ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Դ -
Եկեղեցական եւ աշխարհական օրէնքը հաստատութիւն կը գտնէ ե՛ւ բնական օրէնքի մէջ։ Կենսաբանութիւնը՝ «biologie» եւ բնախօսութիւնը՝ «physiologie» ցոյց կու տան, որ բազմակնութիւնը ո՛չ միայն չի հասցներ իր միակ նպատակին՝ աճեցնել սերունդը, այլ, ընդհակառակը, կը թուլացնէ ու կը վատթարացնէ ամբողջ ցեղի կամ ազգի առողջութիւնը, կը նուազեցնէ բեղմնաւորական ուժը եւ կը պակսեցնէ որդեծնութեան թիւը՝ խանգարելով նաեւ ընտանեկան բարոյականութիւնը։ Եւ դառնալով Հայ ազգի վրայ, ճշմարի՛տ է այն, որ մենք այնչափ քիչ տեղեկութիւն ունինք Հայ ժողովուրդի ընտանեկան կեանքի մասին, որ պիտի դժուարանանք ըսել դրականապէս, թէ «բազմակնութիւն»ը կա՛ր կամ չկա՛ր հեթանոս հայերու մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Վահան Վարդապետ Բաստամեանց, «Կանոնագիտական երկեր»ուն մէջ։
Հայ Եկեղեցին յատուկ կանոն մը չունի բազմակնութեան մասին, այնուամենայնիւ ե՛ւ Հայ Եկեղեցին, որպէս հաստատուած քրիստոնէական ընդհանուր սկզբունքներու վրայ եւ ընդունելով ամուսնութիւնը իբրեւ «սրբազան խորհուրդ», բոլորովին կը մերժէ, թէեւ լռելեան, բազմակնութիւնը։ Եւ այդ կ՚երեւի, թէ Հայ Եկեղեցին իր ընդհանուր կանոններով իսկ խստիւ կ՚արգիլէ «սիրեկան» կամ «հարճ» պահելու սովորութիւնը՝ ինչ որ հակառա՛կ է ընտանիքի սրբութեան։
Այլապէս, պէտք է աւելցնել, թէ «բազմակնութիւն»ը կարելի է հասկնալ երկու կերպով. կա՛մ երկու, երեք եւ աւելի կին ունենալ միեւնոյն ժամանակ եւ միեւնոյն տան մէջ, եւ կա՛մ թէպէտ միեւնոյն ժամանակ, բայց ո՛չ միասին մէկ տան մէջ՝ առանց կենակցելու, այլ զանազան տեղերու մէջ եւ մինչեւ իսկ տարբեր երկիրներու մէջ…։
Արդարեւ բոլոր եկեղեցական կանոնները եւ բոլոր քրիստոնեայ օրէնքները ո՛չ միայն բոլորովին կը մերժեն բազմակնութեան առռաջին տեսակը, այլ կ՚արգիլե՛ն եւ երկրորդ տեսակը՝ եկեղեցական եւ «քրէական» (=ծանր պատիժի արժանի, ոճրային) պատժի սպառնալիքով մանաւանդ։
Ամուսնութեան պայմաններու կամ արգելքներու մէջ գլխաւորներէն մին է «Ամուսնական Չափահասութիւն»ը։ «Չափահասութիւն» կը նշանակէ՝ գիտակից տարիք, արբունք։ Ուստի ամուսնութեան պայմաններէն է՝ գիտակցութեան տարիքը։ Իսկ գիտակցութեան տարիքը կապուած է «չափահասութեան»։
Մարդս եթէ առ հասարակ ազատ եւ ինքնիշխան պիտի ըլլայ իր ամէն տեսակ գործառնութիւններուն, ձեռնարկումներուն եւ գործի ստանձնումներուն մէջ, եթէ ան պիտի վարուի ամէն գործի մէջ իր սեփական դիտաւորութիւններով, համոզումներով, կամքով եւ կարողութեամբ, եթէ ան իր բոլոր ձեռնարկութիւններուն մէջ պիտի գործէ «գիտակցաբար», հասուն մտածողութեամբ, ո՛րքան եւս առաւել այդ բոլորը հարկաւոր է ամուսնութեան համար, որ մարդու կեանքի մէջ թերեւս ամենածանր, ամենէն շատ պատասխանատուութիւն պահանջող եւ ամենախորհրդաւոր ձեռնարկութիւնն է իր բազմատեսակ եւ բազմակողմանի հետեւանքներով՝ որ կը կապուի «անխզելի կապ»ով, երկու ամուսիններու՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու կեանքի բոլոր շարունակութիւնը, ներառեալ անոր ամէն մէկ պահը, քանի որ անոնք այլեւս «երկու» չեն, այլ՝ «մէկ մարմին»։ Եւ ամուսնութեան ամենայատկանշելի խորհուրդը այս «մէ՛կ մարմին» ըլլալու իրողութեան մէջ կը կայանա՛յ…։
