ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

«Կեանքը շատ անգութ դաստիարակ մըն է՝ նախ կը քննէ, յետոյ կը դասաւանդէ»։

ANDRE GIDE

Կեանքը՝ ո՛չ André Gide-ին ըսածին չափ անգութ, բայց տեւական դաստիարակող եւ շարունակ քննող, փորձող հմուտ ուսուցիչ մըն է։ Եւ մարդ միշտ աշակերտ մըն է հոն, մինչեւ կեանքին վերջը։ Այս իմաստով, կեանքը «դպրոց» մըն է՝ ուր դասաւանդութիւնը եւ քննութիւնները երբեք չե՛ն վերջանար եւ անոր աշակերտներն ալ ո՛չ դադար ունին եւ ո՛չ ալ արձակուրդ։ Արդարեւ, կեանքի ամէն փորձառութիւն, ամէն ապրուած պահ դասեր են մարդուն համար եւ յայտնի չէ, թէ ե՞րբ քննութեան պիտի ենթարկուին՝ թէ այդ դասերէն օգտուա՞ծ են, թէ ո՛չ։ Դասերը բաւական ծանր են, իսկ քննութիւնները դժուա՛ր։ Ուստի մարդ պէտք է լաւ պատրաստուի եւ լաւ օգտագործուի այդ դասերէն…։

Հիւանդութիւնը եւ տառապանքը մարդկային կեանքի մէջ, կեանքը փորձի ենթարկող ամենածանր հարցերէն եղած են միշտ։ Հիւանդութեան մէջ մարդը իր «անկատարութեան», իր «սահմանափակում»ներուն եւ իր «վախճանաւորութեան» փորձառութիւնը կ՚ապրի։ Եւ կը նմանի քննութեան ենթարկուած աշակերտի, որ ո՛րքան լաւ պատրաստուած ըլլայ, ա՛յնքան շատ կը յաջողի։ Եւ ինչպէս ամէն հիւանդութիւն մահուան հաւանականութիւնը ընդնշմարել կու տայ մարդուն, նո՛յնպէս ամէն քննութիւն ալ ձախողութեան կարելիութիւնը խորհիլ կու տայ քննութեան ենթարկուած աշակերտին։

Արդարեւ, մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահա՛նջք մը անոր բնութեան։ Փոխանակութեամբ ուրիշին հետ, փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու, իրերօգնութեամբ եւ երկխօսութեամբ իր նմաններուն՝ իր եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։ Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու, եւ սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային-հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն։

Հաւաքական կեանքը, այս իմաստով, կախում ունի անհատական-անձնական կեանքէն։ Եւ ուրեմն, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի կեանքի դասընթացքներուն եւ լա՛ւ պատրաստուի անոր քննութիւններուն-փորձութիւններուն, որպէսզի երջանիկ ըլլայ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքապէս։ Քանի որ երջանկութիւնը կախում ունի կեանքի փորձութիւններու մէջ ձեռք ձգուելիք յաջողութիւններէն։

Կեանքի մէջ յաջողիլ՝ կը նշանակէ  կեանքը լա՛ւ ապրիլ՝ գոյապահպանել եւ գոյատեւել։

Բարոյական օրէնքը գործն է աստուածային Իմաստութեան։ Սուրբգրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ «հայրական ուսուցում», «Աստուծոյ դաստիարակութիւն»։ Ան կը պատկերագրէ մարդուն ուղիները եւ կենցաղի կանոնները, որոնք կը տանին դէպի «խոստացուած երանութիւն»ը, ան կ՚արգիլէ Աստուծմէ եւ Անոր սէրէն հեռացնող չարին ճամբաները։ Ան միանգամայն խի՛ստ է իր պատուէրներուն մէջ եւ սիրալիր իր խոստումներուն մէջ։ Աստուծոյ այս դաստիարակումը կը յայտնուի յատկապէս Օրէնքին պարգեւին մէջ (ԵԼՔ. ԺԹ-Ի), (Բ ՕՐ. Ա, ԺԱ 29-30)։ Օրէնքը իբր «դաստիարակ» տրուեցաւ՝ առաջնորդելու համար ժողովուրդը դէպի Քրիստոս։ Բայց աստուածային «նմանութենէն» զրկուած մարդը փրկելու մէջ օրէնքին անզօրութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղքին մասին անոր տրուած յաւելեալ գիտակցութիւնը Սուրբ Հոգիին բաղձանքը կը հրահրեն. վկայ՝ Սաղմոսներուն հեծեծանքները։

