ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ - 2
Իմաստութեամբ ըսուած այլ նախապաշարում մըն է հետեւեալը.-
«Պտտելով հաց մի ուտեր, տանը պէրէքէթը կը փախչի»:
Նման նախապաշարումներ մենք մինչեւ օրս ունինք, սակայն փոխած ենք անոնց ձեւերն ու բառերը. երբեւէ լսա՞ծ էք մայր մը իր զաւկին կ՚ըսէ «եթէ չուտես Աստուած պիտի պատժէ», «եթէ այսպէս ընես վրադ քար պիտի իյնայ երկիրնքէն» եւ այլ տարօրինակ բաներ, որոնք շատ անգամ մայրեր կը գործածեն իրենց ուզածը մանուկին պարտադրելու եւ զինք համոզելու համար: Վստահաբար պարզ ու յստակ է, իր կերած ձեւը երբեւէ աղերս չի կրնար ունենալ մարդու բախտին հետ, սակայն միջոց մըն է մանուկներուն, ինչու չէ նաեւ շատ անգամ մեծահասակներուն վարժեցնելու որ ճաշ ուտելու միակ ու ամենէն լաւագոյն տեղը ճաշասեղանն է: Նախապաշարումները պարզապէս մօրը դաստիարակութեան զէնքը եղած են. արդի մանկավարժութիւնը ինչքանո՞վ համաձայն պիտի գտնուի մանուկին մէջ վախ յառաջացնելով բան մը սորվեցնելու հետ չեմ գիտեր, սակայն մէկ բան պարզ է, որ այդ մեթոտը մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ ի զօրու՝ հակառակ աշխարհի «զարգանալ»ուն:
«Բամբասանք մի՛ ըներ, մեռելներդ անհանգիստ կ՚ըլլան»:
Հաւանաբար ամենէն շատ այս նախապաշարումին իրականութիւն ըլլալը պիտի ցանկանայի ես՝ ինձ նման նաեւ ուրիշներ եւ եթէ նման նախապաշարում մը իրականութիւն է, ապա մեր մեռելներուն վիճակը այնքան ալ յուսադրիչ ու հանգիստ կրնայ չըլլալ, որովհետեւ մեր հայկական ընկերութեան մէջ մեծագոյն ախտերէն մին բամբասանքն ու անոր հանդէպ մեր ունեցած սէրն է:
Նախապաշարումէ մը աւելի այս մէկը կրնանք ըսել, որ մաս կազմած է մարդոց հաւատալիքին, որովհետեւ բամբասանքի վերաբերեալ նման պատիժներ ու արտայայտութիւններ նախկին մատենագիրներու մօտ եւս կարելի է տեսնել: Օրինակի համար, մի քանի դարեր առաջ ապրող մատենագիր մը իր տաղերէն մէկուն մէջ կը յիշէ.- «Զկարգիկն իւրեանց տան բամբասանք, երթան նոքա ի չար տանջանք»: Թէեւ հիմա մոռցուած, սակայն բամբասանքը մեր նախահայրերուն կողմէ մեծագոյն մեղքերուն դասուած իրողութիւն մըն է. Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետ մինչեւ իսկ կը գրէ. «Գողք եւ պոռնիկք եւ արբեցողք եւ բամբասողք զարքայութիւնն Աստուծոյ ոչ ժառանգեն». եթէ իրաւացի են այս խօսքերը՝ շնորհաւո՜ր. կրնանք վստահ ըլլալ, որ ազգովի արդէն իսկ դուրս մնացած ենք դրախտէն:
«Զոյգ ոտքով դրան շեմին վրայ ո՛վ որ կայնի, անոր տունէն մեռել կ՚ելլէ»:
Նկատի ունենալով արդի արուեստագիտութեան «բարիք»ներուն բացակայութիւնը, կրնանք ենթադրել, որ ընելիք բան մը չունենալով մարդիկ յաճախ իրենց ժամանակը անցուցած են իրենց տուներու մուտքին՝ անիմաստ ժամանակ սպաննելով: Նման նախապաշարումով մը մեր իմաստունները փորձած են մարդ արարածը հեռու պահել ծուլութենէ եւ արդ այս խօսքերով մղած են զինք տուն մտնելու՝ հաւանաբար գիրք կարդալու եւ կամ գործով մը զբաղուելու:
Եթէ նկատեցիք վախցնելու ձեւը մի՛շտ նոյնն է. մահ, սատանայ, Աստուած եւ դժոխք:
«Երբ աչքիդ կոպերը խաղան, հիւր պիտի ունենաս»:
Ահաւասիկ նախապաշարում մը, որ հայերս մինչեւ օրս կը հաւատանք. նախապաշարումին հիմքը մնացած է նոյնը, սակայն փոխուած են բառերը. մեր մայրերը մինչեւ օրս կ՚ըսեն. «աչքս կը պաղի, հիւր պիտի գայ» եւ կը տեսնենք հակառակ աշխարհի զարգացումին, տակաւին կամայ թէ ակամայ մեր մէջ կը պահենք այն բոլորը, որ իրականութեան մէջ նախապաշարումէն անկախ մեր մշակոյթին եւ առօրեային մաս կը կազմեն:
