ՎԻՃԱԲԱՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Մարդ, քանի որ «բանաւոր էակ» մըն է՝ խորհելու, դատելու եւ որոշելու կարողութեան տէր եւ ազատ կամքով շարժող՝ ըստ իր համոզումներուն, ապա ուրեմն շատ բնական է, որ իր նմաններուն հետ տարակարծութիւններ ունենայ։ Եւ տարակարծութիւններու բնական հետեւանքն է՝ վիճաբանութիւնը։
Վիճաբանութիւնը սակայն որքան բնական է մարդուն համար, նոյնքան ալ օգտակար է՝ ճշմարտութեան հասնելու համար. չէ՞ որ ճշմարտութեան հասնելու համար պէտք է պայքարին տարբեր կարծիքներ, նոյնիսկ բոլորովին իրարու ներհակ գաղափարներ, համոզումներ։
Մարդ եթէ չվիճաբանի, վիճաբանութեան ժամանակ չյայտնէ իր կարծիքը, կամ չպաշտպանէ իր համոզումը, որոշ գաղափարի մը տէր չըլլայ, այլապէս տարբերութիւն չ՚ունենար անբան անասուն կենդանիէ մը։ Մարդ ըստ էութեան «մարդամեքենայ»ի մը կը նմանի, եթէ չխորհի եւ իր խորհածը չկարենայ գործադրել։
Սակայն վիճաբանութիւնն ալ արուեստ մըն է՝ որ պէտք է կատարուի շնորհալի կերպով՝ պատշաճօրէն եւ որոշ սահմաններու մէջ, առանց յամառօրէն պնդելու, թէ իր կարծիքը բացարձակապէս ճիշդ է եւ անվիճելի։ Վիճաբանութեան մէջ առաջնակարգ եւ անհրաժեշտ պայման է հանդուրժողութիւնը։ Վիճաբանութիւնը ըլլալու է միջոց՝ ճշմարտութեան հասնելու եւ ո՛չ թէ ինքզինք ապացուցանելու, թէ ի՛նք իրաւացի է եւ իր կարծիքը ճշմարտութիւն է։
Վիճաբանութիւնը պէտք չէ հասնի կռիւի աստիճանին եւ պատճառ դառնայ արժանապատուութիւն վիրաւորելու՝ ինչ որ կը նշանակէ շեղիլ վիճաբանութեան բուն նպատակէն։
Եւ բոլոր այս պարտադրութիւնները ցոյց կու տան, թէ վիճաբանութիւնը արուե՛ստ մըն է, եւ թէ՝ նուրբ արուեստ մը։ Արդարեւ, վիճաբանութեան կերպը շնորհալի կերպն է, պատշաճ, քաղաքավար, յարգալի՛։ Վիճաբանութիւնը կռիւի կը վերածուի, երբ շնորհալի կերպը չգործածուի։ Կանխակալութիւնը, նախապաշարումները, ինքնահաւանութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, մեծամտութիւնը վիճաբանութիւնը կը վերածեն կռիւի, մինչդեռ վիճաբանութեան մասնակցողներ ո՛չ հակառակորդ են եւ ո՛չ ալ թշնամի։ Անոնք պարզ մրցակիցներ ալ չեն, միայն միասին շարժող «բարեկամ»ներ՝ որ միասին կը փնտռեն ճշմարտութիւնը։ Անոնք գործակիցներ են, որոնք ունին տարբեր գործիքներ՝ նոյն նպատակին ծառայող…։
Էմիրսըն կ՚ըսէ, թէ որեւէ գործ կատարելու, նոյնիսկ հաւկիթ մը խաշելու համար երկու կերպ կայ. շնորհալի կերպը եւ անշնորհք կերպը։ Այս խօսքը աւելի եւս ի զօրու է վիճաբանութեան արուեստին համար։ Արդարեւ, վիճաբանութիւնն ալ ունի շնորհալի եւ անշնորհք կերպերը։ Շնորհալի կերպով վիճաբանիլը ձիրք մըն է, ինչպէս ամէն արուեստ ձիրք կը պահանջէ։ Կենցաղագիտական պահանջ մըն է ան, նոյնիսկ կրթութիւն մը, դաստիարակութիւն մը եւ ազնուականութի՛ւն։ Շնորհալի կերպով վիճաբանիլը՝ ազնիւ մարդու, կրթուած եւ կենցաղագէտ անձնաւորութեան տէր անհատի գործ է։
Կ՚ըսուի, թէ ոճը մա՛րդն է։
