ՊԱՇՏՕՆԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ

Աս­տուած բո­լոր մար­դի­կը թան­կա­գին շնորհ­նե­րով օժ­տած ու զար­դա­րած է։ Շա­տեր ի­րենց կեան­քի ըն­թաց­քին զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րէ ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ օգ­տուե­լով, կա­րո­ղա­ցած են հաս­նիլ բարձր դիր­քե­րու եւ կա­րե­ւոր պաշ­տօն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փով տի­րա­նալ նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րու։ Ո­մանք բարձր դիր­քի հաս­նե­լով, կը կառ­չին ի­րենց ա­թո­ռին ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէն՝ ա­ռանց մտա­հո­գուե­լու ի­րենց նման­նե­րու ճա­կա­տագ­րով ու օգ­նու­թեան ձեռք չեն եր­կա­րեր ա­նոնց։ Ե­թէ ան­հա­տը ըն­չա­քաղց է ու ա­գահ, պաշ­տօ­նա­մոլ, մե­ծա­միտ ու անձ­նա­սէր, ան ո՛չ մէկ օ­գուտ կրնայ տալ իր նման­նե­րուն եւ իր շրջա­պա­տին։ Եթէ մարդ իր դիրքն ու պաշ­տօ­նը միայն իր ան­ձին հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ, ու­րեմն մե՛ղք կը գոր­ծէ։

Ար­դա­րեւ ան­հա­տը պէ՛տք է գի­տակ­ցի, որ Աս­տուած զուր տե­ղը չէ, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած է ի­րեն սո­վո­րա­կան մար­դոց մա­կար­դա­կէն վեր բարձ­րա­նալ եւ բարձր դիր­քի հաս­նիլ ու կա­րե­ւոր պաշ­տօն­ներ ստանձ­նել։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, ան բա­րո­յա­կան հար­կադ­րան­քի տակ կը գտնուի իր Աս­տու­ծոյ եւ իր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ՝ իր հնա­րա­ւո­րու­թեան եւ ըն­դու­նա­կու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ՝ կա­րե­լի չա­փով օգ­նե­լու ա­նոնց, ո­րոնք կա­րի­քի մէջ են եւ կը կա­րօ­տին օգ­նու­թեան։

Ուս­տի ա­մէն ան­հատ, ա­մէն գի­տա­կից մարդ պէտք է գի­տակ­ցի իր վրայ դրուած բա­րո­յա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։

Ան ամէն ան­գամ ա­մե­նա­փոքր հնա­րա­ւո­րու­թեան պա­րա­գա­յին պար­տի օգ­նել տնան­կին ու աղ­քա­տին, այ­ցե­լէ ա­նոք հի­ւանդ­նե­րուն, մխի­թա­րէ բան­տար­կեալ­նե­րը, նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս օ­ժան­դա­կէ բո­լոր կա­րօ­տեալ­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նա­մո­լու­թիւ­նը պէտք է օգ­տա­կար վի­ճա­կի վե­րա­ծուի այս ի­մաս­տով։ Ար­դա­րեւ ե­թէ պաշ­տօ­նա­մո­լու­թիւ­նը կը վե­րա­ծուի նուի­րա­կա­նու­թեան, զո­հո­ղու­թեան, այդ պա­րա­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան եւ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կ՚ըլ­լայ։

Ան­հա­տին պար­զուած եւ օգ­նու­թիւն հայ­ցող բո­լոր ձեռ­քե­րուն, օգ­նու­թիւն խնդրող բո­լոր աչ­քե­րուն, մարդ պար­տա­ւո՛ր է պա­տաս­խան տալ։

Ե­թէ մէ­կու մը բախտ վի­ճա­կուած է ճո­խու­թեան մէջ ապ­րե­լու, ու­րեմն պի­տի չմոռ­նա՛յ կա­րօտ, խեղճ ու ա­նօգ­նա­կան մար­դի­կը։ Չէ՞ որ աշ­խար­հի վրայ չկա՛յ նիւ­թա­կան ո­րե­ւէ բա­րիք, որ յա­ւեր­ժօ­րէն մար­դուս սե­փա­կա­նու­թիւ­նը մնայ։

Սա ի­րա­կա­նու­թիւն է՝ թէ կեան­քի մէջ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ ան­ցա­ւո՛ր։

Ար­դա­րեւ, մարդ պէտք է խոր­հի, թէ երբ օր մը ար­դար Դա­տա­ւո­րին առ­ջեւ կանգ­նի, ի՞նչ պա­տաս­խան պի­տի տայ հար­ցում­նե­րուն։ Ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ը­սէ. «Ա­նի­րաւ մա­մո­նա­յէն, այսինքն՝ դրա­մի փո­խա­րէն կամ դրա­մի մի­ջո­ցով ձեզ հա­մար ան­կորն­չե­լի բա­րե­կամ­ներ ստեղ­ծե­ցէք», այ­սինքն՝ դրա­մը օգ­տա­գոր­ծե­ցէք միա՛յն ու միայն այս աշ­խար­հի մէջ բա­րիք ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Եւ որ­քա՜ն ճշմա­րիտ կը հնչէ Ա­ւե­տա­րա­նի միւս պատ­գա­մը դրա­մի մա­սին, ուր կ՚ը­սէ. «Ձեզ հա­մար գանձ դի­զե­ցէք եր­կին­քի մէջ՝ ուր ո՛չ ցե­ցը եւ ոչ ալ ու­տի­ճը կրնան ա­պա­կա­նել զայն»։ Ուս­տի, այն գան­ձը, որ դի­զե­լու է մարդ, եր­կին­քի մէջ, մի­միայն զո­հո­ղու­թեան, սի­րոյ, ծա­ռա­յու­թեան, նուի­րու­մի, մար­դա­սի­րու­թեան եւ այս բո­լո­րը ան­սա­կարկ ու ան­կեղ­ծօ­րէն կա­տա­րելով ձեռք կրնայ բե­րել։ Անհ­րա­ժեշտ է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, քա­նի որ յե­տին նպա­տա­կով կա­տա­ր-ւած ո՛չ մէկ բա­րիք իր իս­կա­կան ի­մաս­տով «բա­րիք» է՛։

Ա­հա­ւա­սիկ այդ գանձն է կա­րե­ւո­րը, իս­կա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նո­ղը, քա­նի որ ան մնա­յուն է եւ կայո՛ւն եւ յա­ւեր­ժա­կան։ Այդ գանձն է, որ մարդս կ՚ար­ժա­նաց­նէ վա­յե­լե­լու Աս­տու­ծոյ՝ մեր Տի­րոջ ու Հօր ա­նանց ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Ան­մահ են մար­դուս բա­րի բո­լոր գոր­ծե­րը՝ ո­րոնք գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր մի­ջոց­նե­րով, սե­րուն­դէ սե­րունդ կը փո­խան­ցուին։ Եւ ինչ­պէս բա­րի գոր­ծը, բա­րիք գոր­ծողն ալ ան­մա՛հ կը մնայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 24, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015