ՀՐԱՇՔՆԵՐ՝ ՈՐ ՅԱՃԱԽ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ

Գերման մշակոյթի ռահվիրաներէն, անուանի Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն ԿԷՕԹԷ կ՚ըսէ, թէ հրաշքները բնութեան օրէնքներուն բացառութիւն ներկայացնող երեւոյթներ են։

Իսկ ֆրանսացի Ֆրանսուա Մառի Առուէ ՎՈԼԹԷՐ. «Կեանքը ամբողջ արդէն հրա՛շք մըն է ինքնին», կ՚ըսէ։

Իրականին, հրաշքը մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ պատահող գերբնական երեւոյթ մըն է, որուն մարդիկ չեն անդրադառնար, երբեմն «բախտ», երբեմն «ճակատագիր», երբեմն «ըլլալիքը կար՝ եղա՛ւ», կ՚ըսեն եւ քիչեր կ՚անդրադառնան, թէ այդ պատահածը՝ «հրա՛շք» մըն է, եւ տնօրինուած իրողութիւն մըն է ամենախնամ Աստուծոյ կողմէ։ Արդարեւ, Աստուած հրաշքներ միշտ կը կատարէ, որպէսզի Ինքզինք յայտնէ, եւ մարդիկ անդրադառնան ճշմարտութեան՝ բարիին եւ սիրոյ գոյութեան։ Այսուհանդերձ, մարդիկ, տարուած աշխարհային կեանքի առօրեայէն, յաճախ կ՚անտեսեն ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը «անծանօթ» եւ «հեռու» Աստուծմէ…։

Արդարեւ, Յիսուսի կատարած նշանները՝ որոնք կը ներկայանան ընդհանրապէս որպէս «հրաշք», կը հաւաստիացնեն, թէ Հայրը առաքեց զԻնք. (ՅՈՎՀ. Ե 36, Ժ 25)։ Անոնք կը հրաւիրեն հաւատալո՛ւ Յիսուսին. (ՅՈՎՀ. Ժ 38)։ Ան «հաւատքո՛վ» իրեն դիմողներուն խնդրանքը կը կատարէ. (ՄԱՐԿ. Ե 25-34, Ժ 52…)։

Հրաշքներն ալ իրենց հերթին կը զօրացնեն հաւատքը դէպի Ան, որ Իր Հօր գործերը կը կատարէ. հրաշքները կը վկայեն, թէ Ինք Աստուծոյ Որդին է։ Բայց անոնք կրնան նաեւ առիթ տալ սայթաքումի. (ՅՈՎՀ. Ժ 31-38)։ Անոնք չեն եղած գոհացում տալու սին, պարապ հետաքրքրութեան եւ մոգական, կախարդական ցանկութիւններու։

Հակառակ իր գործած ա՜յնքան բացայայտ հրաշքներուն, կան մարդիկ որ Յիսուսը կը մերժեն, կ՚ուրանան, եւ նոյնիսկ կ՚ամբաստանեն թէ «դեւերու միջոցաւ հրաշք կը գործէ». (ՄԱՐԿ. Գ 22)։ Յիսուս մեսիական «նախանշան»ներ, լայն առումով՝ հրաշքներ կատարեց մարդոցմէ ոմանք անօթութեան, անարդարութեան, հիւանդութեան եւ մինչեւ իսկ մահուան երկրային չարիքներէն ազատելով։ Ան սակայն չեկաւ այս աշխարհէն ամէն չարիք վերցնելու. (ՂՈՒԿ. ԺԲ 13-14), (ՅՈՎՀ. ԺԸ 36) եւ բացայայտ կերպով ըսաւ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ան եկաւ մարդը ազատագրելու ամենածանր ստրկութենէն, որն է՝ մեղքին ստրկութիւնը։

Մեղքին ստրկութիւնը մարդը կը կաշկանդէ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իր կոչումին մէջ եւ կը պատճառէ մարդկային ամէն տեսակ ստրկացում։

