ԾԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԴԱՍ ՄԸ
Գիւղի մը քահանայ հայրը, օր մը կը հանդիպի երիտասարդի մը՝ որ դադրած է եկեղեցի յաճախելէ։ Քահանայ հայրը կը հարցնէ երիտասարդին. «Տղաս ինչո՞ւ այլեւս չես գար եկեղեցի, նախապէս չէիր բացակայեր, ի՞նչ պատահեցաւ, ի՞նչ բան արգելք հանդիսացաւ եկեղեցի յաճախելուդ եւ հեռացար եկեղեցիէն»։
Երիտասարդը ամօթահար, կը վարանի պատասխանելու քահանայ հօր հարցումին. չքմեղանքով կը խոստովանի. «Տէր հայր, խրատական խօսած ատեն յաճախ կը յիշեցնես չծխե՛լ»։
Քահանայ հայրը կը պատասխանէ. «Հարցը շատ պարզ է տղաս. իմ խօսքերս չխրտչեցնեն քեզ եւ արգելք չըլլան քեզի, որ եկեղեցիէն հեռանաս, դուն եկուր՝ երբ որ կ՚ուզես ծխէ»։
Քահանայ հօր այս անակնկալ պատասխանին վրայ՝ երիտասարդին գոյնը կը փոխուի. զարմանքով եւ լրջութեամբ կը հարցնէ. «Տէր հայր, կարելի՞ է որ այդպիսի բան մը ըլլայ, այդ ի՞նչ տեսակ խօսք է»։
Քահանայ հայրը նոյն լրջութեամբ կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զարմացար, ինչո՞ւ չըլլայ տղաս, ի՞նչ սխալ եւ զարմանալի բան նկատեցիր խօսքերուս մէջ»։
Երիտասարդը աւելի քաջութեամբ կը համարձակի պատասխանելու եւ կ՚աւելցնէ. «Տէր հայր, Աստուծոյ տան մէջ՝ եկեղեցին այդպիսի բան կարելի՞ է որ պատահի, կարելի բա՞ն է հոն ծխել…»։
Քահանայ հայրը խօսքին տեղը բերելով կը շարունակէ. «Եթէ գիտես, թէ եկեղեցւոյ մէջ ծխելը սխալ է, չ՚ըլլար այդպիսի բան, կարելի չէ, չե՞ս մտածեր, թէ դուրսը կարելի կրնա՞յ ըլլալ. բան մը որ եկեղեցւոյ մէջ ընել սխալ է, հապա դուրսը կամ ուրիշ որեւէ տեղ ընել ճի՞շդ է…»։ Եւ քահանայ հայրը կ՚աւելցնէ. «Մեր մարմիններն ալ Սուրբ Հոգիին տաճարներն են»։
Անոնք որոնք կը կասկածին, թէ իրենց ըրածը սխալ է եւ չի համապատասխաներ ճշմարիտին եւ բարիին, ընդհանրապէս սուր աչքերով, ուշադրութեամբ եւ քննադատական հոգիով կը դիտեն ճիշդը եւ ճշմարիտը, բարին խօսողները եւ յատկապէս հոգեւորականները՝ որպէսզի քննադատեն զանոնք եւ արդարացնեն իրենք զիրենք։ Յանցաւոր մարդու հոգեվիճակ՝ կատարեալ ինքնախաբէութի՛ւն՝ ուրիշը անիրաւ կերպով ամբաստանելով ինքզինք արդարացնել, իր գործած սխալին պատեան յարմարցնել, շիտակի դիմակով սխալը ծածկել…։
Սխալը միշտ սխա՛լ է, մարդ որքան ալ ջանք թափէ արդարանալու, ի վերջո՛յ ոչ մէկ բան ծածուկ կը մնայ։ Ինչպէս վերոյիշեալ պատմութեան մէջ. երիատասարդը իր կրկնապատիկ սխալներուն պատճառը՝ եկեղեցի այլեւս չյաճախելուն պատճառը քահանայ հօր խրատներուն կը վերագրէ։ Եւ սակայն իր սխալ ամբաստանութիւնը երբեք չէր կրցած արդարացնել զինք, քանի որ իր ըրածը հիմնովին սխա՛լ էր։ Սխալ մը, յանցանք մը ծածկելով, դիմակաւորելով երբեք չ՚անհետանար եւ անշուշտ սխալը գործողն ալ չ՚արդարացներ։
