ՄԱՐԴ ՄԸ, ՈՐ ԱՐԱՐԱՏ ՈՒՆԻ՛ ԻՐ ՀՈԳՒՈՅՆ ԽՈՐԸ
Հայութեան մէջ կար սերունդ մը, որ իր հայրենասիրութենէն մղուած՝ համոզուած էր, թէ հայը չի՛ կրնար կորսուիլ, չի՛ կրնար տկարանալ եւ իր արժէքները մոռնալ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին այսքա՜ն արհաւիրք տեսած ժողովուրդ մը եթէ ցայսօր կ՚ապրի՝ ուրեմն կ՚ապրի մինչեւ աշխարհի վախճանը:
Միաժամանակ կար այլ խումբ մը, որ ոչ-ցանկալի ապագան գուշակելով կը փորձէր զգաստութեան հրաւիրել հանրութիւնը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլար թշնամութեան առաջիններուն հետ, որովհետեւ կար այն համոզումը, որ «հայը պիտի կորսուի» ըսողը հայասէր չի՛ կրնար ըլլալ:
Յաճախ մեր հին գրողներու մօտ կը հանդիպինք այնպիսի ակնարկներու, որ կարծես մեր այսօրը նկարագրած ըլլան. Շահնուր «կը նահանջէ լեզուն» կ՚ըսէր այնպիսի ժամանակ, որ տակաւին լեզուն ողջ ու կենդանի էր. համեմատած այսօրուան, Շահնուրի օրերուն հայոց լեզուն շատ աւելի լաւ վիճակ կը ներկայացնէր, սակայն Շահնուրի խօսքերը ապագան կը մատնանշէին:
Շահնուր մտաւորական աշխարհի կողմէ այդքան ալ սիրուած անձնաւորութիւն մը չէր, որովհետեւ մինչեւ այդ օր մարդիկ սովոր էին մտաւորականներէ հայերէնիքի մասին միայն գովեստ ու ներբող լսել, սակայն Շահնուր կու գար ճշմարտութիւնները մատնանշելու. շատեր Շահնուրը հայութեան թշնամի կը կարծէին, մինչ Շահնուր ազգը փրկելու ճշմարիտ ճամբան ցոյց կու տար:
Վազգէն Շուշանեան Շահնուրի համար կը գրէր՝ «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» խորագրեալ աշխատութիւն մը։ Ես կը կարծեմ սիրտին մէջ Արարատի գոյութիւնն էր, որ զինք խօսեցնել կու տար լեզուի նահանջի, օտարացող երիտասարդութեան եւ բարոյական անկումին մասին:
Շահնուր կ՚ապրէր այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որ մարդիկ համոզուած էին, թէ ցեղասպանութենէն ետք ծնունդ առած նոր սերունդը շա՛տ աւելի գիտակից պիտի ըլլայ՝ քան նախկինները. համոզուած էին, որ ցեղասպանութիւն ապրած եւ գոյատեւած ազգ մը աշխարհի երեսէն ջնջել կարելի չէ, սակայն Շահնուր կու գար ըսելու, որ այս բոլոր եզրակացութիւնները ծնունդ են հայու հպարտութեան, սակայն ճշմարտութիւնը ուրիշ բան կը պարզէ:
Շահնուրի գրութիւնները իրենց վերնագիրներով արդէն իսկ այդ ցաւին ահազանգը ցոյց կու տային. «Նահանջը առանց երգի». առանց երգի՝ որովհետեւ ցեղասպանութեան ժամանակ լացով ու արցունքով կ՚առաջնորդուէինք դէպի մահ, մինչ հիմա լուռ ու հնազանդ մենք մեր սեփական ոտքերով կ՚երթանք դէպի անդունդ ու մահ: Նահանջին առանց երգի ըլլալը՝ երգովէն շա՜տ շատ աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ երգով նահանջին մէջ հայը զոհ կը դառնայ, իսկ առանց երգի նահանջի պարագային՝ ինքնասպան:
Եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, որ ազգովի ինչպէ՞ս այս վիճակին հասանք՝ կարդացէ՛ք «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը, որովհետեւ ինչպէս Շահնուր կ՚ըսէ. «Այն՝ որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ». եւ այդպէս ալ եղաւ:
