ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԹՈՂՈՄԷՈՍԻ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆ
Նոյեմբեր ամսոյն վերջին կամ Դեկտեմբերի սկիզբը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սրբոց Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու տօնը։ Այս տարի տօնը կը հանդիպի 2 Դեկտեմբեր, Շաբաթ օրուան։
«Առաքելական Աւանդութիւն»ը Քրիստոսի պատգամին փոխանցումն է՝ որ քրիստոնէութեան ծագումէն ի վեր՝ կը կատարուի քարոզութեան, վկայութեան, հաստատութիւններու, պաշտամունքի, «ներշնչեալ գրութիւն»ներու միջոցով։
Առաքեալները, ի՛նչ որ Քրիստոսէն ստացան եւ Սուրբ Հոգիէն սորվեցան, զայն իրենց յաջորդ Եպիսկոպոսներուն փոխանցեցին եւ անոնց միջոցով՝ յաջորդ բոլոր սերունդներուն՝ մինչեւ ժամանակներու վախճանը։ Առաքելական Աւանդութիւնը երկու կերպով կ՚իրագործուի՝ Աստուծոյ Խօսքին կենդանի փոխանցումով, այսինքն՝ Աւանդութեամբ եւ Սուրբ Գիրքով՝ ուր փրկութեան նո՛յն հռչակումը գրաւոր կատարուած է։ Ուստի, հաւատքի աւանդը առաքեալներու օրերէն սկսեալ յանձնուած է Եկեղեցւոյ ամբողջութեան՝ Աստուծոյ ժողովուրդին։
Յիսուս «Տասներկուք»ը կ՚ընտրէ իբր Իր Յարութեան ապագայ վկաները։ Զանոնք մասնակից կը դարձնէ Իր առաքելութեան ե՛ւ իշխանութեան՝ ուսուցանելու, մեղքերը ներելու, Եկեղեցին կառուցանելու եւ կառավարելու համար։
Իր չարչարանքներուն եւ խաչելութեան նախօրեակին՝ Յիսուս Իր առաքեալներուն հետ Վերջին Ընթրիքի ընթացքին, կանխօրօք կը յայտնէ եւ կ՚իրագործէ Իր կամաւոր ինքնանուիրումը։ Եւ առաքեալները առաջին եւ կենդանի վկաները կը հանդիսանան ճշմարտութեան։ Արդարեւ, Յիսուս ո՛չ միայն իր առաքեալներէն այլ Իր ամբողջ աշակերտներէն կը խնդրէ որ «Իրենց խաչը կրեն եւ Իրեն հետեւին, կ՚ուզէ որ Իր փրկչական զոհաբերումէն բարերեալներուն առաջի՛նները՝ Իր առաջին հաղորդակիցները ըլլան։
Քրիստոս, Իր համբարձումէն առաջ, քառասուն օր Իր Առաքեալներուն երեւնալէ յետոյ՝ Յարուցեալի Իր փառքը սքօղող սովորական մարդու երեւոյթին ներքեւ, երկինք համբարձաւ եւ Հօր աջակողմը բազմեցաւ։ Առաքեալներ վկայ եղան նաեւ Անոր Համբարձման՝ որոնց պարտականութիւնն էր այս ճշմարտութիւնները բաժնել բոլոր ժողովուրդներու մէջ. «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլորը, բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-20)։ Աւետարանի այս հատուածը արդէն լաւագոյն կերպով կը յայտնէ եւ կը բացատրէ «առաքեալ»ը եւ «առաքելութիւն»ը։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, Եկեղեցին «առաքելակա՛ն» է՝ նախ իր ծագումով, քանի որ ան առաքեալները իբր հիմ ունի (ԵՓԵՍ. Բ 20)։ Յետոյ առաքելակա՛ն է իր ուսուցումով, վարդապետութեամբ՝ որ Առաքեալներուն նո՛յն ուսուցո՛ւմն է։ Վերջապէս առաքելակա՛ն է իր կառոյցով, կազմաւորումով, որովհետեւ մինչեւ Քրիստոսի «վերջնական գալուստ»ը՝ եկեղեցին կը կերտուի, կը կազմակերպուի, կը սրբանայ եւ կը կառավարուի Առաքեալներուն կողմէ՝ շնորհիւ անոնց յաջորդներուն՝ Եպիսկոպոսներուն, որոնք հաղորդութեան մէջ են անոնց հետ յաջորդականութեամբ։
