ԿԱՄՔ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿՌԻՒ

Մարդիկ կեանքի մէջ միշտ յաջող ըլլալ կ՚ուզեն. մարդոց նպատակն է յաջող ըլլալ եւ ա՛յդ է որ երջանիկ կ՚ընէ զիրենք։ Կեանքի մէջ յաջող ըլլալու, կենսական նպատակին հասնելու համար մարդկութիւնը զանազան ճամբաներ, միջոցներ գործածած է եւ բանաձեւ մը, տարազ մը ուզած է գտնել։

Անշուշտ բազմաթիւ լուծումներ առաջարկուած, յանձնարարուած է կատարեալ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար՝ այս անվերջ փափաքին իրականացմանը համար։ Զոր օրինակ, կամք ունենալ, զօրաւոր կերպով փափաքիլ, ջանք ընել, գերազանցել բնական աշխատութեան կերպերը եւ կորո՛վ։ Ուրիշներ յաջողութեան համար պայման կը նկատեն գիտութիւն, աշխատութիւն եւ կարգապահութի՛ւն։ Իսկ ամերիկացիներ, կատարեալ յաջողութիւն ձեռք ձգել ուզողներու կը յանձնարարեն՝ սովորական գործէ մը տարբեր գործ մը ընել, աննախընթաց աշխատութիւն մը եւ աւելի առաջ չտեսնուած գործ մը ստեղծել, իսկ դարձեալ, կը յանձնարարեն անոնց՝ որոնք այսպէս գործ մը չեն կրնար կատարել, «յաջող» մարդ ըլլալու համար, կը պատուիրեն, սովորական գործ մը ընել, բայց այդ «սովորական գործ»ը լաւագո՛յն կերպով կատարել։ Եւ բոլոր այս բանաձեւերը, լուծումները, պատմութեան մէջ ունեցած են դրական արդիւնքներ եւ այս կերպով աշխատողներ, մասամբ յաջողած եւ հասած են իրենց նպատակին։

Բայց ո՞րն է ամենէն ազդու եւ հատու միջոցը կամ ճամբան, այդ մասին որոշում տալ դժուար է, քանի որ եթէ ըլլար եւ մարդիկ գործադրէին զայն, աշխարհի վրայ ձախողութիւն, անյաջողութիւն եւ դժբախտութիւն գոյութիւն պիտի չունենար։ Աւելի ճիշդ է ամէն դէպքի, ամէն իրականութեան, ամէն անձի լաւագոյն եւ յարմարագոյն բանաձեւը գտնել եւ զայն գործադրել «կատարեալ յաջողութեան» համար։ Անշուշտ «յարմարագոյն»ը գտնել հմտութիւն կը պահանջէ եւ այդ ալ «յաջողութիւն» մը պէտք է համարուի իր կարգին…։

«Օգտակար է այս առթիւ յիշել Դեմոստենէսը, հին Յունաստանի մեծագոյն հռետորը…», կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր «Երեք ոսկեղնիկ բառ եւ Դեմոստենէս» շահեկան յօդուածին մէջ։ Արդարեւ, պատմութեան մէջ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած մեծ մարդիկ օրինակներ են անոնց՝ որոնք յաջողութիւն ձեռք ձգելու ճամբաներ կ՚որոնեն։ Եւ ահաւասիկ Դեմոստենէս այդ լաւագոյն օրինակներէն մին է։ Ուրեմն, կ՚արժէ հետեւիլ Տքթ. Վարդ Շիկահերի՝ որ կը ներկայացնէ Դեմոստենէսի օրինակելի կեանքէն դրուագ մը։

«Հունգար վիպագիր Միքցատ Քալման ունի գեղեցիկ խօսք մը.- մինչեւ խօսիլ սորվիլը, լռելը դժուար չէ՛։ Այս՝ կը թուի ներշնչուած ըլլալ Դեմոստենէսի օրինակէն։

«Առաջին անգամ, տասնեւութ տարու, Դեմոստենէս հրապարակ էր եկեր Աթէնքի մէջ, խօսե՛լու։ Տկա՛ր էր ձայնը եւ առոգանութիւնը՝ տքնալից, կը թոթովէր։ Ժողովուրդը զինք ծաղու աղաղակներով, հայհուչներով դիմաւորեր էր։ Նա այս ձախողանքէն չէր վհատեր։ Կը վճռէր սրբագրել թերախօսութիւնը։ Խօսելու ատեն կը ծռմռկէր դէմքը, մանկութենէն ի վեր։

