ԻՆՉՈ՞Ւ ԾՆԵՐ ԵՆ ԱՍՈՆՔ…

«…կը գնան անոնք, երջանիկ քաղաքին մէջէն, ուրուականներու պէս, իրենց հոգին սեւ տարակոյսի մը մէջ թաթխուած, եւ իրենց աչուըներուն կոպիճին մէջ անհուն ցաւ մը թխմուած»:

Այսպէս կը նկարագրէր Վահան Մալէզեան իր քաղաքին մէջ ապրող կոյր մարդիկը, սակայն անոր այս նկարագրութեան մէջ, այսօր մենք մեր հայ ժողովուրդին վիճակն է որ կը տեսնենք. կը տեսնենք արցախահայութիւնը, որ կ՚ապրի այն գաղթականի վիճակը՝ որ դարեր առաջ ապրած էին իրենց նախահայրերն ու ազգը ամբողջ:

Տեսնելով այդ խեղճերուն վիճակը Մալէզեան տագնապով մը հարց կու տայ.- «Ինչո՞ւ ծներ են ասոնք»:

Մալէզեանի ունեցած նոյն տագնապով, այսօր մենք հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ համար ծնած է հայ ազգը ամբողջ՝ եթէ անոր վիճակուած պիտի ըլլար անդադար տառապիլ ու տագնապիլ: Մալէզեան կոյրերը տեսնելով կը գրէր հետեւեալը՝ ինչ որ մենք նոյնութեամբ արցախահայ գաղթական հայերուն համար գրուած կը նկատենք.

«Ամէն մէկ քայլիդ կը հանդիպիս այդ խաւարի ուղեւորներուն: Դէպի ո՞ւր կ՚երթան: Օ՜, տխուր է ատիկա: Պատկառելի ծերեր, նահապետի ժեսթերով, ամբոխին մէջէն եռուզեռ, կը փնտռեն՝ ուղեկորոյս՝ գերեզմանին ճամբան: Իսկ փոքրիկները, ճղճիմ ծաղրանքը անվերջ անհուն գիշերուն մը»:

Արցախի կորուստին պատճառած ցաւը, միւս կողմէ անտուն ու անօթեւան գաղթականներու անմխիթար վիճակը շնչահեղձ կ՚ընէ մեզ։ Բազմահազար հայորդիներ կ՚երթան՝ առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր. կ՚երթան՝ իրենց ետին ձգելով ամբողջ կեանք մը. ձգելով տուն ու դպրոց, եկեղեցի ու գերեզմաններ. կ՚երթան՝ ունենալով այն գիտակցութիւնը, որ գուցէ ցմահ չվերադառնան: Այդ գաղթականները շուարած են. կորսուող անցեալի մը համա՞ր ողբան, իրենց ներկայ անյստակ վիճակը աղաղկեն՝ թէ ամպամած ու մշուշոտ ապագային լան:

Գուցէ տակաւին մի քանի տասնեակ անգամ պէտք է ազգովի տառապինք, որպէսզի հասկնանք, որ նման պարագաներու ողբալու, բողոքելու եւ իրարու հանդէպ թշնամական կռիւներով տարուելու փոխարէն պէտք է գործել, գործել ու գործել։ Արցախահայութեան գաղթականի վիճակը ո՛չ միայն Հայաստանի պետութեան, այլ իւրաքանչիւր հայու համար պարտի մտահոգութեան առարկայ դառնալ. այսօր ո՛չ միայն արցախահայութիւնը, այլ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ինքզինք տնազուրկ ու անտուն զգայ ու նկատէ, որովհետեւ հայրենիքի կորուստը միայն բնակիչներուն յատուկ ցաւ մը չէ (թէեւ մենք չենք կրնար իրապէս զգալ այդ բոլորը, ինչ որ իրենք կը զգան), այլ համահայկական տագնապ մըն է:

Մի քանի օրեր առաջ բազմահազար հայեր Հայաստանի հրապարակին վրայ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյց կը կատարէին (ներկայ իշխանութիւններու աշխատելաձեւը, մանաւանդ դիւանագիտական գետնի վրայ ունեցած անկարողութիւնները), սակայն այդ ցուցարարներէն քանի՞ն գործնապէս մտածեց, թէ ինչ ձեւով կրնայ օգտակար դառնալ անտուն եւ անօթեւան արցախահայութեան. բողոքի ցոյցի ժամանակ երանի՜ թէ անոնցմէ մին շրջէր եւ իւրաքանչիւրին յայտնէր, թէ արցախահայութեան օգնելու համար իւրաքանչիւրէն 10 հազարական դրամ պիտի հաւաքուի. արդեօք անոնցմէ քանի՞ն պիտի ընդառաջէր այդ առաջարկին:

