ՊԱՅ­ԾԱ­ՌԱ­ԿԵՐ­ՊՈՒ­ԹԻՒՆ

«Վեց օր ետք, Յի­սուս իր հետ ա­ռաւ Պետ­րո­սը, Յա­կո­բո­սը եւ Յով­հան­նէ­սը՝ եր­կու եղ­բայր­նե­րը եւ զա­նոնք բարձր լեռ մը հա­նեց, ուր ա­ռան­ձին էին։ Հոն այ­լա­կեր­պե­ցաւ ա­նոնց դի­մաց. իր դէմ­քը ա­րե­ւու նման լու­սա­ւոր դար­ձաւ եւ հա­գուստ­նե­րը լոյ­սի նման ճեր­մակ ե­ղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։

­Մատ­թէոս Ա­ւե­տա­րա­նիչ այս­պէս կը նկա­րագ­րէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը՝ որ ըստ էու­թեան կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւնն է Յի­սու­սի։ Ար­դա­րեւ պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը կը բա­ցատ­րուի «այ­լա­կեր­պու­թեան» կամ ձե­ւա­փո­խու­թեան հրա­շա­լի՜ եւ խորհր­դա­ւոր ե­րե­ւոյ­թով։

Յի­սու­սի պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան կամ այ­լա­կեր­պու­թեան յի­շա­տա­կի այս տօ­նը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիի հինգ տա­ղա­ւոր տօ­նե­րէն է՝ որ այս տա­րի կը տօ­նենք 3 Յու­լի­սին։

Այս տօ­նը այն յի­շա­տա­կու­թիւնն է՝ որ Յի­սուս Թա­բոր լե­րան վրայ իր ե­րեք ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Յով­հան­նէ­սի, Յա­կո­բո­սի եւ Պետ­րո­սի՝ Աս­տուա­ծա­յին փառ­քով ե­րեւ­ցաւ։ Այս հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թը կը նկա­րագ­րեն ու կը վկա­յեն ե­րեք Ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րը՝ Մատ­թէոս (ԺԷ 1-2), Մար­կոս (Թ 2-13) եւ Ղու­կաս (Թ 28-36), ե­րեք հա­մա­տես ա­ւե­տա­րան­նե­րուն մէջ, ա­ռանց լե­րան ա­նու­նը տա­լու։

Ար­դա­րեւ իր քա­րոզ­չու­թեան եր­րորդ տա­րուայ ա­մա­ռուան ժա­մա­նակ, Յի­սուս, ա­շա­կերտ­նե­րէն Պետ­րո­սի, Յով­հան­նէ­սի եւ Յա­կո­բո­սի հետ բարձ­րա­ցաւ Թա­բոր լե­ռը՝ հոն ա­ղօ­թե­լու, ուր «Ա­նոր դէմ­քը այ­լա­կեր­պե­ցաւ…», ինչ­պէս կը վկա­յէ Ղու­կաս (ՂՈՒԿ. Թ 29)։

«Այ­լա­կեր­պու­թիւն» կամ «պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն» ցոյց կու տայ «կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն», եւ քա­նի որ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւ­նը կը պա­տա­հի լոյ­սի կեր­պա­րան­քով, ու­րեմն այս ե­րե­ւոյ­թը «պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն» ա­նուա­նել յար­մար է ըստ՝ էու­թեան։ Քրիս­տո­նեայ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներ «Այ­լա­կեր­պու­թիւն» ա­նու­նով կը յի­շեն այս տօ­նը, եւ միայն Հայ Ե­կե­ղե­ցին է որ «Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն» կ՚ա­նուա­նէ զայն։ Զոր օ­րի­նակ, ֆրան­սե­րէն. «transfiguration», եւ անգ­լե­րէն՝ «transfiguration», «metamorphosis», «anamorphism» բա­ռե­րով կ՚ա­նուա­նուի ե­րե­ւոյ­թը։

