ԿԵԱՆՔԸ ՈՒՆԻ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք սի­րե­լի­ներ, ո՜ր­քան ա­նի­մաստ եւ ն՛ոյն­քան ան­տա­նե­լի եւ յու­սա­հա­տա­կան պի­տի ըլ­լար կեան­քը՝ ե­թէ նպա­տակ մը չու­նե­նար։ Ար­դա­րեւ ա­մէն օր որ կ՚ապ­րինք, կը ծա­ռա­յենք նպա­տա­կի մը՝ հոգ չէ թէ չանդ­րա­դառ­նանք ա­նոր եւ ան­գի­տակ­ցօ­րէն զբա­ղինք մեր ա­ռօ­րեայ գոր­ծե­րով։

Ուս­տի նպա­տակն է, որ մարդս կ՚աշ­խու­ժաց­նէ, կը քա­ջա­լե­րէ եւ կը խրա­խու­սէ։ Պահ մը ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, անն­պա­տակ օր մը ո՜ր­քան ան­տա­նե­լի կ՚ըլ­լայ՝ կար­ծես ժա­մե­րը ան­շարժ, պա­հե­րը ա­մուլ եւ ա­նի­մաստ, մէկ խօս­քով կեան­քը դադ­րած, կանգ ա­ռած կ՚ե­րե­ւի եւ կար­ծես հա­սած է վախ­ճա­նը՝ վեր­ջա­ցած է ա­մէն գոր­ծու­նէու­թիւն, ա­մէն կեն­դա­նու­թիւն եւ ապ­րում։ Ամ­լու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով ա­մե­նէն ան­տա­նե­լի տան­ջանք­նե­րէն մին է մար­դուս հա­մար։

Ան­շուշտ որ կեան­քի մէջ կա­րե­լի է դի­մա­ւո­րուիլ զա­նա­զան նե­ղու­թիւն­նե­րու հետ, դժուա­րու­թիւն­ներ պատ­ճառ ըլ­լան յու­սա­հա­տու­թիւն­նե­րու, դժգո­հու­թիւն­նե­րու, եւ մարդ պահ մը յու­սալ­քուի, հե­ռա­նալ ու­զէ կեան­քի ա­ռօ­րեա­յէն եւ փա­փա­քի ա­ռան­ձին մնալ՝ մե­կու­սա­նալ, մէկ կողմ քա­շուիլ։ Եր­բեմն մարդ կը յոգ­նի բա­րե­կամ­նե­րէ, բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէ, ըն­կեր­նե­րու կեղծ սէ­րէն խա­բուած, աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու մէջ ձա­խո­ղած՝ հո­գե­պէս խա­ւա­րը կրնայ պա­տած ըլ­լայ իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը եւ մե­ծա­պէս ցնցուած, վշտա­ցած կրնայ ըլ­լալ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու եւ ա­պե­րախ­տու­թիւն­նե­րու են­թար­կուե­լով։ Բայց ա­սոնց­մէ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռն է՝ անն­պա­տակ կեանք մը ու­նե­նալ։

Ե­թէ մարդ ու­նի կեան­քի նպա­տակ մը, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ ե­թէ անդ­րա­դար­ձած է որ իր կեան­քը նպա­տակ մը ու­նի, եւ ի՛նք որ­պէս մարդ, ստեղ­ծուած եւ ծնած է այս նպա­տա­կին հա­մար, ա­պա ու­րեմն շու­տով կրնայ յաղ­թա­հա­րել՝ գլուխ ել­լել ա­մէն դժուա­րու­թեան հետ եւ վերս­տին յու­սադ­րուիլ եւ խրա­խու­սուիլ։

Կեան­քը ապ­րե­լու հա­մար է, եւ ո՛չ թէ ան­կէ հե­ռա­նա­լու, յու­սալ­քուե­լու եւ մե­կու­սա­նա­լու։ Կեան­քը կա­րե­լի է ապ­րիլ հա­ւա­քա­բար, քա­նի որ մարդ իր ա­րար­չու­թե­նէն իսկ կո­չուած է ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րա­րու թե­րու­թիւ­նը լրաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու։ Ու­րեմն մա՛րդ ի­րա­ւունք չու­նի մե­կու­սա­նա­լու՝ քա­շուե­լու մէկ կողմ, քա­նի որ պար­տա­ւոր է եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ իր նման­նե­րուն նկատ­մամբ եւ կեան­քի ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տա՛կն է այս։ Ա­յո՛, շատ պատ­ճառ­ներ կրնան պա­տա­հիլ մարդս կեան­քէն հե­ռա­ցնե­լու եւ մե­կու­սաց­նե­լու, բայց ժա­մա­նա­կա­ւոր պէտք է ըլ­լան ա­նոնք, քա­նի որ ան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը ու­նի կեան­քին նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար իր կա­րե­լին ը­նե­լու։

