ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ՝ ԴԷՄՔԻՆ ՎՐԱՅ
Ժողովրդական իմաստութիւնը, ընդհանրապէս կարճ նախադասութեան մը մէջ կը խտացնէ կարգ մը ճշմարտութիւններ, որոնք կրնան հատորներու նիւթ դառնալ եւ երկար բացատրութիւններու առարկայ ըլլալ։ Եւ արդէն «իմաստութիւն»ը այն է՝ որ հակիրճ եւ հասկնալի կերպով կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը։
Այս իմաստուն խօսքերուն կարգին է՝ մէկու մը ընդհանուր նկարագիրը բացայայտելու համար ըսուած խօսքը, թէ՝ մարդուս դէմքը իր հոգիին հայելի՛ն է, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ մարդուս նկարագիրը յայտնի կ՚ըլլայ իր դէմքին արտայայտութենէն։
Նաեւ, ուրիշ առած մըն ալ կ՚ըսէ. մարդուս ամենէն յստակ այցետոմսը իր ճակտին վրայ քանդակուա՛ծ է։ Այս ալ կը նշանակէ, թէ մարդուս ճակատը արդէն կը յայտնէ՝ թէ ո՛վ է ան։
Լէօնարտօ տա Վինչի, իտալացի աշխարհահռչակ նկարիչը, իր գլուխ գործոցը նկատուող «Վերջին ընթրիք»ը նկարած է Միլանի վանքերէն մէկուն պատին վրայ՝ ուր կը մնայ մինչեւ այսօր, մեր օրերը։
Չորս դարերէ ի վեր հիացումի առարկայ է եղած Լէօնարտօ տա Վինչիի «Վերջին ընթրիք»ը՝ աշխարհի բոլոր արուեստագէտներուն եւ գեղարուեստներուն։
Այս հրաշալի՜ նկարին՝ գլուխ գործոցին հետ կապակցուած է շահեկան պատմութիւն մը՝ որ թերեւս ծանօթ է նաեւ ընթերցողներէն շատերուն։
Արուեստագէտը այս նկարին մէջ Յիսուսի պատկերը նկարելու ատեն «տիպար» մը փնտռեց, որ արտայայտէր Յիսուսի վեհ եւ աստուածային հոգին, եւ երկար ժամանակ փնտռելէ յետոյ, եկեղեցիի մը երգչախումբին մէջ գտաւ բարի եւ վերջին ծայր երկիւղած արտայայտութեամբ պատանի մը՝ Փիէթրօ Պանտինէլի անունով։ Եւ այս անմեղուկ եւ ամօթխած պատանին ծառայեց նկարիչին իբր նմանակ, տիպա՛ր։
Տա Վինչի տարիներով աշխատեցաւ եւ լրացուց «Վերջին ընթրիք»ին մէջ բոլոր աշակերտներուն դէմքերը, բացի Յուդայէն, որուն համար ալ փնտռեց նմանակ մը, տիպար մը՝ որ ունենար Յուդայի համար իր կազմած մտային նկարին ամբողջ արտայայտութի՛ւնը։
Եւ վերջապէս, Միլանի բանտերէն մէկուն մէջ գտաւ ողորմելի, եւ նոյնքան դժնատեսիլ բանտարկեալ մը՝ որ կատարելապէս կը յարմարէր իր նպատակին։
Նկարիչը երբ լրացուց իր աշխատութիւնը եւ աւարտեց նաեւ Յուդայի նկարը, այն ատեն մեծ զարմանքով հասկցաւ որ այդ թշուառ բանտարկեալը նոյն ինքն Փիէթրօ Պանտինէլին էր, որ իբր նմանակ, այսինքն որպէս օրինակ նստեր էր երբ Տա Վինչի կը նկարէր Յիսուսի դէմքը։ Անմեղ եւ երկիւղած դէմքով պատանին երաժշտութիւն ուսանելու համար Հռոմ գացեր էր, ուր վատ ընկերներու մէջ իյնալով, խմելու եւ ուրիշ մոլութիւններու գերի դարձեր, եւ հետզհետէ, աստիճանաբար վա՛ր գահավիժեր, եւ այդ անճանաչելի՜ բանտարկեալը եղեր էր։ Իր մոլութիւնները, հրեշտակի իր մաքուր դէմքը հրէշի մը պատկերին վերածեր էին։
Բոլորովին իրական այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մոլութիւնները, խոտորումները ի՛նչպէս կը փոխեն, կ՚աւրեն մաքուր դէմքը, եւ ցեխի մէջ թաթխուած հոգին ի՛նչպէս կը քանդակուի հոն։
Արդարեւ, ընդհանրապէս, յանցաւորներու՝ ոճրագործներու, քսակահատներու, գողերու դէմքերուն վրայ փորագրուած է անոնց ահազդեցիկ, կատաղի բնաւորութիւնը եւ անգութ նկարագիրը, եւ յափշտակելու եւ սպաննելու իրենց վարժութեան արդիւնք՝ վայրագ եւ գրեթէ անմարդկային արտայայտութի՛ւնը։
Եւ սակայն, այս երեւոյթին ճիշդ հակառակն ալ նո՛յնքան ճշմարիտ է։