Շահնուրի միւս աշխատութեան վերնագիրն ալ՝ «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատահականութեան արդիւնք չէ. ան գուշակութիւնն է մեր ապագայ կորուստի, որովհետեւ փոթորկոտ ծովուն մէջ չխեղդուող ժողովուրդը պիտի խեղդուէր խաղաղ ջուրերուն մէջ ու այս անգամ յարալէզները պիտի չգային զինք փրկելու՝ ինչպէս անցեալին: Այս գիրքին վերնագիրը մտածել կու տայ մեզի, որ ամէ՛ն տեսակ դժուարութեանց դիմադրող եւ դիմացող ժողովուրդ մը իր սեփական հարուածով պիտի կործանէր:
Սեփական վէրքի մասին խօսիլը ազգի դաւաճանութիւն նկատող անհատներ մինչեւ օրս գոյութիւն ունին, որոնք կը կարծեն սեփական վէրքը ծածկելով վէրքին բուժում տուած կ՚ըլլան: Շատ անգամ այս մէկը մղուած կ՚ըլլայ սեփական գործունէութիւնը արդարացնելէն, որովհետեւ գործող ո՛չ մէկ ղեկավար կամ պաշտօնի վրայ գտնուող ո՛չ մէկ կուսակցական կ՚ուզէ ընդունիլ վիճակին անբարեյոյս ըլլալը:
Շահնուր թէ՛ այդ ժամանակ եւ թէ՛ այսօր շա՜տ բան ունէր եւ ունի ըսելիք. յիշե՛նք «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան հետեւեալ տողերը.
«Աղիքներու ճիչին տեղ դրեր ենք արցունքներ». աղիքներու ճիչը ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ պայքարն ու աշխատանքը, մինչ մենք պատմութեան ընթացքին՝ ինչպէս նաեւ այսօր պայքարելու փոխարէն կու լանք. մեր հայրենիքը մաս առ մաս կը տրուի օտարին. պայքարելու տեղ կը քննադատենք, կը գրենք, կու լանք ու կ՚արտասուենք:
«Պայքարին տեղ դրեր ենք կռուազանութիւն». օտարին դէմ պայքարելու, հայը հայու դէմ կը կռուի. իրար հալածելու, ոտնակոխելու եւ ոչնչացնելու մեր մէջի եռանդը եթէ ի գործ դնէինք մեր թշնամիներուն դէմ, այսօր Հայաստանի վիճակը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր եւ ուրիշ ըլլալ:
Այս բոլորէն ետք մեզի կը մնայ ընել երկու բան. կա՛մ շարունակել անհոգ ձեւով ապրիլ՝ ինչպէս կ՚ընեն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող հայերուն մեծամասնութիւնը եւ կա՛մ սրտցաւօրէն պայքարիլ ու մատնանշել մեր սեփական ախտերը՝ ուրիշին թշնամի եւ ատելի անձ մը դառնալու իսկ գնով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -34-
Առիթով մը հրաւիրուած էի ցեղասպանութեան նուիրուած դասախօսութեան մը: Նախքան իմ ելոյթիս բաժինը հասնիլը, մի քանի տաքարիւն հայեր (բոլորը կուսակցական) սկսան խօսիլ եւ ծայրայեղական կարծիքներ յայտնել:
Անոնցմէ մէկը յայտարարեց, որ պէտք է մեր զաւակներուն մէջ ոճ եւ վրէժի գաղափարը սերմանենք. աշխարհի մէջ ուր ալ ըլլան երբ այլազգի տեսնեն պէտք է բորբոքին ու պայքարին: Առաջարկեցին դասագիրքերուն մէջ փոքր տարիքէն սերմանել այդ թշնամութիւնը, իսկ ուրիշ մը խօսեցաւ Թուրքիա մեկնողներուն մասին՝ զանոնք դաւաճան նկատելով:
Երբ հասաւ ելոյթի պահս, նախքան նիւթի անցնիլս ծայրայեղականներուն յայտնեցի, թէ դասախօսութենէն երկու շաբաթներ առաջ Թուրքիա կը գտնուէի. բորբոքեցան:
Փորձեցի համոզել, որ ձեր բոլոր քայլերուն մէջ պէտք է նկատի ունենաք թրքահայեր, որոնք կամայ թէ ակամայ պարտաւոր են ապրիլ ու գործել Թուրքիոյ մէջ: Հեռուէն խօսիլ ու կարծիք տալը ի՜նչ դիւրին է մարդոց համար՝ երբ անձամբ ապրած չեն այն՝ որուն մասին կը խօսին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