ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Դ -

Սուրբ Գիր­քի մէջ բոյ­սե­րը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւեն։ Ուս­տի փա­փա­քե­ցանք «ցանկ» մը պատ­րաս­տել եւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ ա­նոնց մա­սին։

34) ՁԻ­ԹԵ­ՆԻ.- Մշտա­դա­լար տունկ է եւ Ա­րե­ւել­քի մէջ սո­վո­րա­կան ու հա­սա­րակ։ Հրեա­նե­րու մէջ «յա­ջո­ղու­թեան նշա­նակ» էր. Սաղ­մո­սաց ԾԲ 8։

­Ձի­թե­նին ա­մէն դա­րու մէջ հա­մա­րուած է ա­ռա­տու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան նշա­նակ։ Ձի­թե­նիին ոս­տե­րը կը գոր­ծա­ծուէին Տա­ղա­ւա­րա­հա­րաց տօ­նին, Ե­րու­սա­ղէմ բե­րե­լով մօտ լեռ­նէ մը (Նէե­մեայ Ը 15), որ «Ձի­թե­նեաց լեռ» կը կո­չուէր իր ձի­թե­նի­նե­րու ա­ռա­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ։

«Գեթ­սե­մա­նի» որ նոյն լե­րան ստո­րո­տը գտնուած պար­տէ­զին ա­նունն էր՝ կը նշան­ակէ իւ­ղի կամ ձէ­թի հնձան։ («Հնձան»=խա­ղող ճմլե­լու խո­շոր տաշտ)։

35) ՄԱՅՐ ՓԱՅՏ.- Սուրբ Գիր­քի մէջ յա­ճախ յի­շուած է. Բ Թա­գա­ւո­րաց Զ 5, Երգ Եր­գոց Ա 17 եւ այլն։ Հա­ւա­նա­կան է, թէ այս բա­ռով կը հասկ­ցուի սո­ճիի (=կո­նա­բեր­նե­րու ըն­տա­նի­քէն ռետ­նա­յին ծառ, շո­ճի) այլ եւ այլ տե­սակ­նե­րը։ Ո­մանք կը կար­ծեն, թէ բնագ­րին մէջ գոր­ծա­ծուած «պէ­րոշ» բա­ռը կը նշա­նա­կէ բուն նո­ճի եւ գի­հի. ու­րիշ­ներ նոյն բա­ռով կը հասկ­նան ե­ղե­ւի­նը, դար­ձեալ ու­րիշ­ներ՝ հա­սա­րակ սո­ճին։

Բո­լոր այս ծա­ռե­րը կը գտնուին Պա­ղես­տին, եւ քա­նի որ Սուրբ Գիր­քին մէջ շատ ան­գամ ե­ղե­ւին եւ «մայր փայտ» միա­սին կը յի­շուին, հա­ւա­նա­կան է, որ սրբա­զան հե­ղի­նակ­նե­րը այս բա­ռե­րով կ՚ու­զեն ի­մաց­նել յի­շեալ ծա­ռե­րուն բո­լոր տե­սակ­նե­րը։

36) ՄԱ­ՆԱ­ՆԵԽ.- Բոյս մը՝ ո­րուն սեր­մէն կծու հա­մեմ կը պատ­րաս­տուի. «moutarde»։ Մա­նա­նե­խին սեր­մը շատ մանր է, բայց տուն­կը, ըստ տնկա­բան­նե­րու. «botaniste», «խո­տա­յին» կո­չուած տե­սակ­նե­րուն մէջ ա­մե­նէն բարձրն է եւ ծա­ռան­մա­նը։

37) ՄԱՆ­ՐԱ­ԳՈՐ.- Ծննդոց Լ 14-16, Երգ Եր­գոց Է 13 հա­մար­նե­րու մէջ յի­շուած է. հա­զա­րի (=բան­ջա­րե­ղէն մը՝ «մա­րուլ») մե­ծու­թեամբ եւ ձե­ւով, եւ թխա­գոյն կա­նաչ տե­րեւ­նե­րով տունկ մըն է՝ ո­րուն պտու­ղը մանր խնձո­րի չափ է եւ կը հաս­նի հունձ­քի ժա­մա­նակ։ Հի­նէն կը հա­մա­րուէր զուար­թա­ցու­ցիչ եւ յղաց­ման նպաս­տա­ւոր։

