ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ

«Նոր տա­րի» մը՝ նոր կեան­քի մը ա­ռա­ջին օրն է, որ մար­դուս կ՚ա­ւե­տէ նո­րո­գուած, բա­րե­փո­խուած նոր շրջան մը։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ գի­տեն օգ­տա­գոր­ծել այդ նո­րու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քէն ներս։ Ար­դա­րեւ, «Նոր»ը դի­մա­ւո­րել չի բա­ւեր, այլ պէտք է իւ­րաց­նե՛լ, օգ­տա­գոր­ծել, ա­ռիթ մը նկա­տել զայն, էա­պէս նո­րո­գուե­լու։ Պէ՛տք է խո­րա­նայ մարդ՝ ե­րե­ւոյ­թին մէջ, ի­մաս­տին հաս­նի եւ ըստ այնմ ո­րո­շէ իր կեան­քի ըն­թաց­քը։

Ի­րա­ւամբ կ՚ը­սուի, թէ Աս­տուած ինք­զինք կը ճանչ­նայ ստեղ­ծե­լով, այ­սինքն Ինք­զինք ըլ­լա­լո՛վ։ Մարդն ալ՝ այն ա­տեն կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի, կը զօ­րա­նայ եւ ան­թե­րի կ՚ըլ­լայ երբ անդ­րա­դառ­նայ իր էու­թեան, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ նո­րո­գուի՛լ։

Ար­դա­րեւ սկիզ­բը եւ վեր­ջը՝ ծնի­լը եւ մեռ­նի­լը փո­խա­դարձ ե­րես­ներ են յա­ւի­տե­նա­կան նո­րո­գու­մի մը։ Եւ այս «յա­ւի­տե­նա­կան նո­րո­գում»ը՝ ար­դիա­կան ու ի­րա­կան անդ­րա­դարձ մըն է յա­ւի­տե­նա­կան անդ­րա­դար­ձէն, ինչ­պէս կ՚ա­նուա­նէ Ֆ. Նի­չէ։

Այս ուղ­ղու­թեամբ՝ մեռ­նե­լու, այ­սինքն կեան­քը ա­ւար­տե­լու, եւ մա­նա­ւանդ ծնե­լու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, որ­պէս բնա­կան ե­րե­ւո­յթ, մէկ մէկ բե­ւեռ­ներ կը դառ­նան՝ ո­րոնց կա­պուած է մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մէկ կտո­րը, մա­սը։ Ու­րեմն «շրջան» մըն է, որ կը կա­տա­րուի նո­րո­գու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ան­վերջ շրջան մը՝ որ ծրագ­րուած է աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ։ Սկիզ­բը՝ ծնուն­դը մեկ­նա­կէտն է այս սկզբուն­քին, այս գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան։

«Նոր Տա­րի»ն ժա­մա­նա­կի տա­րա­ծու­թեան մէջ հանգ­րուան մըն է, որ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մաս կը կազ­մէ։

Ուս­տի «Նոր տա­րի»ի ըմբռ­նու­մը պէտք է անդ­րա­դարձ­նէ մար­դուն՝ թէ ան յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ճամ­բուն վրայ ան­կիւ­նա­քար մը, հանգ­րուան մըն է…։

Ժա­մա­նա­կը ան­հասկ­նա­լի կ՚ըլ­լայ, երբ Միտ­քը չներ­գոր­ծէ ա­նոր գա­ղա­փա­րին մէջ՝ ուր կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ վա­յե­լել ապ­րում­ներ, որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն մեծ Խոր­հուր­դին։ Բայց յա­ւակ­նու­թիւն կ՚ըլ­լայ, երբ մարդ խոր­հի՝ թէ միտ­քը լու­ծած է «Խոր­հուրդ»ը իր ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ։ Ո՛չ, քա­նի որ միտ­քը ու­նի սահ­ման, չափ ու կշիռ, ո­րոնց մի­ջո­ցով կը հաս­նի միայն հոն՝ ո­րուն սահ­մա­նուած է։ Սա­կայն կրնայ միտ­քը քա­ղել մաս­նիկ­ներ Խոր­հուր­դէն՝ ո­րոնք կը յայտ­նեն Ա­նոր էու­թիւ­նը։ Եւ այդ մաս­նիկ­ներն են, որ մար­դուս սե­ւե­ռում­նե­րը մա­սամբ կը հասց­նեն ի­րենց նպա­տա­կին։