Հայուն մեծագոյն սխալը՝ դարերու ընթացքին եղած է այդ մէկը. մենք ակնկալած ենք՝ առանց մտածելու, թէ մենք ի՛նչ կրնանք ընել: Աշխարհի մէջ կարելի չէ գտնել աւելի պահանջկոտ ազգ մը՝ քան հայութիւնը: Այսօր բոլոր կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները, արուեստագէտներն ու մշակութային գործիչները իրենց կարելին ի գործ պարտին դնել։ Հանդիսութիւններու եւ կամ այլ նպատակներով հաւաքուած գումարները տրամադրեն արցախահայութեան բարօրութեան համար, որպէսզի մեր արենակիցները նման դժուարին պայքարին մէջ լքուած ու առանձին չզգան:

Կաթողիկոսները իրենց աղօթքներուն կողքին նիւթապէս շատ աւելի օգտակար կրնան դառնալ այդ հայութեան. կուսակցութիւնները քննադատելու եւ ցոյցեր կազմակերպելու փոխարէն իրենց ժողովուրդէն ստացած հարստութիւնները նոյն ժողովուրդին վերադարձնելով աւելի օգտակար կը դառնան: Մի քանի շաբաթներ առաջ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութեան համար կուսակցութիւններ իրենց թեկնածուին համար ահռելի դրամներ մսխեցին. ընտրութեան պայքարին համար ծախսուած գումարները եթէ հաւաքէին, վստահ եղէք քանի՜ անօթեւան ընտանիքներ այսօր այդ վիճակին մէջ չէին ըլլար:

Աւելի քան երեսուն տարի մեծամեծ գումարներ ծախսեց Հայաստանի պետութիւնն ու սփիւռքը՝ Արցախի շինարարութեան համար ու այսօր այդ բոլոր շինութիւնները՝ ամբողջութեամբ կը յանձնուի հակառակորդին: Հիմա առանց յուսահատութեան պէտք է նոյն կերպով նոր կեանք մը ստեղծել արցախահայութեան համար, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը պոռալէն եւ բողոքի ցոյց ընելէն աւելի վեր բան մը կը պահանջէ:

Եթէ աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած գաղթականութեան ժամանակ նիւթականը մեծ հարց մըն էր, ապա այս օրերուն այդ մէկը որպէս հարց չենք տեսներ. այսօր մեր պետութեան ունեցած հարստութենէն աւելի հարստութիւն ունեցող հայեր ունինք աշխարհի երեսին: Տակաւին տարի մը առաջ յիշեցինք, թէ ինչպէս երկու ամերիկահայ իրենց ունեցուածքը Հայաստանի օգուտին գործածելու փոխարէն կը նուիրէին Ամերիկայի արդէն իսկ հարուստ համալսարաններէն մէկուն՝ նուիրաբերելով 100 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Թող այդ հայերն ու անոնց նմանները այօսր իրենց կարողութիւնը յօգուտ հայրենիքին գործի դնեն, որպէսզի մի քանի տասնեամեակներ ետք հայրենիքի կորուստը տեսնելով անիմաստ քննադատութիւններով չզբաղին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -357-

Շատերու համար գումար աշխատելու լաւագոյն ձեւը ուրիշին օգնելն է:

Տարիներ առաջ ընկերներէս մին գալով իր նոր դրամ աշխատելու ձեւը ներկայացուց:

-Ամերիկա ապրող երկու հայերէ գումար խնդրեցի՝ արցախահայերուն օգնելու համար: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ղրկեց չորսհարիւր տոլար. ետքը անոնցմէ մէկուն ղրկած դրամով առեւտուր կատարեցի եւ օգնութիւն կատարած ժամանակ նկարներ ու տեսանիւթեր տեղադրեցի, յայտնելով, որ ամերիկահայու մը կողմէ կատարուած օգնութիւն մըն է. ետքը նկարներն ու տեսանիւթերը ղրկեցի երկուքին. իւրաքանչիւրը կարծեց, թէ իր գումարով կատարուած է օգնութիւնը: Վերջաւորութեան մէկուն չորս հարիւր տոլարը մնաց մօտս:

Գուցէ աշխարհի մէջ կատարուած բոլոր օժանդակութիւնները այդպէս են, որովհետեւ չես գիտեր ինչպէս բարեգործական հիմնարկները կը հարստանան, սակայն ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ աղքատ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023