Ուս­տի «պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն» բա­ռը յատ­կա­պէ՛ս կը շեշ­տէ Քրիս­տո­սէն ճա­ռա­գայ­թող աս­տուա­ծա­յին փայլն ու փառ­քը։

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան ըն­թաց­քին Յի­սու­սի ամ­բող­ջո­վին լոյ­սով ո­ղո­ղուի­լը եւ Ան­կէ լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թու­մը հա­ւա­տո՛ւմն է եւ ա­պա­ցոյ­ցը Ա­նոր աս­տուա­ծա­յին բնու­թեա՛ն։ Եւ կա­րե­լի է ը­սել, թէ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թի՛ւնն է՝ իր տե­սա­նե­լի կեր­պի մէջ, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ լե­րան վրայ՝ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան պա­հուն։ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ փա՛ստն է Յի­սուս Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թեա՛ն։

Այդ պա­հուն Յի­սու­սի քով յայտ­նուած էին լոյ­սով պա­րու­րուած Մով­սէ­սը եւ Ե­ղիան՝ ո­րոնք ի­րեն հետ կը խօ­սէին վե­րա­հաս տա­ռա­պանք­նե­րու եւ չար­չա­րանք­նե­րու մա­սին։ Այս սքա­նչե­լի՜ տե­սա­րա­նէն զմայ­լած՝ Պետ­րոս ա­ռա­քեալ կը բա­ցա­գան­չէր. «Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ է հոս. ե­թէ կ՚ու­զես՝ ե­րեք վրան­ներ շի­նենք, մէ­կը քե­զի, մէ­կը Մով­սէ­սի եւ միւ­սը Ե­ղիա­յի հա­մար» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 4)։

­Մինչ ան կը խօ­սէր, լու­սա­փայլ ամպ մը հո­վա­նի կը դառ­նար ա­նոնց, եւ ամ­պէն ե­կող ձայ­նը կ՚ազ­դա­րա­րէր.

«Ա՛յս է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն ես հա­ճե­ցայ. ա­նոր մտիկ ը­րէք» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5)։

Ք­րիս­տոս, որ մարմ­նա­ցած ու մար­դա­ցած էր Ա­դա­մի բնու­թեամբ, պայ­ծա­ռա­կեր­պա­րա­նա­լով ցոյց տուաւ այն փառ­քը եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան վերս­տին հա­գուե­ցուց այն նո՛յն լու­սե­ղէն զգես­տը՝ որ Ա­դամ ու­նէր դրախ­տի մէջ, եւ որ Աս­տուած վեր­ցու­ցեր էր, զրկեր էր ան­կէ, մե­ղան­չու­մէն յե­տոյ։

Հե­տե­ւա­բար, ինչ­պէս ը­սեր էր. «Այն ա­տեն ար­դար­նե­րը ա­րե­ւու պէս պի­տի փայ­լին եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան մէջ…» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 43), պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեամբ յայտ­նա­պէ՛ս ցոյց տուաւ ար­դար­նե­րու փա­ռա­ւոր կեր­պա­րան­քը՝ որ ի՛ր իսկ նմա­նու­թեամբ ըլ­լա­լու է։ Այդ տես­քով Յի­սուս յայտ­նուե­լու է իր երկ­րորդ գալս­տեան՝ «Ար­դար Դա­տաս­տան»ի օ­րը։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս  Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նի խոր­հուր­դը Աս­տու­ծոյ պա­տուէրն է։

«Ա­նոր մտիկ ը­րէ՛ք» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5), որ կը հաս­տա­տէ ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ Յի­սուս Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ «սի­րե­լի Որ­դի՛ն է»։­

