ԸՆԿԵՐ ԿԱ՜Յ, ԸՆԿԵ՛Ր ԿԱՅ

Կեանքի մէջ իրական իմաստով «ընկեր» ունենալ շատ դժուար է, քանի որ «բարեկամ-ընկեր»ը հազուագիւտ է։ Ի՞նչ է բարեկամութեան հիմը։ Անշուշտ, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն, որոնք սիրոյ պտուղներն են. եթէ սէր կայ, հոն կա՛յ նաեւ՝ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Իսկ եթէ սէրը կը պակսի, այլապէս արժէք չի՛ ներկայացներ անկեղծութիւնը եւ հաւատարմութիւնը, որոնք կը մնան պարզապէս «բառ»եր՝ առանց հոգիի, առանց գործնականութեան։

Երբ հարցը բարեկամութիւն է, եւ ընկերութեան անհրաժեշտ յատկութիւնն է ան, ուրեմն ընկերը, որքան անկեղծ, որքան հաւատարիմ, ա՛յնքան ալ պէտք է վստահելի ըլլայ։ Ուրեմն ճշմարիտ «ընկեր»ը՝ վստահութիւն ներշնչող «բարեկամ»ն է։ Եւ ինչպէս յաճախ կը յիշենք, բարի կամեցողութիւնը բաւարար չէ, այլ պէտք է գործնականի վերածուի, կեանքի կոչուի եւ ուրիշներու փոխանցուի այդ «բարի կամք»ը, օգտակարութիւն ունենայ իր շուրջիններուն։

«Բարեկամութիւն»ը «չորցած ծառ»ի մը կը նմանի, եթէ սիրով չսնուցանի, չաճի եւ պտուղ չարտանդրէ։

«Բարեկամութիւնը»ը միայն բա՛ռ մը կը մնայ բառարաններու մէջ, եթէ ան չկենդանանայ, կեանքի չվերածուի։

Կը պատմուի, թէ կը քննդատէին իմաստուն մարդ մը։

Իմաստունը,  երբ կը լսէ այդ քննադատութիւնները, կ՚երթայ քննադատողներուն մօտ եւ ժպտերես բարի օրեր մաղթելով կը բարեւէ զանոնք։

Իմաստունին այս վարմունքը կը տեսնէ ուրիշ մէկը եւ իմաստունին մօտենալով կ՚ըսէ.

«Դուն ժպտելով բարեմաղթութիւններ կ՚ընես եւ կ՚ողջունես զանոնք. մինչդեռ այդ մարդիկը կը քննադատեն, կը չարախօսեն, կը բամբասեն եւ մինչեւ իսկ կը զրպարտեն քու հասցէիդ։ Դուն չե՞ս բարկանար բոլոր այդ մարդոց, որոնք կը վիրաւորեն քու արժանապատուութիւնդ…»։

Իմաստունը կը պատասխանէ.

«Երբ շուկայ կ՚երթամ, չեմ կրնար ծախսել այն՝ ի՛նչ որ դրամապանակիս մէջ չունիմ։ Եւ կամ կարելի չէ՛ գաւաթի մը մէջ իր տարողութենէն՝ իր ծաւալէն աւելի շատ ջուր լեցնել։ Ամէն ինչ որոշ տարողութիւն մը ունի։ Այդպէս է նաեւ մարդկային փոխյարաբերութիւնները՝ կարելի չէ «ծախսել» այն՝ ինչ որ մարդուս հոգիին մէջ գոյութիւն չունի։ Մարդ կրնայ տալ այն միայն՝ որ իր հոգիին խորը ունի…»։

Ահաւասիկ, իմաստութի՛ւն է չակնկալել բան մը՝ որ մարդուս բարոյական եւ հոգեւոր տարողութենէն վեր է։ Ուստի պէտք չէ սպասել մէկէ մը իսկական «բարեկամութեան» եւ «ընկերութեան», որուն հոգիին մէջ գոյութիւն ունի ո՛չ անկեղծութիւն, ո՛չ հաւատարմութիւն եւ ո՛չ իսկ բարի կամեցողութիւն։ Արդարեւ, այս կը նմանի՝ պարապ գաւաթէ մը ջուր խմել փորձելու. գաւաթին մէջ եթէ ջուր գոյութիւն չունի՝ անոր «գաւաթ» ըլլալը, «գաւաթ»ի հանգամանք ունենալը ո՛չինչ կ՚արժէ։ Բարեկամութիւնը եւ ընկերութիւնն ալ նո՛յնն են՝ մէկը եթէ անկեղծ, հաւատարիմ եւ բարի չէ, անոր կարծեցեալ կամ ինքնակոչ բարեկամութիւնը կամ ընկերութիւնը ո՛չինչ կ՚արժեն։

Արդարեւ, մէկէ մը իր տարողութենէն աւելին յուսալ՝ յուսախաբութեան պատճառ կ՚ըլլայ։

Բամբասող, զրպարտող եւ կամ չափէն աւելի գովաբանող, կեղծ համակրանք ցոյց տուող անձը կարելի՞ է «բարեկամ» կամ «ընկեր» կոչել, քանի որ անոր հոգիին մէջ ո՛չ սէր կայ եւ ոչ ալ բարութիւն…։

