ԹԷԵՒ ԱՆԱՐՈՒԵՍՏ՝ ԱՐՈՒԵՍՏ Է
Յաճախ կարդացած եմ արուեստի մասին գրութիւններ եւ բացատրութիւններ եւ հասած եմ այն եզրակացութեան, որ կարելի չէ բացատրել արուեստի ինչութիւնը: Արուեստը սահմանում մը չի կրնար ունենալ, որովհետեւ ներկայացուած գրութիւն մը, գծագրութիւն մը եւ կամ ստեծագործութիւն մը նոյն տպաւորութիւնն ու ազդեցութիւնը չի թողուր մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ: Այն գծագրութիւնը որ քեզի համար անիմաստ կը թուի՝ կրնայ ըլլալ սքանչացումի պատճառը ուրիշին եւ նոյնպէս հակառակը՝ այն արուեստը որու համար կը սքանչանաս՝ կրնայ անիմաստ թուիլ ուրիշի մը համար: Հետեւաբար կարելի չէ վերջնական տողերու մէջ ըսել, թէ ա՛յս է արուեստը, որովհետեւ ան մէկ ու միանման չէ:
Այս դժբախտ իրողութիւնը սակայն շատերու առիթ կու տայ անտաշ ու անիմաստ աշխատութիւններ ներկայացնել որպէս «արուեստ», վահան ունենալով այն պատճառաբանութիւնը, թէ անոր գնահատումը յարաբերական է եւ հետեւաբար մենք ընդունինք թէ ոչ, կը շարունակէ մնալ արուեստի գործ: Նման երեւոյթներ գծելու կամ երգելու կողքին կը հանդիպինք մանաւա՛նդ գրականութեան մէջ, ուր անհատը գրիչ մը ձեռքը առած կը փորձէ մի քանի բառ քով քովի դնելով արուեստ մը ստեղծել: Այսօր ոեւէ մէկ անձ իր ձեռքը գրիչ առնելով կրնայ գեղեցիկ երաժշտականութիւն ստեծող բառեր քով քովի բերելով արուեստ մը ստեծել. - «Բարեւ բերի քեզի սարէն, կ՚ըսէ քեզի թող շուտ բերեն...». մարդ չի կրնար առարկել այս տողերուն արուեստականութեան, որովհետեւ յարաբերական ըլլալով կրնայ մէկու մը համար բան մը ներկայացնել՝ մանաւանդ որ վերջին վանկերը միանուագ են եւ նոյնանման: Եւ այս ճշմարիտ, սակայն ցաւցնող երեւոյթը նկատի ունենալով առիթ կը տրուի, որպէսզի բոլորը դառնան բանաստեղծ, դառնան մտաւորական՝ պարզապէս որոշ խաւի մը կողմէ սիրուած ու ըմբռնուած:
Այս դժբախտութեան մեծագոյն օրինակը ցոյց տուաւ Հայաստանի մէջ գործող «Գրանիշ» գրական համայնքը, հրապարակելով Խաչատուր անունով երիտասարդի մը գրութիւնը՝ «Կտակ» խորագիրով: «Բանաստեղծ»ը ներշնչուելով Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութենէն հետեւեալ «ստեղծագործութիւն»ը կը կատարէ.-
«Լսիր որդիս պատգամ որպէս,
Ես որ մեռնեմ պանիխիդայիս իմ ամենախնդալու նկարը կը դնես,
Ուր հռհռում եմ ապուշի պէս ու մատս քթիս մէջ ա»:
Ցաւ ի սիրտ, այս անարուեստ տողերը տեսնելով հանդերձ չես կրնար ըսել, որ արուեստի մաս չի կազմեր, ինչ որ ազատութիւն եւ բեմ կը հանդիսանայ բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց անկարողութեանը վրայ անինքնավստահ կը շարունակեն «ստեղծագործել» ի սէր հայ գրականութեան:
