ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՀԱՃԵԼԻ ՊԱՀԵՐ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ հաճելի են, մարդուս երջանկութեան զգացումներ կը պատճառեն, թէեւ ժամանակաւոր, բայց գոնէ ատեն մը մարդ կը գոհանայ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Այդ պահերը, ընդհանրապէս պատահական են, նախապէս պատրաստուած, աշխատանքի մը արդիւնք չեն, այլ կու գան մեղմ ու հաճելի զեփիւռի նման։ Ի՞նչպէս եւ ո՞ւրկէ կու գան՝ յայտնի չ՚ըլլար, պատահականօրէն կու գան ու կը փոխեն մարդուս ամբողջ տրամադրութիւնը, եւ կ՚ոգեւորեն, կը խանդավառեն զայն։
Եւ երբ կու գայ այդ հաճելի անակնկալ պահը՝ կարծես հին օրերու բարեկամներ հանդիպած են իրարու, որոնք երկար ատենէ ի վեր զիրար տեսած չըլլալու երեւոյթը ունին, կեանքի այդ պահուն՝ անակնկալ բայց հաճելի, կեանքի կեդրոնին մօտ՝ աշխարհ եւ ժամանակ կանգ առած, կ՚ապրուի միայն ներկան, կարծես երբեք գոյութիւն չէ ունեցած անցեալ ժամանակը եւ պիտի չիրականանայ ապագան։ Պատահական բայց իրական այդ պահը կը լեցնէ ամբողջ կեանքը մէկ կէտի՝ մէ՛կ ժամանակի եւ մէ՛կ կէտի վրայ։ Այո՛, անակնկալ է ան, պատահական, եւ սակայն իրակա՛ն։ Այն ինչ որ կեանքը ի՛նքն իսկ է։
Հաճելի, անակնկալ եւ պատահական այս երանելի՜ պահերուն մարդուս դէմքին արտայայտութիւնը, տեսքը, երեւոյթը, ձայնին շեշտը եւ խօսակցութեան ոճը այնպիսի խո՜ր ազդեցութիւն մը կը գործէ դիտողին, վկայողին վրայ, եւ այնպիսի ազդեցութիւն մը կը գործէ ամէն անոնց վրայ՝ որ կը վկայեն այս եղելութեան, եւ որ կ՚արժէ խորհիլ ու խորհրդածել անոր վրայ, վերլուծել այդ պահուն խորհուրդը, ուրախութիւնը, տպաւորութիւնը մարդկային հոգիին վրայ եւ մանաւանդ ենթականերուն ամբողջ կեանքին վրայ։
Այդ պահուն հարցում մը կ՚ուղղուի ընդհանրապէս եւ կ՚ըսուի. «Ի՞նչպէս ես»։ Այս հարցումը սովորական եւ ձեւակերպական որպիսութիւն մը հարցնելու խօսք չէ՛. այս հարցումին մէջ կայ՝ ամբողջ կեանք մը՝ իր մտահոգութիւններով, ցաւերով եւ վիշտերով, կայ նաեւ գոհացուցիչ, հաճելի լուր մը, տեղեցկութիւն մը առնելու անկեղծ փափաքը։ Այդ հարցումին մէջ կայ՝ լաւատեսութիւն եւ նաեւ յոռետեսութիւն։ Լաւատեսը՝ լաւ լուր առնելու ակնկալութեամբ եւ այդ յոյսով կը հարցնէ. «ի՞նչպէս ես» խորհրդաւոր հարցումը։ Իսկ յոռետեսը նոյն հարցումին որպէս պատասխան միշտ կը սպասէ լսել. «Շա՜տ գէշ, վատ է վիճակս…»։
Արդարեւ, որեւէ հարցում արդէն ունի իր ակնկալուած պատասխանը իր մէջ։ Կարեւորը ինք՝ հարցումը չէ, այլ հարցնողին նպատակն է կարեւորը, անոր տրամադրութիւնը, սպասած պատասխանն է կարեւորը։
Հարցումներ չեն հարցուիր պարզապէս անոր համար որ սովորութիւն է հարցնել, այդ իմաստով հարցում հարցնել պարզապէս ձեւակերպութիւն է՝ ձեւապաշտութի՛ւն միայն, քանի որ այդ տեսակ հարցում մը հարցնողներուն նպատակը պատասխան մը ստանալ չէ, այլ միայն հարցնե՛լ, քանի որ հարցնելու սովորութիւն մը կայ, եւ մարդիկ պարտաւոր են հպատակիլ այդ սովորութեան պայմաններուն եւ թութակի մը նման, անգիտակցաբար տեւական կրկնեն. «ի՞նչպէս ես…»։
Այդպիսիներուն համար պատասխանը կարեւոր չէ, կարեւորը՝ հարցնե՛լն է միայն։