Կարելի է տեսնել անձ մը, թերեւս առաջին անգամ, իր դէմքին վրայ ա՜յնքան հանդարտ, խաղաղ, բարի եւ զուարթ արտայայտութեամբ մը, որ անմիջապէս մարդ կը մտածէ. «ահա՛ մէկը, որ որեւէ չարութիւն խորհելու եւ գործելու հաւանականութիւնը չունի, մէկը՝ որ անմեղ է եւ անկարո՛ղ չարագործութեան», եւ այդ դատողութիւնը ընդհանրապէս ճիշդ է, եթէ անշուշտ այդ անձը կեղծ դիմակ կրելու վարժութիւնը չունի։ Դէմքը խաբէական ալ կրնայ ըլլալ երբեմն, երբ ենթական վարժ է այդ մասին։
Ուստի, մարդուս սրտին մէջ լայն տեղ գրաւող գութի, բարութեան, սիրոյ նման ազնիւ զգացումներ, կամ՝ բարկութեան, ատելութեան, յափշտակելու, սպաննելու, եւ կամ համայնքին եւ մարդկութեան օգնելու նման սեւեռուն գաղափարներ իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը կը դրոշմեն դէմքին վրայ, ասոնց շարունակական գործունէութիւնը դէմքին մկաններուն եւ ջիղերուն նոյնօրինակ կերպով պրկումին հետեւանքով որոշ արտայայտութիւններ կը կաղապարէ, կը փորագրէ, կը քանդակէ հոն։ Ասիկա բնախօսական եւ հոգեբանական օրէնքներու արդի՛ւնքն է։
Արդարեւ, զօրաւոր անհատականութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ եւ վեհ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսանձ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերու վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի եւ գեղեցիկ, եւ կամ տգեղ՝ դժնէ եւ ահաւո՛ր։
Զանազան կեդրոններ հաստատուած են «գեղեցկութեան սրահ»ներ, որ հետզհետէ կը տարածուին եւ սովորական կը դառնան, ուր զանազան միջոցներով դէմքերուն վրայ կը տրուին զանազան երեւոյթներ, որոնք «գեղեցկութիւն» կը կոչուին…։
Մինչեւ իսկ վիրաբուժական գործողութիւններ կը կատարուին՝ որոնց նպատա՛կն է դէմքը գեղեցկացնե՛լ։
Բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ փոխել մարդուն նկարագիրը եւ բնութիւնը։
Ո՛չ բնութիւնը, ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ իսկ ուրիշ որեւէ ազդակ կրնայ դէմքը ա՜յնքան տգեղցնել կոշտ խորշոմներով, բիրտ գիծերով կամ ուրիշ երեւոյթներով, որքան մարմնի, սրտի եւ հոգիի վատթար ունակութիւններ եւ մոլութիւններ։
Եւ ո՛չ մէկ «գեղեցկութեան սրահ» եւ կամ վիրաբուժական գործողութեան միջամտութիւն, ո՛չ մէկ արուեստ, գոյն կամ շպար կրնայ դէմքը ա՜յնքան գեղեցկացնել եւ ազ-նըւացնել, ո՛րքան բարի տրամադրութիւններու, ներքին խաղաղութեան, զմայլելի դիտումներու եւ ապրումներու, գեղեցիկ, ազնիւ եւ վեհ միտումներու արտայայտութիւնը, եւ հանդարտ եւ անխռով խղճի մը պարգեւած երանաւէտ գոհունակութիւնը։ Արդարեւ, ժպիտը՝ հանդարտ եւ մաքուր խղճի մը արտացոլացումն է, ինչպէս կ՚ըսէր Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան։
Այո՛, ժպիտը դէմքին վրայ, որ կը բխի բարի սրտի մը ալիքներէն, հրեշտակայի՜ն գեղեցկութիւն մը կը ցոլացնէ հոն։
Ահա՛, սիրելի՜ եւ ազնիւ բարեկամներ, գեղեցկութեան ձրի դեղագիր մը՝ զոր կը ձօն-ւի մասնաւորաբար այն դեռահաս եւ անփորձ երիտասարդներուն՝ որոնք կը սարսափին տգեղութենէ եւ տգեղնալու հաւանականութիւնը մղձաւա՛նջ մը եղած է իրենց։
Գեղեցկութեան գաղտնիքը մեր խղճին եւ սրտին մէ՛ջ է պահուած՝ եթէ անոնք գեղեցիկ են, ապա մեր դէմքերն ալ գեղեցի՛կ պիտի ըլլան։
Ուստի, նա՛խ «ներքին»ը գեղեցկացնենք, «արտաքին»ը արդէն ինքնաբերաբար պիտի գեղեցկանա՛յ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024