38) ՄՈ­ԼԱԹ­ԶԵ­ՆԻ.- Գ Թա­գա­ւո­րաց Ժ 27, Սաղ­մո­սաց ՀԸ 47 եւ այլ հա­մար­նե­րու մէջ յի­շուած է. բարձր եւ հո­վա­նա­ւոր ծառ՝ տե­րեւ­նե­րը կը նմա­նին թթե­նիի տե­րեւ­նե­րուն։ Պտու­ղը շատ յար­գի չէ՛։ Իսկ փայ­տը ծա­կոտ­կէն է, բայց տո­կուն։ Այս պատ­ճա­ռաւ ե­գիպ­տա­ցի­ներ ընդ­հան­րա­պէս այս փայ­տէն կը շի­նէին «մու­միայ»ի սնտուկ­նե­րը։

39) ՄՈ­ԼՈՇ.- Յի­շուած է միա՛յն Յո­բայ Լ 4 հա­մա­րին մէջ։ Թուր­քիոյ մէջ ա­մէ­նուն ծա­նօթ խոտ մըն է՝ զոր ընդ­հան­րա­պէս աղ­քատ­ներ կ՚ու­տեն իբ­րեւ հա­սա­րակ բան­ջար։ («Մո­լոշ»=սննդա­րար վայ­րի բոյս. «է­պէմ քէօ­մե­ճի»)։ («Բան­ջար»=կա­նա­չե­ղէն, խո­տե­ղէն)։

40) ՄՐՏԵ­ՆԻ.- Մշտա­դա­լար ճեր­մակ ծա­ղիկ­նե­րով թուփ մը, յի­շուած է Ե­սա­յեայ ԽԱ 19 հա­մա­րին մէջ։ Պա­ղես­տի­նի մէջ վայ­րի ծառ մըն է՝ որ կը բարձ­րա­նայ մին­չեւ քսան ոտք։ Տե­րե­ւը մութ եւ փայ­լուն է, ծա­ղի­կը՝ հա­մե­մա­յին։ Մրտե­նիի ճիւ­ղե­րը կը գոր­ծա­ծուին Տա­ղա­ւա­րա­հա­րաց տօ­նին, ինչ­պէս կը յի­շուի Նէե­մեայ Ը 15 հա­մա­րին մէջ։ Եբ­րա­յե­ցե­րէն ա­նունն է՝ «ա­դաս», եւ այս ա­նու­նով յոր­ջոր­ջուե­ցաւ Ես­թեր. Ես­թե­րայ Բ 7 հա­մա­րին մէջ։

41) ՆԱՐ­ԴՈՍ.- Մա­նի­շա­կա­գոյն ծա­ղիկ­նե­րով բոյս մըն է. «լա­ւանտ»՝ «lavande», «հու­սամ»։

­Նար­դո­սէն կը շի­նուի ազ­նիւ եւ մե­ծա­գին ա­նու­շա­հոտ օ­ծա­նե­լիք. Երգ Եր­գոց Ա 12, Դ 13-14, Մար­կոս ԺԴ 3, Յով­հան­նէս ԺԲ 3։ Բոյ­սին բու­նը, մա­նա­ւանդ վա­րի մա­սը, շատ թաւ է, իսկ տե­րեւ­նե­րը սրա­ծայր են։

42) ՆՇԵ­ՆԻ.- «Amandler», նու­շի ծառ։

Այս ծա­ռը գար­նան ըն­թաց­քին ա­մե­նէն ա­ռաջ կը բող­բո­ջի, այս պատ­ճա­ռաւ եբ­րա­յե­ցե­րէն կո­չուած է «շա­կէտ», որ կը նշա­նա­կէ՝ «արթն­ցած»։

Ն­շե­նիի ծա­ղիկ­նե­րը խնձո­րե­նիի ծա­ղիկ­նե­րուն կը նմա­նին, սկիզ­բէն՝ վար­դա­գոյն, յե­տոյ՝ սպի­տակ։ Եւ այս պատ­ճա­ռով՝ նշե­նին ծե­րու­թեան նշա­նակ է. Ժո­ղո­վող ԺԲ 5, եւ կա­նուխ ծաղ­կե­լուն հա­մար օ­րի­նակ է ա­րագ եւ յան­կարծ օգ­նու­թեան. (Ե­րե­մեայ Ա 11, Թուոց ԺԷ 8, Ծննդոց ԽԳ 11)։

