ԱՆՅՈՂԴՈՂԴ ԿԱՄՔ

Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու, յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար յարատեւ աշխատութիւն եւ մանաւանդ անյողդողդ՝ ամո՛ւր կամք պէտք է։ Արդարեւ կարեւորը շատ աշխատիլ չէ, այլ՝ յարատեւ աշխատիլն է։ Յարատեւութեան բնական օրինակ մըն է՝ ջուրի կաթիլներուն յարատեւ կաթելով, ժամանակի ընթացքին ժայռի վրայ խոռոչ բանալը, ո՛չ թէ ջուրին քանակը կամ առատահոս ըլլալը, այլ փոքր կաթիլներուն յարատեւութիւնն է, որ ժայռը կը ծակէ։ Նոյնպէս ալ, մարդս իր նպատակին հասցնողը ո՛չ թէ շարունակ, այլ յարատեւ աշխատութիւնն է։

Շարունակականութիւն եւ յարատեւութիւն որքան ալ իմաստի նոյնութիւն ցոյց կու տան՝ ըստ էութեան տարբեր ըմբռնումներ են եւ նոյն արդիւնքին չեն հասնիր եւ մին միւսին գործը չի՛ կատարեր։

Ըսինք, որ նպատակի հասնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կա՛մքը։ Բայց ինչպէս աշխատութիւնը, կամքն ալ պէտք է ամուր ըլլայ, զօրաւոր եւ յարատեւ։ Մարդ եթէ յարատեւ կերպով, այսինքն առանց վհատելու, առանց երկմտելու ամո՛ւր կը պահէ իր կամքը, կրնայ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ ամէն արգելք, որ կը յայտնուին զինք դէպի նպատակ տանող ճամբուն վրայ։

Արդարեւ, «յարատեւութեան օրինակ» մըն է՝ Աւետարանի «Այրի կնոջ եւ դատաւոր»ին առակին մէջ այրի կնոջ անվհատ եւ յարատեւ դիմումը եւ խնդրանքի դատաւորին, որ ի վերջոյ կը հասնի իր նպատակին շնորհիւ իր հաստատակամ կեցուածքին. (ՂՈՒԿԱՍ, ԺԸ 1-5)։ Ուրիշ օրինակներ ալ կարելի է թուել յարատեւութեան մասին. զոր օրինակ, անվհատ եւ հաստատ կամքի՝ յարատեւութեան օրինակ մըն ալ է Աւետարանի վկայած այն դէպքին՝ ուր անդամալոյծի մը ընկերները ցոյց կու տան իր ընկերները, երբ Յիսուսի հասնելու համար տան տանիքէն սանդուխներով եւ չուաններով անդամալոյծին մահիճը դէպի վար կը կախեն եւ կամաց կամաց մինչեւ Յիսուսի առջեւը կ՚իջեցնեն անդամալոյծը։ Ահաւասիկ, անդամալոյծին կամքի տէր մէկը ըլլալուն եւ իր ընկերներուն յարատեւ ջանքերուն, եւ անոնց ընկերսիրութեան մէկ վկայութիւնը, որ ի վերջոյ, միասնաբար յաջողութեան մը պատճա՛ռ կը հանդիսանայ եւ անդամալոյծը կը բժշկուի Յիսուսի ձեռքով։

Յիսուսի գտնուած տեղը ժողովուրդը լեցուած եւ մինչեւ դուռը խռնուած էր, այս պատճառով տան մուտքը եւ ելքը խափանուած էին, այնպէս որ ներս մտնելը անկարելի էր դարձած, մինչդեռ բժշկութիւն խնդրելու համար մօտենալ պէտք էր։

Մէկ խօսքով, անդամալոյծին ընկերներուն արգելք եւ դժուարութիւն կար իրենց նպատակին հասնելու համար։ Բնական էր, որ պահ մը յուսահատութեան մատնուէին, ինչ որ մարդկային ընդհանուր տկարութիւն մըն է։ Բայց անոնք չվհատեցան, հաստատ կամքով եւ իրենց նպատակին ճամբուն մէջ յարատեւելով ելք մը փնտռեցին։

Արդարեւ, անոնք համոզուած էին՝ թէ Յիսուսով յայտնուած աստուածային զօրութեան համար անկարելի բան չկա՛ր։ Յարատեւութեամբ, անոնք պիտի կարենային յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ արգելք, որ կը հանդիսանար իրենց ճամբուն վրայ դէպի նպատակ։

Նպատակը իրենց անդամալոյծ բարեկամին բժշկութիւնն էր՝ լուրջ եւ կենսական նպատակ մը։

Արդարեւ, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ այս մասին.

