ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Համբերութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ՝ «երկխօսութիւն»ը անհրաժեշտ է թէ՛ անհատներու, թէ՛ հաւաքականներու միջեւ, քանի որ մարդ, որպէս «բանաւոր արարած» խորհելու ե՛ւ խօսելու կարիքը ունի հասկցուելու եւ ինքզինք արտայայտելու համար։ Արդարեւ, մարդ ընկերային արարած մը ըլլալով, պարտաւո՛ր է ապրիլ հաւաքականութեան մէջ։
Երկխօսութիւնը, ուրեմն պահանջք մըն է ապրելու եւ գոյատեւելու համար, ինչպէս նաեւ՝ գոյապահպանման համար։ Ուստի մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդկային բնութեան մէկ հետեւանքն է. փոխանակութեամբ «ուրիշ»ին հետ, փոխդարձութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր մերձաւորներուն, եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր կարողութիւնները եւ զօրենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։
Մարդուս մէջ կայ նաեւ Աստուծոյ տենչը՝ որ դրոշմուած է իր սրտին մէջ, քանի որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Այս իսկ պատճառով, Աստուած երբեք չի դադրիր մարդը իրեն քաշելէ եւ խնամելէ եւ մարդը միա՛յն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած «ճշմարտութիւն»ը եւ «երջանկութիւն»ը։
Արդարեւ, մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի Աստուծոյ հետ երկխօսութեան եւ հաղորդակցելու այս կոչումին մէջ։ Աստուծոյ եւ մարդուն երկխօսութիւնը կը կայանայ՝ Աստուծոյ ինքզինք յայտնելու մարդուն եւ փոխադարձաբար՝ մարդուն ալ Աստուծոյ նկատմամբ հաւատք ընծայելու, այսինքն պատասխանելու մէջ։ Աղօթքն ալ, այս իմաստով «երկխօսութիւն» մըն է, քանի որ երբ մարդ կ՚աղօթէ՝ գիտէ որ իր դէմը կը գտնուի Գերագոյն Էակ մը՝ Անձ մը՝ Աստուա՛ծ, որ կենդանի է եւ կենսատու։
Մարդիկ բազմազան կերպերով, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը, Աստուծոյ իրենց որոնումը արտայայտեցին իրենց հաւատալիքներով, դաւանութիւններով եւ իրենց կրօնական այլազան վարմունքներով, ինչպէս՝ աղօթքներ, պաշտամունքներ, ծէսեր, խորհրդածութիւններ եւ այլն։ Արտայայտութեան այս կերպերը, հակառակ երկդիմութիւններուն, որոնք կարող են բովանդակել, այնքա՛ն ընդհանրական երեւոյթներ են, որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ», որ կը համապատասխանէ՝ բարոյական եւ կամ հոգեւոր էակի։
Բայց մարդը «Աստուծոյ կապող սերտ եւ կենսական առընչութիւն»ը, երկխօսութիւնը կրնայ մարդուն կողմէ մոռցուիլ, անգիտակցուիլ, անտեսուիլ եւ կամ նոյնիսկ բացայայտօրէն մերժուիլ կամ ուրացուիլ։ Արդարեւ, նման դիրքորոշումներ կրնան շատ տարբեր մեկնակէտներ ունենալ. աշխարհիս չարին դէմ ընդվզում, կրօնական տգիտութիւն կամ շատ աւելի վտանգաւորը՝ «անտարբերութի՛ւն», աշխարհի եւ հարստութեան հոգեր, մտահոգութիւններ. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 22), հաւատացեալներու գէշ օրինակ, հակակրօն թիւր գաղափարներու հոսանքներ, թիւրիմացութիւններ եւ վերջապէս «մեղաւոր մարդուն կեցուածք»ը՝ վախէն տարուած. (ԾՆՆԴ. Գ 8-10) կը խուսափի Աստուծմէ եւ խոյս կու տայ Անոր կոչէն եւ երկխօսութենէ. (ՅՈՎՀ. Ա 3)։
Այս երկխօսութեան ընթացքին մարդ կրնայ Աստուած մոռնալ կամ պահ մը անտեսել եւ կամ մերժել իսկ զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի դադրիր խօսելէ եւ կոչելէ մարդը, որ փնտռէ զինք եւ ապրի եւ երջանկութիւն գտնէ։ Սակայն այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «մաքուր եւ ուղիղ սիրտը» եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց՝ որոնք իրեն Աստուած փնտռել, ճանչնալ եւ հաւատալ կը սորվեցնեն։
Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս (Confessiones) սապէս կ՚ըսէ.
«Մե՛ծ ես դուն, Տէր, եւ գերազանցօրէն գովելի, մեծ է քու զօրութիւնդ, իսկ քու իմաստութիւնդ անչա՛փ է։ Եւ մարդը, այս փոքր մասնիկը քու արարչութեանդ, կը յաւակնի գովաբանել քեզ, ինք որ մահկանացուի վիճակ զգեցած, իր մէջ կը կրէ վկայութիւնը իր մեղքին եւ վկայութիւնը թէ՝ Դուն հակառակ ես ամբարտաւաններուն։ Այսուհանդերձ մարդը, Քու արարչութեանդ փոքր մասնիկը, կ՚ուզէ Քեզ գովաբանել։ Դուն ալ այս ընելու կը մղես զինք, ձգելով որ ան գտնէ իր հաճոյքը Քու գովաբանութեանդ մէջ, որովհետեւ Դուն մեզ քեզի համար կազմեցիր եւ մեր սիրտը չունի դադար՝ որքան ատեն որ չի հանգչիր Քու մէջդ»։
Որքա՜ն դիւրահասկնալի բացատրութիւն մը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն երկխօսութեան մասին…։
Գալով մարդուն իր նմաններուն հետ երկխօսութեան, Առակախօսը կ՚ըսէ. «Մեղմ պատասխանը տրտմութիւնը կ՚իջեցնէ». (ԱՌԱԿ. ԺԵ 1)։
Արդարեւ, մարդոց միջեւ հակառակութիւններ կարելի է որ ծագին ընդհանրապէս, տարակարծութիւններու պատճառով, ամէն մարդ կ՚ուզէ պարտադրել իր կարծիքը եւ տեսակէտը, որովհետեւ ամէն մարդու կարծիքը եւ համոզումը իրեն համար ճի՛շդ է եւ անվիճելի՛…։
Ուստի, մարդոց միջեւ երկխօսութեան ընթացքին պէտք է ըլլայ միջին կէտ մը, որ կը կոչուի ընդհանրապէս «համամիութիւն» եւ հասկացողութիւն՝ փոխանակ հակառակութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 20, 2022, Իսթանպուլ