Անոնք, ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ իրենց հարցում ուղղած անձը պատասխանէ. «լա՛ւ եմ» եւ կամ ի՞նչ օգտակարութիւն եւ նպաստ պիտի առաջարկեն, եթէ պատասխանը ըլլայ. «լաւ չե՛մ, ինքզինքս վատ կը զգամ, ցաւեր եւ նեղութիւններ ունիմ»։
Դո՛ւք, իմ սիրելի՜ բարեկամներ, ի՞նչ կը մտածէք, քանի հոգի անկեղծ զգացումներով կը մտահոգուի, կամ օգնութիւն մը ընել կ՚ուզէ անոր՝ որմէ «լաւ չե՛մ, ցաւ ու նեղութիւն ունիմ» պատասխանը ստանայ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ այդ պատասխանը ստացողին խօսքը յայտնի «Վա՜խ» մը կ՚ըլլայ՝ չոր ու ցամաք միջարկութիւն մը, թերեւս բացագանչութիւն մը միայն, որուն մէջ ո՛չ հոգի կայ, ո՛չ հոգ եւ ո՛չ ալ անկեղծութիւն։ Եւ վա՜խ, այդ խօսակցութիւնը կատարողներուն, քանի որ անոնց հանդիպումը բոլորովին պատահական է, եւ ձեւակերպութիւնն է որ կը տիրապետէ հոն, անկեղծութեան, մտերմութեան նշոյլը իսկ գոյութիւն չունի։
Պատահական հանդիպումներ, եթէ նոյնիսկ հին օրերու բարեկամներու պատահի, ժամանակը շա՜տ բան կորսնցնել տուած կ՚ըլլայ անոնց բարեկամութենէն եւ միայն, պարզ, անշունչ «ի՞նչպէս ես» մը ըսելու ձեւապաշտական պարտաւորութիւնը։ Անոնք որքա՞ն մտահոգ եւ հաւատարիմ են իրենց հարցումով՝ «Ի՞նչպէս ես», խօսքին, իրապէս խնդրական է այդ, չըսելու համար՝ բնա՛ւ։
Պարզ հարցում մը, պարզ հետաքրքրութիւն մը գոհացնելու համար. հարցումի մը՝ պատահական հանդիպումի մը ընթացքին «ի՞նչպէս ես» հարցումը հարցնողին. եթէ պատահաբար հանդիպած չըլլայիր այդ անձին, երբեք պիտի մտահոգուէիր անոր վիճակով, անոր առողջութեամբ կամ որպիսութեամբ։ Հաւանաբար միտքն անգամ պիտի չգար, պիտի չմտածէր իսկ անոր մասին, ապա ուրեմն ո՜վ կեղծաւո՛ր ի՞նչ պիտի ընես անոր համար, որ կը հարցնես. «ի՞նչպէս ես»։ Եթէ լաւ է, անկեղծօրէն մասնակից պիտի ըլլա՞ս անոր բարութեան, ուրախութեան, կամ եթէ վատ է, ի՞նչ պիտի կարենաս ընել անկեղծօրէն, զայն մխիթարելու, ցաւերը թեթեւցնելու համար։
Պատասխանենք. ո՛չինչ, քանի որ անկեղծութիւն չկայ այդ հարցումին մէջ. ի՞նչպէս ես… պարզապէս սովորութեան պարտադրութիւն մը, մեքենաբար, թութակի նման «ձայն» մը միա՛յն։
Անկեղծութիւնը երբ կը բացակայի, ամէն յարաբերութիւն, ամէն արտայայտութիւն կը կորսնցնէ իր արժէքը։ Անիմաստ խօսքերով իրարու «ձայնել» ո՛չ բարեկամութեան, եւ ո՛չ իսկ մարդասիրութեան նշան է։ Եւ այդ ձայնը պարզապէս անիմաստ ու սնամէջ խօսք մը կ՚ըլլայ՝ աննպատակ եւ անգիտակցօրէն կատարուած դատարկաբանութիւն մը, որ եթէ ո՛չ վնասակար, բայց անօգուտ, աւելորդ ու անպէտ խօսակցութիւն մը կ՚ըլլայ։ Եւ դատարկաբանութիւնը մարդկային յարաբերութիւնները խաթարող, ընդհատող արարք մըն է։ Հարցումը, ուրեմն պէտք է ունենայ իր մէջ մանաւանդ խորհուրդ մը, ըմբռնել անոր բովանդակ իմաստն ու նպատակը եւ շեշտը դնել այդ կարեւորութեան վրայ։ Անոր մէջ պէտք է նշմարել անկեղծութիւն մը վաղեմի եւ հաւատարիմ բարեկամութեան՝ հին յիշատակներու քրքրում մը, եւ վերջապէս պատրաստակամութիւն՝ վարուելու ըստ պատասխանին, անշուշտ կարելի չափով եւ մանաւանդ անկեղծութեա՛մբ։
Արդարեւ ամէն հարցում եւ պատասխան ամբողջութիւն մը կը կազմեն մարդասիրական արտայայտութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 31, 2017, Իսթանպուլ