ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ

Որակի անհամեմատելի փոփոխութեան կողքին անցեալի եւ ներկայի գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ պակսած է նաեւ անկեղծութիւնն ու պարզութիւնը եւ մեր արդի գրողներուն մէջ ծնած է այն կարծիքն ու գաղափարը, որ լաւ գրողը ա՛յն է, որ մաքուր ու ծանր բառեր կը գործածէ, ի պահանջել հարկին գերեզմանին մէջէն դուրս բերելով արդէն իսկ մոռցուած բառերը: Արդի գրողը շատ անգամ կը կարծէ, որ գրող կոչուելու է այն՝ որ լուրջ նիւթերու շուրջ կը խօսի եւ որոշ կշիռ ու լրջութիւն կու տայ իր գործերուն, իսկ ան որ աւելի թեթեւ լեզուով կը գրէ եւ կամ կը փորձէ գրել՝ պարզապէս «գրել փորձող» մը կը մնայ:

Ճանիկ Արամեանի կեանքը պատրաստած ժամանակ որոշեցի աչքէ անցընել իր «Ընդունելութիւն ընծայի» աշխատութիւնը. շաղուած ու խմորուած մեծ մեծ բառեր չկան այդտեղ. պարզութիւն մը՝ որ ընկեր մը կ՚ունենայ իր ընկերոջ հետ խօսած ժամանակ:

Մեր որակի արժեչափերը տարօրինակ ձեւով փոխուած են. եթէ եկեղեցական մը իր քարոզին մէջ գործածէ այնպիսի բառեր, որ ժողովուրդին կէսը չհասկնայ, կը կարծենք, թէ լաւ խօսեցաւ, միտքի իմացութեան տէր է, իսկ եթէ անդին ուրիշ մը ժողովրդական պարզ լեզուով փորձեց քարոզել Քրիստոսը, անմիջապէս «բան մը չի գիտեր»ը կը դրոշմուի անոր ճակտին, որովհետեւ մեր ժողովուրդը չհասկցածը աւելի կը սիրէ, քան՝ իր հասկցածը:

Արամեանի վերոյիշեալ գիրքը, որ հրատարակուած է Փարիզի մէջ 1856 թուականին, իր յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ. «Հայք ուսումնատեաց են եւ կարդալ չեն գիտեր, կարդալ գիտցողը գնել չ՚ուզեր, քանի մը գնողներ կան, անոնք ալ առանց գիրքին երեսը տեսնելու բանի չեն հաւնիր (չգնելու մտօք). հաւնողներն ալ սովորութիւն ունին ստակը կանխիկ չվճարելու...»: Կը սիրեմ այս անկեղծութիւնը, որովհետեւ անոր մէջէն երեւան կու գայ ժամանակաշրջանի սովորութիւններ ու մտայնութիւնը իր պարզութեանը մէջ: Այդ պարզութիւնը ունէր նաեւ Պարոնեան, Օտեան, Արփիարեան, Զօհրապ եւ ուրիշներ. անոնք իրենց գործերուն մէջ երբեք մեծամեծ ու փոշոտ բառեր չեն գործածած, այլ կրցած են պարզութեան մէջ փոխանցել այն՝ ինչ որ կ՚ուզեն ըսել ա՛յն հանրութեան, որ պարզ հայերէնը հազիւ թէ հասկնայ:

Ճանչցած եմ եկեղեցականներ, որոնք իրենց ամէ՛ն քարոզէ առաջ կը չարչարեն Սեծարենցը, անոր բանաստեղծութիւններուն մէջէն դուրս բերելու համար բառեր, որոնք հասկնալի պիտի չըլլան ժողովուրդին. անձեր, որոնք մշուշին տեղ կը նախընտրեն գործածել շամանդաղ բառը, իսկ դրամին տեղ՝ մամոնայ եւ նման հազար ու մէկ բառեր, որուն դիմաց չհասկնալդ ծածկելու համար պարտաւորուած «ի՜նչ լաւ խօսեցաւ» մը պիտի ըսես, դիմացինին վրայ այդ բոլոր չհասկցած բառերուդ «հասկնալի» ըլլալը ապացուցելու համար:

Եթէ մենք կը գրենք կամ կը քարոզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, մեր դիմաց ունինք երկու մարտահրաւէր. կա՛մ մեր նոր սերունդին հայագիտական մակարդակը պէտք է բարձրացնել, եւ կամ պէտք է իջնել անոնց մակարդակին՝ հասարակաց միջին մը ստեղծելով: Այս բոլորը հաւասարակշռելու համար պէտք է մեզի համար յստակ ըլլայ նպատակը. կ՚ուզենք հասկնալի՞ դառնալ ժողովուրդին թէ ոչ օր մը «գրող»ի կոչում ունենալու ակնկալիքով կ՚ուզենք գեղարուեստական ու գրական ծանր գործեր առաջ բերել, այն աստիճան, որ յաճախ մենք ալ չհասկնանք մեր գրածները:

Այսօր ամէն բանէ աւելի պարզ է, որ մեր նոր սերունդին մէջ անհետացած է գիրքի ու գրականութեան հանդէպ սէրը եւ գիրք չկարդացող սերունդին անհասկնալի լեզուով դիմելը սեւամորթին մարդուն սպիտակ մորթի առաւելութիւններուն մասին խօսելէ տարբեր բանի չի նմանիր, գիտնալով՝ որ այդ սեւամորթը երբեք սպիտակամորթ պիտի չդառնայ:

Այսքանը գրողներուն ու քարոզիչներուն. իսկ նոր սերո՞ւնդը: Մեր նոր սերունդն ալ տարօրինակ է. կ՚երթայ գրադարան ու անգլերէն լեզուով գիրք մը կը վերցնէ. գիրք՝ որուն բառերուն կէսը չի հասկնար, սակայն չի զլանար երթալ բառարան բանալ եւ սորվելու. անգլերէն լեզուի անհասկնալի բառերէն հաճոյք կը զգայ, որովհետեւ բառարանի օգնութեամբ նոր բառեր կը սորվի, իսկ երբ կարգը հայ գիրքին հասնի... «այս գիրքէն բան մը չեմ հասկնար» ըսելով մէկ կողմ կը նետէ, որովհետեւ իր մայրենի լեզուին մէջ չհասկցած բառերը այլեւս հետաքրքրութիւն չեն պատճառեր իրեն: Այսօր նոր սերունդը «alektorophobia» բառը աւելի՛ դիւրին կը սորվի, գան «մագիլ» հայերէն բառը, որովհետեւ առաջինը զինք աւելի գիտուն եւ զարգացած ցուցնելու կարողութիւնը ունի:

Մեր նոր սերունդը հայրենիքի մէջ նոյնիսկ հայաթափուած հասակ կ՚առնէ. տարի մը առաջ համալսարան գացող երիտասարդի մը հարցուցի, թէ «ո՞վ էր այն եկեղեցականը, որ մասնակցեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին», պատասխանը սարսափելի էր. Կոմիտաս Վարդապետ. զարմացած նայուածքներուս վրայ անդրադառնալով իր սխալին ուզեց սրբագրել... «Սայաթ Նովա»... որովհետեւ բախտով լսած էր, թէ Սայաթ Նովա ետքը եկեղեցական դարձած է:

Սերունդ, որ չի գիտեր ե՛րբ տեղի ունեցած է Վարդանանցը եւ երբ ապրած է Կոմիտաս Վարդապետ կամ Սայաթ Նովա...

Այս մթնոլորտը բացատրելու համար հայերէն լեզուն տակաւին բառ մը չունի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՃԱՆԻԿ ԱՐԱՄԵԱՆ
(1820-1879)

Մեր թուականէն 202 տարիներ առաջ՝ 20 ապրիլ 1958-ին Իզմիթի մէջ ծնած է բանասէր, տպագրիչ, բառարանագիր, հրապարակախօս եւ արուեստագէտ Ճանիկ Արամեան:

Ճանիկ Արամեան ծանօթ է նաեւ իր գրական անուններով.- Կըկըրիկեան, Թոռնակ, Հայասէր Գաղղիացի եւ այլն: Արամեան փոքր տարիքէն տեղափոխուած է Պոլիս եւ նիւթական ծանր պայմաններու պատճառով փոխանակ ուսանելու սկսած է աշխատիլ եւ արհեստներ սորվիլ, որոնցմէ է գրաշարութիւնը։ 1846 թուականին Արամեան տեղափոխուած է Փարիզ, ուր սովրած է դերձակութիւն, փորագրութիւն եւ ապա տպագրութեան արհեստը: Որոշ ժամանակ տպագրութեան գործին մէջ աշակերտած է յայտնի տպագրիչ Վալտերիի մօտ, ապա որոշած է ունենալ սեփական տպարան, հայկական տպագրութիւնները եւրոպականին մօտեցնելու նպատակով:

Արամեան 1859 թուականին յաջողած է հիմնել իր տպարանը, ուրկէ լոյս տեսած են աւելի քան երկու տասնեակ գիրքեր. ինչպէս՝ Ստեփան Ոսկանի «Արեւմուտքը», Գ. Այվազովսքիի «Մասեաց Աղաւնին» եւ այլ գործեր: Մինչեւ 1864 թուականը շարունակած է Ֆրանսայի մէջ գիրքեր հրատարակել, ապա վերադարձած է Պոլիս եւ եղած՝ Պոլսոյ արքունի տպարանի տեսուչ:

Պոլիս վերադարձէն ետք Արամեան տպագրած է աւելի քան 250 գիրքեր. տպագրած է Եզնիկ Կողբացիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Միքայէլ Նալպանտեանի եւ այլ հեղինակաւոր դէմքերու երկերը. տպագրած է պարբերականներ եւ դասագիրքեր:

Արամեան յայտնի է իր ստեղծած «Արամեան» տառատեսակով, որ իր ժամանակաշրջանին եղած է ամենէն յստակ ու դիւրաւ ընթեռնելի հայկական տառատեսակը:

Տպագրութեան աշխատանքի կողքին Արամեան զբաղած է նաեւ հրապարակախօսութեամբ եւ գրչանուններով զանազան նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրած է ժամանակուան մամուլին մէջ. զբաղած է նաեւ նկարչութեամբ։ Կատարած է «Դասարան հայկազն մանկանց» դասագիրքի նկարազարդումը, որուն յաջորդած են «Վահէի մահը», «Տիգրան Բ.-ի պատերազմը հռոմէացիներուն դէմ» եւ այլ գործեր:

Արամեանի անհատական գործերէն լոյս տեսած են «Ընդունելութիւն ընծային» երգիծական աշխատութիւնը, «Համառօտագոյն բառարան արդեան լեզուի», «Զէյթունցիք եւ լուսաւորչական հայք» եւ այլ գործեր:

Արամեան մահացած է 16 ապրիլ 1879 թուականին, Պոլսոյ մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022