Ուստի, ո՛չ բարեկամութիւն, ո՛չ ընկերութիւն եւ ոչ ալ սէր կարելի է պահանջել մէկէ մը՝ որուն սիրտը գո՛ց է ամէն բարութեան, ատելութեան զգացումը քօղարկած՝ ծածկած է սէրը, անկեղծութեամբ վարուելու մտադրութիւնը չունի իր նմաններուն, իր շուրջիններուն եւ նոյնիսկ իր մերձաւորներուն հանդէպ։

Եւ այն որ իր սրտի դռները կը փակէ ուրիշներուն, մինչեւ իսկ «անկոչ հիւր»երուն, այլապէս ի՞նչ կարելի է սպասել այդպիսի մէկէ մը՝ բարեկամութի՞ւն, ընկերութի՞ւն, բարութի՞ւն, թէ՞ սէր։

Սէրը նեկտար է՝ որ կարելի է սպասել միա՛յն իսկական բարեկամներէ եւ իրա՛ւ ընկերներէ…։

Դարձեալ, կը պատմուի, թէ հետաքրքիր երիտասարդ մը կը հարցնէ իմաստունի մը, ընկերութեան մասին.

«Քանի՞ տեսակ ընկերութիւն գոյութիւն ունի»։

«Չորս տեսակ ընկերութիւն գոյութիւն ունի», կը պատասխանէ իմաստունը, եւ կը շարունակէ. «Կան ընկերներ, որոնք ուտելիքի պէս են. մարդ անոնց պէտքը կը զգայ եւ կը փնտռէ ամէն օր։ Կան ընկերներ, որոնք դեղի պէս են, դարման են, եւ մարդ կը փնտռէ անոնք երբ ինքզինք վատ կը զգայ։ Կան ընկերներ նաեւ, որոնք հիւանդութեան պէս են. անոնք ինքնաբերաբար կու գան՝ առանց փնտռելու զիրենք։ Եւ կա՛ն նաեւ ընկերներ, որոնք օդի պէս են. անոնք անտեսանելի են, բայց մի՛շտ մարդուս հետ են»։

Եւ ահաւասիկ, թէեւ շատ չենք մտածեր բարեկամութեան կամ ընկերութեան վրայ, բայց մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին շրջապատուած ենք այս չորս տեսակ ընկերներով։ Եւ այս չափանիշներով կարելի է կոչել ոմանք «իսկական բարեկամ»ներ, ոմանք՝ «կարծեցեալ բարեկամ»ներ, եւ ոմանք ալ՝ «ինքնակոչ բարեկամ»ներ։ Եւ այս իմաստալից առակէն կը հասկցուի, թէ բարեկամութեան կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակներէն մին է՝ «վստահութիւն»ը։

Արդարեւ, մարդ եթէ ունի «վստահելի» անձ մը, հոգ չէ թէ ան հեռու է, կամ անտեսանելի, անիկա իսկական «բարեկամ» է՝ որուն կրնայ ապաւինիլ, որուն դիմել, իր ամէն վա՛տ կացութիւններուն՝ նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ։ Գիտնալ թէ կա՛յ մէկը, որ պիտի հասնի, ճար եւ դարման պիտի ըլլայ իր կարօտութիւններուն, անհանգստութիւններուն, տառապանքներուն, ելքի ճամբայ մը պիտի պատրաստէ իր կեանքի անել վիճակներուն՝ պիտի մխիթարէ, եւ ահաւասի՛կ ան է ճշմարիտ բարեկամը, ճշմարիտ ընկե՛րը։

Սիրելինե՜ր, կա՞յ այդ տեսակ «բարեկամ» մը։

Կա՛յ սիրելինե՜ր։ Կայ, որ պէտք չէ՛ փնտռել հեռո՜ւ տեղեր, այլ մեր սրտին, մեր էութեան, մեր հոգիին մէջն է այդ «բարեկամ»ը։

Աստուա՛ծ է այդ բարեկամը՝ միշտ մեզի հետ, միշտ մեր մէջ, անտեսանելի եւ երբեմն ալ, դժբախտաբար, «անտեսուած», բայց միշտ անկեղծ, միշտ հաւատարիմ, միշտ վստահելի՛…։ Աստուած՝ մեր Արարիչը եւ Ամենախնամը, հաւատարմօրէն պատրաստ՝ հասնելու իր որդիներուն օգնութեան, խնամելու, պահպանելու զանոնք, մխիթարելու եւ ելքի ճամբայ մը ցոյց տալու անոնց՝ որոնք անել վիճակի են մատնուած աշխարհի մութ ճանապարհներուն մէջ…։

Անկեղծ, հաւատարիմ եւ վստահելի «բարեկամ» փնտռողնե՜ր. բախեցէ՛ք եկեղեցւոյ դուռը եւ անպայման պիտի բացուի ձեզի եւ հո՛ն պիտի գտնէք ձեր իսկական, անզուգական «Բարեկա՛մ»ը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուածը, որ կ՚ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 14, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018