Վիճաբանութեան կերպը ցոյց կու տայ նաեւ վիճաբանողին նկարագիրը, քանի որ մարդ իր գործերէն կը ճանչցուի, այլապէս խօսքը կրնայ սխալեցնել, եւ սխալ գաղափար կազմելու պատճառ ըլլայ մէկու մը մասին։ Պոռոտախօս մարդը չէ որ շատ բան գիտէ, պէտք է գործին նայիլ մէկու մը՝ հասկնալու համար անոր ճշմարիտ արժէքը։ Արդարեւ, վիճաբանութեան ոճը շատ աւելի յստակօրէն եւ ճշմարիտ ձեւով երեւան կը բերէ այդ «մարդ»ը՝ անձը, վիճաբանողին նկարագիրը եւ հոգեբանութիւնը։
Վիճաբանելու ատեն, մարդ յաճախ անգիտակցօրէն երեւան կը բերէ իր նկարագրին ամենէն ցայտուն երեսը՝ հպարտութեան կամ համեստութեան, ազնուութեան կամ ինքնահաւանութեան, խոնարհութեան կամ մեծամտութեան, պաղարիւնութեան կամ դիւրագրգռութեան եւ բարկութեան, պատշաճութեան կամ յամառութեան, չափաւորութեան կամ յանդգնութեան եւ կամ նկարագրի ուրիշ յատկութիւնները։
Տարակարծութիւնը բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է եւ վիճաբանութիւնն ալ տարակարծութեան արդիւնք է։ Այս իմաստով ամէն կարծիք, ամէն գաղափար անմիջապէս ընդունիլ եւ կամ մերժել՝ մարդուն բանականութեան հակառակ է. ողջախոհ մարդը որեւէ իրողութիւն, գաղափար կամ կարծիք ընդունելէ կամ մերժելէ առաջ պէտք է քննէ, ուսումնասիրէ եւ խորհրդածէ, եւ յետոյ ընդունի կամ մերժէ։ Արդարեւ, առանց խորհելու եւ դատելու գաղափար մը, կարծիք մը անմիջապէս ընդունիլ՝ մտային ստրկութիւն է մարդուս համար։ Եւ դարձեալ, գաղափար մը անմիջապէս մերժել առանց քննելու, անխոհեմութիւն է՝ կանխակալութեան եւ նախապաշարումի արդիւնք։
Մարդկային կեանքի մէջ վիճաբանութիւնը անհրաժե՛շտ է. ան է որ մարդը «մարդ» կ՚ընէ իր կոչումին համաձայն։
Տարակարծութիւնը որքան բնական է մարդուն համար, նոյնքան անհրաժեշտ է հանրային բարիքի եւ օգտակարութեան տեսակէտով։ Բնական է՝ ո՛չ թէ միայն որովհետեւ մարդոց հմտութիւնը, մտային տարողութիւնը կը տարբերի որակով եւ քանակով, ո՛չ թէ միայն որովհետեւ մարդոց ճաշակը, դատողութիւնը, հայեացքը, խառնուածքը կը տարբերին, այլ մա՛նաւանդ որովհետեւ դէպքերը, իրերը, իրողութիւնները եւ նոյնիսկ ճշմարտութիւնը յաճախ տարբեր անկիւններէ, տարբեր մտային եւ հոգեկան աչքով կը դիտեն, եւ ինչպէս տուն մը, զոր օրինակ, դուրսէն եւ ներսէն, տարբեր կողմերէն, վարէն կամ վերէն բոլորովին տարբեր շէնք մը կը թուի, այնպէս ալ որեւէ քաղաքական կամ տնտեսական, կրթական կամ հանրային խնդիր, տարբեր մարդոցմէ եւ տարբեր անկիւններէ դիտուելով տարբեր կողմեր կը ներկայացնէ։ Ուստի դատավարութեան մը մէջ դատաւորը երբեք մէկ վկայի վկայութեամբ վճիռ չ՚արձակեր, այլ երկու կամ երեք վկաներու վկայութեանը կը դիմէ, որպէսզի դէպքը տարբեր տեսանկիւններէ եւ երեսներէ դիտողներու վկայութեամբ արդար վճիռ մը կարենայ արձակել։ Եւ օգտակար է հանրային տեսակէտով ալ՝ որովհետեւ խնդրոյ առարկայ եղած հարցին վրայ տարբեր կողմերէ ցոլացած լոյսը կը ծառայէ լաւագոյն կերպով լուսաբանելու զայն։
Եւ այս պատճառով է, որ կարեւոր եւ կենսական հարցեր ժամերով եւ օրերով ժողովներու եւ մամուլի մէջ բուռն վիճաբանութիւններու կ՚ենթարկուին, կը վերլուծուին յօգուտ հանրութեան, յօգուտ ժողովուրդի՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 28 2022, Իսթանպուլ