ՆԵՐԲՈՂ՝ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒՆ

«Բժիշկը՝ աշխարհի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է», կ՚ըսէ առածը։ Ինչպէս բոլոր առածները, այս խօսքն ալ ճշմարտութիւնը կը ցոլացնէ, որ կ՚արտայայտուի ժողովրդական-հասարակաց իմաստութեան միջոցով։

Արդարեւ, հիւանդները կը բժշկուին բժիշկներու ճարտար միջամտութիւններուն շնորհիւ, որոնք միջնորդ կ՚ըլլան Աստուծոյ կամքին իրագործման։ Հետեւաբար հիւանդութիւններու մեծ մասը կը պարտուին բժիշկներու գիտութեան, փորձառութեան եւ ճարտարութեան առջեւ։

Ճարտար եւ փորձառու բժշկութիւնը ճշմարիտ «օրհնութիւն» մըն է մարդկութեան համար։

Ուստի, հոն՝ ուր բժշկութիւն կայ, հոն կա՛յ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ նախախնամութիւնը, որ կ՚իրականանայ բժիշկին ձեռքով։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, վերոյիշեալ առածը ճշմարտութեան մը արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, մարմնական-ֆիզիքական որեւէ հիւանդութիւն ենթակային ցաւ, վիշտ եւ տառապանք կը պատճառէ, եւ այս իսկ պատճառով մարդ, բնականաբար, կ՚ուզէ միշտ առողջ մնալ, եւ եթէ հիւանդանայ՝ կ՚ուզէ անմիջապէս վերստանալ իր առողջութիւնը…։

Այն՝ որ առողջ է, ֆիզիքապէս կատարեալ եւ զօրաւոր մարդ է. իսկ հիւանդը, ախտաւորը ֆիզիքական թերութիւն ունեցող անձ մըն է՝ տկար եւ խնամքի կարօտ։ Ուստի որեւէ հիւանդութիւն, իր կատարելութենէն եւ մարմնական ուժէն վար կը ձգէ մարդը։ Այս պատճառով, այն որ առողջութեան կը ձգտի, կատարելութեան կը մօտենայ։

Մարդկային մարմինը սքանչելի մեքենականութիւն մը, գործունէութիւն մը ունի. այդ մեքենականութեան մէջ կայ ներդաշնակութիւն, չափաւորութիւն, հաւասարակշռութիւն։ Աստուած մարդը ստեղծած է այս հրաշալի՜ կանոնաւորութեան մէջ։ Այս կանոնաւորութեան մէջ որեւէ գործարանի տկարութիւնը, թերութիւնը եւ կամ աններդաշնակ կամ անկանոն գործունէութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարմինը տառապի, տանջուի ցաւով։ Եւ երբ խանգարուի այդ մարմնական կանոնաւորութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը, մարդ կը կորսնցնէ իր առողջութիւնը։ Ահաւասիկ ճիշդ այդ պահուն, մարդ կ՚անդրադառնայ եւ կը զգայ առողջութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, կեանքի մէջ, ինչպէս շատ արժէքներ, առողջութիւնն ալ արժէք կը ստանայ երբ կորսուի կամ խանգարուի։

Ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի բժիշկին…։

Եւ այդ պահուն իսկ բժիշկը կը յայտնուի որպէս «Աստուծոյ երկրի վրայի ձեռքը»։

Ուստի, ինչպէս ամէն գործիք, ամէն մեքենայ ունի իր մասնագէտը՝ որ կը հասկնայ մեքենային խանգարումին պատճառը, այնպէս ալ բժի՛շկն է որ ախտաճանաչումը կը կատարէ մարդկային մեքենային՝ մարմնին խանգարման։ Բժի՛շկն է որ պիտի դարմանէ, յարմար դեղը պիտի կիրարկէ, որպէսզի մարմինը վերստին գտնէ իր բնականոն վիճակը։

