ՍԵՌԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈ՞Ր

Վերջերս բարեկամ մը խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ կամաց-կամաց կ՚ուզեն աւելցնել սեռային յարաբերութեան մասին դասընթացքներ (Sex Education), որպէսզի հասակ առնող մանուկ-պատանին աւելի տեղեկացուած ու գիտակից մօտեցում ունենայ սեռական կեանքին հանդէպ՝ ճանչնալով իր անձն ու իր մարմնի կազմութիւնը:

Այս յայտնութենէն ետք միշտ հետեւեալ հարցումը տուի ես ինծի. պէ՞տք է նման ուսուցում փոխանցուի պատանիներուն՝ թէ ոչ: Հաւանաբար շատեր ըսեն, որ այսօր աշխարհը փոխուած է եւ արդէն իսկ մանուկ-պատանին գրեթէ տեղեակ է ամէն բանի մասին, հետեւաբար նման ուսուցում մը պարզապէս կրնայ կանխել համացանցի ճամբով ստանալիք անոնց սխալ ուսուցումը: Անդին, վստահաբար, պիտի գտնուին ուրիշներ, որոնք ամբողջութեամբ տրտնջան ու բողոքեն նման գաղափարի մը դէմ, համոզուելով, թէ այդ քայլը պիտի խոտորեցնէ հասակ առնող նոր սերունդը:

Ներկայ ընկերութեան մէջ ծնողներու դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններէն մէկն է իրենց զաւակներուն փոխանցել այդ տարրական գիտութիւնները, որոնք կապուած են իրենց մարմնական կազմուածքին: Չկարծենք, որ ծնողներ պարտաւոր են միա՛յն իրենց աղջիկ զաւակներուն փոխանցել մանրամասնութիւններ ու տեղեկութիւններ կամքէ անկախ պատահելիք բնական երեւոյթներուն մասին. նոյնքա՛ն պարտին բացատրութիւններ փոխանցել նաեւ իրենց մանչերուն: Շատ մը ծնողներ աւելորդ կը նկատեն այդ բոլորը, սակայն կեանքը կը փաստէ, որ տարրական երեւոյթներու չգիտութիւնը շատ անգամ հսկայական հոգեկան բարդոյթներ կը ստեղծեն պատանիին մօտ:

Վերջերս կը կարդամ 1871 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած Արմենակ Հայկունիի (Համբարձում Ճիզմէճեան) «Գերեզմանք երիտասարդաց կամ տռփական հիւանդութիւնք» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը գրէ. «Ես կը զարմանամ այն անձանց վրայ, որք կը պարծենան թէ իւրեանց աղջիկները լիովին անտեղեակ են՝ ամուսնութեան նկատմամբ տեղի ունենալիք իրողութեանց եւ ծննդական գործարաններու վրայ. եւ շիտակը չեմ քաշուիր հարցնելու թէ, ինչո՞ւ իրենց աղջիկները տեղեկութիւն ունին ստամոքսի, բերնի, աչքի եւ անոնց ըրած գործողութիւններուն վրայ, միթէ կա՞յ այնպիսի պատճառ մը՝ որ աղջիկները իրենց կազմութեան մէկ մասը ուսանելու եւ ուրիշ մաս մը չուսանելու ստիպէ...»: Գիրքը հրատարակուած է մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ, ժամանակաշրջանի մը՝ որ սեռական կեանքի մասին ուսուցողական բառ մը անգամ արտասանելը գեհենի կրակին արժանանալու համազօր էր: Արմենակ Հայկունի այդ թուականներուն կ՚արտայայտէ իր ազատամիտ կեցուածքը սեռական կեանքի ուսուցման դէմ, իր գրած «առաջաբան»ին մէջ ըսելով, որ «անշուշտ շատ անձինք կան դեռ՝ որ մեր վերոգրեալ խօսքերը կը դատապարտեն»:

Պէտք է յստակ տարբերութիւն դնել սեռային կեանքի մասին տրուած ուսուցողական գիտելիքներուն եւ անբարոյականութեան ուսուցման միջեւ, որովհետեւ դժբախտաբար կան մարդիկ, որոնք ունին այն կարծիքը, թէ սեռական կեանքի մասին գիտութեան ճամբով անբարոյականութեան գովազդ կը կատարուի:

Ընդունինք թէ ոչ, ուսուցողութիւնը անհրաժեշտ է մանուկ-պատանիին համար, որովհետեւ ինչքան ալ բնական տեսք տանք երեւոյթներուն, որոշ տարիքի մը համար շատ զգայուն ու կարեւոր պէտք մըն է: Այս նիւթի կարեւորութիւն պարզելու համար յայտնեմ հետեւեալ տեղեկութիւնները: Մեր թուականէն երկու տարիներ առաջ՝ 2019-ին քենիացի 14 ամեայ աղջնակ մը ինքնասպան կը դառնայ դասարանին մէջ իր ունեցած առաջին դաշտանին առթած ամօթին պատճառով, մանաւանդ երբ ուսուցիչը միւս աշակերտներուն դիմաց զինք կը կոչէ «աղտոտ»: Նոյն ամօթի պատճառով Հնդկաստանի մէջ 12 տարեկան աղջնակ մը նոյնպէս դարձած է ինքնասպան՝ 2017 թուականին: Անդին բազմաթիւ են հոգեկան ու զգացական տագնապներ ապրողները:

Ըստ հոգեբաններու, սեռային կեանքի մասին տրուած ուսուցումները կ՚օգնեն մանուկ-պատանիին կանխելու ապագայի մէջ տեղի ունենալիք սեռական կեանքի չգիտութեան պատճառով տեղի ունեցող սխալներն ու անոնց առթած հետեւանքները: Ծնողներ կը կարծեն տարրական գիտութիւնները պահելով կը յաջողին իրենց զաւակները «մաքուր» պահել ու իրենք զիրենք կը մխիթարեն իրենց աղջկան ունեցած տգիտութիւնով: Ու քիչ չեն անոնք, որոնք կը հպարտանան ըսելով «իմ աղջիկս այդպիսի բաներ չի գիտեր»:

Ուսուցումը կարեւոր է, որովհետեւ եթէ մենք մեր զաւակներուն ճիշդը չսորվեցնենք՝ անոնք կրնան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով սխալը սորվիլ: Արմենակ Հայկունի 150 տարիներ առաջ գիտէ՞ք ինչ գրած է. «Թող ծնողք արգիլեն իրենց աղջիկները ճշմարիտ աղբիւրներու դիմելէ. սակայն թող միշտ ալ վստահ լինին որ նոքա վտանգաւոր աղբիւրներու պիտի դիմեն»։ Հեղինակը առանց համացանցը տեսած ըլլալու, անոր մասին կարծիք կամ գաղափար ունենալու գրած է այս տողերը... մտածեցէ՛ք հիմա, երբ ամէ՛ն մանուկ-պատանիի ձեռքը համացանց կոչուած «բարիք-չարիք»ը կայ, որքա՞ն աւելիով սխալ ուսուցումները կրնան բոյն դնել անոնց միտքերուն մէջ:

Պէտք է լուրջ աշխատանք տարուի, ամենալաւ ու առողջ ձեւով դաստիարակելու ապագայ սերունդը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄՈՒՇԵՂ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

(1870-1945)

Մեր թուականէն 151 տարիներ առաջ՝ 2 նոյեմբեր 1870-ին Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղին մէջ ծնած է երգիծաբան, լրագրող, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Մուշեղ Բագրատունի:

Բագրատունի իր նախնական կրթութիւնը սկսած է ստանալ ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ, սակայն շատ ժամանակ չանցած ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Շամախ, ուր որպէս աշակերտ ընդունուած է տեղի քառամեայ դպրոցը: Դժբախտաբար Բագրատունի Շամախի դպրոցը եւս չի կրնար շարունակել. կը մահանայ անոր հայրը՝ անխնամ ձգելով վեց երեխայ, որոնց աւագն էր Մուշեղ: Երգիծաբանը դուրս գալով դպրոցէն յանձն առած է անոնց խնամքը՝ սկսելով զբաղուիլ ժամագործութեամբ:

Որոշ ժամանակ ետք Բագրատունի իր ընտանիքի անդամներուն հետ տեղափոխուած է Երեւան, ուր սկսած է զբաղիլ յեղափոխական գործունէութեամբ, մաս կազմելով Հնչակեան կուսակցութեան, որուն պատճառով 1904 թուականին ձերբակալուելով բանտարկուած է մինչեւ 1905 թուականը՝ արգիլուած գրականութիւն տարածելու պատրուակով: Բագրատունի դուրս գալով Հնչակեան կուսակցութեան շարքերէն, 1905-ին մաս կազմած է Պոլշեւիկեան կուսակցութեան եւ տարի մը ետք՝ 1906 թուականին ընտրուած է Երեւանի կոմիտէի անդամ, միաժամանակ աշխատակցած է Պաքուի եւ Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Կայծ», «Նոր Խօսք» եւ «Օրեր» թերթերուն: Բազրատունի իր գրութիւնները հրատարակած է «Նար», «Նարեմեան», «Մէ-Բունի», «Մար-Տօ», «Կար-Դան», «Ջաննիկ», «Փալադուզ Մկօ», «Անցւորական» եւ «Լուկուլլոս» գրչանուններով: Բագրատունի 1911 թուականի նոյեմբերին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Կռան» հասարակական, տնտեսական, գրական եւ գեղարուեստական շաբաթաթերթը, որ իր տեսակին մէջ Երեւանի առաջին երգիծական թերթն էր (հրատարակուած է մինչեւ 1912 թուականը): Տարի մը ետք սկսած է հրատարակել «Նոր Մամուլ»ը, որ շարունակութիւնն էր առաջին «Կռան» թերթին: Զանազան յօդուածներով աշխատակցած է նաեւ «Պայքար», «Խօսք» եւ «Պահակ», «Մոծակ», «Աշխատանք», «Մաճկալ» եւ «Խորհրդային Հայաստան» պարբերականներուն:

Հրապարակախօսը 1920 թուականին դարձեալ ձերբակալուելով աքսորուած է Բաշ-Գառնի, ուրկէ անցած է Պարսկաստան եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք վերադարձած է Հայաստան: Բագրատունիի երգիծական պատմուածքներու ժողովածուն՝ «Կրօնի թոյնը» հրատարակուած է 1930 թուականին. հրատարակած է նաեւ «Շնագայլերը» անունով վէպ մը: Համօ Բեկնազարեանը, 1926 թուականին նկարահանած է Բագրատունիի «Շորն ու շորշորը» գրութեան ժապաւէնը:

Մուշեղ Բագրատունիի մահուան թուականը անյայտ է. 15 նոյեմբեր 1937-ին ձերբակալուած է եւ մինչեւ անյայտ թուականի մը գնդակահարուած. զաւակները մահուան ծանուցագիրը ստացած են 1945-ին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021