«Բազում ամիսներ, կ՚առանձնանար ընդերկրեայ քարայր մը։ Կիսով ածիլեր էր գլուխը, որպէսզի չփորձուէր քաղաք իջնել։ Ծանօթ է, թէ փոքր խիճեր կը դնէր բերնին մէջ, լեզուի խոտորումը, դէմքի ծամածռումը հարթելու համար։ Արագօրէն կը վազէր զառիվերներէ հեւասպառ, շո՛ւնչն ու կուրծքը զօրացնելու։ Կը դիմէր ծովափ, կը գոչէր, կ՚աղաղակէր յուզեալ ալիքներու շառաչներուն դիմաց։ Կ՚արտասանէր երկարաշունչ քերթուածներ։ Ատեն-ատեն, քարայրին մէջ, կանթեղի լոյսին տակ, իր մտքի լոյսը կը հեղուր գրչով։

«Այդ դժուարակիր աշխատանքէն ետք, կը վերայայտնուէր ժողովուրդին։ Յաջողութիւնը կ՚ըլլար իր վարձատրութիւնը։ Հոգիներէ կը բխէին ծափահարութիւնները։ Իր կեանքը կ՚անցընէր խրախուսելով ժողովուրդը Մակեդոնացիներու գրոհներուն դէմ, հրապարակներու կամ կռուի դաշտերուն վրայ։ Կ՚ուղղէր իր խօսքը.- Քաղաքացինե՛ր, ժանտախտի նման կը տարածուին Մակեդոնացիները։ Որո՞ւ հրամանին կը սպասէք, արդեօք Արամազդի՞ն։ Բայց ո՞ր հրամանը ա՛ւելի ազդու է, քան՝ այն նախատինքը, որ կը մօտենայ։

«Աթենացիները կը պարտուէին։ Դեմոստենէս կղզիի մը մէջ, մեհեան մը քաշուած՝ ակռաներով կը փրցնէր գրչի մը ծայրը ու կը ծծէր թոյնը՝ որ կը ծորէր անկէ։

«Իր դամբարանին վրայ գրուած կայ.

«Դուն խելքն ու ոյժը միացուցիր։ Եթէ Քու ոյժդ հաւասարէր պերճախօսութեանդ, Աթենացիները պիտի չհպատակէին Մակեդոնացիներու սուսերներուն»։

Ահաւասի՛կ վկայութիւն մը յաջողութեան համար անհրաժեշտ տարրերու. կը տեսնուի, թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար առաջին պայմանն է՝ զօրաւոր կա՛մք։ Արդեօք ճիշդ այս պատճառով է որ ըսուած է. «Եթէ երիտասարդները կամենային, տարեցները կարենային» խօսքը։

Գործելու, աշխատելու համար նախ եւ առաջ կա՛մք պէտք է ունենալ. արդարեւ կա՛մքն է մղիչ ուժը, շարժառիթը գործելու, աշխատելու։ Եւ անշուշտ պէտք է նաեւ մարմնական-ֆիզիքական ուժ, այսինքն կարողութիւն, կորով։

Մարդը իմացական արարած մըն է. ան այս տեսակէտէ նման է Աստուծոյ։ Մարդը ստեղծուած է «ազատ» եւ «տէր իր արարքներուն»։

Կամքը՝ գործ մը կատարելու եւ կամ չկատարելու փափաքն է իր լայն առումով։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ մարդ բան մը ընելու համար նախ պէտք է կամք ունենայ այդ գործը կատարելու։ Մարդու մը արարքը կրնայ անուղղակիօրէն «կամաւոր» ըլլալ, երբ հետեւանքն է անհոգութեան, անտարբերութեան բանի մը հանդէպ, զոր ան պարտաւոր էր ճանչնալ կամ ընել։ Հետեւանք մը կրնայ չուզուիլ, բայց թոյլ տրուիլ զայն գործողին կողմէ։ Գէշ հետեւանքը վերագրելի չէ մէկուն, եթէ այն չէ ուզած ո՛չ իբր նպատակ եւ ո՛չ ալ գործի միջոց։

Կամքը պէտք է ըլլայ նախատեսելի եւ պէտք է նաեւ կարելիութիւն ունենայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 31, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020