ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Եկեղեցւոյ տօն կատարել հայ ժողովուրդին յատուկ արարողութիւն մըն է։ Արդարեւ «Եկեղեցի»ն աստուածային հաստատութիւն մըն է եւ Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնք։ Եկեղեցիի միջոցով ճշմարտութիւններ կ՚աւանդուին ժողովուրդին, խորհուրդներ կը մատակարարուին, շնորհքներ կը բաշխուին եւ մեղքերու թողութիւն կը տրուի։ Եկեղեցին, քրիստոնէական մարմնի ամբողջութի՛ւնն է. անոր գլխուն Քրիստոսի հետ միացման-միաւորման խորհրդանիշը, եւ վերջապէս, «հաւատացեալներու եղբայրութեան կա՛պ»ը։

Եկեղեցին ամէն տեսակ այլաբանութեամբ կը ներկայացուի՝ իբր քաղաք, տաճար, աղբիւր, վէմ, սեղան, խորան, երկինք, Աստուծոյ աթոռ, Աստուծոյ տուն, աղօթատեղի, Քրիստոսի հարսը, հաւատացեալներու մայրը, եւ այլն, որով Եկեղեցին կ՚ըլլայ «գերբնական հաստատութիւն» մը՝ բոլոր փրկագործ տնօրինութիւններու արդիւնք, եւ այդ նկատողութիւններու ներքեւ արժա՛ն է, որ «տօնելի իրողութիւն» մը դառնար։ Նիւթական առմամբ տաճարներու նուիրագործութիւնը եկեղեցւոյ տօնախմբութիւն է եղած, եւ ատոնց մէջ ալ եկեղեցւոյ գերբնական նշանակութիւնը նկատի առնուած է, եւ եկեղեցիներու օծման տարեդարձներն ալ «Եկեղեցւոյ տօն»եր են եղած։

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ մուտ գտած տօներէն իբր «Եկեղեցւոյ տօն» կը նկատուին.-

ա) Նոր Կիրակին,

բ) Աշխարհամատրան Կիրակին,

գ) Ս. Էջմիածնի տօնը,

դ) Տապանակի տօնը,

ե) Շողակաթը,

զ) Խաչի Նաւակատիքը։

Այս տօներէն Սուրբ Էջմիածնի տօնը կը կատարուի Հոգեգալուստէն ետքը եկող Բ. Կիրակին, Զատկի Ժ. Կիրակին, կամ Զատկէն 64 օր ետքը՝ միշտ 35 օրերու շարժականութեամբ՝ Մայիս 24 թուականէն մինչեւ Յունիս 27-ի կրնայ հանդիպիլ։ Այս տարի՝ 3 Յունիս Կիրակի։

Այս տօնին անունը գրուած է «Տօն Եկեղեցւոյ հաստատեալ ի Ս. Լուսաւորչէ» կամ աւելի համառօտ՝ «Տօն Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի»։

(Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան՝ «Ծիսական բառարան»)։

Արդարեւ, Հայ Եկեղեցին, Տօն Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «Ելն ի Վիրապէն» տօնին յաջորդող օրը։

Այս տօնը յիշատա՛կն է այն տեսիլքին, որ ըստ Ագաթանգեղոսի, մեր հաւատքի Հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսաւ Վիրապէն ելլելէն «անմիջապէս» յետոյ։

Արդարեւ, Ի՛նքն Քրիստոս՝ Միածինը երկինքէն իջնելով՝ ձեռքը բռնած ոսկի մուրճով բաղխեց այն տեղը՝ ուր կը գտնուէր Սանդարամետի գետնափոր մեհեանը եւ այժմ կը գտնուի Սուրբ Էջմիածնի տաճարը, ինչ որ հրաշալի՜ կերպով նշանակեց Հայ Եկեղեցւոյ երկնային հաստատութի՛ւնը։

Եւ դարձեալ, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան կ՚ըսէ, թէ՝ այս տեսիլքին օրը ճշդելով եւ թուականները զննելով կարելի է գտնել, որ տեղի ունեցաւ 25 Յունուար 302-ին, իսկ Վիրապին ելքը տեղի ունեցած էր 301 աշնան։

Եւ ուրեմն վերոյիշեալ «անմիջապէս»ը պէտք է հասկցուի յարաբերական թէութեամբ։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկսաւ պատմել իր տեսիլքը Տրդատ Գ. թագաւորին, Աշխէն թագուհիին (Ծ.- Աշխէն կը նշանակէ՝ իշխանուհի), եւ միւս բոլոր ներկաներուն։

