ԱՆՏԵՂԵԱԿ ԿԱՄ ԱՆԳԻՏԱԿԻ՛Ց

Հի­նէն ի վեր կ՚ը­սուի, թէ՝ չգիտ­նա­լը ա­մօթ չէ, այլ՝ չսոր­վի՛­լը։

Մա­սամբ ճիշդ է այս մտա­ծու­մը, բայց ո՛չ բո­լո­րո­վին, քա­նի որ ան­գի­տու­թիւ­նը երբ միշտ պատ­ճա­ռա­բա­նուի, «չսոր­վե­ցնող» ա­մէն մարդ ամ­բաս­տա­նուած, մե­ղադ­րուած կ՚ըլ­լայ։ Մինչ­դեռ պէտք է նկա­տի առ­նել այն «տգէտ»նե­րը՝ ո­րոնք կը յա­մա­ռին եւ չեն ու­զեր սոր­վիլ, գիտ­նալ եւ կը նա­խընտ­րեն միշտ «ան­գէտ» մնալ եւ կեր­պով մը սպրդիլ, զերծ մնալ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պար­տադ­րած պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն։ Ար­դա­րեւ, տգի­տու­թիւ­նը պատ­րուակ կը հա­մա­րեն ո­մանք, կ՚ար­դա­րաց­նեն ի­րենք զի­րենք, ը­սե­լով թէ՝ սոր­վեց­նող չէ ե­ղած ի­րենց եւ կամ ա­ռիթ չէ տրուած սոր­վե­լու ի­րենց։ Բայց հարց­նե­լու է այդ­պի­սի­նե­րուն, թէ ի­րենք ի՞նչ ը­րին սոր­վե­լու կամ սոր­վեց­նող մը գտնե­լու, ճա­րե­լու հա­մար եւ կամ ո՞ր­քան օգ­տուած են ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցուած փոքր, անն­շան ա­ռիթ­նե­րէն՝ ո­րոնք թե­րեւս մեծ օգ­տա­կա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նար զի­րենք փրկե­լու հա­մար տգի­տու­թե­նէ եւ դա­սե­լու՝ գի­տուն մար­դոց կար­գին։ Այս մա­սին ե­թէ կայ թե­րա­ցում մը, կամ յան­ցանք մը, պէտք է ըն­դու­նիլ եւ խոս­տո­վա­նիլ, որ երկ­կող­մա­նի է եւ ա­ռա­ւել կամ պա­կաս թե­րա­ցում ու­նե­ցած է թէ՛ չսոր­վո­ղը եւ թէ՛ չսոր­վեց­նո­ղը։

Ան­գէտ, ան­տե­ղեակ մնա­ցո­ղը, թե­րեւս ան­տար­բեր գտնուած է, թե­րեւս յու­լա­ցած եւ ա­լա­րած, ո­րոնք ար­դիւնք են՝ տգի­տու­թեան վնաս­նե­րու նկատ­մամբ ան­գի­տակ­ցու­թեան։

Իսկ սոր­վեց­նող­նե­րու յան­ցան­քը կրնայ ըլ­լալ՝ ան­համ­բե­րու­թիւն, նաեւ՝ ան­տար­բե­րու­թիւն եւ կամ դժուա­րու­թիւն­նե­րու հան­դէպ շու­տով յու­սալ­քո՛ւմ։ Ար­դա­րեւ համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ եւ ա­ռաջ­նա­կարգ պայ­մա՛նն է սոր­վեց­նե­լու։ Ան­ձանձ­րոյթ եւ անվ­հատ պէտք է ըլ­լայ սոր­վեց­նե­լու փա­փա­քը՝ ան­կեղծ եւ նպա­տա­կաս­լաց։ Այս ի­մաս­տով սոր­վեց­նե­լը կո­չու­մով ստա­ցուած ըն­դո­ծին տա­ղանդ մը, յատ­կու­թիւն մըն է։

Ան­տե­ղեակ մար­դոց պատ­րուա­կը թէեւ պատ­րա՛ստ է, բայց ա­սի­կա զա­նոնք բո­լո­րո­վին չ՚ար­դա­րաց­ներ, քա­նի որ ե­թէ ա­նոնք պէտք ե­ղած ջան­քը չեն ցոյց տուած, կա­րե­լին չեն ը­րած սոր­վե­լու կամ սոր­վեց­նող մը գտնե­լու հա­մար, այ­լա­պէս տգէտ մնա­լը ի­րենց յան­ցանքն է։

