ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Իրաւունք», իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ ինչ որ «արդար» է, արդարութի՛ւն է։ Իրաւունքը կ՚ենթադրէ բան մը ընելու կարողութիւն, զօրութիւն. արտօնութիւն ի բնէ կամ օրէնքով ստացուած։ Իրաւունք կը նշանակէ նաեւ՝ օրէնքներու բովանդակութիւն, ամբողջութին։ Եւ այս իմաստով իրաւունքը՝ բան մը ընելու կարողութիւնն է, այն ի՛նչ որ արդար է եւ օրինաւո՛ր։ Իրաւունքը, իր սեղմ նշանակութեամբ մարդոց իրարու հետ յարաբերութիւնները կանոնաւորող օրէնք մըն է։ Իրաւունքը, մարդուն հետ, որպէս «անձ» սերտօրէն կապուած, անձէն անբաժան արժէք մըն է։
Իսկ «Արդարութիւն»ը՝ ուրիշին իրաւունքները յարգելու բարոյական առաքինութիւնն է։ Այս իմաստով արդարութիւնը կ՚ենթադրէ հաւասարութիւն՝ իր ամենաբարձր իմաստով։ Եւ «արդար» է ան՝ որ իրաւունք կը սիրէ, իրաւունք կը ճանչնայ եւ իրաւունք կը յարգէ։ Արդար է այն անձը՝ որ իրաւացի է, ուղիղ, ճշմարիտ եւ շիտակ իր խորհուրդներուն, խօսքին եւ գործերուն մէջ։
Եւ ուրեմն, որպէս գաղափար, իրաւունքը եւ արդարութիւնը հաւասարութեան, մարդասիրութեան, անձնական ազատութեան եւ կատարելութեան հասնելու ապահով միջոցներ եւ լուսաւոր ճամբաներ են։
Իրաւունքը, արդարեւ, կամայականութիւններու, անձնական քմահաճոյքներու արգելք հանդիսանալու եւ զանոնք արմատախիլ ընելու միջոցն է։ Իրաւունքով կ՚որոշուի անհատի եւ հաւաքականութեան ազատութեան սահմանները եւ պարտաւորութիւններու ընդհանուր կարգը։ Այս իմաստով «իրաւունք»ը ապահովեցում է մարդու ազատութեան։ Ան կ՚ապահովէ ազատութիւնը եւ բարոյական կամքի զարգացումը՝ թոյլ չտալով ուրիշներուն ոտնակոխ ընել այդ սրբազան կարգը։ Իրաւունքը, նաեւ զսպո՛ւմ է մարդու անհատական քմահաճոյքին նկատմամբ՝ ուղղուած ընդհանուրի բարեկեցութեան դէմ, եւ զանոնք կանոնաւորող կարեւոր արժէք մը՝ որ կը ներդաշնակէ անհատական եւ հաւաքական կեանքը։
Իրաւունք եւ արդարութիւն իրարմէ անբաժան եւ իրար լրացնող արժէքներ են։
Բնական օրէնքը՝ որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, «ընդհանրական» է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդոց վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։
Սուրբ Թովմաս Ագուինացի այս մասին կ՚ըսէ. «Անշուշտ ճշմարիտ օրէնք մը գոյութիւն ունի, անիկա ուղիղ իմացականութիւնն է. ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած՝ բոլոր մարդոց մօտ, ան անփոփոխելի է եւ յաւիտենակա՛ն։ Անոր հրահանգները կո՛չ մըն են պարտականութեան։ Անոր դրած արգելքները կը զգուշացնեն յանցանքէն…։ Սրբապղծութիւն է ներհակ օրէնքով փոխարինել զայն։ Արգիլուա՛ծ է չգործադրել անոր որեւէ մէկ տնօրինումը. իսկ զայն ամբողջութեամբ յետսկոչելը, ոչ ոքին տրուած է»։
Բնական օրէնքին գործադրութիւնը բազմատեսակ է. ան կրնայ կեանքի պայմաններուն բազմազանութեան հետ յարմարցուած, խորհրդածութիւն պահանջել ըստ վայրերու, ժամանակաշրջաններու եւ պարագաներու։
Եզրակացնելով՝ օրէնքը կարգաւորումն է բանականութեան՝ սահմանուած հասարակաց բարիքին եւ հրապարակուած անոր կողմէ, որ հասարակութեան յանձնառութիւնը ունի։
Իր ամենալայն առումով, օրէնքը կ՚ուսուցանէ ճշմարիտ մարդկայնութիւնը մարդուն։ Ան լոյսի տակ կը դնէ մարդկային անձին էական պարտականութիւնները, ուստի եւ անուղղակիօրէն անոր «հիմնական իրաւունք»ները, որոնք յարակից են անոր բնութեան։ Իրաւունքը սերտօրէն կապուած է մարդկային անձին։
Այս ուղղութեամբ, մարդկային ամէն անհատի կեանքին անլուծանելի «իրաւունք»ը կը կայացնէ քաղաքացիական ընկերութեան եւ անոր օրէնսդրութեան կազմիչ մէկ տարրը։ Ուստի եւ անձին անլուծանելի իրաւունքները պարտին ճանչցուիլ եւ յարգուիլ աշխարհիկ ընկերութեան եւ քաղաքացիական իշխանութեան կողմէ։
Մարդուն իրաւունքները կախում չունին ո՛չ անհատներէն, ո՛չ ծնողներէն, ո՛չ ալ ընկերութեան եւ Պետութեան կողմէ կատարուած «զիջում» մը կը ներկայացնեն. անոնք կը պատկանին «մարդկային բնութեան» եւ յարակից են մարդու անձին, ստեղծագործ արարքին պատճառով, ուրկէ ան կ՚առնէ իր ծագումը։ Հիմնական այս իրաւունքներուն մէջ, հարկ է թուել մարդկային ամէն էակի կեանքին եւ ֆիզիքական ամբողջութեան իրաւունքը, սկսեալ յղութենէն մինչեւ մահը։
Այն պահէն իսկ երբ դրական օրէնք մը մարդկային էակին կամ հասարակութեան մը մէկ դասակարգը կը զրկէ այն պաշտպանութենէն, զոր աշխարհիկ օրէնսդրութիւնը պարտի տալ անոնց, երբ իր պարտականութիւնը չի կատարեր իշխանութիւն մը, եւ կ՚ուրանայ, օրէնքին առջեւ, իրաւունքներու նկատմամբ բոլորին հաւասար ըլլալու իրականութիւնը։ Արդարեւ, իշխանութիւն մը իր իրաւասութիւնը կ՚առնէ հաւաքականութեան հետ կարգած համաձայնագրութենէն. (J.J. Rousseau, «Du Contrat Social ou Principes du Droit Politique»)։
Իբրեւ հետեւանք, այն յարգանքը, եւ պաշտպանութիւնը՝ որ զաւակին յղութեան վայրկեանէն իսկ պէտք է նկատի առնուի, պէտք է ապահովուի։ Օրէնքը պարտի նախատեսել պատժական «համապատասխան միջոցառումներ» իր իրաւունքները բռնաբանողին դէմ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 29, 2020, Իսթանպուլ