Մարդ­կա­յին կեան­քը եւ լայն ա­ռու­մով «կեանք»ը ու­նի եր­կու մա­սեր. մին կրկնուող մա­սը, իսկ միւ­սը՝ նո­րո­գուող մա­սը։ Կրկնուող մա­սը գրե­թէ ա­մուլ մէկ շրջան մըն է, եւ կ՚ար­դա­րաց­նէ այն մտա­ծու­մը՝ թէ կեան­քը կրկնու­թիւն­նե­րու ան­վերջ ըն­թա՛ցք մըն է։

Կեան­քի նո­րո­գուող մա՛սն է, որ կեան­քին կու տայ տե­ւա­կա­նու­թիւն եւ կեն­դա­նու­թիւն։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ նո­րին մէջ թո­ղուլ ան­ցեա­լէն այն, ի՛նչ որ օգ­տա­կար է եւ ի­րա­գոր­ծե­լի, եւ զա­տե­լու ու զտե­լու այն՝ ի՛նչ որ ան­պէտ է այ­լեւս եւ հին­ցած՝ ան­գոր­ծա­ծե­լի՛։ Ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ա­ւան­դա­պա­հու­թեան եւ ա­ւան­դա­պաշ­տու­թեան, թէ ո՛ր մէ­կը պէտք է պա­հել եւ ՛որ մէ­կը՝ այ­լեւս ան­գոր­ծա­ծե­լի տարր նկա­տել եւ ձգել։ Ա­ւան­դա­պա­հու­թիւ­նը խո­հե­մու­թիւն, ողջմ­տու­թիւն է, օգ­տա­կար ներ­կա­յին կազ­մա­ւոր­ման, իսկ ա­ւան­դա­պաշ­տու­թիւ­նը՝ մո­լո­րու­թիւն, յե­տա­դի­մու­թիւն եւ խա­ւա­րամ­տու­թի՛ւն։

Ուս­տի ան­ցեա­լին մէջ կա՛ն բա­ներ՝ ո­րոնց­մով մարմ­նա­ւո­րուած կազ­մա­ւո­րուած ու բիւ­րե­ղա­ցած է յա­ւեր­ժա­կան կեան­քը՝ էա­կա­նը եւ կեն­սա­կա­նը։ Ան­ցեա­լին մէջ, ու­րեմն կան տար­րա­կան, բարձր ե­րե­ւոյթ­ներ՝ ո­րոնք դէ­պի ա­պա­գայ կը ներշն­չեն, նոր ո­գի եւ նոր կեանք խոս­տա­նա­լով հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս ո­գին է որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ան­ծա­նօթ ա­պա­գա­յի մը լու­սա­ւոր սկիզ­բին, իր մէջ տե­ղա­ւո­րե­լով իր նո­րու­թիւ­նը։ Նո­րը օգ­տա­կա՞ր է թէ վնա­սա­րար, այդ է հար­ցը, որ կա­րե­լի է լու­ծել մար­դուն բա­նա­կա­նու­թեամբ ու գոր­ծադ­րու­թեամբ ի­րեն շնոր­հուած «ա­զատ կամք»ով։ Չա­րը ու բա­րին, վնա­սա­րա­րը եւ օգ­տա­կա­րը, խա­ւա­րը եւ լոյ­սը պէտք է զա­նա­զա­նէ մարդ, եւ իր բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ ա­զատ կամ­քով ընտ­րէ ա­նոնց­մէ մին եւ ըստ այնմ յա­ռա­ջա­նայ կեա­նքին ան­վերջ ճամ­բուն վրայ՝ կրկնե­լով նոյ­նը կամ նո­րո­գուե­լով նո­րով։ Ա­զա՛տ է մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015