Ո՛վ որ յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նուած, ա­նի­րա­ւու­թեան են­թար­կուած կը զգայ ինք­զինք, փո­խա­նակ յու­սալ­քուե­լու ան­գամ մը կար­դայ Ա­ւե­տա­րա­նի սա խօս­քը՝ Յի­սու­սի պա­տուէ­րը. «ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ՎՐԱՅ ՆԵ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ ՊԻ­ՏԻ ՈՒ­ՆԵ­ՆԱՔ, ԲԱՅՑ ՔԱ­ՋԱ­ԼԵ­ՐՈ­ՒԵ­ՑԷ՛Ք, ՔԱ­ՆԻ ՈՐ ԵՍ ՅԱՂ­ԹԵ­ՑԻ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻՆ» (ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԺԶ 33)։­

Ուս­տի մե­զի խոս­տա­ցուած չէ հանգս­տա­ւէտ վայր մը այս աշ­խար­հի վրայ, մեր կեան­քին մէջ։ Կեան­քի պայ­քա­րը միշտ պի­տի տե­ւէ եւ ան իր հետ նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ պի­տի բե­րէ բնա­կա­նա­բար, կա­րե­ւո­րը քաջ ըլ­լա՛լն է այդ պայ­քա­րին մէջ, եւ մա­նա­ւանդ ի­րե­րօգ­նու­թեամբ, միաս­նա­բար յաղ­թա­հա­րել այդ բո­լո­րը։ Մար­դուս հա­մար ան­կում ու­նե­նալ բնա­կան է, բայց կա­րե­ւոր է կանգ­նիլ՝ չյու­սա­հա­տիլ եւ շա­րու­նա­կել կեան­քի պայ­քա­րը՝ ո­րուն յաղ­թա­հա­րել իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի՛ւնն է եւ կեան­քին նպա­տա­կը։

Ո­մանք կեան­քի մէջ յա­ջող մարդ ըլ­լա­լը՝ կ՚ա­ռըն­չեն հարս­տու­թեամբ, գի­տուն ըլ­լա­լու, հռչա­կա­ւոր ըլ­լա­լու եւ ա­սոնց նման աշ­խար­հա­սի­րա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով, դիրք եւ աս­տի­ճան­նե­րով, տիտ­ղոս­նե­րով եւ զա­նա­զան ցու­ցա­մո­լու­թեան վի­ճակ­նե­րով… ո՛չ սի­րե­լի բա­րե­կամ­նե՜ր, ի­րա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը՝ կեան­քի իս­կա­կան նպա­տա­կին հաս­նի՛լն է՝ միաս­նա­բար, ի­րե­րօգ­նու­թեամբ, զի­րար լրաց­նե­լով, ի­րա­րու զօ­րա­կից ըլ­լա­լով, զի­րար ամ­բող­ջաց­նե­լով։ Ա՛յս է մար­դուն կո­չու­մը եւ նաեւ ապ­րած կեան­քին նպա­տա­կը։ Կեան­քը ան­հա­տա­կան գո­հա­ցում­նե­րու ըն­թացք մը չէ՛, այլ հա­ւա­քա­բար, հա­ւա­սար կեր­պով եւ ա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լու շրջան մը…։

Ան­շուշտ այս վերջ­նա­կան նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւր մարդ ու­նե­նա­լու է իր ստո­րա­դաս անձ­նա­կան նպա­տակ­նե­րը։ Փոքր նպա­տակ­ներ կը կազ­մեն մեծ ու ի­րա­կան նպա­տա­կը՝ քայլ քայլ յա­ռա­ջա­նա­լով մարդ կը հաս­նի հոն՝ ո՛ւր մտադ­րած է հաս­նիլ։

