ՄԱՐԴ՝ ՍԱ ԱՆԾԱՆՕԹԸ

Մարդ էակը ստեղծագործութեան մեծագոյն հանելուկն է. միշտ «անծանօթ» ո՛չ միայն իր շուրջիններուն, այլ նաեւ՝ «անծանօթ» ինքնիրեն։ Դարե՜րէ ի վեր փորձած են իմաստասէրներ լուծել «մարդ հանելուկ»ը, հասնիլ անոր գաղտնիքներուն, բայց քանի որ տակաւին կը շարունակեն «ծանօթանալ» մարդ էակին էութեան, այս կը նշանակէ, որ դարերէ ի վեր կատարուած աշխատութիւնները ապարդիւն են մնացած եւ «մարդ»ը կը շարունակէ «հանելուկ» մը մնալ ինքնիրեն։ Մա՛րդ չէ կրցած ծանօթանալ «մարդ-անծանօթ»ին, որ հանելուկ մըն է՝ առեղծուած մը՝ «անծանօ՛թ» մը…։

Արդարեւ, մարդը, ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ, աւելի ճիշդ է ըսել՝ Բնութեան մէջ մինակը չէ, որ կեանք մը կ՚ապրի, կեանք մը որ թերեւս կը տարբերի միւս ապրողներէ այն յատկութեամբ՝ թէ ան կեանքը կ՚ապրի գիտակցաբար, զգալով եւ կեանքին խորը թափանցելու փորձեր կատարելով։ Եւ մա՛րդն է, որ հարցափորձի կ՚ենթարկէ ինքզինք, իր կեանքը եւ իր գոյութեան պատճառը, նպատակը եւ մէկ խօսքով՝ ապրած կեանքին իմաստը։

Բայց մարդ ի՞նչ կ՚ընէ, որ ապացոյց կրէ, թէ միւս ապրողներէ, կեանք ունեցողներէ աւելի խելք ունի։ Այո՛, ան խելք ունի՝ բանականութիւն, ազատ կամք, ինքզինք կառավարելու յատկութիւն, բայց ի վերջոյ ան ինքնաբաւ չէ, եւ կու գայ տեղ մը՝ ուր անկարող, անճար, խեղճ եւ անօգնական կը դառնայ եւ կը հաւասարի միւս ապրողներուն՝ որոնց նկատմամբ օժտուած է կարողութիւններով, յատկութիւններով՝  որոնք գերդաս կ՚ընեն զինք։ Մարդն ալ յաճախ կը ծալլէ իր մտքին եւ հոգիին թեւերը եւ կը տապլտկի տիղմի մէջ։ Աստուած սիրտ է դրած մարդուն մէջը, որպէսզի սիրէ, բայց ան հրաժարելով սիրոյ այդ լուսաւոր մթնոլորտէն, կը մտնէ մութին, խաւարին մէջ՝ դժոխքի մը մէջ՝ ուր ատելութեան կրակները կը ճարճատին. փոխանակ Աստուծոյ հետ ապրելու, Սատանան կ՚ընէ իր բարեկամը եւ իր առաջնորդը։ Բանականութեամբ օժտուած մարդուն «անբան» վիճակն է ասիկա…։

Մարդ, իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է փնտռելու եւ ճանչնալու իր Արարիչը, եւ այս պատճառով, ան պարտաւոր է ճանչնալ նախ ինքզինք։ Ուստի մարդ օժտուած է բանականութեամբ։ Եւ եթէ իր բանականութիւնը չգործածէ փնտռելու եւ ճանչնալու իր Արարիչը, չօտուի իր բանակութենէն՝ ճանչնալու ինքզինք եւ գիտնալու՝ թէ ինչո՞ւ գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ, ի՞նչ է իր նպատակը եւ ի՞նչ է կեանքին իմաստը. եթէ այս հարցումները չհարցնէ, եւ հարցումներուն պատասխան մը գտնելու համար չօգտագործէ իր բանականութիւնը, այլապէս ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենայ միւս արարածներէն որոնք բանականութիւն չունին եւ ընդհանրապէս կը կոչուին «անբա՛ն»։