Կրնայ, այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուող­ներ, կրնայ գտնուիլ ա­ռար­կող­ներ, բնա­կան է ա­սի­կա, բայց կը հարց­նենք, ե­թէ կարգ մը տգէտ մնա­ցած­նե­րու տգի­տու­թեան պատ­ճա­ռը ի­րենք չեն, ա­պա ու­րեմն ի՞ն­չու եւ ի՞նչ­պէս կրնան գտնուիլ ձե­ւա­կա­նօ­րէն ու­սում ստա­ցած՝ «կար­դա­ցած» տգէտ­ներ։ Մենք չենք ը­սեր ա­սի­կա, այլ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ՝ ա­մէ­նու­րեք եւ ա­մէն շրջա­նի մէջ կան, գտնուած են գի­տուն տգէտ­ներ եւ ո­րոնք «գի­տուն»ի դի­մա­կով հան­դի­սա­ցած եւ ի՜նչ ա­ղէտ­նե­րու, փոր­ձանք­նե­րու ա­ռիթ տուած են հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Եւ դար­ձեալ, ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ շատ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար ե­ղած են ա­նոնք՝ որ ե­ղած են «տգէտ գի­տուն»ներ, ար­տաք­նա­պէս վստա­հու­թիւն ներշն­չած բայց ներք­նա­պէս յու­սա­խա­բու­թիւն ստեղ­ծած են։

Գի­տու­թեան հար­ցին մէջ պէտք է լու­ծել խնդիր մը եւս։ Գի­տու­թիւն եւ բա­րո­յա­կա­նու­թիւն, գի­տուն եւ զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր մարդ՝ այս եր­կու ար­ժէք­նե­րու մէջ ո՞ր մէ­կը նա­խա­մե­ծար, գե­րա­դաս պէտք է հա­մա­րել։

Բա­ցա­յայտ կեր­պով՝ մէ­կը ի­րա­պէ՛ս գի­տուն է, ե­թէ ո՛չ ա­մե­նա­գէտ, բայց մաս­նա­գէտ, ան­շուշտ որ յարգ ու պա­տիւ կը վա­յե­լէ այդ մէ­կը եւ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ բո­լո­րին -կամ ա­ւե­լի լա՛ւ է ը­սել՝ մե­ծա­մաս­նու­թեան-։ Բայց որ­պէս նկա­րա­գիր յեղ­յե­ղուկ, փո­փո­խա­միտ, ժո­ղովր­դա­կան լե­զուով՝ «ո­րուն որ կառ­քը բազ­մի՝ ա­նոր եր­գը կան­չող», մէկ խօս­քով՝ որ­պէս նկա­րա­գիր ան-վըս­տա­հե­լի անձ մը երբ կը ճանչ­ցուի «գի­տուն»ը, ո՞ր ինք­նու­թեան պէտք է նա­խա­պա­տուու­թիւն տալ. որ­պէս «գի­տուն» պէ՞տք է յար­գել, թէ ոչ՝ որ­պէս «անն­կա­րա­գիր» անձ պէտք է վար­կա­բե­կել, ա­նար­գել։ Ու­րեմն մարդ կրնա՞յ «անն­կա­րա­գիր գի­տուն» մը ըլ­լալ եւ յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լել եւ դար­ձեալ կա­րե­լի՞ է որ գի­տուն մը, որ­քան ալ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նէ իր գի­տու­թեամբ, ե­թէ ան­բա­րոյ մէկն է, վստա­հու­թիւն ներշն­չէ ըն­կե­րու­թեան մէջ։

Ա­հա­ւա­սիկ, հոս կա­րե­ւոր­ւո­թիւն կը ստա­նայ՝ «գի­տա­կից գի­տուն» ըլ­լա­լու պա­հանջ­քը, իր գի­տու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող, պատ­կա­ռանք եւ վստա­հու­թիւն ներշն­չող ճշմա­րիտ գի­տուն ըլ­լա­լու հա­մար։

Այս հար­ցին շուրջ կայ ու­րիշ պա­րա­գայ մը եւս, գի­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թեան, նպա­տա­կա­յար­մար օգ­տա­գո­րու­մի մա­սին։ Գի­տու­թիւ­նը ան­շուշտ որ օգ­տա­կար ար­ժէք մըն է մար­դուն հա­մար, թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ՛ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Բայց գի­տու­թիւ­նը մի­ջոց մը, ա­ռար­կայ մըն է յա­ռաջ­դի­մու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան, որ է վերջ­նա­կա­նա­պէս մար­դուս եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Ու­րիշ խօս­քով՝ գի­տու­թեան նպա­տա­կը մա՛րդն է եւ ո՛չ թէ մար­դուն նպա­տա­կը գի­տուն ըլ­լալ։ Ար­դա­րեւ գի­տուն ըլ­լալ՝ մարդ­կու­թեան բա­րի­քին հա­մար պէտք ե­ղած տար­րե­րը գտնե­լու եւ գիտ­նե­լու հա­մար, մարդ­կու­թեան օգ­տա­կար ըլ­լա­լու հա­մար։ Գի­տու­թիւ­նը՝ եր­ջան­կու­թեան հա­մար ճշմար­տու­թեան ո­րո­նում մըն է, երբ մարդ գտնէ եւ գիտ­նայ ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք։ Ու­րեմն գի­տու­թիւ­նը մի­ջոց մըն է եւ գի­տու­նը կամ գիտ­նա­կա­նը՝ զայն օգ­տա­գոր­ծող ան­ձը։

