ԽՐԱՏ՝ ՈՐԴՈՒՍ - Գ.

«Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր,
բայց խոյս մի տայ տառապանքից»

Պարոյր Սեւակ իր այս տողերով կը նոյնացնէ սէրն ու տառապանքը։ Ան իր որդիին հեքիաթներու մէջ պատկերուած վարդագոյն ու անմեղ սէրը չէ որ կը ներկայացնէ, այլ կ՚ուզէ ցոյց տալ սիրոյ ճշմարիտ երեսը։ Յաճախ մարդիկ սիրոյ տառապանքը ճաշակելով թշնամութիւն մը կ՚ունենան սիրոյ հանդէպ եւ կ՚ուզեն երբեք չսիրել, սակայն Սեւակ կը յորդորէ չվշտանալ սէրէն եւ հակառակ տառապանքներուն շարունակեն սիրել։ Աշխարհի վրայ թէեւ սէրը կախարդական իրողութիւն որպէս կը դիտուի, սակայն անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ սէրը իր քաղցրութենէն աւելի տառապանք ու վիշտ ունի իր մէջ։ Այդ տառապանքը ահաւոր վիշտ կը պատճառէ մարդուն, սակայն աշխարհի ամենէն լաւագոյն երգերը, բանաստեղծութիւններն ու վէպերը այդ տառապանքէն սնուելով ծնունդ առած են։

«Նա սրբում է աչքը փոշուց,
Նա մաքրում է հոգին ժանգից»

Մարդ իր կեանքի ընթացքին պէտք է սիրած ու այդ տառապանքը ապրած ըլլայ, որպէսզի  հասկնայ, թէ սէրը ինչ կ՚ընէ մարդու կեանքին մէջ։ Սեւակի խօսքերով՝ սէրը աչքը փոշիէն կը սրբէ. այլ խօսքով Սեւակ ըսել կ՚ուզէ, թէ սէրը կեանքը կ՚իմաստաւորէ եւ «ժանգոտած» հոգիին նոր կեանք ու եռանդ կու տայ։ Այս մէկը առաւելաբար կրնայ զգալ ու հասկնալ ան՝ որ տակաւին սիրոյ պատճառելիք տառապանքներուն անտեղեակ նոր կը ծանօթանայ սիրոյ զգացումին հետ։ Այսօր աշխարհը լեցուն է «երանի՜» չսիրէի» եւ միաժամանակ «երանի՜ որ սիրեցի» ըսող անհատներով, որոնք ատելով հանդերձ սէրը հոգեպէս կը շարունակեն կապուած մնալ անոր։

«Տառապանքից չեն մեռնում, չէ՛,
այլ աւելի են պնդանում»

Սեւակի բոլոր տողերուն մէջ կարելի է տեսնել տառապանքէն ուժ առնող ու պայքարող մարդը, որովհետեւ անոր համոզումով՝ տառապանքին դիմադրողն է կեանքին յաղթողը եւ ո՛չ թէ անտառապանք ապրողը։ Սեւակ իր յաջողութեան գաղտնիքը տառապանքին մէջ կը գտնէ։ Տառապանքը մարդիկը կա՛մ կը սպաննէ եւ կամ կը զօրացնէ։ Ընդհանրապէս սպաննուողները անոնք կ՚ըլլան, որոնք վարդագոյն կեանք մը ունենալ կը կարծէին եւ այդ է պատճառը, որ Սեւակ տակաւին անչափահաս իր որդիին տառապանքին «քաղցրութիւն»ը սրսկել կը փորձէ։ Ճշմարիտ հօր մը առաքելութիւնը տառապանքները զաւակէն հեռու պահելու փոխարէն այդ տառապանքներուն դիմադրել սորվեցնելն է, որովհետեւ ժամանակ մը ետք հայրը կրնայ գոյութիւն չունենալ, սակայն տառապանքը միշտ ալ կայ։

«Ապաքինուած սիրտը յետոյ գալիք ցաւը հեշտ է տանում»

