ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ՝ ՕՏԱՐԻՆ ԼԵԶՈՒՈՎ
Օրէ օր կ՚աւելնան մեր կեանքի մէջ թիւը ժողովականներուն եւ նորաբաց ժողովներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով հայութեան ու հայկականութեան համար բան մը ընել կը փորձեն, սակայն կայ արտասովոր երեւոյթ մը: Ժողովները կը գումարուին հայութեան համար, հայկական գաղութ մը եւ կամ կազմակերպութիւն մը աւելի առողջ ու գործունեայ ընթացքի մը մէջ դնելու համար, բայց ի՜նչ առեղծուած... հայութեան համար գումարուած ժողով մը՝ հայերէն լեզուի բացակայութեամբ:
Պատկերացուցէ՛ք հարսանիք՝ որուն հրաւիրուած չեն թէ՛ հարսը եւ թէ՛ փեսան:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր սփիւռքի գաղութներու մէջ գումարուած ժողովները սկսած են հայաթափուիլ եւ այդ օտարամոլութեան երեւոյթը մեր մէջ նոր չէ՛ որ մուտք կը գործէ: Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ 31 դեկտեմբեր 1911-ին, Գահիրէի մէջ հրատարակուող «Մալէշ» զաւեշտաթերթը կը գրէ. «Տեղւոյս Հայ Կաթոլիկ Երեսփոխանական ժողովի ատենագրութիւնները ֆրանսերէն կը գրուին եղեր, միայն ատենադպիրին ստորագրութիւնը՝ հայերէն ըլլալով: Ասոր ըսելիք չկայ, շիք է իրաւ որ, միայն թէ կը վախնամ որ վաղն ալ չինարէն, ճաբոներէն ըլլայ»:
Եթէ անցեալին օտար լեզուով գրելը «շիք»ութեան համար եղած իրողութիւն մըն էր, այսօր շարժառիթ ու հիմք չէ այդ մէկը: Այսօր մեր ատենագրութիւնները, մեր ժողովները մասամբ օտար լեզուով են՝ որովհետեւ բոյն դրած է մեր մէջ մայրենի լեզուի չգիտութիւնը: Այսօր, սփիւռքի մէջ, այն անձերը որոնց յանձնուած է գաղութի ղեկը, ֆրանսերէնով, արաբերէնով, անգլերենով եւ կամ գուցէ թրքերէնով կը գրեն իրենց ատենագրութիւններն ու շրջանակները:
Փա՞ստ. 2012-2015 տարիներուն բախտաւորութիւնը ունեցայ որպէս քարտուղար գործելու հայկական կազմակերպութեան մը մէջ, որ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ ունի վարչութիւններ: Իւրաքանչիւր վարչութիւն պարտաւոր էր շաբաթական ժողովներու ատենագրութիւնները ղրկել մեր գրասենեակ: Ֆրանսայի ժողովներու ատենագրութիւնները կը ստանայի ֆրանսերէն լեզուով, Իրաքի եւ Եգիպտոսի ատենագրութիւնները՝ արաբերէն, իսկ մի քանի այլ երկիրներ իրենց ատենագրութիւնը անգլերէն լեզուով կը փոխանցէին:
Հարց. կրնա՞յ ըլլալ ժողովը հայերէն էր, բայց ատենագրութիւնը օտար լեզուով ուզեցին գրել, օրինակ վերցնելով կաթոլիկներու «շիք»ութիւնը. չե՛մ կարծեր:
Այլ դէպք մը եւս. գործած կազմակերպութեանս ատենապետին հետ Լիբանանէն մեկնելով մասնակից եղայ Յունաստանի մէջ գումարուելիք ժողովի մը: Ատենագրութիւնը ես պիտի գրէի: Սկզիբները ժողովը շա՜տ յաջող էր, սակայն ժամանակ մը ետք «հայերէնով չեմ կրնար ըսել»ներու շարք մը սկիզբ առաւ եւ ժողովը դարձաւ յունարէնի: Ատենապետը կատակելով ըսաւ. «Հրայր կը գրե՞ս...»:
Ի՞նչ գրել եւ ինչպէ՞ս...: Հայկական դպրոցի, հայկական ակումբի եւ ընդհանրապէս հայկականութեան հարցերը եկած էին լուծելու յունարէն լեզուով: Տակաւին բարեկամներէս մին կը վճարուի՝ որպէսզի գաղութի մը ժողովներուն ժամանակ հայերէն գրէ. պատկերացուցէ՛ք, հասած ենք այնտեղ՝ որ մէկու մը պէտք է գումար տալ, որպէսզի հայերէն գրէ:
Ու հիմա գրեթէ՛ ամէն բան սկսած է հակառակ դառնալ. եթէ անցեալին օտար բառը գործածելն էր «շիք»ութիւնը, այսօր գործածուած մաքուր հայերէնին համար նոյն տպաւորութիւնը կը ստանանք: Այսօր մեր մօտ «շիք»ութիւն է անտարակոյսը, մելամաղձոտը, եւ բոլորէն աւելի հեղինակութիւն ունեցող երեւո՜յթ բառը:
Այսօր մեր ժողովներուն մէջ եթէ մէկը ըսէ «այս երեւոյթը» ինքնաբերաբար այն կարծիքը կը կազմուի, որ լուրջ նիւթի մը մասին է խօսքը եւ շա՜տ կարեւոր...:
Այսօր մեր ժողովներու ընթացքին հայերէն չխօսիլը կը նմանի այն թաղականին, որ մկրտուած չէ, առանց ամուսնութեան մի քանի զաւակներ ունի, սակայն ի՜նչ պատեհութիւն, եկեղեցւոյ մը պատասխանատու կարգուած է (եւ հաւատացէ՛ք կայ այս մէկը. ես անձամբ ճանչցած եմ):
Այնպէս ինչպէս այլազգիներու գուրանով կարելի չէ՛ քրիստոնէութիւն քարոզել, այնպէս ինչպէս ցեխով կարելի չէ՛ սպիտակ հագուստ մը մաքրել, նոյնպէս ալ կարելի չէ՛ օտարին լեզուով, օտարին մտածողութեամբ հայկականը փրկել:
Այսօր մեր գաղութներէն շատեր նախ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն կը մտածեն՝ եւ ապա կը փորձեն թարգմանել հայերէնի:
Հայութեան նկատմամբ ՀԱՅ ըլլանք:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԵՐՈՍ ՇԱՀՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
(1940-1977)
Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 2 սեպտեմբեր 1940-ին Լենինականի մէջ ծնած է հայ նկարիչ Վարոս Շահմուրատեան:
Վարոս նախնական կրթութիւնը ստացած է Լենինականի մէջ, ապա ընդունուած՝ Երեւանի «Փանոս Թէրլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարան, ուրկէ մեկնած է Ռուսաստան, ուսումը շարունակելու Մոսկուայի գեղարուեստի բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1967 թուականին: Վերադառնալով Հայաստան 1967-1974 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստի թատերական, ինչպէս նաեւ «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական հաստատութիւններէն ներս: Շահմուրատեան հեղինակ է բազմաթիւ դիմանկարներու, գեղանկարներու եւ որմնանկարներու. անոր նկարչական յատկութիւնը հայկականին եւ եւրոպականին միատեղ համապատասխան օգտագործումն էր իր աշխատանքներուն մէջ: Վարոս Երեւանի մէջ ունեցած է երկու անհատական ցուցահանդէսներ, 1977 եւ 1980 թուականներուն: Ցուցահանդէս կազմակերպած է նաեւ Տարտուի մէջ, 1981 թուականին: Շահմուրատեանի յայտնի գործերէն են՝ «Մայրութիւն»ը, «Ձկներ եւ կարմիր պալեր», «Իմ նախնիները», «Լուսամուտի մօտ» եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Անոր գործերը ցայսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին եւ Մոսկուայի պատկերասրահին մէջ:
Նկարիչը մահացած է 13 յուլիս 1977-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