ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի», որովհետեւ ան նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։
«Գալուստ»ը իր տառական իմաստով եւ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ առաջին յայտնութեամբ չի վերջանար։ Եթէ «գալուստ» բառը իր նեղ իմաստով առնուէր, շատ դիւրին պիտի ըլլար անոր ըմբռնումը. «Գալստեան» խորհուրդը աւելի դիւրին պիտի հասկցուէր։ Բայց «Գալուստ»ը կը նշանակէ նաեւ «Յիսուս Քրիստոսի միւս անգամ կամ երկրորդ Գալուստը այս աշխարհի վրայ»։
Ուրեմն Մեծ պահքի այս կիրակին կը յիշատակէ «Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին կրկնակի Գալուստը»։
Արդարեւ, Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան հաւատքը քրիստոնէութեան հիմնական կէտերէն է, ինչպէս որ «Հաւատամք»ի մէջ ալ անցած է քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ, ժամանակին ուղղափառ հոգեւոր հայրերուն միաձայնութեամբ։
«Հին Կտակարան»ին տնտեսութիւնը իբրեւ գլխաւոր նպատակ ունէր պատրաստել Քրիստոսի գալուստը՝ որպէս աշխարհի Փրկիչ։ Հին Կտակարանին Գիրքերը կը վկայեն աստուածային դաստիարակումին եւ Աստուծոյ փրկչական սիրոյն։
Յիսուս Քրիստոսով՝ «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտալուտ է». (ՄԱՐԿ. Ա 15)։ Արդարեւ, Յիսուս ո՛չ միայն կոչ կ՚ուղղէ դարձի գալու, հաւատալու, այլ նաեւ «արթուն մնալու»։ Աղօթքին մէջ, աշակերտը ուշադիր կը սպասէ Անոր որ Կայ եւ Կու գայ, ի յուշ Անոր առաջին Գալուստին, մարմինի խոնարհութեան մէջ եւ ի յոյս Անոր երկրորդ Գալուստին՝ փառքով. (ՄԱՐԿ. ԺԳ), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 34-36)։ Իրենց Վարդապետին հետ հաղորդութեան մէջ եղող աշակերտներուն աղօթքը «պայքար» մըն է, եւ աղօթքին մէջ հսկելով է, որ մարդ չի մտներ փորձութեան մէջ. (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40, 46)։
Արդարեւ, Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ կը յայտնէ Գալուստը այն Արքայութեան՝ զոր Մեսիա-Թագաւորը պիտի իրագործէ Իր Մահուան եւ Յարութեան Զատիկովը։ Ծաղկազարդի կիրակի օրուան տօնակատարութեամբ՝ Եկեղեցւոյ ծիսակատարումը Աւագ շաբթուան բացումը կը կատարէ։
Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ Գալուստով։ Անոր ժամը եւ օրը միայն Հայրը գիտէ, միայն Ինք կը վճռէ անոր պատահումը։ Այն ատեն՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Հայրը պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մենք պիտի իմանանք ամբողջ արարչագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական իմաստը, պիտի ըմբռնենք այն սքանչելի՜ ուղիները՝ որոնցմով նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։
Վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթա՛ծ է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր սէրը աւելի՛ հզօր է քան մահը. (ԵՐԳ. Ը 6)։ Ուստի Վերջին Դատաստանին պատգամը կո՛չ մըն է դարձի՝ այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը». (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշնչէ Աստուծոյ սուրբ երկիւղը։ Մարդը յաձնառու կ՚ընէ ի նպաստ Աստուծոյ Թագաւորութեան արդարութեան։ Կ՚աւետէ «երանաւէտ յոյսը». (ՏԻՏ. Բ 13) Տիրոջ վերադարձին, «որ պիտի գայ փառաւորուելու Իր սուրբերուն մէջ եւ հռչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ». (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։
Ժամանակներու աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Ընդհանրական դատաստանէն ետք, մարմինով եւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ. իսկ տիեզերքը պիտի վերանորոգուի։ Մարդկութիւնը եւ աշխարհը կերպարանափոխող այս խորհրդասքօղ վերանորոգումը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «նոր երկինք եւ նոր երկիր». (Բ ՊԵՏ. Գ 13), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 1)։
Աստուծոյ ծրագրին վերջնական իրականացումը պիտի ըլլայ «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով». (ԵՓՍ. Ա 10)։
Այս «նոր տիեզերքի»ն մէջ. (ՅԱՅՏ. ԻԱ 5), որ երկնային Երուսաղէմն է, Աստուած Իր բնակութիւնը պիտի հաստատէ մարդերով։ «Ան պիտի սրբէ ամէն արցունք մարդոց աչքերէն, այնուհետեւ պիտի չըլլայ ո՛չ մահ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ, ո՛չ աշխատանք, որովհետեւ հին աշխարհը անցաւ». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4, 21)։
Մարդուն համար այս լրումը պիտի հանդիսանայ մարդկային ցեղին վերջնագոյն միութիւնը, որ ուզուած է Աստուծմէ արարչագործութեան սկիզբէն ի վեր՝ որուն սուրբ խորհուրդն է Եկեղեցին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 16, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024