Սակայն կայ խնդիրին միւս կողմը. Խաչատուրին այս անմիտ բանաստեղծութիւնը «Գրանիշ»ի կայքին մէջ շա՜տ աւելի ընթերցում ու տարածում գտած է՝ քան միւս արուեստի հոտ ունեցող ստեղծագործութիւնները. այսօր ապուշութիւնը շա՜տ աւելի հետեւորդներ ունի՝ քան իմաստութիւնն ու մտաւորականութիւնը: Խաչատուր թող լուրջ ձեւով գրէր Հայաստանի, լեռներու եւ կամ կեանքի զանազան երեւոյթներու մասին այնքան պիտի չկարդացուէր՝ ինչքան այս անիմաստ բանաստեղծութիւնը՝ որ բանաստեղծութիւն կոչուելու համար տակաւին շա՜տ ճամբայ կ՚ուզէ:
Յաճախ կը տեսնենք, որ թերթերու մէջ կը խօսուի մտաւորականութեան պակասի մը մասին, սակայն այդ պակասը թիւայինէն աւելի մտային պակաս մըն է եւ նման պակաս մը բարձրաձայնողները պարզապէս գրողներու թիւը աւելցնելու մարմաջով չէ՛ որ կը տառապին:
Նոյն այդ արուեստի պակասը կը տեսնենք մերօրեայ հայկական երգերուն մէջ, որոնք ո՛չ իրենց ոճով եւ ո՛չ ալ բառերով հայկականութենէն նշոյլ մը ունին իրենց մէջ:
Այնքան ժամանակ որ մեր ժողովուրդը չի՛ գնահատեր իր լաւ գրողներն ու ստեղծագործողները, անարուեստներ շա՜տ կը յայտնուին, որովհետեւ անուարուեստ արուեստը աւելի գնահատելի է այս օրերուն՝ քան նոյնինքն արուեստը:
Աւելի ճանչնալու համար այն «արուեստ»ը, որուն մասին կը խօսինք, շարունակենք Խաչատուրի բազմիմաստ տողերը.-
«Թաղումիս թթուած երաժշտութիւն չի դնես, մենակ էլեկտրոնային,
Տեմպը 128-bpm-ից ցածր չի լինի,
Դիժէյով եւ լոյսերով»:
Մեղադրել գրո՞ղը, մեղադրել կարդացո՞ղը, թէ մեղադրել տպողը... Մեղադրել մենք զմեզ, որ «ինչո՞ւ ապշած ես լճակ»ի նման արուեստահոս բանաստեղծութիւններէ ետք բեմ ու առիթ կու տանք իրենց թաղումը դիժէյ-ով ընել ուզուղներու:
Մեր կարծիքն է, որ այսօր մենք ո՛չ թէ մտաւորականի պակասէ, այլ գնահատելու պակասէն է որ կը տառապինք, որովհետեւ լաւ ստեղծագործութիւնները գնահատելու կը յապաղինք, սակայն վատերը քննադատելու մէջ առաջինը հրապարակ դուրս կու գանք:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -173-
Առիթով մը ընկերներով կը խօսակցէինք անցեալի եւ ներկայի հայերէն երգերու տարբերութիւններուն մասին: Զանազան գոհարներ ու անարժէք երգեր լսելէ, քննարկելէ եւ համեմատելէ ետք մէկը առաջարկեց լսել հայերէն «Շաքար-շոքոլա» երգը:
Երգին վերնագիրը լսելով սկիզբը կատակ կարծեցինք, սակայն իրականութեան մէջ սփիւռքահայ երգիչներէն մէկուն երգն էր հետեւեալ իմաստալից բառերով.-
«Նշանածս գեղեցիկ է,
Բայց ափսոս շատ չարաճճի է,
Ամէն օր ինձ կը յոգնեցնէ
Եւ անշուշտ հոգիս կը հանէ,
Առտու կէսօր իրիկուն
Շաքար-շոքոլա ինձմէ կ՚ուզէ,
Երբ ասեմ իրեն «ալ կը բաւէ»,
«Դուն ինծի չես սիրեր» կը պատասխանէ...»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024