ԱՆՆԻՒԹԱԿԱՆ ԲԱՅՑ ԻՐԱԿԱ՛Ն
Մարդիկ ընդհանրապէս կը հաւատան այն բաներուն որոնք «նիւթական», այսինքն տեսանելի եւ շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուած են։ Արդարեւ, ֆիզիքական աչքով դիտուած ամէն ինչ որ իրական ըլլալ կը թուի, ճշմարի՞տ է արդեօք։ Մարդիկ, շատ անգամ չեն զանազաներ իրականը (réalité) եւ ճշմարիտը (vérité)։ Իրականութիւնը եղելութիւն մըն է, իրողութիւն մը որ պատահած է։ Բայց մարդ կրնայ սխալիլ այդ իրողութեան մասին եւ կրնայ մեկնաբանել տարբեր ձեւերով։ Այս իմաստով, իրականութիւնը յարաբերական է՝ առընչական, համեմատական։ Աչք մը այսպէս կը տեսնէ, ուրիշ աչք մը՝ այնպէս։ Իսկ ճշմարտութիւնը՝ մտքին համաձայնութիւնն է իրեն՝ իրականութեան հետ։ Ճշմարտութիւնը՝ ստուգութիւն է, ճշդութիւն, հաւաստիք, իսկութիւն։
Ուրեմն իրականութիւնը արտաքնապէս տեսնուած իրն է, դէպք մը, որուն ճշմարտութիւնը հասկնալ կարելի չ՚ըլլար ամբողջովին։ Իսկ ճշմարտութիւնը ներքնապէս տեսնուածն է՝ թափանցուած, ամբողջութեամբ հասկցուած, ըմբռնուած իր մը կամ իրականութիւն մը։
Այս իմաստով, իրականութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած իրը կամ դէպքն է, բազմաթիւ երեւոյթներով, ձեւերով կը ներկայանայ, դիտող աչքին տեսանկիւնին համեմատ փոփոխութիւններ ցոյց կու տայ։ Բայց ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, չի փոխուիր։ Ո՛ր տեսանկիւնէն ալ դիտուի, քանի աչքով ալ տեսնուի՝ միշտ նո՛յնն է ճշմարտութիւնը։
Ճշմարտութիւնը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն՝ կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։ Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։
Ճշմարտութիւնը այն է՝ ի՛նչ որ է։
Ճշմարտութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ, մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ, եթէ փոխադարձ վստահութիւն չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին։ Եւ այս իմաստով, ճշմարտութեան առաքինութիւնը կը վերադարձնէ ուրիշին ի՛նչ որ անորն է։ Ահաւասիկ, այս կէտին ճշմարտութիւնը կը միանայ արդարութեան գաղափարին։ Ճշմարտախօսութիւնը՝ «միջին ճամբայ»ն կը հարթէ ըսուելիքին եւ գաղտնի պահուելիքին միջեւ։ Ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ եւ գաղտնապա՛հ ըլլալ։ Ըստ արդարութեան՝ «մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական է ճշմարտութիւնը յայտնել», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Նշաններ եւ խորհրդանիշներ մարդկային կեանքին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Մարդը, միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր էակ ըլլալով, հոգեւոր իրականութիւնները նիւթական նշաններու եւ խորհրդանիշներու ընդմէջէն կ՚արտայայտէ եւ կը քաղէ։ Մարդը իբրեւ ընկերային արարած՝ ուրիշներու հետ լեզուով, շարժուձեւերով, արարքներով հաղորդակցելու համար, կարիքը ունի նշաններու եւ խորհրդանիշներու։ Նոյնն է պարագան նաեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան։ Աստուած մարդուն կը խօսի «տեսանելի» արարչութեան ընդմէջէն։ Նիւթական տիեզերքը մարդուն իմացականութեան այնպիսի ձեւով կը ներկայանայ, որ մարդը անոր մէջ իր Արարչին հետքերը կարդայ։ Լոյսը եւ գիշերը, հովը եւ հուրը, ջուրը եւ ցամաքը, ծառը եւ պտուղները կը խօսին Աստուծոյ մասին եւ միանգամայն Անոր մեծութիւնը եւ մերձակայութիւնը կը խորհրդանշեն։ Այս տեսանելի եւ շօշափելի իրականութիւնները՝ իբրեւ ստեղծուած էակներ, կրնան մարդիկը սրբացնող Աստուծոյ գործին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ իրենց պաշտամունքը ընծայող մարդոց գործին արտայայտութեան վայրը ըլլալ։ Ահաւասիկ այս «իրականութիւն»ներուն մէջն է ճշմարտութիւնը՝ որ մարդ կրնայ անդրադառնալ եւ տեսնել աստուածային իմաստութեամբ եւ իմացականութեամբ։
Ա՛յս է ահաւասիկ իրականութեան եւ ճշմարտութեան էական տարբերութիւնը՝ որ կարելի է նմանցնել նիւթականի եւ հոգեւորի տարբերութեան։
Պղատոնեան իմաստասիրութեամբ՝ իրականութիւնը ճշմարտութեան ստուերը՝ շո՛ւքն է…։
Այս ուղղութեամբ, իմաստուն մարդը այն է, որ իրականութեան մէջ կը տեսնէ ճշմարտութի՛ւնը…։
Իրականութիւնը ձեւականն է, իսկ ճշմարտութիւնը՝ էակա՛նը, իրականութիւնը նիւթականն է՝ տեսանելին եւ շօշափելին, իսկ ճշմարտութիւնը՝ հիմնակա՛նը։ Եւ դժբախտաբար մարդիկ հրապուրուած ձեւականէն եւ նիւթականէն, յաճախ կ՚անտեսեն էականը եւ հիմնականը։ Մարդ որքան սխալական է, բայց նոյնքան ալ բանականութեամբ օժտուած էակ մըն է, եւ ուրեմն կարո՛ղ է բանականութեամբ արգելք հանդիսանալ եւ կանխել իր սխալները…։
Իրականութեան մը մէջ ճշմարտութիւնը գտնելու համար պայման է զայն քննել՝ ամբողջ տարածքին մէջ, իր խորութեան թափանցելով եւ բարձրութեան վրայով. այլապէս կարելի չ՚ըլլար ճշմարտութեան հասնիլ, երբ այս երեք տեսանկիւնէն չդիտուի իրականութիւնը։
Արդարեւ հին շրջաններէ իսկ անփոփոխ սկզբունք մը կայ արդար վճիռ մը կարենալ արձակելու համար, փաստեր հաւաքել եւ վկաներու վկայութեան դիմել։ Երբ իրականութիւն մը վկայի վկայութեամբ պիտի ստուգուի, չի բաւեր միայն մէկ վկայի վկայութիւնը, այլ պէտք է մէկէ աւելի վկաներ լսել, որպէսզի դէպքը՝ իրականութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ, տարբեր աչքերով դիտուի եւ ըստ այնմ որոշում մը տրուի։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ «իրականութիւն» եւ «ճշմարտութիւն» տարբեր են, ուր ճըշ-մարտութիւնը իրականութեան մէջ կը գտնուի, բաւ է որ մարդ իմաստութիւնը ունենայ զայն մանրամասնօրէն եւ ուշադրութեամբ փնտռելու, գտնելու պատրաստակամութիւնը ունենայ եւ անդրադառնայ ճշմարտութեա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 30, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024