ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Մէկը սիրել՝ գլուխ գործոց մըն է։ Զօրութիւն կը պահանջէ, կորով կը պահանջէ, կուրութիւն կը պահանջէ։ Նոյնիսկ սկզբնաւորութեան, այնպիսի պահ մը կայ, որ ան, անդունդի մը վրայէն ցատկել կը պահանջէ, եւ երբ այդ մասին խորհի եւ երկմտի, տարակուսի՝ մարդ չի՛ կրնար երբեք անցնիլ այդ անդունդէն»։

JEAN PAUL SARTRE

Սէրը՝ ամենաբարձր արժէ՛քն է կեանքին. չէ՞ որ «Աստուած սէր է», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։

Սէրը առաքինութի՛ւն է, եւ ամենէն ազնիւ եւ վե՛հ զգացումը, քանի որ «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

Եւ անուրանալի ճշմարտութի՛ւն մըն է՝ թէ սէրը իրապէս զօրութիւն մըն է։

Աստուած ինքզինք կը յայտնէ որպէս Սէ՛ր։ Ուստի, Աստուած իր բոլոր գործերուն մէջ ցոյց կու տայ Իր սէրը. «Ես գոհութիւն կը մատուցանեմ Քու անունիդ, Քու սիրոյդ եւ Քու ճշմարտութեանդ համար», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԼԷ 2), (ՍԱՂՄ. ՁԴ 11)։ Եւ Աստուած «ՍԷՐ» է, ինչպէս որ Յովհաննէս Առաքեալ կ՚ուսուցանէ զայն. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։

Աստուծոյ սէրը «յաւիտենական» է. (ԵՍ. ԾԴ 8)։ «Որովհետեւ լեռները կրնան շարժիլ, բլուրները կրնան փոփոխուիլ, բայց Իմ սէրս պիտի չպակսի», կ՚ըսէ Տէրը. (ԵՍ. ԾԴ 10)։ Եւ դարձեալ. «Սիրեցի քեզ յաւիտենական սիրով, ասոր համար գթութիւնս քեզի հանդէպ պահեցի», (ԵՐՄ. ԼԱ 3)։ Եւ Յովհաննէս Առաքեալ ա՛լ աւելի հեռու կ՚երթայ երբ կը վկայէ «Աստուած Սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8, 16)։

Արդարեւ, Աստուծոյ Էութիւնը ինքնին Սէ՛ր է։

Ժամանակներու լրումին՝ Աստուած առաքելով Իր Միածին Որդին եւ Սիրոյ Հոգին, կը յայտնէ Իր ամենասերտ գաղտնիքը. Ինք յաւիտենապէս սիրոյ փոխանակում է՝ Հօր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի, եւ մեզ ալ այս սիրոյ բաժնեկից ըրաւ։ Աստուած Ինքզինք յայտնեց որպէս «Է». ճանչցուց Ինքզինք իբրեւ «բազումողորմ եւ հաւատարիմ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Անոր իսկական Էութիւնը Ճշմարտութիւն է եւ Սէ՛ր։

Ընկերային պարտականութիւն մըն է՝ իւրաքանչիւր մարդուն մէջ յարգել եւ արթնցնել սէրը ճշմարիտին եւ բարիին։ «Ճըշ-մարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը. իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Սէրը, արդարեւ, զոհողութիւն՝ անկեղծ նուիրականութիւն կ՚ենթադրէ։ Սէրը՝ «ուրիշ»ին մէջ, իր «նման»ին մէջ ինքզի՛նք տեսնել կը նշանակէ, եւ փոխադարձաբար՝ իր հոգւոյն մէջ իր «նման»ը, «ուրիշ»ը զգալ է։ Անկեղծ սէրը հոգիի միութիւնն է, որ ո՛չ մէկ խտրութիւն, ո՛չ մէկ խտրականութիւն եւ ո՛չ մէկ արգելք կը ճանչնայ։

Յիսուս Քրիստոսի ամենամեծ վարդապետութիւնը եւ բարոյականը հիմնուած են սիրոյ գաղափարին վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան բոլոր աշխարհի արարածներուն կապը եւ ոգին՝ որով կը մագնիսանան ամէնքն ալ եւ իրարու կը կցուին գերբնական ամենէն անիմանալի բնազդով։ Ուստի սէրը՝ ուժ մըն է ա՛յնքան մեծ եւ ա՛յնքան բարձր, որուն որակումը, Յովհաննէս Առաքեալի բերնին մէջ՝ բարոյական գաղափարներէ ամենէն մեծին եւ ամենէն բացարձակին հաւասարած է, այսինքն Աստուծոյ, որովհետեւ «Աստուած սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Եւ երբ մենք մեր ամէն հանրային եւ ընկերական անյաջողութիւններուն գաղափարական «պատճառ» մը կը փնտռենք, սիրոյ բացակայութեան մէջ կը գտնենք զայն։ Սէրը երբ պակսի, ամէն զօրութիւն կը նուազի, կեանքն իսկ կը կորսնցնէ իր իմաստը։

