ԿԵՂԾԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

«Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի եւ անոր որբերուն ու որբեւայրիներուն պիտի չողորմի. վանսզի ամէնքն ալ կեղծաւոր եւ չարագործ եղան եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը շիջաւ, հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ՚այրէ…» (ԵՍ. Թ 17-18)։ Մարգարէին այս խօսքերը կը վկայեն, թէ Աստուած կեղծաւորներուն երբեք չի հաճիր։

«Կեղծաւորութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իր իսկական զգացումները եւ դիտաւորութիւնները, համոզումները եւ մտածումները ծածկել, որ կ՚ենթադրէ երկերես ըլլալ, խնկարկու եւ շողոքորթ ըլլալ, դիմակաւոր մօտենալ մարդոց եւ ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ Անոնց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (ՄԱՏԹ. Է 15-16)։

Այս իմաստով կեղծաւորութիւնը խարդախութիւն կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը փոխուած կերպով ներկայացնել, խաբել մէկը՝ բարոյական շահ ապահովելու համար։ Արդարեւ, անիրաւ շահ ապահովելու մտադրութեամբ կատարուած ամէն արարք գողութիւն է, յափշտակութիւն է եւ խարդախութիւն։ Խարդախութիւնը կը տանի անիրաւութեան եւ անարդարութեան։

Զգացական ախորժակը կը մղէ մեզ բաղձալու մեր չունեցած հաճելի բաները։ Այսպէս՝ բաղձալ ուտել երբ անօթի ենք, կամ տաքնալ երբ կը մսենք։ Այս բաղձանքները յինքեան բարի՛ են, բայց յաճախ անոնք չեն յարգեր «բանականութեան չափաւորութիւն»ը եւ կը մղեն մեզ ցանկալու անարդարօրէն, ի՛նչ որ մեզի չի պատկանիր, ինչ որ ուրիշին կը պատկանի կամ կը վերաբերի։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին մարդ կը դիմէ խարդախութեան՝ որուն մէկ կերպն է կեղծաւորութիւնը։ Զոր օրինակ, մէկը չես սիրեր, նոյնիսկ կ՚ատես, բայց սիրած կը ձեւացնես, ահաւասիկ կեղծաւորութեան յայտնի արտայայտութիւն մը։ Ուստի «չցանկալ» կը նշանակէ բաղձանքները հեռու պահել մեզի չպատկանող ամէն բանէ եւ անշուշտ չդիմել անիրաւ եւ անարդար միջոցներու, ինչպէս՝ խարդախութիւն, կեղծաւորութիւն, խաբէութիւն, որոնք կը ստեղծեն աւելի՛ մեծ եւ աւելի՛ ծանր մեղքեր։ «Ագահը երբեք պիտի չյագենայ արծաթով» (ՍԻՐ. Ե 9)։

Մերձաւորին պատկանած որեւէ բան ձեռք ձգելու բաղձանքը պատուիրանի դէմ չէ, այն պայմանաւ որ անիկա կատարուի արդար եւ օրինաւոր միջոցներով։

Եւ ընդհանրապէս մարդիկ իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ անկեղծ չեն վարուիր՝ իրենց խորհածէն տարբեր կը խօսին եւ իրենց խօսածէն տարբեր կը գործեն։ Մարդիկ իրարու կը մօտենան կարծես դիմակներով՝ որոնք կը ժպտին, բայց ներքնապէս խոժոռ են եւ մռայլ, բարեացական կ՚երեւին, բայց չարակա՛մ են՝ բարի մարդու երեւոյթ ունին, բայց ներքնապէս չարամիտ են եւ դաժանադէ՛մ։

Կեղծաւորները կը մաղթեն, որ իրենց նմանները չքաւորութեան, նեղութեան մատնուին, որպէսզի իրենք շահ ապահովեն։ Կեղծաւորութեան պատճառներէն մէկն ալ նախանձն է։ Նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Ան կը մատնանշէ ուրիշին բարիքին դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ կերպով իւրացնելու անսանձ փափաքը։ Մախանքը՝ չար նախանձը երբ մերձաւորին ծանր չարիք մը կը մաղթէ, մահացու մեղք է։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս նախանձին մէջ կը տեսնէ «գերազանցօրէն սատանայական մեղքը»։ Նախանձոտ մէկը ուրիշին դժբախտութեան ցաւակից կ՚երեւի, բայց ներքնապէս կ՚ուարախանայ, ինչ որ կեղծաւորութիւն կը նշանակէ եւ կատարեալ երկերեսութի՛ւն է։ Ուստի նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է, ուրեմն եւ մարդասիրութեան զլացո՛ւմը։

Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն եւ հպարտ մարդը «կեղծաւոր մարդ» է, քանի որ հպարտութիւնը եղածէն տարբեր երեւելու ջանքի մը արտայայութիւնն է։ Այս իմաստով անկեղծ է այն անձը, որ բնաւորութեամբ խոնարհ է եւ նկարագրով համե՛ստ։

Անկեղծութիւնը կարելի է ամփոփոել Յիսուսի այն խօսքին մէջ, որ կ՚ըսէ. «Ձեր այոն թող այո՛ ըլլայ եւ ոչը՝ ո՛չ»։ Սէրն ալ արժէք կը ստանայ երբ անկեղծ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 29, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019