Եւ այսպիսի բարձր հաստատութեան մը կազմութիւնը կը պահանջէ հարկաւոր հասունութիւն, ֆիզիքական, մտաւոր կատարեալ զարգացում, հոգիի ազնուութիւն եւ սրբութիւն, կատարելութիւն, որոնք մէկ խօսքով «չափահասութիւն» կը ներկայացնեն, քանի որ «անչափահաս»ը՝ մանուկը կամ պատանին միշտ կ՚ենթարկուի իր ծնողներուն ե՛ւ շրջապատողներու ազդեցութեան, ազատ չի կրնար շարժիլ, աւելի շուտով կը սխալի իր զգացումներուն մէջ, չի կրնար նախագուշակել իր գործողութեան բոլոր բարի կամ չար հետեւանքները, քանի որ չ՚ունենար հեռատեսութեան եւ շրջանկատողութեան կարողութիւն։ Ընդհանրապէս կը պակսի անոր մտքի եւ կամքի լիակատար ազատութիւնը։
Ուստի ամուսնական չափահասութիւնը կապուած է, սովորաբար, ամուսնական յարակցութեան ընդունակութեան կամ կարողութեան հետ։ Ուստի չափահասութիւնը, ընդհանրապէս որոշուած է «մարմնի զարգացում»ի տարին նկատի ունենալով, ինչ որ կը տարբերի երկիրէ երկիր՝ բնութեան պայմաններու, օդով եւ ջրով շրջապատուած միջավայրի համեմատ։
Այս պատճառով, յայտնի չէ, թէ հեթանոսութեան շրջանին եւ մինչեւ չորրորդ դարու սկիզբը Հայ ազգի մէջ ո՞ր հասակը՝ տարիքը «չափահաս» կը համարուէր եւ ընդունակ՝ ամուսնութեան համար։ Հաւանական է, որ այդ միջոցին ամուսնական չափահասութիւնը որոշուած ըլլար մարմնի արտաքին դրութեամբ, կազմուածքի ֆիզիքական զարգացմամբ եւ արտաքին նշաններով, ինչպէս սովորութիւն էր հին ազգերու մէջ։
Քրիստոնէութեան ժամանակ ամուսնական չափահասութիւնը տղայի համար 12-էն մինչեւ 15 տարեկան, իսկ աղջկայ համար 10-էն մինչեւ 13 տարեկան էր, որ եւ բաւական մօտ էր ընդհանրապէս ընդունուած ամուսնական չափահասութեան՝ տղայի համար 14 տարեկան եւ աղջկայ համար 12 տարեկան, անշուշտ այն շրջանի պայմաններու եւ հասկացողութեան համեմատ։
Պէտք է յատկապէ՛ս նշել, որ այս տարիքները բաղդամամբ մեր օրերուն, անհամեմատելիօրէն կը հակադրեն ներկայ չափահասութեան ըմբռնումին։
Անչափահասներու պսակը եւ ամուսնութիւնը կ՚արգիլէ Եկեղեցին, ուստի յանցաւորները, որպէս ե՛ւ պսակող քահանան պատժի կ՚արժանանան։
Մխիթար Գօշի եւ Յովհաննէս Երզնկացիի կանոնով անչափահասներու պսակը կարելի է լուծուիլ եւ ամուսինները չափահասութիւն ստանալէ յետոյ կրնան ամուսնանալ ուրիշի հետ, եթէ չկամենան մնալ իրենց ամուսնութեան մէջ։
Ամուսնական չափահասութեան ծանր հարցը առհասարակ չէ մշակուած արժանաւոր կերպով եւ կը կարօտի լո՛ւրջ մշակութեան՝ Եկեղեցիի իրաւաբանութեան տեսակէտէ…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2016, Իսթանպուլ