ՃՇԴԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ

Անվիճելի իրականութիւն մըն է, որ ճշդապահութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը ամենակարեւոր, եւ նոյնիսկ անհրաժե՛շտ առաքինութիւններ են, որ կ՚ազնուացնեն, կը կատարելագործեն մարդը։ Արդարեւ, ճշդապահ եւ ուղղամիտ մարդը վստահութիւն ներշնչող եւ ընկերութեան մէջ աւելի եւս յարգ եւ պատիւ վայելող անձնաւորութիւն մըն է։ Անշեղ եւ ամուր նկարագրի տէր մարդիկ՝ ուղղամտութեանը եւ ճշդապահութեանը շնորհիւ ստացած են այդ յատկութիւնը։ Ապահով եւ վստահելի է այն՝ որ իր խօսքին ճշդութեան եւ գործերուն անսխալութեան կրնայ եւ յաջողած է հաւաստիացնել իր շուրջինները, իր մերձաւորները։

Բայց եւ դժբախտաբար, յաճախ կը պակսի այդ վստահելիութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս կը տարակուսին փոխադարձաբար իրարու ճշդապահութենէն, ուղղամտութենէն եւ մանաւա՛նդ անկեղծութենէն։ Մարդ, ակամայ, վարանում մը կը կրէ, տարակուսանքի կ՚ենթարկուի ուրիշի մը անկեղծութենէն, մանաւանդ այն փոխյարաբերութիւններու մէջ՝ ուր նիւթական կամ բարոյական «շա՛հ»ը տիրական տեղ մը կը գրաւէ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս բացայայտ չեն յայտներ իրենց իսկական նպատակը, եւ նպատակի շեղումներ կ՚ընեն իրենց մտածումներուն, խօսքին եւ գործին մէջ։ Ուստի, բուն նպատակը գաղտնելով խօսիլ, գործել՝ հետզհետէ ճարպիկութիւն համարուիլ է սկսած, եւ պայմա՛ն՝ յաջողութեան եւ մտադրուած նպատակի մը հասնելու համար։ Բայց անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբունք մըն է, թէ՝ նպատակը միջոցը չ՚արդարացներ, եւ փոխադարձաբա՛ր։ Եթէ նպատակը բարի է՝ միջոցն ալ պէ՛տք է բարի ըլլայ։ Ինչպէս եւ բարի եւ արդար միջոցներով ալ, չար նպատակի հասնիլ կարելի չէ։ Մէկ խօսքով՝ միջոցը եւ նպատակը պէտք է համապատասխա՛ն ըլլան։

Եւ այս կը նշանակէ՝ եթէ մէկու մը մտածումը, խօսքը եւ գործը համապատասխան է, ապա ուրեմն ան ուղղամիտ եւ ճշմարտախօ՛ս մէկն է։

Այս խորհրդածութիւնները ըրինք երբ կարդալու առիթը ունեցանք մեր սնարի գիրքերէն՝ Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Նոյն արեւուն տակ» գիրքէն «Մոգական բանալին» հատուածը։ Ուստի կ՚ուզենք զայն ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։

ՄՈԳԱԿԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

Ճշդապահութիւնը նախադաս գործօն մըն է, որ կը կարգաւորէ բարւոք ընթացքը՝ մեր առօրեայ կեանքին։ Նա գլխաւոր առանցքն է, որ կը ներդաշնակէ խօսքն ու գործը, կը յայտնանշէ սկզբնակէտը լուրջ աշխատանքի։

Ճշդապահութիւնը կ՚ենթադրէ ճշդութիւն, ճշգրտութիւն, յարգանք եւ հնազանդութիւն՝ հանդէպ կարգ ու կանոնին, պարտականութեան սկզբնաժամին, ժամակարգին։ Մարդու ֆիզիքական, հոգեկան ու իմացական կարողութիւնները այս առաքինութեան շնորհիւ, կ՚ունենան իրենց համակարգումը, անվրիպութիւնը, անխոտոր գնացքն ու բեղմնաւորումը։