Ա­ռա­քեալ­նե­րուն ուղ­ղուած այս խօս­քը պատ­գամ է ամ­բողջ մարդ­կա­յին ցե­ղին, հա­մայն մարդ­կու­թեան, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ՝ մշտնջե­նա­կան ու ա­նայ­լայ­լե­լի՛։ Ուս­տի սա է «Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօն»ի թե­լադ­րան­քը՝ յոր­դո­րը, ա­նոր խոր­հուր­դի «բա­նա­լի»ն. «Սի­րե՛լ Աս­տուած, լսե՛լ ու ի­մա­նա՛լ Ա­նոր պա­տուի­րան­նե­րը, հե­տե­ւիլ ա­նոնց, կեան­քի, ապ­րե­լա­կեր­պի վե­րա­ծել Ա­նոր պատ­գամ­նե­րը՝ ո­րոնք մար­դոց եր­ջան­կու­թեան, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ ազ­գե­րու մշտնջե­նա­ւոր գրա­ւա­կան են»։­

Եւ ինչ­պէս բո­լոր տա­ղա­ւար տօ­նե­րու յա­ջորդ օ­րը, նո՛յն­պէս եւ Տի­րոջ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան հրա­շա­փառ տօ­նին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թի օ­րը ննջե­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան օրն է։

Այդ օ­րը Հայ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կը մա­տու­ցուի Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ՝ ի յի­շա­տակ ննջե­ցեալ­նե­րու, Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին՝ կը կա­տա­րուի հո­գե­հանգս­տեան կարգ։

Իւ­րա­քան­չիւր բա­րե­պաշտ ու հա­ւա­տա­րիմ քրիս­տո­նեա­յի պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ մաս­նա­կի՛ց ըլ­լալ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին, ի­րենց ննջե­ցեալ­նե­րու ա­նու­նը ներ­կա­յաց­նել պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հօր, որ­պէս­զի ան Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին եւ հո­գե­հանգս­տեան կար­գի ժա­մա­նակ յի­շա­տա­կէ զա­նոնք Տի­րոջ առ­ջեւ։ Այ­նու­հե­տեւ քա­հա­նայ հօր հետ միա­սին այ­ցե­լել հան­գու­ցեա­լին՝ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան լու­րը տա­նե­լու հա­մար ա­նոր, եւս ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ ու հա­ւա­տա­րիմ քրիս­տո­նեա­յի պար­տա­կա­նու­թի՛ւնն է։ Եւ քա­հա­նայ հայ­րը կը կա­տա­րէ գե­րեզ­մա­նի օրհ­նու­թեան ու հո­գե­հանգս­տեան կարգ՝ իւ­րա­քան­չի­ւին շիր­մին վրայ։

Ար­դա­րեւ, մեր բա­րո­յա­կան պա՛րտքն է մեր ա­ղօթք­նե­րու մէջ յի­շել մեր հան­գու­ցեալ հա­րա­զատ­նե­րը՝ մեր սի­րե­լի­նե­րը՝ ա­նոնց ան­մահ հո­գիին հանգս­տու­թեա­նը եւ փրկու­թեա­նը հա­մար։

Ուս­տի դէ­պի դրախտ, դէ­պի ար­քա­յու­թիւն, դէ­պի կեան­քի ծառ տա­նող ճա­նա­պար­հը կը բա­ցուի Յի­սուս Քրիս­տո­սով, Իր տէ­րու­նա­կան խօս­քին հա­մա­ձայն, թէ՝ «Ե՛ս եմ յա­րու­թիւ­նը եւ կեան­քը։ Ան որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ, թէ­պէ­տեւ մեռ­նի՝ պի­տի ապ­րի։ Իսկ ան որ ո՛ղջ է եւ ին­ծի կը հա­ւա­տայ՝ եր­բեք պի­տի չմեռ­նի…» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։­

Եւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի այս խօս­քին հա­մա­ձայն, երբ կը տօ­նենք Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը, պար­տա­ւոր ենք նաեւ մաս­նա­կից ը­նել մեր հան­գու­ցեալ հա­րա­զատ­նե­րը, սի­րե­լի­նե­րը՝ ա­ղօ­թե­լով ա­նոնց հա­մար՝ ա­նոնց հետ միա­սի՛ն…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ «Ա­յուն­յաց Կան­թեղ» ամ­սա­թեր­թէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 25, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016