Յաճախ կրնանք մտաբերել, թէ փոքր ժամանակ ինչ անիմաստ բաներու համար կը նեղանայինք ու կը տառապէինք, սակայն իրականութեան մէջ անոնք անիմաստ չեն. մարդ արարածը ժամանակի ընթացքին այդ տառապանքներուն հանդէպ վարժութիւն ձեռք կը ձգէ եւ այդ վիշտերը մնալով հանդերձ կը դառնան բնական։ Այսօր անձի մը ապերախտութիւնը մեզ այնքան չի վիրաւորեր ինչքան առաջ, որովհետեւ այդ ցաւին ծանօթ է մեր սիրտը եւ հետեւաբար գիտէ տոկալ այդ ցաւին ու վիշտին դէմ։ Այնպէս ինչպէս այսօր բժշկութիւնը հիւանդութեան բջիջները մարդու մարմնին մէջ կը տարածէ, որպէսզի մարմինը ծանօթանայ հիւանդութեան եւ պաշտպանուի, նոյնն ալ վիշտի ու տառապանքի պարագային է։ Որդեկորոյս մայր մը երբեք չի կրնար իր սիրտին մէջէն կորսուած զաւակին վիշտը դուրս հանել, սակայն ժամանակը այդ մէկը եւս կը բուժէ, կը թաղէ հոգիին խորերը։

«Ա՜խ, մի նուա՛։ Հայրըդ երբեք չէր հանդուրժում նուացողին...»

Պարզ է, որ Սեւակ տառապանքներուն դիմաց ինքզինք զօրաւոր մարդ որպէս կը տեսնէր եւ այդ բոլորը բողոքի եւ տրտունջի փոխարէն դուրս կու տար բանաստեղծութիւններու ճամբով։ Այսօր կարելի է տեսնել անձ մը, որ անիմաստ նիւթի մը համար կը բողոքէ, կու լայ ու կը տրտնջայ, իսկ անդին ուրիշ մը աշխարհի ամենէն ծանր վիշտերն անգամ լռութեամբ կը տանի։ Սեւակ երկրորդ խումբին պատկանողները կը սիրէր, որովհետեւ այդ մէկը քաջութիւն էր։ Այսօր քաջ ըսելով հսկայ մկաններով մարդիկ կը մտաբերենք, սակայն ճշմարիտ քաջութիւնը մարմնականէն անդին հոգեկանն է՝ որ տրուած չէ բոլորին։ Սեւակ կ՚ուզէր իր որդին եւս ըլլայ հոգիով քաջերէն, որովհետեւ տառապանքը լալով եւ ուրիշէն օգնութեան ձեռք սպասելով չէ որ կը յաղթուի։ Պահ մը ականջ տուէք ձեր շուրջ նուացողներուն... անիմաստ նիւթերով «տառապող»ներն են որ կը նուան... մինչ միւսները լուռ իրենց կեանքի պայքարը կը մղեն։

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -110-

Տարիներ առաջ երբ աւարտական աշակերտ էի կը մասնակցէի Վեհափառ հայրապետի Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։ Դասագիրք չունէինք. Վեհափառը կը խօսէր, իսկ մենք գրի կ՚առնէինք։ Յաջորդ դասապահուն բոլոր խօսուածները լաւապէս սերտած կ՚ըլլայինք. կը հարցնէր եւ կ՚ուզէր գիտնալ, թէ ինչքանով լաւ հետեւած ու սորված ենք։

Առաջին դասապահէն սկսեալ էջերով գրելու եւ սորվելու սկսայ, սակայն աւելի քան ութ դասապահ բան չհարցուց։ Մտածեցի որ հաւանաբար փոքրերուն կ՚ուզէ առիթ տալ ու անոնց կը հարցնէ։ Այդ դասապահէն ետք սկսայ չգրել։

Օր մըն ալ «Հրայր, խօսիր անցեալ դասապահուն ինչի մասին խօսեցանք», ըսաւ։

Անակնկալի եկայ, սակայն ինքնավստահութեամբ սկսայ խօսիլ աշխարհի ստեղծագործութեան եւ հրեշտակներու Աստուածաբանութեան մասին... առանց իրար անցնելու։

Աւելի քան տասը վարկեան խօսելէս ետք Վեհափառը զարմացած հարցուց. «այս բոլորը ե՞ս ըսի»։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022