ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեծ Պահքի ընթացքին ծոմապահութիւնը եւ աղօթքը կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Հաւատացեալներու համար մանաւանդ կենսական սնունդ մըն է աղօթքը։ Այս իմաստով հոգին երջանիկ է այնչափ, որչափ առողջարար է իր սնունդը։ Աղօթքը, աղօթքի կեանքը՝ նոյնինքն երջանկութիւն է հոգիին։

Ընդհանրապէս սխալ հասկցուած է աղօթքը։ Եւ այս սխալ հասկացողութեան արդիւնքով է, որ աղօթող մէկու մը համար շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար աղօթքի կեանքը ապրիլ, վայելել հոգեկան երջանկութիւն մը։

Ուրեմն, նախ պէ՛տք է հարցնել սա հարցումը. «Ի՞նչ է աղօթքը»։ Այս հարցումին պատասխանը շատերու համար շատ պարզ կրնայ նկատուիլ։ Աղօթքի կերպը դժուար բան մը չէ այդպէս խորհողներու համար. չէ՞ որ Աստուծմէ բաներ մը խնդրել է, պահանջել է աղօթքը…

Աղօթքը ապրում մըն է՝ նոյնինքն հոգեւոր կեա՛նք։

Բայց, ընդհանրապէս աղօթելու կերպերը եւ սովորութիւնները բոլորովին նիւթականացած են։ Այսպէսով խանգարուած եւ փոխուած է աղօթքին հոգեւոր նկարագիրը։ Կ՚աղօթենք ընդհանրապէս նիւթապէս եւ նիւթական բաներու համար։ Իրականութիւն չէ՞ ասիկա. «կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ» եւ «տո՛ւր, տո՛ւր, տո՛ւր»։ Հացագործէն հաց ուզելու պէս՝ Աստուծմէ կ՚ուզենք ի՛նչի որ պէտք ունինք, այսինքն կը պահանջենք եւ չենք աղօթեր իսկական իմաստին հաւատարիմ մնալով։ Ինչո՞ւ Եկեղեցի կ՚երթանք, աւելի ճիշդը՝ Եկեղեցին մեր հաւաքուելու պատճառը եւ նպատակը ի՞նչ է։ Ի՞նչ են Եկեղեցւոյ մէջ մոմերը, կանթեղները, ուխտաւորներու երթեւեկութիւնները, ծէսեր եւ այլն։

Կ՚աղօթենք, որովհետեւ զուտ մարմնական, նիւթական պէտքեր եւ հոգեր ունինք՝ որոնք մեր միջոցներով ձեռք բերելու կարողութիւնը չունինք։ Աղօթենք երբ պէտք ունինք։ Եւ այս իսկ պատճառով, աղօթքը կը նկատենք իբրեւ «առուտուր» մը, եւ կը սակարկենք Աստուծոյ հետ, կը պայմանադրենք, եւ յաճախ կ՚ըսենք. «Եթէ մեր ուզածները կատարուին, հասակիս չափով մոմ պիտի վառեմ…», ինչ որ բացայայտ սակարկութիւն մը՝ պայմանադրութիւն մըն է։ Կը խոստանանք, եւ աւելին՝ կը զլանանք, կը մերժենք մեր խոստումը կատարել եւ ապերախտ կը գտնուինք՝ մեր ստացած բարիքը կը մոռնանք։

Գիւղի մը մէջ կը պատմուի, թէ կար փոքր եկեղեցի մը, որուն քահանան ամէն առաւօտ ժամերգութիւն կը կատարէր։ Ժամերգութեան կը մասնակցէր երիտասարդ կին մը երկար ժամանակ։ Օր մը բացակայեցաւ այդ երիտասարդ կինը եւ այլեւս բոլորովին բացակայեցաւ… Քահանան, մտահոգուած՝ փնտռեց երիտասարդ կնոջ տունը, գտաւ զայն եւ հարցուց. «Աղջի՛կս, ինչո՞ւ կը բացակայիս առաւօտեան ժամերգութենէն»։

Երիտասարդ կնոջ պատասխանը, թէեւ շատ միամտօրէն արտասանուած էր, բայց նոյնքան սահմռկեցուցիչ էր. «Ամուսինս հիւանդ էր, հիւանդանոցը կը դարմանուէր, բայց հիմա, այլեւս բժշկուեցաւ, այս պատճառով ժամերգութեան մասնակցելու պատճառ չմնաց այլեւս, եւ այդ պատճառով այլեւս եկեղեցի չեմ գար…»։

Կարծեմ այս պատասխանը, շատերու աղօթքի ըմբռնումը կը ցոլացնէ՝ աղօթքի կերպը կը պատկերացնէ։ Այդ ըմբռնումով աղօթողներու համար աղօթքը միայն պահանջե՛լ է, ուզե՛լ է, եւ երբ պահանջուածը տրուի, մոմ մը վառել՝ հասակին չափով եւ թերեւս քովն ալ փոքր մոմ մը՝ մեծ մոմին կից…

Մինչդեռ աղօթքը յարատեւութիւն կը պահանջէ։

Աղօթքը կեանքի մէկ մասն է՝ ապրում մըն է, ինչպէս շնչառութիւնը, սնանիլը անհրաժեշտ է ապրելու, կեանքը շարունակելու համար։ Հոգին ալ ապրելու, գոյատեւելու համար աղօթքի պէտք ունի։

Փորձեցէք ձեր շնչառութիւնը պահ մը ընդհատել. կարելի չէ՞, որովհետեւ շնչասպառ կ՚ըլլաք եւ բնազդաբար կը շարունակէք շնչառութիւնը՝ ապրելու համար։ Ահաւասիկ, աղօթքն ալ հոգիին համար պէտք է ըլլայ անգիտակից մղումով յարատեւ արարք մը։ Աղօթքի կեանքը, որովհետեւ, կեա՛նք իսկ է…

Մեր գործերու անյաջողութիւնները, մեր ձախողութիւնները, մեր հիւանդութիւնները, մեր երազները, մեր ակնկալութիւնները, մեր բոլոր կեանքին այս անհատնում, անսպառ «նիւթական պէտք»երը, ասոնք աղօթք են շատերու համար, լաւ եւս աղօթքի նիւթերը։

Ուրեմն, ինչպէ՞ս ըլլալու է աղօթքը, որպէսզի իրապէս աղօթք ըլլայ։ Իբր քրիստոնեայ հաւատացեալներ, որպէսզի կարող ըլլանք քրիստոնէական, լաւ եւս քրիստոնէական աղօթքը հասկնալ եւ հասկնալի՛ ըլլալ, կեանքը պէտք է դիտել Քրիստոսի աչքերով, ուրիշ խօսքով՝ կեանքին տալ իր իրական եւ իսկական արժէքը։

«Կեա՛նքը առաւել է քան կերակուրը, եւ մարմինը՝ քան հագուստը». (ՄԱՏԹ. Զ 25)։

Ահաւասիկ, ա՛յս ըլլալու է քրիստոնեային աղօթքին հիմունքը՝ հոգեւոր երջանկութեան համար պէտք է հաղորդակցութիւն հաստատել Աստուծոյ հետ՝ աղօթե՛լ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 17 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023