«Եւ տեսայ, քաղաքի մէջ, արքունի ապարանքի մօտ, ճախարակաձեւ ոսկիէ խարիսխ, խոշոր բլուրի մեծութեամբ, եւ անոր վրայ շատ բարձր հրեղէն սիւն, իսկ վրան ամպէ խոյի գլխու պատկեր լուսեղէն խաչով եւ երեք ուրիշ խարիսխներ, մէկը այն տեղ՝ ուր նահատակուեցաւ Սրբուհի Գայիանէն՝ իր երկու ընկերուհիներու հետ, մէկը այն տեղ՝ ուր Սրբուհի Հռիփսիմէն նահատակուեցաւ՝ 32 ընկերուհիներու հետ, եւ մէկը՝ հնձանի մօտ…»։

Այս տեսիլքը պատմելէն յետոյ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, յորդորեց ժողովուրդին՝ անմիջապէս աշխատանքի լծուիլ։ Այնուհետեւ, Ս. Լուսաւորիչ Հայրապետը, թագաւորին, թագուհիին, նախարարներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին հետ մէկտեղ գնաց այն տեղը՝ ուր ցոյց էր տուած հրեղէն սիւնը՝ ոսկիէ խարիսխի վրայ եւ կարգադրեց քարէ բարձր պարիսպով շրջափակել։

Մեծ Խաչի տեղը, Հայրապետը որոշեց կանգնեցնել Հայոց Մայր Եկեղեցին, բայց տաճարի կառուցման աշխատանքները առժամանակ յետաձգուեցան, քանի որ Միածնի մրճահարած տեղը հեթանոսական մեհեան կը գտնուէր, որ անհրաժեշտ էր եկեղեցական կարգով սրբագործել։

Իսկ Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան վայրը, արդէն իսկ անոնց արիւնով սրբուած եւ նուիրագործուած էր։ Ուստի, անմիջապէս կառուցուեցան երեք տաճարներ, որոնց մէջ ինքն Ս. Լուսաւորիչը զետեղեց կոյսերու մարմինները։ Մեծ էր ոգեւորութիւնը։ Ամէն մարդ, այր թէ կին, աշխատանքի էր լծուած. մէկը քար, միւսը աղիւս, ուրիշ մէկը փայտ կը բերէր։

Ըստ աւանդութեան՝ Տրդատ բարձրացաւ Մասիս լեռը եւ այնտեղէն բերաւ կարծր, ան-տաշ եւ անկոփ, ծանր եւ մեծ, երկար եւ հաստ քարեր։ Հսկայ արքան, իր կռնակին վրայ վերցնելով այդ քարերը, բերաւ Վաղարշապատ՝ մատուռներու շինութեան համար։

Տաճարներէն մէկը կոչուեցաւ Ս. Հռիփսիմէ անունով, միւսը՝ Ս. Գայիանէի եւ երրորդը, ի յիշատակ այն հիւանդ կոյսին, որ չէր կարողացած միւսներուն հետ լքել իրենց ապաստարանը, կոչուեցաւ Ս. Մարիյանէ, իսկ աւելի վերջ դարձաւ Շողակաթ, քանի որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր տեսիլքին մէջ ա՛յնտեղ կանգնած տեսած էր երկինքէն իջնող լոյսի շողերու կաթոցը։

Սուրբ Լուսաւորչի նախաձեռնութեամբ հեզտհետէ քանդուեցան հեթանոսական մեհեանները եւ վերափոխուեցան եկեղեցիներու։

Նախ քանդուեցաւ հեթանոսական շրջանի կռապաշտական մեհեանը, որ կը գտնը-ւէր այն տեղ՝ ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքի համաձայն, Աստուծոյ Միածին Որդին իջաւ եւ հրեղէն մուրճով հարուածեց։ Այնուհետեւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութեամբ սրբագործեց այն տեղը, ապա եօթնէն ութը ամիսներու ընթացքին կառուցանեց Մայր Տաճար՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Թագաւորը, թագուհին, նախարարները եւ իշխանները ո՛չ միայն նուիրատուութիւններով, այլ անձնապէ՛ս կ՚օգնէին կառուցման աշխատանքներուն։

Մայր Տաճարը օծուեցաւ 303 թուականին՝ 15 Օգոստոսին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ Աւելի վերջ Մայր Տաճարը վերանուանուեցաւ Սուրբ Էջմիածին՝ այսինքն, «իջաւ Միածինը՝ Յիսուս Քրիստոս»։

Ուստի, աշխատանքը շարունակուեցաւ հոգեւոր եւ մտաւոր լուսաւորութեան համար, որպէսզի լուսաւորուին սերո՜ւնդներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 24, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018