Եթէ մա՛յրուղին է ճշդապահութիւնը, առընթեր ու զուգահեռ են իրեն՝ կանոնապահութիւնը, օրինասիրութիւնը, ծանրախոհ վարքը։

Այս ձիրքերը բա՛ժին են բարեջան դաստիարակ-ուսուցիչներու, որոնք ճի՛շդ ժամուն, կա՛նուխ ժամուն կը փարին կրթանքի եւ ուսուցման վսեմ առաքելութեան ու կը բանան իրենց աշակերտներուն առջեւ կարգասիրութեան եւ մեղուաջան աշխատանքի նախադռները։

«Առաւօտը իր բերնին մէջ ոսկի ունի», կ՚ըսէ գերման ժողովրդական առածը։ Հա՛րկ է ուրեմն՝ կանուխէն քաղել «այդ ոսկին», արթուն մտքով, անդորր հոգիով քաղել պտուղները՝ կրթանքի պարտէզներուն։

Ճշդապահ պարտին ըլլալ պաշտօնեաները, որոնք հաւաքականութեան ծառայելու իրենց կոչման մէջ, ապաժամ պէտք չէ՛ մնան, այլ պաշտօնատեղիները գտնուին պարտադիր ժամուն, լաւագոյն տրամադրութիւններով լծուելու համար հանրաշահ աշխատանքի։

«Ճշդապահութիւնը թագաւորներու քաղաքավարութիւնն է», կ՚ըսէ Լուտովիկոս ԺԴ. «արեւու արքան»։ Պատասխանատու եւ իրաւասու անձեր մինչեւ գերադաս դիրքեր, կը յարգեն այս արդիւնարար սկզբունքը։

Ճշդապահ հոգիով, իրենց գործերուն գլուխն ըլլալ ճի՛շդ ժամուն, նախապայմա՛ն է գործաւորներուն եւ գործատէրներուն, որպէսզի գործատան աշխատանքն սկսի խանդազեղ ու շարունակուի արդիւնաբերական նուաճումներով եւ արդար իրաւունքը տայ ապա՝ «դադար»ի ու արձակուրդի անդորրին։ «Խանութ բանալը դիւրին է, զայն բա՛ց պահելն է դժուար», կ՚ըսէ չինական ասացուածքը։

Գործատան մը տէրը, կը կանչէ իր տնօրէնները, կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը խորհին, որպէսզի բոլոր գործաւորները, առանց բացակայութեան, առաւօտուն՝ ճի՛շդ ժամուն միաժամանակ սկսին գործի։ Անենէն փորձառու տնօրէնն է, որ կու տայ առաջին խորհուրդը։

- Ասիկա ապահովելու միա՛կ միջոցն է «ի գործ» զանգահարումի պաշտօնն յանձնել անոր, որ ամենէ՛ն վերջ կու գայ գործատուն։

***

Սիրելի՜ հեղինակին այս խօսքերուն ո՛չինչ կարելի է աւելցնել, քանի որ ան, ինչպէս միշտ, ամփոփ եւ բովանդակալից կերպով կը բացատրէ «ճշդապահութիւն»ը՝ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ ընկերային կեանքի մէջ։ Արդարեւ, ճշդապահութիւնը կ՚ենթադրէ ուղղամտութիւն, ճշմարտախօսութիւն, անկեղծութիւն, նուիրականութիւն եւ կը պահանջէ պատասխանատուութեան գիտակցութի՛ւն։

Այլապէս կարելի է մտածել, թէ ճշդապահութիւնը «ընդոծին յատկութիւն» մըն է՞ մարդուս, թէ՞ «ստացական վարժութիւն» մը։

Հոս կը յիշենք Ժան Ժագ Ռուսոյի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Կրթութիւնը կը սկսի մօր գրկին մէջ եւ կը զարգանայ դաստիարակութեամբ եւ կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 26, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018