ՄԵՂԱՆՉԵՑԻ ՀԱՅՀՈՅՈՒԹԵԱՄԲ…

Աւելի քան 300 տարիներ առաջ իշխանաւոր մը մօտենալով Խանին կ՚ըսէ. «սեւագլուխ մի անիծանէ զիս, եւ զքեզ հայհոյէ...»: Խանը ջղայնանլով կանչել կու տայ ամբաստանեալը ու կը հարցնէ. «մեք զի՞նչ չար արարաք` որ զմեզ հայհոյես»: Ամբաստանեան Յովհաննէս Եպիսկոպոս շփոթած կը պատասխանէ. «ես չունիմ սովորութիւն հայհոյել զոք, զի մեղք մեծ է առ մեզ»: Խանը այդ մէկը կը դիտէ որպէս պատճառաբանութիւն եւ կը հրամայէ փետտել եպիսկոպոսի մորուքը, թարթիչներն ու ունքերը, մորթազերծ ընել զայն եւ ամբողջ քաղաքով շրջիլ... (Զաքարիա Քանաքեռցի, 17-րդ դար):

Եպիսկոպոսը իրապէս հայհոյած էր թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ Հայաստան արդէն իսկ կամաց կամաց իր այլանդակ որոշումներով կը վերադառնայ Խանի դարերը: Երբ ամբողջ աշխարհը կը փորձէ յառաջդիմել, մենք կը վերադառնանք նախկին ձարական, շահական ու Խանական օրերուն:

Մի քանի օրեր առաջ մամուլը յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ընդունեց հայհոյանքը քրէականացնելու օրինագիծը: Քրէական օրէնսգիրքի մէջ նոր յօդուած մը կ՚աւելնայ՝ «Ծանր վիրաւորանք» խորագրով: Օրինագիծի համաձայն՝ հայհոյելը պատճառ կը դառնայ, որ պատժամիջոցներու ենթարկուիս՝ ըլլայ նիւթական եւ ըլլայ ազատազրկման: Նիւթական պատժամիջոցը կը սկսի հարիւր դրամէն, հասնելով մինչեւ կէս միլիոն, մէկ միլիոն եւ աւելի... իսկ ազատազրկումը մէկէն երեք ամիս ժամկէտով: Եւ օրինագիծին համաձայն յաճախականութեան հիման վրայ կրնայ աւելնալ պատժամիջոցները՝ հաւանօրէն հասնելով մինչեւ Յովհաննէս Եպիսոկոպոսի իրավիճակ:

Այս օրինագիծը ակամայ ինձ յիշեցնել տուաւ Վատիկանի դիւանին մէջ պահուած Պարսից շահ սուլթան Հիւսէյինի հրամանագիրը, ուր կ՚ըսուի. «Շահը բացարձակապէս կը հրամայէ Պարսից թագաւորութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայոց ցեղին, որ իրենցմէ ոեւէ անհատ ապագային չյանդգնի հայհոյել Սուրբ (Պապ) Լեւոնի, հայհոյողներուն տուգանքներ պիտի պարտադրուին»: Վերոյիշեալ օրինագիծին եւ Պարսից շահին հրամանագիրին մէջ տարբերութիւն տեսա՞ք... տարբերուողը լոկ թուականներն են:

Հայհոյանքը արգիլելով ի՞նչ կը միտին փոխել. կը կարծեն հայհոյանքի արգելափակումով մարդիկ պիտի սկսին յարգել ու սիրել զիրար: Երբեք լսած չե՞ն, որ «յարգանքը չի՛ պարտադրուիր, այլ կը շահուի»:

Մեր Ազգային ժողովը հմուտ ու մասնագէտ է իր ժամանակը վատնելու անիմաստ նիւթերով, մանաւանդ այս օրերուն երբ սահմանի վիճակը անկայուն է:

Անցնող ամիսներուն՝ 4 մայիս 2021-ին Ուրիխանեան ազգային ժողովին առաջարկեց, որ պատգամաւորներ իրենց աշխատավարձէն ամէն ամիս 50.000 դրամ տրամադրեն պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամ դարձած զինուորներուն: Վերոյիշեալ հայհոյանքի նախագիծը օրինականացնող փառամոլները մերժեցին այդ առաջարկը՝ 67 դէմ եւ 3 կող քուէով... Նոյն անձերը... հայրնիքի համար զոհուողին համար անտարբեր, սակայն հայհոյանքներուն դիմաց՝ միասնական ու համագոյ:

Մեր դատարաններն ու դատաւորներն ալ գուցէ պարապ մնացած էին եւ ահաւասիկ նոր ժամանաց մը, որ միաժամանակ տաժանագին գործ կը պահանջէ. գիտէ՞ք ինչքան դժուար գործ է վերոյիշեակ օրէնսգիրը մշակել... ի՞նչ չափանիշներ պիտի դրուին պատժամիջոցներու համար.- հաւանաբար մօտ օրէն դատարաններու դուռերուն վրայ կը կարդանք նմանօրինակ ծրար մը.-