Կան մարդիկ, որ եկեղեցի չեն յաճախեր, ըսելով որ իրենք մեղաւոր են, եթէ երթան եկեղեցւոյ «ջահը իրենց գլխուն կ՚իջնէ»։ Բայց աւելի շատ իրենք զիրենք մեղաւոր կամ յանցաւոր նկատողներ, իրենք զիրենք հեռու կարծողներ պէտք է եկեղեցի երթան, քանի որ Քրիստոս ո՛չ թէ արդարներուն, այլ մեղաւորներուն՝ ո՛չ թէ առողջներուն, այլ հիւանդներուն համար եկաւ։ Առողջը հիւանդանոց երթալու պէտքը չունի՝ ախտաւորը, հիւանդն է որ հիւանդանոց պէտք է երթայ՝ բժշկուելու, առողջանալու համար։ Նոյնպէս, ինքզինք մեղաւոր նկատողն ալ պէտք է եկեղեցի յաճախէ՝ արդարանալու համար…։
Ամէն ատեն, միշտ տարբերութիւն եղած է ապաշխարածներու եւ անապաշխարներու վարած կեանքին մէջ. անկասկա՛ծ։ Բայց այն տարբերութեամբ, որ ժամանակի ընթացքին մինչ անապաշխարածներ յառաջացած են մեղքի մէջ, իսկ ապաշխարածներ հետեւած, քայլ յարմարցուցած են ժամանակին որոշ չափով, նոյն տարբերութիւնը կամ հեռաւորութիւնը պահելով անապաշխարած մարդոց հետ։
Ուրեմն, ինքզինք «մեղաւոր» նկատել արգելք մը չէ երբեք եկեղեցի յաճախելու, պարզապէս պատրուակ մը, եւ ընդհակառակը «մեղաւոր ըլլալ»՝ կարեւոր պատճառ մըն է եկեղեցի յաճախելու՝ փրկուելու համար։ Մեղքը եթէ հոգիին աղտն է՝ սրբուելու, մաքրուելու այդ աղտէն, միակ տեղը եկեղեցի՛ն է։
Ուստի, մարմնին աղտը ջուրով, լուացուելով կը մաքրուի, իսկ հոգիին աղտը՝ ապաշխարելո՛վ։
Արդարեւ, այն ինչ որ սխա՛լ է ընել որեւէ տեղ մը, պէտք է սխալ ըլլայ ամէն տեղ։
Անշուշտ կարելի է ըսել, թէ ամէն բան պէտք է ընել պատշաճ կերպով՝ յարմար տեղը։ Ուրիշ խօսքով՝ տեղ մը բան մը ընել կրնայ անպատշաճ ըլլալ, բայց ուրիշ տեղ մը՝ պատշա՛ճ։ Բայց ասիկա, ընդհանրապէս արարքին բնոյթը չի փոխեր՝ սխալը միշտ եւ ամէն տեղ սխա՛լ է, ինչպէս ճշմարիտը եւ շիտակը ամէն տեղ եւ ամէն ատեն նո՛յնն են, չե՛ն փոխուիր տեղի եւ ժամանակի համեմատ։
Ոմանք կրնան առարկել, ըսելով որ, զոր օրինակ, հաւասարներու՝ ընկերներու միջեւ կարգ մը վարմունքներ կրնան սովորական եւ պատշաճ ըլլալ, բայց մեծերու հանդէպ նոյն վարմունքները անսովոր եւ անպատշաճ նկատուին։ Բայց ասիկա կենցաղագիտութեան կամ կրթութեան հարց մըն է եւ պէտք չէ՛ շփոթել սխալի կամ մեղքի պարագաներուն հետ։ Կենցաղագիտութիւնը կամ կենցաղավարութիւնը կրթութեան հետ կապ ունի, իսկ յանցանքը կամ մեղքը՝ մարդուս ներաշխարհին, հոգիին հետ։
Սխալը եւ շիտակը, անպատշաճը եւ պատշաճը կարենալ զատորոշել առաքինութի՛ւն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 14, 2021, Իսթանպուլ