Գի­տու­թեան նա­խա­պատ­ճառ­նե­րէն եւ հիմ­քե­րէն մին ալ՝ մար­դուս ըն­դո­ծին հե­տաքրք­րու­թիւնն է։

Մարդ երբ իր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը գո­հաց­նէ՝ եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք, պա­կաս մը լրա­ցու­ցած, գաղտ­նիք մը լու­սա­բա­նած կը նկա­տէ եւ կա­տա­րեալ ե­ղած կը կար­ծէ ինք­զինք եւ այդ ալ եր­ջան­կու­թեա­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։ Ու­րեմն գիտ­նա­լը, գի­տու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, պա­հանջք մըն է մար­դուն հա­մար եւ սո­վո­րա­կա­նը՝ գիտ­նա­լու փա­փա­քը ու­նե­նալն է, իսկ գիտ­նա­լէ, գի­տու­թե­նէ ո­րե­ւէ կեր­պով կամ պատ­րուա­կով խու­սա­փիլ եւ հե­ռու կե­նալ՝ տա­րօ­րի­նա՛կ։

Եւ քա­նի որ գի­տու­թիւ­նը մի­ջոց մը, ա­ռար­կայ մըն է, ինչ­պէս ա­մէն մի­ջոց եւ ա­ռար­կայ, զայն օգ­տա­գոր­ծո­ղին կամ­քին հա­մա­ձայն, օգ­տա­գոր­ծո­ղին, այ­սինքն՝ «գի­տուն»ին նկա­րագ­րին հա­մե­մատ օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար կ՚ըլ­լայ։

Հարց­նենք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. չար նպա­տա­կի մը հա­մար օգ­տա­գոր­ծուած գի­տու­թիւնն ալ «գի­տու­թիւն» չէ՞։ Եւ ա­մէն գի­տու­թիւն մար­դուս օգ­տին հա­մար կը գոր­ծա­ծո՞­ւի։ Ո՛չ։ Բայց գի­տու­թիւ­նը ինք չար կամ բա­րի, վնա­սա­կար կամ օգ­տա­կար չէ՛, այլ՝ զայն գոր­ծա­ծող «գի­տուն»ն է որ զայն օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար կ՚ը­նէ։

Ու­րեմն, ե­թէ գի­տու­թիւ­նը վնա­սա­կար գոր­ծե­րու հա­մար գոր­ծա­ծէ գի­տուն մը, կա­րե­լի՞ է զայն «գի­տուն» ա­նուա­նել իր յա­տուկ ի­մաս­տով։ Եւ կամ մէ­կը կրնայ «գի­տուն» ըլ­լալ, «գիտ­ցող» ըլ­լալ եւ կամ «մաս­նա­գէտ» ըլ­լալ, բայց երբ գի­տու­թիւ­նը կը գոր­ծա­ծէ, կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իր անձ­նա­կան շա­հե­րուն հա­մար, իր քմա­հա­ճոյ­քին «խա­ղա­լիկ»ը կը դարձ­նէ զայն, իր պա­հանջք­նե­րուն հա­մար, իր շա­հե­րուն հա­մար կը զո­հէ ըն­կե­րա­յին ա­մէն ար­ժէք, կ՚ան­տե­սէ ա­մէն ի­րա­ւունք, ինք­նա­մոլ եւ ինք­նա­կեդ­րոն, սան­ձա­զերծ կը գոր­ծէ, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի՞ է այն գի­տու­նին «գի­տուն» ը­սել եւ վստա­հիլ ի­րեն որ­պէս գի­տուն եւ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թիւ­նը, ա­պա­գան եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Այ­լա­պէս գի­տու­նը, գիտ­ցո­ղը, պէ՛տք է «գիտ­նա­կան»ի պէս վա­րուի, տի­պար ըլ­լայ, կե­ց-ւած­քով, խօս­քով, գոր­ծով եւ ա­մէն ին­չով վստա­հու­թիւն ներշն­չէ եւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը՝ տգէտ եւ ան­գի­տա­կից «գի­տուն» չըլ­լա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 16, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017