ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - ԺԱ -
Կը շարունակենք ներկայացնել անուններու իմաստները՝ օգտուելով Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի բառարաններէն։ Ինչպէս ըսինք, անունը անձին ինքնութեան հետ միացող, ինքնութեան կազմաւորման դեր խաղացող արժէք մը, տարր մըն է։
Կերպով մը, մէկուն իր կրած անուան իմաստը ինքնաճանաչման կարեւոր ազդակ մըն է։
Սոխակ= «սոխակ» թռչնանունն է
Սոկրատ= անկեղծ, առողջ, անվթար. նաեւ՝ զօրութիւն, կորով. տառադարձուած ձեւն է «Սոկրատէս» անուան
Սողբաթ= մտերմական խօսակցութիւն, խօսակից ըլլալ, ընկերակցութիւն. «şohbat»
Սողոմէ= խաղաղ. նաեւ՝ «Սողովմէ»
Սողոմոն= ամբողջական, կատարեալ, անթերի, անվնաս, անվթար. «Şelomo»
Սոնա= Սոնիա= Սոնիկ= բարձրահասակ, նաեւ՝ էգ բադ՝ տիպար գեղեցկութեան. կը գործածուի նաեւ՝ «Սոնիչկա» ձեւով
Սոպատրա= անայլայլ, ապահով հայր, անվթար. ճիշդ հօր պէս՝ հօրանման, հօրամոյն
Սոսթենէս= լաւ պահուած ոյժ, կարողութիւն՝ որ անվնաս պահուած է
Սովունչ= ուրախութիւն
Սորաղան= «հարցնել» բայէն ծագած անուն
Սորղաթմիշ= նուէր, պարգեւատրութիւն, պարգեւ
Սուէտ= «սեւ» բառէն՝ «Suveyd»
Սուլթան= կայսր, թագաւոր, իշխան
Սուլթանդիլշատ= Սուլթանին՝ թագաւորին սիրտը ուրախացնող
Սուլթան-խուշի= «Փիւնիկ»՝ թռչուն, որ իր մոխիրներէն կը վերակենդանանար. «թագաւորահաւ»
Սուսամբար= համանուն ծաղկանունէն. կրճատ ձեւն է՝ «Սուսամ»
Սուր= թուր, սուր բառէն. նաեւ՝ «Սուսեր»
Սուրաթ= պատկեր, նկար
Սուրէն= «Suren», «Surhan», «Surena». այս անունը պատահական նմանութիւն ունի պարսկերէն «suran»՝ յարձակում բառին հետ. «sura» ուժեղ, զօրաւոր բառերէն ծագած անուն, «en» գգուական մասնիկով. նաեւ՝ «Սուրիկ» կը գործածուի (Հրաչեայ Աճառեան)
Սուրիճան= հանդէս, հացկերոյթ՝ «sur» եւ «can»՝ հոգի, հոգիի հարսանիքը, հանդէսը
Սուրմակ= վրաց մէջ կը գործածուի ընդհանրապէս. «sauromaces»
Սուքար= շաքար. «sukkar». «şeker»
Սուքիաս= խաղաղ, հանդարտ
Սուֆիյէ= ջերմեռանդ, մոլեռանդ. նաեւ՝ խորհրդապաշտութիւն, հայեցողական, միստիկ. «şufi»
Սոֆիա= իմաստութիւն. «Sophia», «Sophy»
Սոֆոնիա= ծածկել, պահել. «şfn», «Şafanya»
Սպահան= բանակ, զօրք, զինուած ոյժ. պարսկերէն՝ «İspahan», «Sifahan». «Spaden». նաեւ՝ «Aspahan»։ «spaden» կը նշանակէ՝ բանակ
Սպանդարան= Սրբատուր, ինչպէս՝ «Բագարատ»՝ աստուածատուր անունը
Սպարամ= ռեհան, ռահան, արքայիկ՝ անուշաբոյր բոյս. «basilic»
Սպիրիդոն= կողով, կողովիկ
Ստեփան= Ստեփաննոս անուան յունաձեւ իգականը
Ստեփաննոս= պսակ. (ֆրանսերէն՝ «Etienne»)
Սրահանգ= զօրագլուխ
Սրահաս= արագահաս. սուրբերու ածական
Սրապիոն= «Serapion» չաստուածին անունը
Սրբուհի= «սուրբ» բառի իգական ձեւը. նաեւ՝ Ս. Աստուածածնի 7 անուններէն մէկն է. Սրբուհի, Տիրուհի, Իսկուհի, Թագուհի, Մաքրուհի, Դշխոյ, Մարիամ. կրճատ ձեւերը՝ «Սուրբիկ», «Սրբօ», «Սրբուն»
Սքանդար= կու գայ բոյսի անունէ՝ որ Անահիտին հոտած, ապականած շունչը բուժելու համար գործածուած է. «Iskandar»
Սօս= Սօսի= «սօսի» ծառի անունը. «çınar». հայոց մէջ իգական անուն կը գործածուի, մինչդեռ «Սօսի» արական է (Հրաչեայ Աճառեան)
Սօսուն= գեղեցիկ
Վազգէն= գորտ, խոշոր գորտի տեսակ՝ «դօդօշ»