Արդարեւ, «առաքեալ» բառը կը նշանակէ «ուղարկուած»։ Հօր Առաքեալը Յիսուս՝ Իր աշակերտներուն մէջէն ընտրած Տասներկուքը Իր մօտ կանչելով՝ զանոնք Իր առաքեալները կարգեց եւ զանոնք Իր յարութեան «ընտրեալ վկայ»ները եւ Իր Եկեղեցիին հիմերը ըրաւ։ Անոնց յատկապէս պատուիրեց Իր առաքելութիւնը շարունակել, ըսելով. «Ողջո՛յն ձեզի։ Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ» (ՅՈՎՀ. Ի 21)։ Եւ Ան խոստացաւ իր առաքեալներուն՝ իրենց հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վերջը իրենց առաքելութեան ընթացքին։
Ահաւասի՛կ, Թադէոս եւ Բարթողոմէոս, այս առաքեալներէն եկրուքն են։
Քրիստոսի Համբարձումէն յետոյ, Անոր պատգամին համաձայն, աշակերտները տարածուեցան ամբողջ աշխարհ՝ ուսուցանելու հեթանոս ազգերու քրիստոնէական վարդապետութիւնը։ Առաքեալները ընդամէնը 12 հոգի էին եւ անոնցմէ երկուքը՝ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս եկան Հայաստան եւ հոն ալ նահատակուեցան։ Երբ Սանատրուկ թագաւորի հրամանով կը սպաննուի Թադէոս առաքեալ՝ ժայռը կը բացուի՝ ուր ամփոփուած էր Առաքեալին մարմինը։ Այսօր այդ ժայռին վրայ կը գտնուի Սուրբ Թադէի վանքը։
Մենք մեր Եկեղեցին «առաքելական» կը կոչենք եւ անով իսկ կը հաստատուի, թէ քրիստոնէութիւնը Հայաստան մուտք է գործած առաջին իսկ դարէն՝ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու միջոցով։ Այս երկու առաքեալները քրիստոնէութեան առաջին ուսուցիչները եղան Հայաստանի մէջ։ Անոնց կեանքը եւ քարոզչութիւնը լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ քրիստոնէութեան զօրութեան եւ կենսունակութեան։ Հայաստան տեղի տուաւ ճշմարիտ լոյսի առջեւ։ Եւ հեթանոսական խաւարը փարատեցա՛ւ։
Մենք 301 թուականը կը համարենք քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելու տարին, սակայն մինչ այդ առաքեալներու ցանած սերմերը արդէն ծիլ արձակած էին։
Առաքեալներու քարոզչութեամբ արդէն պարարտ հող էր նախապատրաստուած հայ ժողովուրդի դարձին համար։ Հողը պարարտ էր իսկ հունտը՝ արդիւնաբե՛ր։ Ուստի քրիստոնէութեան առաջին հիմնաքարերը առաքեալները դրած էին արդէն։
Այս պատճառով, Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու տօնը առիթ մը պէտք է նկատուի «վերանորոգութեա՛ն» մեր լոյս հաւատքը եւ չթողունք որ միայն պատմութեան էջերը վկայեն եւ խօսին, այլ եւ մանաւա՛նդ մեր աղօթքներով եւ առաքինի կեանքով պատշացնենք մեր դարաւո՜ր հաւատքը եւ մեր Եկեղեցին։ Արդէն տօներու նպատակն ալ ա՛յս է եւ ո՛չ միայն պարզ յիշատակում…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2017, Իսթանպուլ