ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԽՕՍՔԵՐ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք՝ խօս­քեր կան, ո­րոնք կը տպա­ւո­րեն մարդ­կու­թիւ­նը եւ մշտնջե­նա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­մէն շրջա­նի մար­դուս հա­մար։ Եւ դար­ձեալ կան խօս­քեր՝ ո­րոնք կարճ են, քիչ են եւ սա­կայն շա՜տ բան կ՚ը­սեն, խօս­քեր են՝ խօս­քէն ա­ւե­լի՛. կան նաեւ խօս­քեր՝ ո­րոնք եր­կար են, շատ են, բայց բո­վան­դա­կու­թեամ­բը ո՛­չինչ կ՚ը­սեն եւ կը կոր­սուին ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեա­նը ըն­թաց­քին եւ ո­րե­ւէ տպա­ւո­րու­թիւն, ազ­դե­ցու­թիւն չեն թո­ղուր մար­դուս։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­մաս­տով, մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք՝ կարճ բայց շատ բան ը­սող խօս­քեր, մշտնջե­նա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող խօս­քեր՝ ո­րոնք տպա­ւո­րուած են միտ­քե­րու մէջ՝ սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ։

1- «Մարդն է որ կը զար­դա­րէ տե­ղը եւ ո՛չ թէ տե­ղը՝ մարդս»։ «Homo locum ornat, non ornat hominem locus»։ Տե­ղեր, վայ­րեր կը գե­ղեց­կա­նան ի­րենց բնա­կիչ­նե­րով։

2- «Մա՛րդ եմ, եւ ո՛չ մէկ մարդ­կա­յին բան օ­տար է ին­ծի, մա՛րդ եմ, եւ ո՛չ մէկ մարդ­կա­յին բան խորթ կը հա­մա­րեմ ին­ծի հա­մար»։ «Homo sum et nil humani a me alie-num puto»։ Մեր թուա­կա­նէն ա­ռաջ, 185-159 թուա­կան­նե­րուն՝ Տե­րեն­ցիո­սի կա­տա­կեր­գու­թե­նէն։

3- «Այս­տեղ ջու­րը կը կանգ­նի», այ­սինքն այս­տեղ դժուա­րու­թիւն կա՛յ, այս­տեղ խո­չըն­դոտ կա՛յ. «Hic haeret agua»։ Ու­րեմն զգո՛յշ ըլ­լա­լու է։

4- «Թող ա­մօթ ըլ­լայ ա­նոր, որ այդ մա­սին վատ բան կը մտա­ծէ»։ Այ­սինքն՝ վատ, գէշ մտա­ծո­ղը թող ա­մօ­թա­պարտ ըլ­լայ։ «Honni soit, qui mol y pense»։ Անգ­լիա­կան ծնկա­կա­պի (=ծուն­կը պաշտ­պա­նող կապ, զան­կա­պան) շքան­շա­նի նշա­նա­բա­նը։

5- «Ա­մէն բա­նէն քիչ մը, ամ­բող­ջու­թեամբ՝ ո՛­չինչ», բան մը հասկ­նա­լու կամ կա­րո­ղա­նա­լու հա­մար. ա­մե­նէն՝ քիչ-քիչ, ար­դիւն­քը՝ ո՛­չինչ։ «In omnibus aliquid, in toto nihil»։ Կէս գի­տու­թիւ­նը գի­տու­թիւն չէ՛, ինչ­պէս, մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւ­նը, տե­ղե­կու­թիւն չէ՛։

6- «Ճշմար­տու­թիւ­նը գի­նիի մէ՛ջ է. մարդ խմած ժա­մա­նակ կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան». «In vino veritas». հին յոյն բա­նաս­տեղծ­նե­րու ա­սու­թիւ­նը։

7- «Երբ կը խօ­սի զէն­քը, կը լռեն օ­րէնք կամ մու­սա­ներ». զէն­քի հան­դէպ օ­րէնք­նե­րը կը լռեն. պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ գի­տու­թիւ­նը եւ գե­ղա­րուես­տը կանգ կ՚առ­նեն։ «Inter arma silent leges» կամ «Inter arma silent musae»։ Կի­կե­րո­նի յայտ­նի խօս­քը։

8- «Խօս­քը մեր մէջ». «Inter nos»։

9- «Ես ա՛յս­տեղ եմ, ա՛յս­տեղ ալ կը մնամ». «J՚y suis, j՚y reste»։ Ֆ­րան­սա­ցի Մակ-Մա­հո­նիի խօս­քը։

10- «Այս­տեղ մտնող­նե­րը թող կտրեն ի­րենց յոյ­սե­րը». «Lasciate ogni speranza voi ch՚entrate»։ Տան­դէի «Աս­տուա­ծա­յին կա­տա­կեր­գու­թեան» մէջ դժոխ­քի դռնա­վե­րեւ ար­ձա­նագ­րու­թեան վեր­ջին բա­ռե­րը։

11- «Գրուա­ծը կը մնա՛յ». գրուա­ծը ա­ւե­լի կը պար­տա­ւո­րեց­նէ քան բա­նա­ւո­րը՝ խօս­քը։ Նաեւ՝ «ի՛նչ որ գրչով գրուած է, չի՛ ջնջուիր բա­հով եւ բրի­չով»։ «Littera scripta manet»։