Վազիր= եպարքոս, «vezir»
Վալաթ= որդի
Վալանթին= կայտառ, առողջ, հաստատուն. «Valentin», «Valeo»
Վալիդա= մայր. «valide»
Վալիճան= սուրբ, տէր, պաշտպան հոգի, հոգեակ
Վահագն= արգելիչ, խափանարար. «Vrtra»ի սպասողը. «verenda» բառէն։ Աւելի նոր ձեւը «Varhan», «Vahram», նաեւ՝ «Bahram». հայերէն՝ «Վահրամ», նաեւ՝ «Վռամ»
Վահան= «Վահագն» անուան կրճատ ձեւը. նաեւ՝ «Վահանիկ». նաեւ՝ մկունդ, ասպար՝ խոշոր գեղարդ, նիզակ, մետաղէ պալպաութեան զէնք՝ նետերու հարուածներու դէմ (Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Անձնանուններու բառարան)
Վահանոյշ= «Վահագն» անուանը իմաստով՝ Վահանի դուստրը. այսօր կը գործածուի «Վեհանոյշ» ձեւը
Վահէ= լաւագոյն, «Vahya», «Vahyah»
Վահրամ= Վահագն, «Վահրան»՝ անձրեւ
Վահրիճ= բարեհոս. «Vahriç», «Vahriz». «vah»=լաւ, «riz»=հոսիլ բառերէն
Վաղարշ= իրանական անուն. «Valaxs», «Vologesus», «Valges», «Volages»
Վաղարշակ= «Վաղարշ»ի փաղաքշական ձեւը։ Անունը կարելի է «Valor» բառէն մեկնել՝ «ուժեղ Արշակ»՝ Վաղարշակ. բայց ընդունելի մեկնութիւն մը չէ եղած այս մէկը (Հրաչեայ Աճառեան)
Վանական= վանքի միաբան
Վանատուր= հիւրընկալ, հիւրասիրութիւն ցոյց տուող անձ
Վանիկ= «Յովհանիկ» անունէ կրճատուած
Վաշտակ= գունդ
Վաչակ= ձագուկ, տղայ, նոր ծնած թռչուն. կրճատ ձեւն է՝ «Վաչէ»
Վառվառէ= բարբարոսուհի, վայրենի, ո՛չ-Հելլէն. «Barbara», «Barbe»
Վասաթ= միջակ. «vasat»
Վասակ= ինքնիշխան, ազատ. «Վասակ» անունը ստացած է՝ «մատնիչ», «դաւաճան» իմաստը. «Vasaces», «Vaso»
Վասիլ= թագաւոր
Վասիլիկ= թագուհի
Վասկանոյշ= Վասակի դուստրը
Վարագ= Վարագ լերան անունէն
Վարազ= վայրի արու խոզ. «Varaz»
Վարազ-Տրդատ= Վարազ եւ Տրդատ անուններէ կազմուած անուն
Վարդ= կրճատուած ձեւն է՝ «Varedat» անուան, որ կը նշանակէ՝ փառքը աւելցած, սուրբ կրօնը աճեցնող, գործածուած է նաեւ որպէս ծաղկանուն
Վարդագոյն= վարդ եւ գոյն բառերէն
Վարազատ= ազատ եւ ազնուական՝ ինչպէս վարդը. «Vardazad», «Gulazad»
Վարդան= իրանական ծագում ունի. «Vardan», «Vardanes». կրճատ ձեւն է՝ «Վարդօ» անունը
Վարդանշահ= «Վարդան թագաւոր» իմաստով. «Vardanşah». նաեւ՝ Վարդաշահ
Վարդանոյշ= Վարդան եւ անոյշ բառերով
Վարդապետ= «վարդապետ» բառը
Վարդավառ= նոյն տօնի անունէն
Վարդարան= վարդանոց, վարդաստան, նաեւ՝ համրիչ
Վարդգէս= վարդագոյն մազեր ունեցող ոսկեհեր. «վարդ» եւ «գէս» բառերէն
Վարդեթուփ= Վարդենի= վարդ եւ թուփ
Վարդեհատ= վարդի հատը՝ ճիշդ նմանը
Վարդենի= վարդի թուփ
Վարդեր= «վարդ» բառի յոգնակին, նաեւ՝ «Վարդերես» անուան կրճատ ձեւը
Վարդերես= վարդադէմ՝ վարդագոյն, վարդանման երեսներ ունեցող
Վարդեւան= Վարդեվան= վարդ բառէն
Վադեծոց= ծոցը վարդով լացուած
Վարդեմայր= վարդ եւ մայր՝ վարդ-մայր
Վարդէսանամ= վարդի տիպար գեղեցկութիւն
Վարդիգուլ= վարդ, վարդ ծաղիկը կրկնակ
Վարդիթեր= վարդի թերթ
Վարդիկ= Վարդ անուան փաղաքշական ձեւը
Վարդիշաղ= վարդի թերթէն կաթած ցօղ, ջրաշոգի, շաղ, եղեամ, կաթիլ
Վարդոց= վարդերու ծաղկանոց
Վարդուկ= վարդ բառի գգուականը
Վարդուհի= «Վարդ» անուան իգականը՝ «Rosa». նաեւ՝ «Վարդուշ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2016, Իսթանպուլ