43) ՆՌՆԵ­ՆԻ.- Նռնե­նիի պտու­ղը՝ նու­ռը կլոր է, եւ մեծ խնձո­րի չափ. իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ թթուա­խառն ա­նոյշ հիւ­թով խիտ առ խիտ կարմ­րա­գոյն հա­տեր։ Այս ծա­ռը հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի եւ Ա­սիոյ մէջ կը բուս­նի եւ յար­գի է. (Բ Օ­րի­նաց Ը 8, Ա Թա­գա­ւո­րաց ԺԴ 2, Երգ Եր­գոց Ը 2, Ան­գեայ Բ 19, Յո­վե­լեայ Ա 12) հա­մար­ներ կը վկա­յեն այս ի­րո­ղու­թեան։

Քան­դա­կուած նու­ռեր եւ կամ նռնա­ձեւ զար­դեր դրուած էին Տա­ճա­րին սիւ­նե­րուն գլուխ­նե­րը. Գ Թա­գա­ւո­րաց Է 18-20:

Նու­ռի նմա­նու­թիւն­ներ կար­գաւ շա­րուած էին նաեւ Հրէից քա­հա­նա­յա­պե­տին ե­փու­տին ստո­րո­տը. Ե­լից ԻԸ 33-34։ («Ե­փուտ»=վա­կաս, քա­հա­նա­յա­կան զգեստ, լան­ջա­նոց. «քշանցք»=զգես­տի վրայ այն տե­ղը՝ ուր քու­ղեր, ե­րիզ­ներ, ժա­պա­ւէն­ներ ան­ցուած կա­րուած են. զգես­տի վա­րի ծայ­րը՝ շուրջ-բո­լո­րը)։

44) ՇՈՒ­ՇԱՆ.- Ան­մե­ղու­թեան խորհր­դա­նիշ ծա­ղիկ։ Հա­ւա­նա­կա­նա­պէս այս էր Պա­ղես­տի­նի մէջ քա­նի մը տե­սակ ի­րա­րու նման ծա­ղիկ­նե­րու ա­նու­նը։ Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ այս կը նշա­նա­կէ «Կո­կոռ» կամ «Հարս­նա­մատն» կո­չուած ծա­ղի­կը։ Ծա­ղի­կին այս տե­սա­կը կ՚ու­տուէր. ար­մա­տը, ցօ­ղու­նը եւ սեր­մե­րը, թէ՛ դա­լար ըլ­լան եւ թէ՛ չոր, շատ քաղցր են, ուս­տի հա­ւա­նա­կա­նա­պէս այդ ծա­ղի­կը կ՚ակ­նար­կուի «Շու­շան­նե­րու մէջ կ՚ա­րա­ծէ» խօս­քով. (Երգ Եր­գոց Բ 16, Դ 5)։ «Շու­շան հով­տաց» կո­չուա­ծը, այ­սինքն՝ ջրա­յին շու­շա­նը, կը վե­րա­բե­րէր նոյն­պէս այս տե­սա­կին. (Երգ Եր­գոց Բ 1-2)։­

Այս ծա­ղի­կը հան­դի­սա­ւոր տօ­նե­րու ժա­մա­նակ կը գոր­ծա­ծուէր, եւ Տա­ճա­րին զար­դե­րէն մէկ մասն էր այս­պի­սի շու­շան­նե­րու քան­դա­կա­կերպ յօ­րի­նուած. (Գ Թա­գա­ւո­րաց Է 19)։

­Նոր Կտա­կա­րա­նին մէջ յի­շուած «Դաշ­տի շու­շան»ը. (Մատ­թէոս Զ 28) «ծի­րա­նա­գոյն վայ­րի շու­շանն» է, որ ըն­տա­նի է բո­լոր Գա­լի­լիա­յի մէջ, եւ շքեղ ծա­ղիկ է ա­պա­րօ­շի (=թագ, խոյր, վար­սա­կալ, փաթ­թոց) նման։ Շու­շա­նը կը բա­ցուի Ապ­րիլ եւ Մա­յիս ա­միս­նե­րու մէջ՝ որ հա­ւա­նա­կա­նա­պէս ժա­մա­նակն էր այն քա­րո­զին, զոր մեր Տէ­րը տուաւ լե­րան վրայ…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016