ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԽՕՍԱԾ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՅՂԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1892-1907), Հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ եզակի դէմքերէն մէկն է եղած եւ այս իսկ պատճառով, անուանուած է «Խրիմեան Հայրիկ»։ Իր «տիպա՛ր հոգեւորական»ի կեցուածքով, կեանքով եւ գործունէութեամբ արժանացած է «Հայրիկ» յորջորջումին՝ մանաւանդ իր հայրախնամ հոգեւոր ծառայութեամբ եւ հոգածութեամբ ժողովուրդին նկատմամբ։ Արդարեւ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ «Խրիմեան Հայրիկ» իսկապէ՛ս հա՛յր մը եղած է իր ժողովուրդին՝ իր հարազատ զաւակները նկատելով անոր ամէն մէկ անդամը՝ անխտիր ու առանց զանազանութեան։ Ան եղած է հա՛յր եւ ժողովուրդը՝ որդիները…։
Եւ Խրիմեան Հայրիկ, ամէն հօր նման, թողած է իր կտակը իր զաւակներուն՝ իր ժողովուրդին։ Իր կտակով կ՚աւանդէ պատգամներ՝ անժամանակ եւ մշտակա՛ն։
Ահաւասիկ, թէ՝ ի՛նչ կ՚աւանդէ մեզի «Հայրիկ»ը։
«Կ՚աւանդեմ ձեզ անանց օրհնութեան այս կտակը։
«Օրհնեցէ՛ք, որ ձեր զաւակները հայրական սուրբ կրօնը, հաւատքը, սուրբ հայրերու աւանդութիւնը անարատ ու անկեղծ պահեն, սիրե՛ն Հայաստանեայց Եկեղեցին, չբաժանուի՛ն Թադէոսի եւ Լուսաւորիչ հօր հօտէն եւ չբաժնուի՛ն փարախէն։
«Օրհնեցէ՛ք, որ անոնք Աւետարանը գրկեն ու սորվին Անոր սիրոյ դասերը, սիրեն եղբայրը, սիրեն ընկերը եւ ըլլա՛ն մարդասէր։
«Օրհնեցէ՛ք, որ ազգը սիրեն, հայրենիքը սիրեն ու չմոռնան անոր հին, անշուքացած փառքն ու յիշատակը, յիշեն անոր կիսակործան տաճարները։
«Օրհնեցէ՛ք, դաստիարակէ՛ք, որ անոնք ուսումը սիրեն, գիտութիւն սիրեն, դպրոց սիրեն, յառաջդիմութիւնը պատուեն։ Օրհնեցէ՛ք եւ ուսուցանեցէ՛ք, եթէ քաղաքացի են, նոր աշխարհի այլեւայլ արհեստները սորվին, անխարդախ ըլլան վաճառելու եւ գնելու մէջ։ Իսկ եթէ շինական են, հող սիրեն, մաճ սիրեն, աշխատանք սիրեն, հայրենի նուիրական ու սեփական հողերէն Բուռ մը անգամ չզիջեն։
«Ի վերջոյ, օրհնեցէ՛ք, որ անոնք ամուսնասէր ըլլան, տնաշէն ու տնարար ըլլան, բարի ու ազնուական ընտանիք կազմեն՝ որով միայն հնարաւոր կ՚ըլլայ, որ ազգային կեանքը բարւոքի, բարձրանան անոր համբաւն ու փառքը»։
(Ծանօթագրութիւն.- «շինական» կը նշանակէ՝ գիւղի բնակիչ։ «մաճ»՝ գութանի՝ արօրի կոթը կամ բռնատեղին, «sapan ağacı»։ «Բուռ»՝ ափ, ափի մը մէջ պարունակուող քանակութիւն)։
Խրիմեան Հայրիկ ունի նաեւ իմաստալից խօսքեր՝ ամէն մէկը գանձի արժէք ներկայացնող պատուէրներ եւ յորդորներ՝ որոնք ոսկի բանալիներ են կեանքի պայքարէն յաղթական դուրս գալու եւ կեանքը ապրելու այնպէ՛ս, ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ…։
Ուստի Խրիմեան Հայրիկ կ՚ըսէ.
