ՀԱՅԸ Կ՚ՕՏԱՐԱՆԱՅ

Շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 11-րդ մարզախաղերը, որոնց ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբին օգտակար դառնալու բախտաւորութիւնը ունեցայ: Հպարտութեան առիթ մըն էր տեսնել բազմատասնեակ հայ երիտասարդներ, որոնք աշխարհի չորս կողմէն եկած էին համահայկական խաղերուն մասնակցելու, սակայն, հպարտութեան կողքին կար մտահոգեցուցիչ արիւնող այլ կողմ մը:

Յաճախ առիթը ունեցայ մասնակիցներուն մէջ գտնուելու եւ ուշադրութիւնս գրաւեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եկած պատուիրակութեան անդամները իրարու հետ անգլերէն, Ֆրանսայինները՝ ֆրանսերէն, Գերմանիայինները՝ գերմաներէն եւ այսպէս շարունակաբար բոլորը իրարու հետ կը խօսին իրենց երկրի լեզուով, բայց ոչ հայերէնով։ Այլ խօսքով, համահայկական խաղերու մասնակից հայ երիտասարդները իրարու հետ կը հաղորդակցէին հայերէնէ բացի ամէ՛ն լեզուով:

Անոնց օտարալեզու ըլլալու կողքին ցաւալի էր, որ մենք կարծես կամաց-կամաց սկսած ենք ընդունիլ ու վարժուիլ, թէ սովորական երեւոյթ է այս մէկը եւ կարծես խնդիր չկայ, եթէ հայը հայուն հետ օտարին լեզուով հաղորդակցի: Կարծես տեղ մը ընդունած ենք ունենալ հայեր, որոնք հայերէն չեն խօսիր, հայու անուն չեն կրեր, հայու մշակոյթով չեն ապրիր, սակայն հայեր են…:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր հայ երիտասարդները օտար դարձած են իրենց առօրեայով, մշակոյթով, լեզուով ու վարքով։ Օտարութիւնը փոխած է անոնց թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին դիմագիծը։ Այսօր կարծես սկսած է վերանալ ամերիկահայ, գանատահայ, ֆրանսահայ հասկացութիւնը եւ անոնք դարձած են ֆրանսացիներ, գանատացիներ եւ ամերիկացիներ՝ բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով:

Հոգեպէս հայ զգալուն եւ իրապէս որպէս հայ ապրելուն մէջ մեծ տարբերութիւն մը կայ եւ մենք պէտք է լաւապէս որոշենք ու գիտնանք, թէ մեզի ո՞ր տեսակ հայեր պէտք են. լոկ հոգեպէս հայ ապրիլը ինչքա՞ն ժամանակ կրնայ գոյութիւն ունենալ անձի մէջ, եթէ նոյնիսկ ամբողջ կեանք մը հոգեպէս հայ, սակայն ամբողջապէս օտար ապրի, անոր յաջորդող սերունդը ինչքանո՞վ պիտի կարենայ հասկնալ հոգեպէս հայ ըլլալու իրողութիւնը:

Մեր հայերէն չխօսող սերունդը կը նմանի այն քրիստոնեային, որ սկզբունքով կը հաւատայ Քրիստոսի, սակայն ո՛չ խաչ հանել գիտէ եւ ո՛չ ալ եկեղեցի կ՚երթայ:

Արդէն իսկ սփիւռքի մէջ կամաց-կամաց կը վերանան հայկական անունները. Նայիրիին եւ Անահիտին թոռնիկները կը սկսին դառնալ Սենտիներ, Ալէքսներ, բարեւ եւ բարի լոյս ըսող Յակոբին թոռնիկները կը սկսին բարեւել «հելլօ»ով։ Հայկական մշակոյթին ու երաժշտութեան տեղը կու գայ գրաւելու ամերիկեանն ու այլասերուածը, առօրեայ լեզուն կը սկսի դառնալ անգլերէնն ու ֆրանսերէնը ու այս ամէնով հանդերձ հայ սերունդ կը կոչուի:

Ցաւ ի սիրտ, որ յստակ սահմանում մը չունինք, թէ ո՛վ է հայը եւ ի՛նչ է հայը։ Եթէ ֆրանսերէն գիտցող ֆրանսահայն ու արաբերէն գիտցող իրաքահայը իրարու քով գալով զիրար պիտի չկարենան հասկնալ… կը նշանակէ՝ մենք ձախողած ենք եւ այնքան ալ փայլուն ապագայ խոստացող ճամբու մը մէջ չենք գտնուիր: Եթէ լեզուի չգիտութեան պատճառով երկու տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հայեր իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու դժուարութիւն կ՚ունենան, ապա կը նշանակէ նահանջի մէջ ենք՝ նահանջի մէջ նոյնիսկ հոգիով հայ ըլլալու ուղղութեամբ:

Համահայկական այս խաղերուն ներկայ էին նաեւ մեծահասակներ, որոնք լաւապէս հայերէն լեզուին կը տիրապետեն, սակայն իրենց հարազատ զաւակներուն հետ կը հաղորդակցին անգլերէն լեզուով, որովհետեւ իրենց 14-ամեայ զաւակը հայերէն չի հասկնար։ Այստեղ ո՞վ է մեղաւորը. ծնո՞ղքը, կուսակցութի՞ւնը, եկեղեցի՞ն… թէ ոչ բոլորը:

Պատասխանս պարզ է. բոլո՛րը, որովհետեւ վերոյիշեալ երեքն ալ փոխանակ օտարացող հայը հայացնելու՝ իրենք յանձն կ՚առնեն օտարանալ. ծնողքը կը զիջի եւ հայերէնի փոխարէն անգլերէն լեզուով կը հաղորդակցի իր զաւակին հետ, կուսակցութիւնները «հոգիով հայ» ըլլալուն վրայ կը դնեն իրենց ուժը, իսկ եկեղեցին յանձն կ՚առնէ Քրիստոսը քարոզել իրենց հասկցած անգլերէն լեզուով՝ մոռնալով, որ ինքը քրիստոնէական եկեղեցի մը ըլլալէ առաջ Հայ Առաքելական Եկեղեցի կը կոչուի:

Որոշ ժամանակ օտարութիւն մը կար արեւմտահայուն եւ արեւելահայուն միջեւ։ Անոնք իրարու հանդէպ օտարութիւն մը կը զգային։ Այսօր արեւմտահայը արեւմտահայուն հանդէպ օտար կը սկսի դառնալ ու եղբայրը եղբօր ըսածը կը սկսի չհասկնալ:

Հոգիով հայ ըլլալը կարեւոր է, սակայն այդ հոգիով հայ ըլլալը սնունդ կ՚առնէ լեզուէն, որովհետեւ լեզուն է, որ ոգի կը փոխանցէ եւ ինքնութեան դրոշմ մը կը դնէ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։ Ես կողմնակից չեմ հոգիով հայութիւնը քաջալերողներուն, որովհետեւ «ոչինչ» ըսելով առանց նկատելու ժամանակի ընթացքին վիճակը շա՜տ աւելի գէշ պիտի ըլլայ՝ քան այսօր, որովհետեւ մեր հանդուրժող եւ յարմարուող նկարագիրն է, որ մեզի հասցուց այստեղ եւ հայը հայուն օտար դարձուց:

Այս մէկ շաբթուան ընթացքին տեսայ, որ հայը այլեւս ո՛չ թէ տանտէր, այլ ժամանակաւոր այցելու եւ զբօսաշրջիկ մը դարձած է Հայաստանի մէջ, օտարացած թէ՛ լեզուով եւ թէ բարքով։ Պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ինչպիսի հայեր կ՚ուզենք տեսնել տասնամեակներ ետք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -7-

Ամերիկացիի արտաքինով ամերիկահայ երիտասարդ մը մուտք կը գործէ պանդոկ. անոր հայ չըլլալուն վրայ համոզուած պանդոկի աշխատակից մը միւս գործընկերոջ դառնալով կ՚ըսէ. «Այս մարդուն հագուածը տես… չե՞ն ամչնար այս վիճակով դուրս գալու. այլանդակ են»:

Քսան տարիներ առաջ Լիբանանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած երիտասարդը լաւապէս կը հասկնայ ըսուածը եւ կը սկսի ջարդուած արեւմտահայերէնով արդարանալ եւ խայտառակել պանդոկի պաշտօնեան: 

Մի քանի ժամ ետք եղածը անգլերէն լեզուով կը պատմէ իր հետ Հայաստան ժամանած միւս հայերուն եւ այդտեղ իրենց օտարացած բարքը քննադատելու փոխարէն կը սկսին քննադատել պանդոկի աշխատակիցը:

***

Երբ Յունաստան կը գտնուէի, շրջանի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկը որոշեց գումարել իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուէր նաեւ յիշեալ կազմակերպութեան կենդրոնական վարչութեան Լիբանանէն ժամանած ատենապետը։ Ժողովին ատենադպիրի պաշտօնով հրաւիրուեցայ նաեւ ես… որովհետեւ հայերէն գրել գիտցող ընդհանրապէս չկար:

Ժողովը ընթացք առաւ հայերէն լեզուով… սակայն պահ մը ետք լեզուն դարձաւ յունարէնի… Լիբանանէն ժամանած ներկայացուցիչն ու ես ապշած իրարու նայեցանք… Այդ օր, հայկական գաղութին վիճակի արժեւորումը կատարուեցաւ, ապագայ հայապահպանման ուղղուած ծրագիրներուն մասին խօսուեցաւ, սակայն օտարին լեզուով: Ժողով, ուր հայապահպանութեան մասին խօսողները հայերէն խօսիլ չեն գիտեր…:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2022