Ուրեմն բանականութեան տէր ըլլալու՝ մա՛րդ ըլլալու ապացոյցը՝ նախ փնտռել եւ ճանչնալ իր Արարիչը, յետոյ հարցնել «ի՞նչու», «ինչպէ՞ս», «ի՞նչ» հարցումները ինքնիրեն, ճանչնալու համար ինքզինք, գիտնալու համար կեանքին պատճառը, նպատակը եւ իմա՛ստը։ Եւ ահաւասիկ այս յատկութիւնն է, որ մարդս գերադաս կ՚ընէ միւս արարածներուն մէջ։ Ուստի մարդ «մա՛րդ» է այնքան, որքան կ՚օգտագործէ իր բանականութիւնը, հոգ չէ որ չկարենայ պատասխան ստանալ իր բոլոր հարցումներուն։ Արդարեւ կը բաւէ խորհիլ, հետաքրքրուիլ եւ գիտակցութիւնը ունենալ՝ թէ Արարիչ մը ունի եւ ինք ստեղծուած է Անոր կողմէ՝ բանաւոր պատճառով մը, նպատակի մը համար եւ թէ իմա՛ստ մը ունի իր գոյութիւնը այս աշխարհի վրայ։ Մարդ իր գիտակցութեան չափով «մա՛րդ» է՝ հաւատարիմ իր կոչումին եւ կեանքին նպատակին։

Արդարեւ, ո՛չ միայն աշխարհի վրայ, այլ ամբողջ տիեզերքի մէջ ամէն ինչ որ գոյութիւն մը ունի, անպայման ունի «պատճառ» մը եւ ամէն պատճառ ունի նաեւ «նպատակ» մը՝ որ կը յաջորդէ պատճառին։

Պատճառ-նպատակի այս յարաբերութիւնը ահաւասիկ կը ստեղծէ «իմաստ»ը՝ որ ամէն էութեան, ամէն գոյութեան մղիչ ո՛ւժն է։ Եւ ուրեմն, «իմաստ»ը ամէն էութեան, ամէն գոյութեան «հոգի»ն է. առանց հոգիի, այսինքն իմաստի որեւէ գոյութիւն կարելի չէ մտածել։ Այս ալ ցոյց կու տայ՝ թէ ստեղծագործութիւնը «ծրագիր» մը ունի եւ ամէն ինչ կ՚ընթանայ այդ ծրագրին համեմատ եւ կը ծառայէ ծրագրին իրագործման։ Աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մաս կը կազմէ նաեւ մարդը՝ որուն արարչութիւնն ալ ունի որոշ պատճառ մը, նպատակ մը, եւ իր իմաստը կը ստանայ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ կատարած դերով։ Շատեր այդ դերը կը կոչեն «ճակատագիր». բայց «ճակատագիր» ըսուածը ուրիշ բան չէ, սակայն աշխարհի վրայ աստուածային ծրագրին իրագործման եւ կատարման համար ստանձնուած դեր մը, պարտականութիւն մը։ Իւրաքանչիւր «անձ» կը շարժի այս աստուածային ծրագրին սահմաններուն մէջ՝ իրագործելու համար այս ծրագիրը, եւ ահաւասիկ շատեր զայն կը կոչեն «ճակատագի՛ր»։ Ուստի պէտք է զանազանել «ծրագիր»ը եւ «ճակատագիր»ը։

Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակել «ճակատագիր»ը մարդուս «ազատ կամք»ին հետ։ Եթէ կայ, եւ կա՛յ «ազատ կամք», ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնանք ընդունիլ «ճակատագիր» ըմբռնումը, որ կը սահմանափակէ մարդուս բոլոր արարքները՝ որոնք կը կատարուին «ազատ կամք»ով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 16, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020