ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ տօնն է գիւտը գիրին եւ հայացումը գիրքին։ Ճգնութեան մէջ պրկուած եւ ամփոփուած մտային ուժը եւ հասունցած իմաստութիւնը կեանքի փորձաքարին զարնուելով կը ծնէր «Հայ գիրին տեսիլք»ը։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Հայ գիրին տեսիլքին փայլը եւ ցոլքը կը սկսի տարածուիլ արագ ընթացքով եւ լոյս սփռելով ամէնուրեք։
Ծառայութեան ջերմ ոգիով կը տարածուի կրօնի քարոզութիւն եւ գրականութեան աշխատութիւն։ Ուստի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին եւ ծառայութեան մէջ անբաժա՛ն են կրօնը եւ գիրը։ Սուրբ Գիրքի բերանացի քարոզութեան կողքին կը սկսէր այլեւս գի՛րով ուսուցանել՝ դպրոցներ հաստատելով եւ ճիւղաւորելով։
Արդարեւ, անբաժան են կրօն եւ մշակոյթ, որ կը համապատասխանէ՝ Եկեղեցի եւ Դպրոցի։ Եւ այս կը նշանակէ, որ հոգեւոր ծառայութիւն եւ մտաւոր ծառայութիւն պէ՛տք է համընթաց ըլլայ։ Հոգեւորը եւ մտաւորը՝ պէտք չէ՛ հակասեն զիրար։
Արդարեւ Թարգմանիչներու բազմերախտ եւ անմահական սերունդը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ծառայութեան ոգիին եւ կերպին վրայ հաստատուած եւ կաղապարուած սերո՛ւնդն է։
Մտային ե՛ւ հոգեւոր դաշտին մշակման եւ զարգացման գաղտնիքը փոխանցուեցաւ թարգմանիչներու միջոցով։ Անոնք թարգմանութեան եւ գրութեան «բանալի»ն շինեցին եւ տուին ամէն անոնց՝ որոնց հոգիին մէջ յաւիտենական ճշմարիտ արժէքներու եւ հոգեմտաւոր ճշմարտութիւններու սէրը կար։ Իմացական ճոխ, հարուստ աշխարհներ ստեղծեցին անոնք. հոգեկան ապրումներ եւ մտաւոր աշխատութիւններ լոյսի եւ լուսաւորութեան ճամբան բացին եւ մութի եւ խաւարի կապանքներուն բանալիները ժողովուրդին յանձնեցին՝ որպէսզի ամէն մէկ անհատ փրկուի նախապաշարումներէ եւ կանխակալութիւններէ, որոնք իրական մութը եւ խաւարը ստեղծած էին…։
Մտաւորական, ստեղծագործութեան եւ զգացումներու արտայայտութեան արուեստին ուսուցիչները եւ վարպետները հանդիսացան թարգմանիչները՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի։
Ոգիի, ծառայասիրութեան եւ նուիրումի տիպար մը եղաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ որուն այս նուիրականութիւնը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, հոգեւոր եւ մտաւոր ծառայութեան փառքը տեւականացնելով։ Եւ այս կերպով, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ոգեւորեց թարգմանութեան մեծ գործը՝ ամրացնելով իր ձեռնարկած մշակութային նոր կառոյցը։ Ան նաեւ ապահովեց տեւականութիւնը այս նուիրական գործին։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կատարեալ «ծառայութեան մա՛րդ» եղած է. տաղա՛նդ մը։ Անոր կեանքը «ծառայութեան իր երեսին վրայ ողորկ հայելին է այս ճշմարտութեան», ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս։
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։
Այս մոգական բառերը «հիմնաքար»ը եղան հայ գրականութեան։ Եւ այս եղաւ սկիզբը եւ վախճանը հայ իմաստասիրութեան, կեանքի ըմբռնողութեան եւ աշխարհահայեցողութեան։
Այս մոգական բառերը եղան «ալֆա»ն եւ «օմեկա»ն կեանքին՝ պատմութեան. մտքին եւ հոգիին։ Արդարեւ, հոն ուր «հոգի» կայ, հոն կայ նաեւ «միտք» եւ փոխադարձաբար։
Կարելի է դժուար հնչել, կարելի է անհասկնալի թուիլ այդ աւանդական, հնութեամբ օծուն բառերը՝ երբ այնքան խորթ բայց դիւրին բառեր կարելի է լսել, բնականութեան գացող մտահոգիչ ընթացքով մը…։ Ի՜նչ կ՚արժէ տասը օտար լեզու գիտնալ՝ բայց օտար մնալ իր լեզուին։ Ուստի պէտք է գիտնալ արտասանել յստակութեամբ այդ բառերը, կարելի եղած չափով ջինջ առոգանութեամբ, ուժեղ շեշտով. «ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», հպարտ այլ գիտակի՛ց կեցուածքով. նախանձախնդրութեա՛մբ…։