«Միթէ կարելի՞ է մերձաւորէն խլած հացով կշտանալ։ Ո՛չ, գողցուած եւ ուժի զօրութեամբ ձեռք բերուած հացը շատ շուտ կը վերջանայ։ Անհատնելի է եւ արդար այն հացը՝ որ ձեռք կը բերուի ճակատի քրտինքով։ Ո՛վ որ այս սկզբունքը ոտնատակ տալով հաց կ՚ուտէ՝ ան կը քանդէ Աստուծոյ պատուիրանը»։
«Աշխատանք եւ արդարութիւն եթէ համընթաց են ընկերային կեանքին մէջ՝ ապա ուրեմն հասարակաց բարիքը եւ ընկերային արդարութիւնը կը հաստատուի եւ անհատներ կ՚ապրին խաղաղութեան մէջ»։
«Մարդիկ հաւասար կը ծնին, անհաւասար կ՚ապրին, հաւասար ալ կը մեռնին»։
«Մարդու ազնուութեան ամենափայլուն փաստը, անոր մեծահոգութիւնն է, եւ ո՛չ թէ՝ ունեցած հարստութիւնը»։
«Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ կորուստի կը մատնէ Հայրենիքը քան եկած որեւէ թշնամին»։
Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել սա իրողութիւնը՝ թէ մարդուս ներքին խաղաղութիւնը նո՛յնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է իր մարմնական առողջութիւնը. արդարեւ եթէ մարդ մարմնապէս առողջ ըլլայ եւ սակայն ներքին խաղաղութիւնը պակսի, ժամանակի ընթացքին կրնայ կորսնցնել նաեւ իր մարմնական առողջութիւնը։ Անհատական գետնի վրայ մեր այս խոնարհ խորհրդակցութիւնը կը համաձայնի նաեւ ընկերային-հաւաքական կեանքին։ Ուստի խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, անդորրութիւն, իրերհասկացողութիւն, համաձայնութիւն անհրաժեշտ են թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի բարւոք ընթացքին համար։
Եւ դարձեալ Խրիմեան Հայրիկ կ՚ըսէ.
«Ան է իսկական ազնիւ անձը՝ որ դէպի ժողովուրդ ունեցած սիրոյ մէջ կը փնտռէ իր փառքը»։
Ուստի ժողովուրդը կառավարելու լաւագոյն ճամբան՝ ժողովուրդի հանդէպ անկեղծ սէ՛րն է։
«Տէրը իր իշխանական կահոյքը դնելով երկինքի մէջ, ամբողջ տիեզերքը կը կառավարէ բնական եւ յաւիտենական օրէնքներով։ Այս օրէնքները անքակտելի, մշտնջենաւոր, անայլայլելի եւ անփոփոխ են, ո՛չ ոք կրնայ քանդել կամ փոխել նման աշխարհական կանոնները, որոնք ձեռքով մը գրուած են, իսկ միւսով՝ կը ջնջնուին»։
Ուստի մարդը կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին՝ որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը՝ ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։
Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։ Աստուածային եւ բնական օրէնքը ցոյց կու տայ մարդուն այն ճամբան՝ որուն ան պիտի հետեւի՝ գործելու համար բարին եւ հասնելու համար իր վախճանին։
Բնական օրէնքը ցոյց կու տայ առաջին եւ էական պատուէրները, որոնք կը կառավարեն բարոյական կեանքը։ Ան իբրեւ առանցք ունի տենչը եւ հնազանդութիւնն Աստուծոյ՝ աղբիւր եւ դատաւոր ամէն բարիի, ինչպէս նաեւ ըմբռնումը «ուրիշ»ին՝ իբրեւ հաւասար իր անձին։ Բնական օրէնքը ցուցակագրուած է Տասնաբանեային մէջ իր գլխաւոր պատուէրներուն տակ։ Այս օրէնքը կոչուած է՝ «բնական» եւ ո՛չ թէ անբան արարածներուն բնութեան հետ իր առընչութեան համար, այլ որովհետեւ զայն հրահանգող բանականութիւնը կը պատկանի մարդկային բնութեան իբրեւ անոր սեփական։
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ այս կանոնները արձանագրուած են, եթէ ո՛չ մատեանին մէջ, այլ սրտերուն վրայ՝ այն լոյսին, զոր կը կոչեն «ճշմարտութի՛ւն»։ Հո՛ն է որ արձանագրուած է ամէն արդար օրէնք, անկէ է որ ան կ՚անցնի արդարութիւն գործող մարդուն սրտի՛ն մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 31, 2015, Իսթանպուլ