Սէրը, արդարեւ, պէտք է նկատի առնուի իր ամէն ստորոգելիներուն մէջ։ Ուստի, Պօղոս Առաքեալ, Կորնթացիներու գրած իր առաջին նամակին մէջ սքանչելի կերպով դասակարգած է. «Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։ Սէրը անվախճան է…», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-8)։

Արդարեւ, սէրը միշտ ներողամի՛տ է, քանի որ անձնասէր եւ ինքնամոլ չէ, հանդուրժող է եւ համբերատար։ Ուրեմն, պէտք է ներողամտութեան հանդէպ դնենք եւ բաղդատենք մեր յարաբերութիւններու մէջ ունեցած կարճամտութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, անհամբերութիւնը, որով շուտ մը կը խրտչինք, կը պաղինք եւ կը հեռանանք իրարմէ. կը պաղինք ընտանիքէն, ընկերներէն, եւ երբեմն մինչեւ իսկ Եկեղեցիէն։ Եւ ատոր դիւրաւ կը յաջորդէ, դըժ-բախտաբար սիրոյ քաղցրութեան դէմ՝ ատելութեան դառնութիւնը։ Յուսահատութեան մահաբեր ժահրն է այն՝ որով սովոր են շատերը կրկնել. «Այլեւս այս մարդկութենէն խե՜ր չկայ…», եւ ատոր կը յաջորդէ եսասէր անտարբերութիւն մը, ինքնակեդրոն, այլամերժ կեցուածք մը։

Արդարեւ, մեր անհատական կեանքի մէջ ալ պէտք է զգոյշ ըլլալ, դաս առնել պատահած դէպքերէ, ներողամիտ ըլլալ իրարու թերութիւններուն, անկատարութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ ոչ մէկը միւսէն աւելի չէ, եւ եթէ համեմատութեան դրուի թերութիւնները, անկատարութիւնները ամէն ոք ունի իր կարգին թերութիւններ եւ անկատարութիւններ՝ որոնք ուրիշի նկատմամբ ո՛չ աւելի է եւ ոչ ալ պակաս։ Այս պատճառով պէտք է հանդուրժող ըլլանք իրարու նկատմամբ, քաղցր ըլլանք իրարու «խակութիւն»ներու դէմ, քանի որ ատոնց մէջ է սէրը, որ ինքնին քրիստոնէութիւնն իսկ է։

Իբրեւ կանոն ներողամտութեան՝ ընկերը նկատենք ո՛չ թէ իբրեւ «անհատ» մը, «ուրիշ» մը, այլ իբրեւ ներկայացուցիչ մը հանրութեան, հաւաքականութեան անոր մէկ անդամը՝ զոր սիրե՛լով է որ կը բարձրանանք մինչեւ Աստուած։

Իսկ իբրեւ կանոն քաղցրութեան կամ սկիզբ. բարեհամբոյր եւ քաղաքավար ըլլանք իրարու նկատմամբ։ Պարզ արտաքին ձեւ մը չէ քաղաքավարութիւնը, այլ խորապէս կ՚ազդէ մեր վարք ու բարքերու վրայ, մեզ կը քաղցրացնէ, հանդուրժող կ՚ընէ իրարու նկատմամբ. մեզ կը մեղմէ, կը ներդաշնակէ. սիրոյ յառաջաբա՛նն է այն՝ նոյնիսկ մեր մտերմութիւններուն մէջ կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ։

Ուստի սէրը զօրացնենք ներողամտութեամբ եւ քաղաքավար քաղցրութեամբ, եւ սիրոյ Աստուածը պիտի տայ մեզի այդ ներողամտութեան եւ քաղցրութեան հատուցումը։

Արդարեւ, եթէ կա՛յ քաղցր սէրը, մարդիկ ինչո՞ւ ընդհանրապէս կը նախընտրեն դառն ատելութիւնը։

Կարգ մը բաներ հասկնալ կարելի չէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 29, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020