12- «Թա­գա­ւո­րը կը թա­գա­ւո­րէ, բայց չի կա­ռա­վա­րեր»։ Թիէր-ի ձե­ւա­կեր­պած սկզբունք. «Le roi régne, mais ne gouverne pas»։

13- «Թա­գա­ւո­րը մե­ռաւ. կեց­ցէ՛ թա­գա­ւո­րը». միա­պե­տա­կան­նե­րու սկզբունք՝ միա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան յա­րա­տե­ւու­թեան մա­սին՝ ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու ան­հատ­նե­րու մա­հը։ «Le roi est mort, vive le roi»։

14- «Լա­ւա­գոյ­նը լա­ւի թշնա­մին է». «Le mieux est l՚ennemi du bien»։

15- «Մե­ռա­ծը կը բռնէ կեն­դա­նի մնա­ցա­ծը»՝ ան­ցեա­լը կը ծան­րա­նայ ներ­կա­յին վրայ, ի­մաս­տով։ «Le mort saisit le vif»։

16- «Հան­ճա­րա­միտ­նե­րը ի­րա­րու կը հան­դի­պին»՝ խե­լա­ցի մար­դիկ միեւ­նոյն միտ­քե­րուն կու գան։ Եւ կամ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է, ա­մէն բա­նա­ւոր միտք ի վեր­ջոյ ա­նոր կը հաս­նի։ «Les beaux esprits se rencontrent»։

17- «Հա­կա­դիր ծայ­րե­րը զի­րար կը շօ­շա­փեն, ծայ­րա­թե­ւե­րը ի­րա­րու կը կպչին, ծայ­րա­յե­ղու­թիւ­ննե­րը ի­րա­րու կը մօ­տե­նան». «Les extrêmes se touchent»։

18- «Ո­ճը՝ ինք մա՛րդն է»՝ ո­ճը կը բնո­րո­շէ մար­դը։ Պիւֆ­ֆո­նի պատ­կա­նող խօսք։ «Le style c՚est l՚homme»։

19- «Միու­թիւ­նը ո՛ւժ է». միու­թիւնն է որ ուժ կը կազ­մէ։ «L՚union fait la force»։

20- «Կրկնու­թիւ­նը ուս­ման մա՛յրն է». «Repetitio est mater studiorum»։

21- «Վե­րա­դառ­նանք մեր ոչ­խար­նե­րուն», այ­սինքն՝ գանք մեր խօս­քին, վե­րա­դառ­նանք մեր ընդ­հա­տուած, ընդ­մի­ջուած խօս­քին։ «Revenons a nos moutons»։

22- «Լաւ կը ծի­ծա­ղի ան, որ վեր­ջը կը ծի­ծա­ղի». տես­նենք՝ որ ը­սա­ծը կը կա­տա­րուի։ «Rira bien qui rira le dernier»։

23- «Գո՛րծ, ոչ թէ խօսք». «գոր­ծեր եւ ո՛չ թէ բա­ռեր». «Res, non verba»։

24- «Սուրբ ան­մե­ղու­թիւն». «Santcta simplicitas»։

25- «Հա­սա­րա­կու­թեան՝ ժո­ղո­վուր­դին փրկու­թիւ­նը բարձ­րա­գոյն օ­րէ՛նքն է» կամ «հա­սա­րա­կա­կան՝ ժո­ղովր­դա­կան բա­րօ­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր օ­րէնքն է»։ «Salus publica (populi)-suprema lex». Կի­կե­րո­նի ա­սու­թիւն­նե­րէն։

26- «Լե­ցուն փո­րը սոր­վիլ չի սի­րե՛ր». լե­ցուն փո­րով սոր­վիլ կա­րե­լի չէ՛։ «Satur venter non studet libenter»։

27- «Նմա­նը նմա­նով կ՚ու­րա­խա­նայ» հա­մե­մա­տա­բար՝ նմա­նը իր նմա­նը կը սի­րէ։ «Similis simili gaudet»։

28- «Խե­լա­ցի մար­դը իս­կոյն կը հասկ­նայ». «խե­լա­ցի մար­դուն բա­ւա­կա՛ն է». «հասկ­ցո­ղին հե­րիք է»։ «Satis superque»։

29- «Ու­նայ­նու­թիւն ու­նայ­նու­թեանց» եւ «ա­մէն ինչ ըն­դու­նայն է» (ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՂ Ա 2)։ «Vanitas vanitum et omnia vanitas»։

30- «Գի­նին ծե­րե­րու կաթն է». գի­նին ծե­րե­րու գա­ւա­զանն է։ «Vinum lac senum»։

31- «Ե­կայ, տե­սայ, յաղ­թե­ցի». Յու­լիուս Կե­սա­րի խօս­քը. «Veni, vidi, vici»։

32- «Լո­ղա՛ իմ նաւ». ի՛նչ որ կ՚ու­զէ թող ըլ­լայ։ «Vogue la galère!» ֆրան­սա­կան ա­սու­թիւն։

- Սկզբնաղ­բիւր.- «Օ­տա­րազ­գի բա­ռեր ու դար­ձուածք­ներ» - (1958)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Դեկ­տեմ­բեր 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017