կեանքի ցօղ կ՚իջնէ, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ երկնային զօրքերուն, նաեւ ամէն անոնց, որոնք ուղիղ սրտով, ճշմարիտ եւ անշեղ հաւատով, ողջամիտ եւ հաստատ յոյսով եւ սուրբ սիրով կը յիշատակեն սուրբերը, քանի որ հանգուցեալներու յիշատակութիւնը՝ անոնց համար աղօթքը մեծ շահ է եւ կատարեալ օգուտ ամէնքին համար։
Մեռելոց յիշատակութեան օրը մարդիկ կ՚այցելեն նաեւ իրենց ննջած հարազատներուն, մերձաւորներուն, սիրելիներուն գերեզմանները եւ կը պատուիրեն քահանայ հայրերուն օրհնել այն՝ որով կ՚աւետենք ննջեցեալներուն Տիրոջ Երկրորդ Գալստեան եւ մեռելներու յարութեան յո՛յսը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 26, 2018, Իսթանպուլ