Մար­դիկ ան­հա­տա­պէս, եւ կամ հա­ւա­քա­պէս կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան նպա­տակ­ներ՝ ո­րոնք կրօ­նա­կան, ո­մանք աշ­խար­հա­յին կեան­քի յա­ռա­ջաց­ման կը ծա­ռա­յեն, բայց բո­լորն ալ կ՚ուղ­ղուին դէ­պի վեր­ջին նպա­տակ։

Ո­մանց հա­մար մա­քուր կեանք ապ­րի­լը նպա­տակ մըն է, բայց մա­քուր կեանք ապ­րիլ եր­բեք կեան­քին ան­տար­բեր մնալ, չէ­զոք ըլ­լալ, մի­ջակ ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր։ Ո­մանք ալ ար­դար ըլ­լալ՝ կեան­քին գե­րա­գոյն նպա­տա­կը կը հա­մա­րեն։ Բայց ե­թէ ար­դա­րու­թիւ­նը չի ծա­ռա­յեր մար­դուս բա­րու­թեան, մարդ­կա­յին ճշմար­տու­թեան, ա­պա ու­րեմն ի­րենց նպա­տա­կը վերջ­նա­կան նպա­տա­կին տա­նող ճամ­բայ մը չի կրնար ըլ­լալ։

Կեան­քի մէջ՝ աշ­խար­հի վրայ ո՛չ մէկ ար­ժէք կրնայ յայտ­նուիլ, ե­թէ ու­րիշ ար­ժէք­ներ չըն­կե­րակ­ցին ա­նոր։

Ար­դա­րը բա­րու­թեան, բա­րու­թիւ­նը ճշմար­տու­թեան, լա­ւու­թիւ­նը գե­ղեց­կու­թեան, ա­զա­տու­թիւ­նը ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կը կա­րօ­տի եւ փո­խա­դար­ձա­բար ա­մէն մէ­կը ի­րա­րու՝ որ­պէս­զի կա­տա­րեալ ըլ­լայ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ու­րեմն ա­մէն ար­ժէք ինչ­պէս որ յայտ­նուե­լու հա­մար պա­հանջ­քը ու­նի իր մեր­ձա­ւոր ար­ժէ­քին, նո՛յն­պէս՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պա­հանջ­քը ու­նի «ու­րիշ»ի մը՝ մեր­ձա­ւոր կամ հե­ռա­ւոր, քա­նի որ ա­մէն մէկ ան­հատ ան­մի­ջա­կան օգ­նա­կա­նը պէտք է ըլ­լայ միւ­սին ե՛ւ ա­ռանց խտրու­թեան։

Ու­րեմն յայտ­նի նպա­տակ մը կայ աս­տուա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին կա­տա­րե­լա­գործ­մա­նը հա­մար եւ ա­մէն մէկ ան­հատ, իւ­րա­քան­չիւր անձ կո­չու­մը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ու­նի իր բա­ժի­նը բե­րե­լու այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար, ա­մէն մէ­կը իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փին հա­մե­մատ։

Եւ ո՛վ որ զանց կ՚առ­նէ, եւ կամ ա­ւե­լի լաւ է ը­սել՝ զանց առ­նել կը փոր­ձէ իր բնա­ծին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, կը նշա­նա­կէ, թէ՝ ան կեան­քը կ՚ապ­րի, կեան­քը ապ­րիլ կը կար­ծէ անն­պա­տակ եւ ա­նո­րո՛շ։ Ար­դա­րեւ ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ յի­շած ենք Ժան Ժագ Ռու­սո­յի խօս­քը, թէ՝ ով որ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը չի բե­րեր մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր կեան­քի բա­րե­լաւ­ման եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, կը ծու­լա­նայ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու՝ աշ­խա­տե­լու, ան ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ բա­րո­յա­պէս «գո՛ղ» կ՚ա­նուա­նուի։ Ու­րի­շին աշ­խա­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րով ապ­րիլ՝ հա­պա ե­թէ «գո­ղու­թիւն» չէ՞, ի՜նչ կա­րե­լի է ո­րա­կել։ Մար­դիկ ի­րենց նպա­տա­կին պի­տի հաս­նին միաս­նա­բար, ա­մէն մէ­կը ի­րեն վի­ճա­կած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լով՝ աշ­խա­տե­լով, գոր­ծե­լով եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ի­րե­րօգ­նու­թեա՛մբ որ իր ա­րար­չու­թեան պատ­ճա­ռը եւ նպա­տա՛կն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 30, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015