Եւ կեանքը զգլխիչ արագութիւն մը զգեցած է այսօր, մէկ օրէն միւսը զարմանքով կը նշմարուին յեղաշրջումներ՝ գաղափարներու, վարք եւ բարքերու մէջ, որոնք դժբախտաբար պատուոյ եւ խղճի ազնիւ զգացումները կը բթացնեն մարդոց մէջ ընդհանրապէս։ Ո՜ւր մնացին արդեօք երբեմնի առհաւական՝ նախնիներէ մնացած բարք եւ սովորութիւնները, քաղցրաբոյր առաքինութիւնները… արդեօք, մենք «տարեց»նե՞րս կը սխալինք այսպէս տրամաբանելով, այսպէս մտածելով։ Հաւանաբար ո՛չ։

Անծանօթ «երկինք»ներէ ներածուած օտարամուտ եւ խորթ հոգեբանութիւններ, տեսութիւններ, համոզումներ, հաճոյքներ եւ մոլութիւններ, մէկ օրէն միւսը կը կապկպուին, եւ սերունդներ կը վատասերին հետզհետէ։ Այո, ճիշդ է որ ամէն ինչ կը փոխուի, բնական է ասիկա եւ հասկնալի, բայց այդ փոփոխութիւնները պէտք չէ՛ փոխեն էականը, հիմնականը եւ իսկականը։ Նախնիներէ աւանդուած կարգ մը արժէքներ պէտք է յարգուին՝ առողջ ապագայի մը համար, ազնիւ եւ առաքինի, նոյնքան բարոյապէս առո՛ղջ սերունդի մը համար։ Չենք ըսեր կառչիլ եւ մնալ անցեալին վրայ, բայց օգտուիլ անցեալի դասերէն, օգտակարութիւններէն, մեր ըսածը ա՛յս է ահաւասիկ…։

Ա՛յս է կեանքի դասերէն, դաստիարակութենէն օգտուելու կերպը, այս է կեանքի քննութիւններուն եւ փորձութիւններու մէջ յաջողելու ճամբան։

Ասոնց առընթեր, միջավայրի ազդեցութիւններ եւս դժբախտաբար շուտ կ՚առինքնեն դեռահաս սերունդը։ Ամէն տեսակ մոլութիւններ եւ նեխած բարոյականութիւն կը ներկայանան դժբախտաբար «անմեղ զբօսանք»ի դիմակին ներքեւ։

Ահա, կեանքի դաստիարակութենէն զուրկ միջավայրի մը ներկայացուցած տեսարանը. ահա մերկապարանոց իրականութիւնը, որու ի տես լռութիւնը՝ «ոճի՛ր» պիտի համարուէր։ Եւ սերունդներ իրենք իսկ պիտի չուզէին այսպէս փճանալ եւ կորսուիլ՝ անշահ, անօգուտ եւ անտեսուած…։

Ուստի պէտք ունինք հետեւելու կեանքի դասընթացքներուն, սորվիլ, կեանքի դասերը լա՛ւ պատրաստել, կեանքի իմաստուն դաստիարակին հաւատարիմ ուսանողները ըլլալ եւ կեանքի դաստիարակին քննութիւններուն մէջ յաջողիլ։ Բայց գիտնալ նաեւ որ ամէն յաջողութիւն՝ յաջորդ յաջողութեան մը նախապատրաստութիւնն է՝ քանի որ կեանքի դասընթացքը երբեք չի՛ վերջանար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 1, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020