Հոգեկան ազնիւ զգացումներով եւ երկիւղածութեամբ, յարգանքով պէտք է արտասանել զայն։ Մարդ կրնայ հազար եւ աւելի բառ սորվիլ եւ յետոյ՝ մոռնա՛լ։ Բնական կրնայ սեպուիլ ասիկա, քանի որ մարդկային միտքը ի վերջոյ սահման մը՝ կարողութիւն մը եւ տարողութիւն մը ունի։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, անտարբեր մնալ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի բառերուն. այս հրաշագործ, մոգական բառերուն։ Գագաթն են այս բառերը հայ լեզուին…։
Եւ այսօր երբ այլազան պիտակներ, տիտղոսներ շռայլօրէն կը զարդարեն մարդոց անունները շատ մը մարզերու մէջ, եւ երբ այս բոլորին յաճախ պակսողը վաւերականութեան, իրաւութեան մայր գիծը, առանցքն է մա՛րդը, որպէս ընդհանուր յայտարար բոլորին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ հոգեւորական մարդը՝ յաղթական կոթողի մը նման կը բարձրանայ որպէս պատգամաբեր, որպէս ներկայացուցիչ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, այսինքն խոնարհութեան, համեստութեան, ծառայասիրութեան, նուիրականութեան, անկեղծութեան, զոհողութեան, անձնուիրութեան արժանիքներով յաւիտենականացած իրա՛ւ մարդը…։
Մարդ ինք իր կեանքը ունի, զայն ընելու համար հանդէս մը այդ ճշմարտութեան։ Եւ ահաւասիկ հայ գիրերը, հայ գրականութիւնը միշտ մնացին, գոյատեւեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ճարտարապետութեա՛մբ։
Բայց հարցը սա է այսօր՝ թէ մենք ո՞րչափ տէր կը կանգնինք այդ ճշմարտութեան, մենք ո՞րքան արժէք կ՚ընծայենք անոր… մեզի համար մեր կեանքին մէջ գոյութիւնը կը զգացո՞ւի այդ ճշմարտութեան՝ մեր արարքներուն դիմաց, կշիռ՝ մեր արժէքներուն, արժեչափ՝ մեր գործերուն։
Բայց աւելին կայ՝ հրաւէ՛ր է այդ ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւրիս ազնուագոյն զգացումներուն եւ արժանիքներուն ամբողջական եւ գեղեցիկ մարմնաւորումը, եւ այդ մարմնաւորումովը կեանքին մէջ, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական-ընկերային մակարդակներու վրայ հաւասարապէ՛ս։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց երբ առաջին անգամ իր գրիչը շարժեց «հայ տառերու գծագրութեամբ», իր հոգին արձագանգ եղաւ աստուածաբարբառ խօսքերուն.
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։
Ուստի, թարգմանիչները մեզի ոչ թէ միայն գիրք տուին, այլ՝ գիրքը շնչաւորող, կեանք տուող, արժեւորող եւ կեանքին մէջ եւ կեանքո՛վ թարգմանող մարդիկ։ Գիր, գիրք եւ մարդ…։
Ահաւասիկ այս երեք բառերուն մէջ է խտացած Թարգմանիչներու կրօնական-մշակութային մեծագործութիւնը։ Գիր, գիրք եւ մարդ… մեր ներկայ կեանքի կարիքներու երրեակ կարեւորագոյն շրջագծերը։ Ո՞վ պիտի շարունակէ այս սրբազան եւ նուիրական առաքելութիւնը։ Եւ այս առաքելութիւնը ո՛չ միայն անհատական, այլ եւ ընկերային պատասխանատուութիւն մը կը պահանջէ։ Ո՛չ մէկը անտարբեր կրնայ գտնուիլ այս պատասխանատուութեան նկատմամբ, որովհետեւ այդ առաքելութեան մէջ թերացումը վնաս կը պատճառէ ամբողջ ընկերութեան, նախ ապագային եւ ապագայ սերունդներուն…
Մեր դարուն ալ Թարգմանիչներու պէտքը զգալի՛ է. թարգմանիչներու ոգիով նուիրուած, թարգմանիչներու ոգիով թրծուած հոգեւորական, մտաւորական եւ ուսուցիչներու, որոնք կարենան արդի եւ յարափոփոխ աշխարհին մէջ Ե դարու ոգիով եւ ոճով թարգմանել աւանդական արժէքները նոր սերունդներուն։
Այո՛, գիր եւ գիրք կարեւոր են, բայց կարեւորագոյնն է մա՛րդը. ամէն բանէ վե՛ր է մարդը, քանի որ գիր եւ գիրք մարդո՛ւն համար են, եւ եթէ մարդը գոյութիւն չունենայ, գիր եւ գիրք արժէք չեն ներկայացներ…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «ՄԱՇՏՈՑԱՇՈՒՆՉ»էն. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1997
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 26, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024