Նախապաշարուածներ մի՛շտ ալ եղած են եւ կան. նախապաշարում նկատուած է շատ անգամ նաեւ մեր ժողովուրդի անուս դասակարգի կրօնագիտութիւնը, որոնք ո՛չ թէ ճշմարիտ ուսուցանութեամբ ու քարոզախօսութեամբ էին, որ կը հաւատային կամ մինչեւ օրս կը հաւատան Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ այլ նախապաշարումներով: Հրապարակախօս եւ պատմաբան Դաւիթ Անանուն (բուն անունով Դաւիթ Տէր-Դանիէլեան) իր «Ռուսահայերի հասարակական զարգացումը» աշխատութեան Ա. հատորին մէջ նախապաշարուած ու տգէտ կը կոչէ ժամանակուան թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ՛ եկեղեցականութիւնը:
Զարթօնքի սերունդը Պոլսոյ մէջ մե՜ծ աշխատանք տարաւ յաղթահարելու համար մանաւանդ ա՛յն նախապաշարումները, որոնք անմեղութենէ դուրս գալով կրնային վնասել մեր հաւաքական կեանքը: Միքայէլ Նալպանտեան իր գրական գործունէութեան սկզբնական տարիներուն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Մեզ հազարաւոր նախապաշարուած խելքերու դէմ պատերազմ կը սպասէ»:
Մեր ազգին ճակատագիրը շատե՜ր կը վերագրեն նախապաշարումներու, որովհետեւ կոյր հաւատքն ու վստահութիւնը մեր ազգին մէջ աւելի՛ վեր էր՝ քան խելքն ու բանականութիւնը:
•վերջ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍՈՒՐԷՆ ԱՎՃԵԱՆ
(1904-1985)
Մեր թուականէն 37 տարիներ առաջ՝ 2 յունիս 1985-ին Վրաստանի մէջ մահացած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, թատերագիր եւ մշակութային գործիչ Սուրէն Ավճեան:
Ավճեան ծնած է 5 օգոստոս 1904 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուր աշակերտած է գրող եւ մանկավարժ Յակոբ Աղաբաբին, մանկագիր Աթաբէկ Խնկոյեանին, մանկավարժ Դանիէլ Ղազարեանին եւ ուրիշներու: Ապա ընդունուած է Ներսիսեան դպրոց, սակայն շրջանաւարտ չէ եղած: Գրողը փոքր տարիքէն կորսնցուցած է իր մայրը եւ յանձնուած է մեծ մօր խնամքին:
Ավճեան իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է 19 տարեկան հասակին՝ 1923-ին, «Կարմիր ծիլեր» մանկական ամսագիրին մէջ: Նոյն տարիներէն սկսեալ գրականութեան հանդէպ սէր ունենալով աշխատած է որպէս գրադարանի աշխատակից եւ ապա որպէս գրադարանապետ: Նոյն տարիներուն ի մի խմբելով հայ բանուորներ՝ կազմած է թատերական խմբակ մը:
Իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Աղաբաբի որդիին՝ Ռուբէն Աղաբաբի հետ միասին ղեկավարած է Վրաստանի Գրողներու միութեան հայկական մասնաճիւղը, իսկ 1950-1961 թուականներուն եղած է նոյն մասնաճիւղի նախագահը: Այս պաշտօններու կողքին որպէս գիտաշխատող աշխատած է վրաց գրականութեան պատմութեան կաճառէն ներս:
Ավճեանի գործը առաջին անգամ որպէս առանձին աշխատութիւն լոյս տեսած է 1927 թուականին, «Մի թռուցիկ մանուկներին» խորագրով, որուն յաջորդած են «Արհեստ եւ արուեստ»ը, «Լիանա» մանկական պատմուածքներու ժողովածուն, «Ողջոյն քեզ, Հայաստան» բանաստեղծութիւններու ժողովածուները եւ ուրիշներ: Ավճեանի գրութիւններէն շատեր որպէս թատրոն ներկայացուած է հանրութեան. ինչպէս՝ «Սօս եւ Վարդիթեր», «Պըլը Պուղի», «Տնփեսան» եւ ուրիշներ:
Ստեղծագործութեան կողքին գրողը զբաղած է թարգմանական աշխատանքով եւ հայերէնի վերածած է վրացի բանաստեղծներ Իլիա Ճաւճաւացէի, Ակակի Ծերեթելիի եւ այլոց գործերը:
Ավճեան շնորհիւ իր վաստակին, Վրաստանի պետութեան կողմէ արժանացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024