ԴՐԱԽՏԷՆ ՏԱՐՏԱՐՈՍ
Այսօր, երբ ամէն տեղ կը բարձրաձայնուի հայերէն լեզուի կարեւորութեան ու ահազանգող նահանջին մասին, երբ հասակ առնող հայ երիտասարդներ անփոյթ քայլերով կը հեռանան մայրենիէն եւ անհաղորդ կը դառնան հայ կեանքին, մշակոյթին ու բարքերուն, երբ սփիւռքի մէջ եկեղեցական, կազմակերպչական ու ընկերային կեանքը կը հայաթափուի եւ ուծացման ուղին կը բռնեն, պատմութիւնը կու գայ գիտակցութեան հրաւիրելու իւրաքանչիւրս իրաւազրկուած մայրենիին հանդէպ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 23 նոյեմբեր 2021-ի թիւի «Ուրիշներն ու մերինները» խորագրեալ յօդուածին մէջ յիշեցինք Կոմիտաս Վարդապետի 22 յունիս 1914-ին իր աշակերտներուն գրած նամակէն հատուած մը, ուր հանճարը կ՚ըսէր. «Օտարներն են, որ մեզնով կը յափշտակուին...»:
Նոյն այդ յափշտակութիւնը կը տեսնենք դարեր առաջ՝ այսօր. մեր թուականէն 205 տարիներ առաջ՝ 2 դեկտեմբեր 1816 թուականին 19-րդ դարու անգլիացի յայտնի բանաստեղծ ու գրող, ինչպէս նաեւ հայագէտ Ճորճ Պայրոն մեկնած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի, ուր ծանօթացած եւ սիրահարած է հայ լեզուին ու մշակոյթին: Այնուհետեւ հետեւած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Յարութիւն Աւգերեանի գրաբար լեզուի դասընթացքներուն եւ այնքա՛ն լաւ սորված հայերէն լեզուն, որ սկսած է հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւններ կատարել, ինչպէս օրինակ՝ Ներսէս Լամբրոնացիի «Ճարտասանութիւն»ը, Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութենէն հատուածներ եւ այլն:
Պայրոն իր հայ լեզուի վերաբերեալ ունեցած աշխատութիւնները հրատարակած է «Ճորճ Պայրոնի հայերէն վարժութիւններն ու բանաստեղծութիւնները» աշխատութեան մէջ, որուն յառաջաբանին մէջ բանաստեղծը հայ ժողովուրդին մասին կը գրէ.
«Ես 1816 թուականին Վենետիկ գալով, ինչպէս հաւանաբար բոլոր ճանապարհորդները, տպաւորուած էի Սուրբ Ղազարի հայկական համայնքով, որ իր մէջ կարծես կը միաւորէր վանական հարստութեան բոլոր առաւելութիւնները՝ իր անարատ վիճակով:
«Անոնց անարատութիւնը, մեղմութիւնը, բարեպաշտութիւնը, տաղանդներն ու առաքինութիւնները աշխարհիկ մարդուն կրնան վստահեցնել, թէ այս աշխարհի մէջ ալ կայ այլ, աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը:
«Այս մարդիկ ստրկացած, բայց շնորհակալ ազգի հոգեւորականներ են, որոնք հրեաներու եւ յոյներու հետ աքսորուած ու ճնշուած են, սակայն առաջիններուն ցասումն ու ստրկամտութիւնը չեն զարգացուցած:
«Հակառակ իրենց տխուր ճակատագրին, անոնց երկիրը միշտ պիտի մնայ առաւել հմայիչ աշխարհի միւս բոլոր պետութիւններէն, եւ անոնց լեզուն մեծ ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի, որպէսզի աւելի ու աւելի գրաւիչ դառնայ մարդկութեան համար:
«Եթէ գրուածները ճիշդ վերլուծենք, ապա դրախտը նոյնինքն Հայաստանն էր, որ բարձր գին վճարեց՝ ինչպէս Ադամի որդիները, որովհետեւ անոնց հողը եւս մասնակից էր երանութեան: Այնտե՛ղ է որ ջուրի մակերեւոյթը սկսաւ իջնել եւ Նոյի աղաւնին սկսաւ իր ճանապարհորդութիւնը:
«Դրախտի անհետացման հետ միաժամանակ սկիզբ առաւ երկրի դժբախտութիւնը, որովհետեւ թէեւ Հայաստան երկար ժամանակ հզօր թագաւորութիւն էր, շատ քիչ անգամ անկախ մնաց: Պարսիկներն ու թուրքերը հաւասարապէս կործանեցին երկիրը, ինչ որ Աստուած ստեղծեց մարդուն իր պատկերով:
«Աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի երկիր, որ այնքան հրաշքներով լեցուն ըլլայ, ինչքան հայերուն հողը»:
Անգլիացի գրողը Սուրբ Ղազարի կղզիին մէջ մտերիմ կը դառնայ Հայր Յարութիւնի հետ եւ անոր հետ միատեղ կ՚որոշեն պատրաստել «Քերականութիւն անգղիական եւ հայերէն» եւ «Քերականութիւն հայերէն եւ անգղիական» դասագիրքերը: Անգլիացի բանաստեղծը կ՚օգնէ Հայր Յարութիւնին, պատրաստելու եւ հրատարակելու անգլերէն-հայերէն բառարանը:
Պայրոն փափաք կը յայտնէ նաեւ պատրաստել հայերէն լեզուի դասագիրք՝ օտարազգիներու համար, որոնք փափաքը ունին հայերէն լեզուն սորվելու. այս աշխատանքի նպատակն է եւրոպացիներուն սորվեցնել աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկը եւ հետաքրքրութիւն արթնցնել անոնց մէջ դէպի հայերու Հայրենիքն ու մշակոյթը: Նոյն այդ նպատակով աշխատութիւնը սկիզբ առած է Աստուածաշունչի հետեւեալ բառերով. «Եւ նստաւ տապանն ի լերինս Արարատայ...»:
Պայրոն այնքա՛ն տիրապետած է հայերէն լեզուին, որ մինչեւ իսկ Պօղոս առաքեալի նամակներէն երկուքը թարգմանած է գրաբարէ անգլերէնի եւ այս առիթով իր նամակներէն մէկուն մէջ իր հարազատին գրած. «Գրեցի՞ քեզի, որ թարգմանեցի երկու առաքելական նամակներ: Այդ նամակները թղթակցութիւններ են Պօղոսի եւ Կորնթացիներուն միջեւ, որ մեր թարգմանութիւններուն մէջ գոյութիւն չունին եւ ըստ իս խիստ վաւերական են»:
***
Այս բոլորէն ետք նոյն հարցումը կայ միտքիս մէջ. հայ ըլլալու համար պայմա՞ն է հայ ծնիլ. փաստօրէն հայ ըլլալու համար ո՛չ արեան եւ ո՛չ ալ անուան հայ ըլլալը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ այսօր մեր շրջանակին մէջ բազմաթի՜ւ են հայու անուն եւ հայու արիւն կրող օտարացած հայորդիները: Երկու դար առաջ Պայրոն օտարներուն մէջ կ՚ուզէր սէր արթնցնել հայոց լեզուի նկատմամբ, իսկ մենք այսօր հայուն մէջ անգամ այդ կրակն ու սէրը չենք կրնար բոցավառել:
Ճի՛շդ է, դրախտ էր Հայաստանը, սակայն Ադամի եւ Եւայի մեղքը չէր որ կործանեց զայն. մե՛նք ենք դահիճները մեր երկրին, լեզուին ու մշակոյթին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԿԱՐԱՊԵՏ ՏԷՐ-ՄԿՐՏՉԵԱՆ
(1866-1915)
Մեր թուականէն 106 տարիներ առաջ՝ 2 դեկտեմբեր 1915-ին Պաքուի մէջ մահացած է Աստուածաբան, պատմաբան, բանասէր, փիլիսոփայ եւ եկեղեցական գործիչ Կարապետ Տէր-Մկրտչեան:
Տէր-Մկրտչեան ծնած է 29 մարտ, 1866-ին, Նախիջեւանի Ցղնայ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանէն ներս եւ ապա ընդունուած՝ Զաքաթալայի գաւառական դպրոցը: Կարապետ իր մօրեղբօր՝ Յովհան Աւագ Վարդապետի միջնորդութեամբ 1880 թուականին ընդունուած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Գէորգեան ճեմարանէն ներս, միաժամանակ վարելով մատենադարանապետի պաշտօնը:
Կարապետ Տէր-Մկրտչեան 1889 թուականին Գէորգ Զ. Չորեքճեանի եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանի հետ օծուած է կուսակրօն. այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Լայպցիկի եւ Պերլինի բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ, հետեւած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանի եւ Մարպուրկի բողոքական աստուածաբանական հիմնարկի ուսուցումներուն: Նոյն տարիներուն գիտական յօդուածներով աշխատակցած է գերմանական յայտնի կրօնական հանդէսներուն:
Ուսումէն ետք վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին եւ նշանակուած՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի օգնական եւ կրօնական առարկաներու ուսուցիչ, իսկ 1899-ին նշանակուած է Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ: Բանասէրը 1902-1906 թուականներուն եղած է «Արարատ» հանդէսի կրօնական բաժնի պատասխանատու եւ ապա հանդէսի ընդհանուր խմբագիր:
Տէր-Մկրտչեան 1907 թուականին ընտրուած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ եւ այդտեղ հրատարակած է «Առաւօտ» շաբաթաթերթը, իսկ 1910-1912 թուականներուն խմբագրած է «Թաւրիզի Յայտարարութիւններ» թերթը:
Կարապետ Տէր-Մկրտչեան հեղինակ է բազմաթիւ գիտական, Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու։ 1902-1903 թուականներուն Կաթողիկոսի հրամանով ձեռնարկած է Աստուածաշունչի հրատարակման՝ աշխատանքներ համեմատելով եօթ տարբեր ձեռագրերու, սակայն ներքին անհամաձայնութիւններու պատճառով չէ հասած իր աւարտին: Ուսումնասիրած է բազմաթիւ ձեռագրեր եւ հրատարակած է զանոնք «Արարատ» հանդէսի մէջ. օրինակ՝ «Գիրք Թղթոց»ը եւ այլն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