Այսօր շատեր կ՚ըսեն, թէ իրենց ապրած ներկայ ժամանակներուն հրաշքներ չեն պատահիր։ Յիսուս իր երկրային կեանքին մէջ իր աստուածային բնութեամբ շա՜տ հրաշք գործեց, որուն կը հաւատանք. եւ Յիսուս կ՚ապրի, Ան միշտ կենդանի՛ է եւ մեր մէջ, մեզի հետ, եւ ուրեմն այսօր եւս, մեր առօրեային մէջ ինչո՞ւ հրաշքներ չգործէ. արդարեւ կը գործէ հրաշք, բայց մենք չենք անդրադառնար այն հրաշալի՜ երեւոյթներուն, եւ «բախտ» կ՚ըսենք, «բախտաւոր» կը նկատենք մենքզմեզ պատահած անակնկալ բարիքներուն համար եւ չենք տեսներ, չենք իմանար որ անոնք կատարուած են Յիսուսի ձեռքով։ Առանց գործի հաւատը «հաւատ» չէ՝ «կը հաւատամ» ըսել, եւ այսօր եւս Յիսուսի հրաշքներոն չհաւատալ եւ անոնք տարբեր որակումներով յիշել. սոսկալի հակասութիւն մըն է՝ հակառակ բանականութեան, հակառակ հաւատի եւ ճշմարտութեա՛ն։ Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, անտարակոյս, այսօր ալ, ապագային ալ կը պատահին եւ պիտի պատահին մեր կեանքերու մէջ, քանի որ Յիսուս միշտ նո՛յնն է, միշտ ապրող, միշտ կենդանի՛…։

Զոր օրինակ, հացերու բազմացումին հրաշքները, որոնց ընթացքին Տէրը հացերը օրհնեց, բեկանեց եւ Իր առաքեալներուն միջոցաւ բաշխեց բազմութեան որ ուտեն, նախապատկերն էին Իր Հաղորդութեան միակ հացին բազմաճոխութեան. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 13-21, ԺԵ 32-39)։ Եւ այսօր, Սուրբ Պատարագին երբ կը հաղորդուինք, ատիկա «հրաշք» մը չէ՞, որ կը միանանք Տէր Յիսուսի կենդանի Մարմինին…։

Եւ դարձեալ, Կանայի գինիի փոխուած ջուրին հրաշքը. (ՅՈՎՀ. Բ 11) արդէն իսկ կ՚աւետէ Յիսուսի փառաւորումին ժամը։ Կը յայտնէ հարսանեկան ընթրիքին իրագործումը Հօր Արքայութեան մէջ, ուր հաւատացեալները պիտի ըմպեն. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 25) Քրիստոսի Արեան փոխուած «նոր գինի»ն։

Հաղորդութիւնը եւ Խաչը՝ քար գայթակղութեան են։ Անոնք նոյն խորհուրդն են, որ կը շարունակէ «բաժանում»ի առիթ ըլլալ։ «Դո՞ւք ալ կ՚ուզէք մեկնիլ». (ՅՈՎՀ. Զ 67), Տիրոջ այս հարցումը կ՚արձագանգէ դարէ՜ դար՝ իբր «հրաւէր» մը Անոր սէրը փնտռելու, գիտնալու թէ Ի՛նք միայն ունի «յաւիտենական կեանքի խօսքերը». (ՅՈՎՀ. Զ 68) եւ թէ Իր Հաղորդութեան պարգեւը հաւատքով ընդունողը՝ զԻնք կ՚ընդունի։

Յիսուսի գործող շարժուձեւերուն, հրաշքներուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն՝ բացայայտուեցաւ, թէ «Անոր մէջ մարմինով կը բնակի ամբողջ լիութիւնը աստուածութեան». (ԿՈՂ. Բ 9)։ Այսպէս՝ Անոր մարդկայնութիւնը կը յայտնուի իբր «սուրբ խորհուրդ»ը, այսինքն՝ Անոր Աստուածութեան եւ բերած փրկութեան նշանը եւ գործիքը։ Անոր երկրաւոր կեանքին մէջ ի՛նչ որ տեսանելի էր, առաջնորդեց դէպի անտեսանելի խորհուրդը Անոր աստուածային որդեծնութեան եւ փրկչական առաքելութեան։

Չերկմտի՛նք, չվարանի՛նք, չտարակուսի՛նք սիրելի՜ներ. Յիսուս կենդանի է եւ կ՚ապրի, եւ ուրեմն այս ամուր եւ անշեղ հաւատով դիտենք մեր շուրջը եւ մեր մէջ պատահած անակնկալ պատահարներուն, անոնք Յիսուսի ձեռքով կատարուած հրաշքներ են, որովհետեւ Յիսուս կը շարունակէ գործել…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 27 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022