Մօտիկ ազգականներ.- 500.000

Հեռաւոր ազգականներ.- 250.000

Ընդհանուր ըսուած.- 100.000

Իսկ եթէ շատ ջղայնացած էք ու համարձակեցաք մէկ նախադասութեան մէջ մէկէ աւելի հայհոյանք գործադրել... այդտեղ արդէն ազատազրկումը հրապարակ կ՚իջնէ: Ու նկատի ունենալով, որ մենք՝ հայերս հայհոյանքը սիրող ժողովուրդ ենք, այսպիսով կը հարստանայ պետութեան տնտեսական վիճակը, աճ պիտի արձանագրէ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ոլորտը:

Հաւանաբար հայրենասէր մը յանձն առնէ ընդունուած եւ անընդունելի հայհոյանքներու բառարան մը կազմել, որպէսզի նախքան հայհոյելը ստուգես եւ ապա յանդգնիս իրագործելու:

Մենք ալ դէմ ենք հայհոյանքին, սակայն ոչ անոր քրէականացման: Որովհետեւ մենք կ՚ընտրենք պատգամաւորները, որպէսզի ազգին անվտանգութեամբ, տնտեսութեամբ, կրթութեամբ եւ այլ կարեւոր նիւթերով զբաղուին, սակայն արդիւնքը պարզ է եւ անմեկնաբանելի:

Ոչինչ, մենք չե՛նք հայհոյեր. մեր բերանները կրնա՛ք կողպել ու լռութեան մատնել մեզ, բայց ինչպէ՞ս լռեցնել Տէր Զօրի անապատին մէջ ննջող նահատակներու հայհոյանքները, ինչպէ՞ս լռեցնել իրենց արիւնով Արցախը ազատագրած հերոսներուն հայհոյանքները. ինչպէ՞ս լռեցնել խիղճին ձայնը...

Բայց պէտք է մի՛շտ լաւատես ըլլալ... մեր կառավարութիւնը այսպիսով կը թեթեւցնէ հոգեւորականներուն գործը՝ հայհոյութեան մեղքին դէմ կրթելով ժողովուրդը եւ այսպիսով հայհոյելով ո՛չ թէ միայն դժոխքի մէջ, այլ Հայաստանի մէջ եւս պիտի այրիս:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ
(1851-1930)

Մեր թուականէն 170 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 2 օգոստոս 1851 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած է հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, բարերար, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադիրներէն մին հանդիսացող Պօղոս Նուպար փաշան (Նուպարեան):

Պօղոս Նուպար փաշա որդին է եգիպտահայ քաղաքական գործիչ եւ Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար փաշային, որուն մեծագոյն գործերէն մէկն է Սուէզի ջրանցքին կառուցումը (Սուէզը Միջերկրական ծովն ու Կարմիր ծովը միացնող արհեստական ջրանցք է):

Պօղոս իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ. ապա մեկնած է Շուէտ եւ Ֆրանսա՝ Փարիզի կեդրոնական վարժարան: Ուսումը վերջացնէ ետք վերադարձած է Պոլիս՝ 1879 թուականին եւ ամուսնացած թրքական արքունիքի յանձնակատար Յովհաննէս Տատեանի աղջկան՝ Մարիի հետ, որմէ ունեցած է հինգ զաւակ (չորս մանչ եւ մէկ դուստր):

Շնորհիւ իր ուսման ու հօր ունեցած հանգամանքին կը մեկնի Եգիպտոս, ուր կը վարէ Եգիպտոսի երկաթուղային ընկերութեան տնօրէնութեան պաշտօնը: Պօղոս Նուպար փաշա 1899 թուականին, մի քանի այլ մեծահարուստներու հետ միասին կը հիմնէ «Օազիս» ընկերութիւնը, Գահիրէի տեսարժան վայրերէն մէկուն մէջ թաղամաս կառուցելու նպատակով: Ան մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ երկրագործական ոլորտին մէջ. ստեղծեց նոր տիպի քարշակ (tractor), որուն համար ստացաւ Ֆրանսայի Ազգային «Պատուոյ Լէգէոն» շքանշանը:

Պօղոս Նուպար փաշա կատարեց մեծ բարեգործութիւններ. 1904 թուականին օգնութիւն հասցուց Տարօնի տառապեալներուն, հովանաւորեց Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի շինութիւնը: 1906 թուականին, այլ մեծահարուստներու հետ միասին հիմնեց ՀԲԸՄ-ը, որուն նպատակն էր պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ տառապող հայերուն օգնութիւն հասցնել:

Մեծ Եղեռնէն ետք պատուիրակութիւններ կազմելով կը շրջի եւրոպական երկիրներ, որովհետեւ հեղինակութիւն էր Եւրոպայի դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ: Իր ջանքերով Օքսֆորտի համալսարանին մէջ կը հիմնուի հայագիտական ամպիոն: Փարիզի մէջ կը հիմնէ Նուպարեան մատենադարանը:

Անոր անունով կոչուած է Երեւանի վարչական շրջաններէն Նուպարաշէնը, որ շինուած է Պօղոս Նուպար փաշայի նիւթական աջակցութեամբ:

Բարերարը մահացած է մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ չորեքշաբթի, 25 յունիս 1930 թուականին, Փարիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021