Աստուած, կատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր ստեղծեց մարդը, մարդկային մարմինը, եւ որեւէ խանգարման պարագային անոր նորոգումը, դարմանումը յանձնեց բժիշկներուն խնամքին։ Ահաւասիկ, այս կէտին է որ իմաստ կը ստանայ այն առածը՝ որ կ՚ըսէ. «Բժիշկը՝ աշխարհի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է»։ Բայց Աստուած երբեք չի թողուր իր նախախնամութիւնը եւ կը գործէ բժիշկին ճարտարութեան, փորձառութեան եւ գիտութեան միջոցով։

Բժիշկը մարդասիրական գործ մը կը կատարէ՝ Աստուծոյ գործին միջնորդ կը հանդիսանայ եւ խանգարուած մարդկային մարմինը կը վերադարձնէ իր նախկին առողջ եւ կատարեալ վիճակին։

Բժիշկը, մարդկային մարմինը դարմանելով աստուածային գործի մը միջնորդ կը հանդիսանայ. իսկ ասիկա ընել կարենալու համար իր կեանքէն տարիներ կը զոհէ. կ՚ուսանի, գլուխը կը մաշեցնէ, գրպանը կը պարպէ, հանգիստ, հաճոյք կը զոհէ, տարիներ կը վատնէ գիտութիւն, փորձառութիւն եւ ճարտարութիւն ձեռք ձգելու եւ կեանքեր փրկելու՝ Աստուծոյ ձեռքը ըլլալու համար երկրի վրայ… այս պատճառով «նուիրուած» մըն է բժիշկը։

Արդարեւ, դիւրին չէ «երկրի վրայ Աստուծոյ ձեռքը» ըլլալ. կոչում, նուիրում, զոհողութիւն կը պահանջէ, որ քիչերու կը վիճակի։ Եւ եթէ աշխարհի վրայ «Աստուծոյ ձեռքը»՝ բժիշկը բացակայէր, աշխարհ ընդարձակ հիւանդանոցի մը պիտի վերածուէր՝ որուն վերջը խորհիլ եւ արտասանել իսկ պիտի չուզէինք։ Ահաւասիկ բժիշկին արժէքը, ահաւասիկ բժիշկին անհրաժեշտութիւնը մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Եւ իրապէ՛ս բժիշկը «Աստուծոյ ձե՛ռքն է երկիր վրայ»։

Յիսուս ալ բազմաթիւ բժշկութիւններ կատարեց եւ ըսաւ. «Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ մեղաւորները» (ՄԱՐԿ. Բ 17)։

Արդարեւ, ի՛նչ որ է հիւանդութիւնը մարմնին համար, նո՛յնն է մեղքը հոգիին համար։ Այս իմաստով՝ մեղքը հոգիին հիւանդութիւնն է։ Եւ շատ աւելի դիւրին է մարդուս համար բռնուիլ հոգեկան հիւանդութեան քան ֆիզիքական-մարմնական հիւանդութեան։ Հոգեկան հիւանդութեան առատութեան պատճառը այն է, որ մարդ ամէն պահ, ամէն քայլափոխին կրնայ գործել հոգեկան եւ բարոյական սխալներ, կրնայ ունենալ թերութիւններ եւ տկարութիւններ։ Մարդուս տենչանքները ամէն վայրկեան կրնան մոլորեցնել զինք՝ շեղելով շիտակ եւ ուղիղ կեանքի սովորական ընթացքէն։

Հիւանդութեան պարագային կը փնտռուի բժիշկը, իսկ մեղանչելու պարագային՝ Փրկի՛չը։

Ֆիզիքական կեանքի մէջ խաղաղ կեանքը խղճի կատարեալ անդորրութիւնն է Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ։ Իսկ հոգեկան կեանքի մէջ ձերբազատումն է կիրքերէ, ֆիզիքական ցանկութիւններէ։

Աշխարհ նիւթականացած է եւ ընդհանրապէս անտեսուած հոգեկանը, բարոյականը։ Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ հոգեկան հիւանդութիւնը մեծ մասամբ կ՚ազդէ մարմնին վրայ եւ պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ ֆիզիքական հիւանդութիւններու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020