«Նորօրինակ պարագան ամէնուն հիացումը կը շարժէ. Յիսուս ալ կը զգացուի այդ ախտաւորին անյողդողդ եւ անվկանդ (=անպարտելի, ամուր) կամքին առջեւ. եւ կը համոզուի անոր հաւատքին վրայ, եւ որովհետեւ գիտէ, թէ ի՛նչպէս եւ ի՛նչու այդ անդամալուծութեան ախտը հասած էր անոր, իբր իր մեղքերուն պատիժ, նախ հիւանդութեան սկզբնապատճառը կ՚ուզէ վերցնել, ուստի կը դառնայ եւ անդամալոյծին անոյշ շեշտով մը կ՚ըսէ.- Որդեակ, թողեալ լիցին քեզ մեղք քո։ (այսինքն՝ Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի)։

«Փարիսեցիներ, դպիրներ, օրէնսգէտներ, որ նոյն տեղը հաւաքուած էին, կը սպասէին, որ Յիսուս այս անդամալոյծն ալ խօսքով մը ոտք հանէ. բժշկութեանց հրաշքները շատ տեսած էին, բայց մեղքերու թողութիւն տալուն նախընթաց չունէին. ուստի այլայլեցան եւ գայթակղեցան, եւ սկսան միտքերնէն խորհիլ.- Մեղքերու թողութիւն տալն ալ ո՞ր տեղէն ելաւ, Աստուած միա՛յն կրնայ այդ բանը ընել, ոչ ոք կրնայ այդ իշխանութիւնը անձին սեփականել. այդ բանին յաւակնիլը հայհոյութիւն է. Յիսուս ո՞վ կ՚ըլլայ՝ որ այսպէս հայհոյութեան խօսքեր կը խօսի։

«Այդ մտածմունքները իրենց միտքէն կ՚անցընէին, բայց խօսելու չէին համարձակեր։ Յիսուս կանխեց եւ անոնց միտքէն անցածը մէջտեղ հանեց։

«Կ՚երեւի, ըսաւ, իմ խօսքերէս շփոթեցաք, եւ այնպէս կարծեցիք, թէ ես այն տեսակ բան մը ըսի՝ զոր չեմ կրնար ընել, եւ կը կարծէք, թէ ես մեղքերու թողութիւն տալու կարողութիւն չունիմ։ Արդ ո՞ր կարողութիւնը աւելի մեծ է ըստ երեւոյթին. ո՞ր բանը աւելի դիւրին է, մեղքեր ներե՞լ թէ անդամալոյծը ոտք հանել, որովհետեւ մեղքեր ներելը զգայութեանց ներքեւ ինկող բան չէ, եւ ըսելն ալ դիւրին է. մինչ անդամալոյծը ոտք հանել աւելի մեծ է, որովհետեւ տեսանելի եւ շօշափելի արդիւնք պէտք է։ Արդ՝ եթէ խօսքով միայն այդ տեսանելի արդիւնքը ցուցընեմ եւ անդամալոյծը ոտք հանեմ, պէտք է ընդունիք՝ որ մեղքեր ներելու խօսքս ալ իրական եւ գործնական արդիւնք ունի։

«Այս խօսքերուն վրայ Յիսուս անդամալոյծին դառնալով հրամայական շեշտով մը կ՚ըսէ.- Ե՛լ, մահիճդ վերցուր, տունդ գնա՛։

«Յիսուսին հրամայելը եւ անդամալոյծին ելնելը մէկ կ՚ըլլան, պառկած տեղէն կը կանգնի, իր սրունքներուն եւ բոլոր անդամներուն ստացած ուժին նշան մահիճն ալ կը շալկէ, բազմութիւնը կը ճեղքուի, անոր ճամբայ կու տայ, եւ նա ալ ուրախ զուարթ, հոգւով սրբը-ւած եւ մարմնով բժշկուած դուռնէն կ՚ելլէ եւ տեղը կ՚երթայ…»։

Անշուշտ որ անդամալոյծը բժշկողը Յիսուս ի՛նքն է, այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս, բայց այդ բժշկութեան մէջ, անդամալոյծին հաստատակամութիւնը եւ իր չորս ընկերներուն անվհատ եւ յարատեւ ջանքերն ալ կարեւոր դեր են խաղացած, անդամալոյծը Յիսուսի առջեւ բերելով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 30, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018